ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ
Միթէ կեանքի ամենամեծ հնարքներէն մէկը ընդունիլ սորվիլը չէ՞։ Կորուստ, ցաւ, տխրութիւն, լքուածութիւն… Հիմա փորձէ նայիլ դէմքիդ, հաշտուէ դուն քեզի հետ։ «Ընդունիլ, մոռնալ, դարձեալ սկսիլ» շրջագիծը կ՚աւարտի՞։
Կը կարծենք, որ սխալ ժամանակաշրջանին ծնած ենք, սակայն սա, դարաշրջանին քայլ յարմարցնելու հետ կապ չունի։ Ընդհակառակը, ներկայ դարաշրջանի «կարիքները» կը վերափոխեն մարդիկը։
Եթէ բաղդատենք գաղափարախօսութիւններու ու նոր դարի հոսանքին մէջ խրուած եւ հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած մարդոց հոգին, տարբերութիւն չենք կրնար գտնել։ Եթէ մտածենք, թէ ինչո՞ւ 400 տարի առաջ գրուած «Տոն Քիշոթ»ը կամ «Համլէթ»ը տակաւին կ՚ընթերցուին, կը տեսնենք, թէ որքան համա-նման է մարդկային յուզական աշխարհը եւ սրտի թրթռումները։ Սիրոյ եւ վիշտի նման զգացումները չեն փոխուած տարիներու ընթացքին, բայց մարդոց ապրելակերպն ու յարաբերութիւնները ենթարկուած են փոփոխութեան։
Մարդիկ կը փնտռեն սէր, անկեղծութիւն եւ գուրգուրանք։ Այս բաներէն զրկուիլը չէ՞, որ մեզ կը յոգնեցնեն, կը վրդովեցնեն ու կը կոտրեն։ Արդեօք մեր հոգին չի՞ ճնշուիր մենք մեզ վերակառուցելու փորձին մէջ…
Այդ վերակառուցումը երբեմն կը փնտռենք գիրքերու մէջ։ Գիրքերը կը բուժեն. գրականութիւնը բուժիչ է, վէպերը կը բուժեն մեր ցաւը։ Եթէ որեւէ մէկը մեզ չհասկնայ, գիրքերը կը հասկնան մեզ, ցաւակից կ՚ըլլան մեր վիշտերուն։ Հեղինակը կը գրէ. «Դուն առանձին չես»։ Ընթերցողը այս նախադասութիւնը սապէս կը կարդայ. «Ես առանձին չեմ»: Այսպէսով ընթերցողը կը մեծնայ, կ՚ուժեղանայ, կը վերականգնի եւ քայլ մը կ՚առնէ դէպի վերակառուցում։
Նոյնիսկ եթէ հերոսը կոչ ընէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ կամ ողջունէ մեզ, կը նոյնանանք գիրքի կերպարին հետ, մենք կը գտնենք մեր էութիւնը եւ յստակ կը տեսնենք մեր հոգիի քարտէսը: Շունչերնիս պահած կը հետեւինք հերոսի պայքարին եւ դասեր կը քաղենք անոր կեանքի մաքառումէն։
Երբեմն կին կերպարը մեզի նման արցունքներ կը թափէ, երբեմն տղամարդը մեզի նման կը սիրահարուի, երբեմն երեխան մեզի նման կը զուարճանայ։ Մենք գիրքին կը փարինք մութ գիշերուան ընթացքին եւ կը յուսանք անոր օգնութիւնը՝ լոյսը:
Գեղարուեստական գրականութիւնը այն աշխարհն է, որ հեղինակը կը կառուցէ կեանքէն պատմութիւններ «գողնալով»: Երբեմն նոյնիսկ աւելի իրական՝ քան կեանքը, աւելի իրատեսական... Գիրքերը նաւահանգիստներ են, ապաստան մը երբեմն: Գիրքերը վիրակապ են, մեր վէրքերը կը փաթթենք անոնցմով։
Ինչե՜ր չեն պատմեր այդ գիրքերը… Մարդոց երեւակայութեան ու իրականութեան տառերու, տառերէն բառերու, բառերէն նախադասութիւններու ու պարբերութիւններու վերածման վկան կը դառնանք էջ առ էջ։ Երբեմն կը կորսուինք այդ անհուն ծովուն մէջ՝ մենք մեզ փնտռելով յաճախ… Արդեօք կը գտնա՞նք։ Գիտէ՞ք պատասխանը…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ