ԱՌԱՆՑ ՏՕՆԻ ՄՆԱՑԱԾ ՔԱՂԱՔԸ…

Երեւանի տօնը այս տարի ալ չնշուեցաւ: Երկու տարի է՝ 2800-ամեայ պատմութիւն ունեցող մեր մայրաքաղաքը առանց տօնի է: Պատճառները հասկնալի են:

«Էրեբունի-Երեւան» աւանդական տօնակատարութեամբ ամէն տարի, 1960-ականներէն ի վեր, կը փառաբանուէր հինաւուրց քաղաքը, որ համայն հայութեան՝ այսօր փոքրացած ու խեղճացած հայրենիքին մայրաքաղաքն է: Ինչպէս երկիրը, այնպէս ալ իր մայրաքաղաքը՝ տխուր, սպասողական ու անհանգիստ է:

Երկու տարի է անցեալի փառքն ու ապրած յաղթութեան օրերը չեն յիշուիր, փողոցներուն մէջ երգ-երաժշտութիւն չի հնչեր, գունաւոր զարդարանքներ չկան, մայրաքաղաքը ուրիշ զգեստ հագած է… 1968 թուականին «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան սկիզբ դրուեցաւ Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման 2750-ամեակին առթիւ: Տօնակատարութեան ընթացքին, բազմաթիւ այլ ձեռնարկներու կարգին, մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ հպարտօրէն կը քալէր Էրեբունի ամրոցի հիմնադիր Արգիշտի արքային հանդերձը հագած կերպար մը, որ թատերականացուած ներկայացման միջոցով ցոյց կու տար, որ մայրաքաղաքին փառքը արքաներու յաղթանակով սկսած է: Իսկ այսօր արքաներ չկան, արքայական ժամանակներ չեն հայոց համար…

Այս տարի «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան համար նախատեսուած պետական դրամը ուղղուեցաւ «100 տուն Արցախի մէջ» ծրագրի աջակցման, ինչպէս նաեւ՝ «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ 90-ամեայ յոբելեանը նշող Պատմութեան թանգարանի արդիականացման ծրագրերուն: Անկախ ամէն ինչէ, Երեւանը պատմութիւն ունի եւ կը պահուի այս երկու թանգարաններուն մէջ: Այսօրուան անփառունակ ու անարգ օրերն ալ իրենց տեղը պիտի գտնեն պատմութեան էջերուն մէջ:

Մայրաքաղաքին տօնը չէ նշուած նաեւ 1989-էն մինչեւ 1998 թուականները՝ Երրորդ հանրապետութեան համար դժուար տարիներուն… Այսօրուան մեր ապրած օրերը ձեւով մը կը յիշեցնեն 1990-ականներու դժնդակ օրերը: Երեւան քաղաքին ապրած բոլոր դառն ու տխուր օրերը, սեւ ու ճերմակ տարիները, ուրախ եւ զուարթ առիթները ամփոփուած են քաղաքին պատմութեան թանգարանին մէջ:

90-ԱՄԵԱՅ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեւանի Պատմութեան թանգարանը այս տարի կրկնակի լուռ է… Լռութեան մէջ դիմաւորեց մայրաքաղաքին տօնը եւ իր՝ թանգարանին հիմնադրման 90-ամեակը:

Հիմնադրուած ըլլալով 1931 թուականին, այս թանգարանը նոյնպէս հարուստ ճանապարհ մը անցած է: Սկիզբը եղած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի կոմունալ բաժնին առընթեր՝ Կոմունալ թանգարան, իսկ 1936 թուականին վերակոչուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան։ Թանգարանը հիմնադրման պահուն զբաղեցուցած է ներկայիս Սախարովի հրապարակին վրայ գտնուող հրշէջ վարչութեան շէնքի երկրորդ յարկի սենեակներէն մէկը։ 1936-ին թանգարանը տեղափոխուած է Կապոյտ մզկիթի շէնք, ուր գործած է մօտաւորապէս վաթսուն տարի։

1994-1997-ականներուն թանգարանը գտնուած է նախկին Հռիփսիմեան իգական գիմնազիայի շէնքին մէջ, իսկ 1997-2005 թուականներուն՝ Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնքին մէջ։

Տեղէ տեղ փոխադրուելով եւ ամէն անգամ ցուցանմոյշները վտանգի ենթարկելով, ի վերջոյ, 2005 թուականին թանգարանը հաստատուած է Երեւանի քաղաքապետարանի նորակառոյց շէնքին մէջ, որ Երեւանի քաղաքապետարանին հետ կը կազմէ միասնական ճարտարապետական համալիր:

Երեւանին փառքը կարելի է տեսնել այս թանգարանին մէջ, ուր կը պահուին աւելի քան 87 հազար առարկայ, որոնք կը ներկայացնեն մայրաքաղաքին՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը ընդգրկող նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը։

Ցուցանմոյշներուն մէջ են հնագիտական, ազգագրական, դրամագիտական, կերպարուեստի, գրաւոր աղբիւրներու, լուսանկարներու եւ այլ հաւաքածոներ, որոնք կը վկայեն հարուստ անցեալ ունեցած քաղաքի մասին: Թանգարանին մէջ կը գործէ ցուցադրութեան երեք բաժին, որոնք ստեղծման պահէն ի վեր հաւաքած, ուսումնասիրած եւ ցուցադրած են Երեւանի պատմութիւնը լուսաբանող առարկաները։ Թանգարանին կից կը գործէ գիտական խորհուրդը, որուն անդամները եղած են ժամանակի մեծագոյն մտաւորականներն ու արուեստագէտները:

Ըստ պատմաբաններուն, մարդը Երեւանի տարածքին մէջ ապրած է հնագոյն ժամանակներէն։ Հրազդան գետի քաղցրահամ ջուրը, մեղմ ու տաք կլիման բարենպաստ պայմաններ ստեղծած են կեանքի զարգացման համար, որուն վառ ապացոյցն են Երեւանեան քարայրէն յայտնաբերուած աւելի քան 100 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող վանակատէ գործիքները։

Նախքան Քրիստոս 4-3-րդ հազարամեակներով կը թուագրուի Առաջաւոր Ասիոյ հնագոյն ու յայտնի պարսպապատ բնակավայրերէն մէկը՝ Շէնգաւիթ բնակատեղին։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին պեղուած զարդանախշերով եւ արձանիկներով պաշտամունքային օճախներ, երկգոյն՝ սեւ եւ կարմիր փայլեցուած խեցեղէն անօթներ, աղօրիքներ, հացահատիկային բոյսերու մնացորդներ։

Երեւանը Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաքն է։ Պատմութիւնը կ՚ըսէ, որ զայն հիմնադրած է Արգիշտի առաջին արքան, Նախքան Քրիստոս 782-ին եւ կոչած Էրեբունի, որուն հնչիւնափոխութենէն յառաջացած է Երեւան անունը։ Թանգարանին մէջ պահուող որմնանկարները, սեպագիր արձանագրութիւնները եւ բազմաթիւ այլ առարկաներ խօսուն վկան են քաղաքին հարուստ հնագոյն անցեալին։

Հնագիտական հաւաքածոյին մէջ կ՚առանձնանան Կարմիր բլուրէն յայտնաբերուած գարեջուրի խեցեղէն անօթները, որոնք կը վկայեն, որ Նախքան Քրիստոս 7-րդ դարուն հայերը գարեջուր խմած են, որ աւելի ուշ կը հաստատէ յոյն պատմիչ Քսենոփոնը։

Նախքան Քրիստոս Ա. հազարամեակով կը թուագրուի Կարմիր բերդի բնակավայրը, ուրկէ պեղուած է հարուստ հնագիտական հաւաքածոյ՝ պրոնզէ գօտիներ, խեցեղէն անօթներ, քարէ կուռքեր, նետասլաքներ, դանակներ, զարդեր եւ այլն։ Քաղաքին հելլէնական մշակոյթը կը ներկայացնեն Աւան-Առինջէն պեղուած առարկաները։

Միջնադարեան Երեւանի մէջ կը գործէին Պօղոս-Պետրոս (5-րդ դար), Կաթողիկէ Սբ. Աստուածածին (13-րդ դար), Սբ. Յովհաննէս (17-րդ դար), Սբ. Սարգիս (17-րդ դար) եւ այլ եկեղեցիներ։

Քաղաքի Պատմութեան թանգարանին մէջ կը պահպանուին խոնարհած եկեղեցիներուն երկաթեայ դռները, որմնանկարները, ծիսական անօթները, վարագոյրները, զանգը (1862-ին թուագրուող), Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 13-րդ դարու մանրակերտը եւ այլ մասունքներ։

Քաղաքին կառավարման, առեւտուրին եւ արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են Մելիք-Աղամալեան, Գեղամեան, Աֆրիկեան, Տէր-Աւետիքեան, Եսապեան եւ այլ ընտանիքներ, որոնց մասին պատմող առարկաները նոյնպէս տեղ գտած են թանգարանին մէջ։

1834 թուականին ռուսաց Նիքոլայ Ա. կայսրը ոսկեայ ժամացոյց մը (որ կը պահպանուի թանգարանին մէջ) նուիրած է Մելիք-Աղամալեաններու տոհմին՝ ռուս-պարսկական պատերազմին ժամանակ ռուսական զօրքերուն մատուցած մեծ ծառայութիւններուն համար։ Թանգարանային առարկաներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն տառաձուլական եւ տպագրական մեքենաները, որոնք նոյնքան հետաքրքրաշարժ պատմութիւն ունին:

Մխիթարեանները 19-րդ դարուն Վիեննայի մէջ հիմնած են տպարան եւ առանձին գրաձուլարան, ուր ձուլած են հայերէն, լատիներէն եւ այլ լեզուներու նոր տառատեսակներ։ Այստեղ կարելի էր շարել եւ տպագրել յիսուն լեզուով գրականութիւն։ Մկրտիչ Ա. Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը, տառաձուլական մեքենան ձեռք բերած է Մխիթարեաններէն, օգտագործած է Վարագայ վանքի տպարանին մէջ։ Աւելի ուշ տեղափոխուած է Էջմիածին, իսկ խորհրդային տարիներուն օգտագործուած է Երեւանի թիւ 1 տպարանին մէջ։ 1960 թուականին մեքենան հանգրուանած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։ Նոյնպիսի ճանապարհ անցած է տպագրական մեքենան, որով 1913 թուականին տպագրուած է «Խօսք» թերթը՝ Արշաւիր Մելիքեանի խմբագրութեամբ։

1938 թուականին Երեւանի Պատմութեան թանգարանի բակին մէջ հայ անուանի նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի, Ս. Առաքելեանի, Գ. Քիւրքճեանի ջանքերով կազմակերպուած է Երեւանին նուիրուած ցուցահանդէս մը, որուն աւարտէն ետք ցուցադրուած աշխատանքները նուիրուած են թանգարանին՝ հարստացնելով անոր գեղարուեստի ֆոնտը։ Այս կտաւները, բացի գեղարուեստական բարձր արժէք ներկայացնելէ, ունին վաւերագրական մեծ նշանակութիւն։

Թանգարանի դրոշմանիշերու հաւաքածոն, որ ամփոփուած է քանի մը ալպոմներու մէջ, թողարկուած է Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն։ Դրոշմանիշերը ունին գեղարուեստական բարձր ճաշակ եւ կ՚արտացոլեն մեր ժողովուրդի բազմադարեան մշակոյթն ու հոգեւոր կեանքը (նկարիչ՝ Արշակ Ֆեթվաճեան)։ Անոնք տպագրուած են Փարիզի մէջ։

Հայկ Գաւուքճեանի՝ բազմագիտակ հաւաքորդի եւ նուիրեալի երկու հաւաքածոն 1936 թուականին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած դրոշմանիշերու ցուցահանդէսին արժանացած է պրոնզէ մետայլի։ Յետագային զանոնք նուիրած են Երեւանի քաղաքական խորհուրդի գործկոմին, որ յանձնած է Երեւանի պատմութեան թանգարանին։

ԷՐԵԲՈՒՆԻ. ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի պատմութեան նախաքրիստոնէական եւ ատկէ անմիջապէս ետք շրջաններուն վերաբերող պատմութիւնը «Էրեբունի» թանգարանին մէջ է:

Հանրութեան առջեւ «Էրեբունի» թանգարանը իր դռները բացած է 19 հոկտեմբեր 1968 թուականին՝ ի նշանաւորումն Երեւան քաղաքի 2750-րդ տարեդարձին։ Այնուհետեւ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ վերանուանելով որպէս պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան, «Էրեբունի»ն այսօր կը գործէ «Կարմիր բլուր» եւ «Շէնգաւիթ» մասնաճիւղերով՝ հանդիսանալով հանրութեան համար այցելելու միակ հնագիտական արգելոց-թանգարանը Երեւան քաղաքին մէջ եւ կարեւոր ուրարտագիտական կեդրոնը տարածաշրջանին մէջ։

Թանգարանին շէնքը կը կրկնէ ուրարտական պալատական կառոյցներուն յօրինուածքը՝ պահպանելով արտաքին խուլ պատերով ու երդիքաւոր հարթ կտուրներով եւ ներքին բակին շուրջ ամփոփուած ժողովրդական բնակելի տան տրամաբանական սկզբունքը։ Նախագիծին հեղինակներն են ճարտարապետներ Շմաւոն Ազատեանն ու Պաղտասար Արզումանեանը, քանդակագործը՝ ժողովրդական նկարիչ Արա Յարութիւնեանը։

«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի թանգարանային հաւաքածոն կը կազմեն Արին բերդ, Կարմիր բլուր, Շէնգաւիթ հնավայրերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զանազան շրջաններէն դիպուածով կամ պարբերաբար իրականացուող պեղումներէն յայտնաբերուած նախաուրարտական, ուրարտական, աքեմենեան, հելլէնական եւ վաղ հայկական ժամանակաշրջաններուն վերաբերող 11 հազար 295 հնագիտական առարկաները՝ խմբաւորուած 128 հաւաքածոներու մէջ:

Ահա այսպիսի փառաւոր անցեալ մը ունեցած է մեր մայրաքաղաքը, որ այսօր, վստահ, իր ամենալաւ օրերը չէ, որ կ՚ապրի: Մենք՝ բոլորս, ամէն առտու կ՚արթննանք այն երազով, որ խաղաղութեան աստղը ի վերջոյ պիտի փայլատակէ հայոց երկնակամարին մէջ, մէկ կողմ պիտի քաշուին անօդաչու թռչող սարքերը, օդանաւերը, որոնց աղմուկը անվերջ է քաղաքին վրայ…

Յոյս եւ աղօթք, որ մայրաքաղաքը, նաեւ ողջ հայաշխարհը, պիտի վերագտնէ իր երբեմնի անդորրը, տօնական շունչն ու հանդերձը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021