«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԸ ՉԷ՛ ՎՆԱՍՈՒԱԾ…»
Յաճախ պատահական հանդիպումներու ընթացքին չենք անդրադառնար մարդոց արտասանած խօսքի ազդեցութեան, յայտնած գաղափարներու պայծառութեան եւ արտայայտած զգացումներու անկեղծութեան։ Քանի-քանի՜ անգամներ հակիրճ երկխօսութեան շնորհիւ թաքնուած խորհուրդներ լոյս աշխարհ եկած են, կարճատեւ խօսակցութեան լոյսին տակ անսպասելի վկայութիւններ փոխանցուած են։ Հաւաքական յիշողութեան մէջ առ յաւէտ կը մնան հասարակաց օգտին ծառայող եզակի պահեր, որոնք թէպէտ յանկարծական կարծուած, սակայն բարոյական խորքով եւ համամարդկային բնոյթով ապրելակերպի նոր եղանակ ձեւակերպած են՝ հեռակէտ ունենալով հանրութեան բարիքը։
Սովորաբար Եկեղեցիներու խորանէն, սրահներու բեմէն կամ դասախօսներու ամպիոնէն կ՚ակնկալուին լսել օգտաշատ նիւթեր։ Նոյնը կարելի չէ պատկերացնել երբ շուկայի մէջ կը շրջագայինք։ Եթէ նմանօրինակ վայրերու մէջ ականատես դառնանք ուսուցողական երեւոյթի կամ բարոյախօսական դէպքի մը, եղածը անակնկալ կը համարենք, կացութիւնը ըմբռնելու ճիգ կը թափենք եւ կանգ առնելով՝ կը մտաբերենք այդ առթիւ շահեկան խօսք արտասանող ենթակային ինքնութիւնը, պատկանելիութիւնը, մշակոյթը...։
Այսպէս պատահեցաւ 2013 Հոկտեմբեր 14-ին, երբ նպարավաճառի մը խանութը կը գտնուէի։ Հայր ու զաւակ միասին կ՚աշխատէին։ Յայտնի էր, որ յարգալիր մօտեցումով յաճախորդ դիմաւորող այս վարպետները «շուկայի քերականութենէն լաւատեղեակ մարդիկ էին», ինչպէս ժողովրդային առածը կ՚ըսէ։ Որդին ապսպրանքիս պատրաստութեան լծուած էր, իսկ հայրը՝ վերջին իրադարձութիւններուն մասին կը խօսէր՝ տեղի ունեցած ոճրային եւ խափանարարական գործերուն նկատմամբ ցաւ յայտնելով, որոնք երկրիս անդորրութիւնը կը խաթարէին։ Արագընթաց զրոյցին ժամանակ, Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին հետ առընչուած մտահոգութիւններ կը պարզէր համեստ եւ փորձառու գործատէրը, միաժամանակ կը շեշտէր գիտակից վերաբերմունք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ուրախութիւնը յայտնեց, երբ իմացաւ, թէ հայ Սարկաւագ եմ։ Ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ երբ իմացաւ, որ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայեմ։ Արաբ նպարավաճառը պահ մը լռեց եւ ապա ըսաւ. «Այդ Եկեղեցին կառուցելու աշխատանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են մարաշցի հայորդիները»։ Ապշահար կը նայէի այս հայասէր մարդուն, որ խանդավառ եւ ջերմեռանդ կերպով կը խօսէր։ Մտովի ըսի. «Իսլամ մը Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ պատմականին վերաբերող ակնարկութիւն կ՚ընէ՞։ Իրաւա՛մբ հետաքրքրական»։ Ծերունին իր խօսքը աւարտելէն ետք անբարբառ մնաց։ Յուզման նշոյլները արդէն սկսած էին երեւիլ անոր դէմքին վրայ, ապա խորհրդաւոր լռութիւնը ընդմիջելով՝ աւելցուց. «Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հրկիզուիլը անընդունելի արարք է» եւ սկսաւ դառնապէս արտասուել։
Տարօրինակ եւ արտասովոր։ Ուրկէ՞ այսքան գերզգայուն եւ յուզական վիճակ ստեղծող գերբնական զօրութիւն։ Տխրահռչակ եղելութիւնը տրտմեցուցած էր այս աստուածավախ մարդուն հոգին, բայց ի՞նչն էր անոր ունեցած կապուածութեան մղիչ ուժը կամ շարժառիթը։ Այլակրօն մը Եկեղեցւոյ հրկիզման համար խորապէս ցաւի, դառնապէս լայ...։ Գիտեմ, որ շատե՜ր ի սրտէ կը յարգեն Եկեղեցին, բայց այս անգամ տարբեր իրողութեան մը առջեւ դէմ յանդիման կը գտնուէի։ Բարոյական պարտք զգացի «եկեղեցասէր» մարդը մխիթարական խօսքերով ամրապնդելը։ Քիչ ետք երբ սթափեցաւ, խորազգաց ձայնով լսելի դարձուց իր խօսքը՝ ըսելով. «Եկեղեցւոյ սրբապատկերներէն ոմանք փճացած են, բայց Աստուածամօր սրբապատկերը չէ վնասուած»։ Յուսադրուած էր այս հայասէր մարդը, որ հաւատք կ՚ընծայէր աստուածային նախախնամութեան, որուն ներքեւ մարդը նուազագոյն վնասով դուրս կու գայ կործանարար պատուհասներէն։ Տեղեկացուց, թէ որոշ ժամանակաշրջան մը բնակութիւն հաստատած էր Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ եւ սերտ յարաբերութիւն մշակած էր տեղւոյն հայութեան հետ, ուր նշմարած էր հայուն քաղաքացիական գիտակցութիւնը, որ կը դրսեւորուէր հաւատարմութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ երախտագիտութեամբ։ Դրական տուեալներ, որոնք խօսուն պատկերն են հալէպահայուն։
Զրոյցը իր բնական ընթացքը սկսած էր առնել, ուր ահաբեկչական բռնարարքներուն, ծայրայեղական մտայնութիւններուն, չարանենգ դաւերուն, այլամերժ նախատրամադրութեանց եւ մասնաւորաբար պաշտամունքային վայրերուն վնաս հասցնող կատաղի եւ աստուածամերժ արարքներուն մասին կը խօսուէր։ Կատարուած ահաւոր ոճիրները անմարդկային էին, իսկ Աստուծոյ սրբութիւնները ոտնակոխելու յանդգնող որեւէ նախափորձ ինքնին դատապարտելի է, ալ ո՞ւր մնաց իրագործելի դարձնել։ Մարդիկ կան, որոնք նման տմարդի երեւոյթներուն ի տես, խղճի արդար պոռթկումով կ՚արտայայտուին, պայծառատեսութեամբ եւ անկողմնակալ դատողութեամբ կը մերժեն սրբապղծութիւնը՝ կրօնական հաւատալիքները անփոխարինելի արժէքներ նկատելով։ Այս տիպի մարդոցմէ էր նպարավաճառը. իւրայատուկ նմոյշ մը Սուրիական հայրենիքի սիրեցեալ զաւակներէն, որ գիտէ երկիւղած յարգանքով պատուել Եկեղեցին։
Մեկնումի պահը հասած էր, ապսպրածս ստացայ, հայրն ու զաւակը խնդրեցին, որ ընդմիշտ աղօթեմ խաղաղութեան հաստատման համար։ Աղօթական բարեմաղթութիւններով եւ կրկին տեսնուելու յոյսով բաժնուեցանք։ Այս եզակի հանդիպման առթիւ որոշեցի տպաւորութիւններս տարիներ ետք գրի առնել, որովհետեւ եկեղեցասէր այլակրօնին դառն արցունքները կը յուշեն, թէ ինչքան ալ խաւարածածկ կը թուի ըլլալ մեր Սուրիան, անկեղծ սէր ունեցողներ լուսատու մոմի պէս մեր առջեւ կը բանան անամպ հորիզոններ...։
Ս. Գէորգ Եկեղեցի, դուն ունեցար նաեւ տարբեր կրօնի պատկանող մարդոց համակրանքը։ Այո՛, եղան քեզ վնաս հասցնել ուզողներ, բայց ահա տակաւին քու սրբաշող ճառագայթումդ փնտռողներ, քաղցրաձայն հնչեղութեանդ կարօտակէզ հոգիներ կան։ Ո՛չ միայն հայազգի զաւակներ, այլեւ՝ այլազգի մարդիկ եւս սիրեցին քու մեծավայելուչ ներկայութիւնդ, խօսուն տեսքդ, աւետաբեր առաքելութիւնդ եւ հայատրոփ երթդ։ Յոյսով կը սպասենք վերադարձի ճամբան ո՜վ գողգոթացեալ Ս. Գէորգ եկեղեցի…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ