ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ ԱՊՐԻԼ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 25.9-26.7:

Պօղոս առաքեալին Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակէն 1.1-11:

Ղուկասի Աւետարանէն 9.44-50:

Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն ուղղած իր նամակի 1.9-11-ին մէջ կը գրէ.

«Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս Իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի»:

Սրբազան առաքեալի այս մի քանի տողերուն մէջ մի քանի պատգամներ, թելադրութիւններ կան՝ ուղղուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայի:

ա. Աճիլ սիրոյ մէջ աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ՝ լաւը ընտրելու համար եւ Քրիստոսի գալուստին մաքուր եւ ամբասիր ըլլալու:

բ. Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստնալ:

գ. Պատճառ ըլլալ որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի:

Առնենք մէկ առ մէկ.

ա. Աճիլ աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ՝ լաւը ընտրելու համար եւ Քրիստոսի գալուստին մաքուր եւ ամբասիր ըլլալու. այսօր, բոլորս ալ վազքի մէջ ենք, պայքարի մէջ ենք մեր գոյութիւնը, մեր ընտանիքները, մեր տուները, հաստատութիւնները, կառոյցները պահելու համար: Պայքար, որ օր օրի կը սրուի տեղի ունեցող պատերազմներու եւ անոնց հետեւանքով յառաջացած տնտեսական լուրջ տագնապներու պատճառով:

Այս բոլոր թոհուբոհին մէջ մարդ տեղ մը կը տկարանայ, կը յուսահատի, կ՚ընկճուի, կը հիասթափի, կը յանձնուի, ինչի պատճառով ալ ականատես կը դառնանք տեսակ-տեսակ հիւանդութիւններու բազմացումին, ինքնասպանութիւններու, ամուսիններու բաժանումի, հաստատութիւններու սնանկացումի, անհատներու աղքատացումի եւ թշուառութեան մէջ յայտնուելուն: Այս բոլոր երեւոյթները մարդկային կեանքի առօրեային մնայուն ընկերակիցները դարձած են, որոնցմէ մարդ չի՛ կրնար փախուստ տալ, որովհետեւ փախուստ տալով չի՛ կրնար այդ երեւոյթները վերացնել կամ յաղթահարել, ընդհակառակը, պէտք է պայքարի, պէտք է աշխատի, ջանայ, օր ու գիշեր տքնի, որպէսզի իր դէմ ցցուած բազմապիսի դժուարութիւնները յաղթահարէ եւ չյայտնուի վերեւ թուարկած երեւոյթներէն մէկուն մէջ:

Միւս կողմէ, եթէ փորձենք պատճառ մը գտնել, թէ մարդ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս կը յայտնուի նման երեւոյթներու մէջ, ապա Պօղոս առաքեալին այս տողերը կու գան պատասխանելու մեր հարցումին. «Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս Իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր» (Փլպ 1.9-10):

Այսօրուան մարդը ամէն բանէ աւելի եւ ամէն բանէ առաջ կարիք ունի սիրոյ, անկեղծ ու մաքուր սիրոյ, երկնային՝ աստուածային սիրոյ, որու միջոցաւ կարող կը դառնայ յաղթահարելու բազմաթիւ դժուարութիւններ, նեղութիւններ ու փորձութիւններ:

Ինչո՞ւ համար օր օրի պատերազմները կը սաստկանան եւ կը տարածուին. որովհետեւ մարդիկ եսապաշտ դարձած են, դադրած են իրենց նմանները սիրելէ եւ սիրոյ բացակայութեան ամէն ինչի ընդունակ է մարդը, վկայ այն բոլոր որճրագործութիւնները պատերազմական եւ ոչ պատերազմական, որ աշխարհով մէկ կը գործադրուին:

Ինչո՞ւ համար միջանձնական մարդկային յարաբերութիւնները օր օրի սկսած են նուազիլ. որովհետեւ մարդը անձնակեդրոն դարձած է, միայն ինքն իր շահին մասին կը մտածէ, անտեսելով իր ընկերը, իր նմանը, մոռնալով Տէրունապատուէր թելադրութիւնը, թէ՝ «սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մր 12.31): Իսկ ինչո՞ւ համար մարդիկ կը մոռնան այս պատուիրան-թելադրութիւնը. կը մոռնան, որովհետեւ ազատ ըլլալու սխալ հասկացողութիւնը մոլորեցուցած է զանոնք ճիշդ ճանապարհէն: Կարդա՛նք, թէ Պօղոս առաքեալ ինչ կ՚ըսէ այս մասին. «Եղբայրնե՛ր, Աստուած ձեզ կանչեց որ ազատ ըլլաք. միայն նայեցէք, որ այդ ազատութիւնը մարդկային ցանկութիւններ կատարելու պատրուակ չդառնայ, այլ՝ սիրով ծառայեցէք իրարու: Որովհետեւ Օրէնքը լրիւ գործադրած կ՚ըլլանք սա մէկ պատուիրանով. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”: Իսկ եթէ այդպէս զիրար վիրաւորէք ու բզկտէք, զգո՜յշ, դուք ձեզ պիտի կործանէք» (Գղ 5.13-15): Պարզ եւ յստակ: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ ազատ ըլլալ չի՛ նշանակեր սանձարձակ, չի՛ նշանակեր յոխորտացող ըլլալ, չի՛ նշանակեր հպարտ ըլլալ, ընդհակառակը, ազատ ըլլալ կը նշանակէ ինքզինք, իր կարողութիւնները, իր ընդունակութիւնները, իր սահմանները ճանչնալ եւ այդ ազատութեամբ բարութեան ու մխիթարութեան աղբիւր ըլլալ բոլորին՝ ապաւինելով Ճշմարիտ Ազատին ու մեզ ազատութիւն տուողին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին:

Ազատ ըլլալ, տակաւին, չի՛ նշանակեր մեր նմաններուն թերութիւնները բարձրաձայնել ու ծաղր ու ծանակի ենթարկել ենթական. ազատ ըլլալ չի՛ նշանակեր մեր նմաններու տկարութիւնները յայտնի դարձնելով անարգենք զանոնք: Դարձեալ լսենք Սուրբ Պօղոսին թէ ի՜նչ կ՚ըսէ այս մասին.

«1Եղբայրնե՛ր, եթէ պատահի որ ոեւէ մէկը յանցանքի վրայ բռնուի, դուք՝ որ Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուիք՝ պէտք է հեզութեամբ զայն ուղիղ ճամբու բերէք։ Նաեւ զգոյշ եղէք դուք ձեզի, որպէսզի չըլլայ որ դուք ալ փորձութեան մէջ իյնաք։ 2Իրարու բեռը վերցուցէք, եւ այդպիսով կատարեցէք Քրիստոսի սիրոյ օրէնքը։ 3Որովհետեւ ով որ կը խորհի թէ ուրիշներէն տարբեր է՝ այնպիսին ինքզինք կը խաբէ, որովհետեւ բնաւ ալ տարբեր չէ։ 4Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու։ 5Որովհետեւ՝ իւրաքանչիւր մարդ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ինք պիտի կրէ» (Գղ 6.1-5):

Ըսինք թէ մարդը եսակեդրոն, անձնապաշտ ու եսասէր դարձած է, եւ այս յատկութիւններն են, որ համայն մարդկութիւնը կը մղեն անարդարութիւններու, պատերազմներու, անհասկացողութիւններու եւ վէճերու: Մարդը, սակայն պէտք է գիտկացի ու ըմբռնէ, թէ՝ «չէ՛ ստեղծուած առանձին ըլլալու եւ ինքնանպատակ ապրելու համար, այլ՝ ստեղծուած է աշխարհի մէջ ու մարդոց հետ ապրելու եւ Աստուծոյ համա՛ր ըլլալու նպատակով: Այն մարդը, որ իր հայեացքը Աստուծմէ կը կտրէ եւ միայն ինքզինքին կը նայի, անիկա կը մոռնայ զԱստուած, կը մոռնայ Աստուծոյ պատկեր ըլլալը, կը տեսնէ միայն ինքզինք եւ իր մէջ բոյն դրած մեղքի՛ն պատկերը: Իսկ կուռքի վերածուած այդ «Ես»ը ամէն ինչ կը պահանջէ միայն իրե՛ն համար, մարդը դարձնելով ինքզինքին գերի եւ զայն խաւարեցնելով ու խեղդելով ի՛ր իսկ ստեղծած սահմանափակումներուն մէջ: Մինչդեռ մարդը ստեղծուած է՝ Աստուծոյ օրինակով ճառագայթելո՛ւ համար: Ճառագայթելու՝ կեանք, սէր, բարութիւն, ազնուութիւն, խնդութիւն, խաղաղութիւն, քաղցրութիւն, աստուածգիտութիւն, արդարութիւն ու սրբութիւն» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան):

Արդարեւ, որպէսզի մարդ ճիշդ հասկնայ ինքզինք, իր պարտաւորութիւնները իր նմանին եւ Աստուծոյ նկատմամբ, ապա պէտք իր մէջ եղող սէրը աճեցնէ աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի լաւը ընտրէ եւ Քրիստոս Իր երկրորդ գալուստին ժամանակ զինք մաքուր եւ ամբասիր գտնէ:

Ի՞նչ կը նշանակէ աստուածգիտութիւն: Աստուածգիտութիւն կը նշանակէ զԱստուած ճանչնալ, զԱստուած գիտնալ: Մեր միտքերուն մէջ հետեւեալ հարցումը կը ծագի. մենք կրնա՞նք զԱստուած ճանչնալ կամ գիտնալ: Կարդանք Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի գրածը այս մասին.

«Կրնա՞նք ճանչնալ զԱստուած։ Աստուած Իր բնութեամբ անճանաչելի է, այսինքն՝ կարելի չէ ճանչնալ։ Մենք զԱստուած ճանչնալու երկու հիմնական կերպ ունինք.

ա) Յայտնութիւնը, այսինքն՝ Աստուածաշունչը եւ բերանացի յայտնութիւնը։ Մենք զԱստուած կը ճանչնանք միայն այնքան, որքան Ինք Ինքզինք յայտնած է մեզի անցեալին՝ նահապետներուն եւ մարգարէներուն միջոցով եւ ներկայ ժամանակին՝ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։

բ) ԶԱստուած կը ճանչնանք Իր գործերէն, այսինքն՝ ստեղծագործութենէն եւ Իր նախախնամութենէն»: Եւ. «Ճշմարիտ յաւիտենական կեանքը զԱստուած ճանչնալն է (Յհ 17.1-3)։ ԶԱստուած ճանչնալ կը նշանակէ ո՛չ միայն Հայրը ճանչնալ, այլեւ՝ Որդին (Ա.Յհ 1.2) եւ Ս. Հոգին։ Իսկ այս կեանքին աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է, զոր «Աստուծոյ Խօսք» կը կոչենք (Յհ 12.49-50)»։ Եւ. «Մենք զԱստուած ճանչնալէ աւելի Իր գործը՝ արարչութիւնը, ստեղծագործութիւնը կը ճանչնանք ու կը հիանանք անոր վրայ: Տիեզերքին մասին խօսեցանք: Երբ այդ տիեզերքին դիմաց մեծագոյն գիտնականներն իսկ կը խոնարհին, մեզի պէս մէկը, այսինքն՝ սովորական մարդ արարածը, ինչպէ՞ս կրնայ յարգանքով, հիացումով երկրպագութեան չգալ իր Արարիչին դիմաց:

Նկատեցի՞ք, ես բառ մը աւելցուցի «հիացում»ին վրայ՝ «յարգա՛նք»ը: Յարգանքի արտայայտութիւնն է այն ինչ որ երկիւղ կը կոչենք. անպայման վախ ու դող չէ, սարսափի վիճակ չէ, բարեպաշտական երկիւղն է, որ Աստուածաշունչը շատ աւելի գործնական ձեւով կը բացատրէ մեզի: Առակաց գիրքը 6-րդ գլխուն մէջ մեզի կ՚ըսէ, որ Տիրոջմէ վախը չարիքէն հեռու մնալն է: Ուրեմն, զԱստուած ճանչնալը նաեւ մեզ ուրիշ ճամբով պէտք է առաջնորդէ, դրական ճանապարհով առաջնորդէ՝ հեռանալ չարիքէն կամ որեւէ չար երեւոյթէ եւ մօտենալ բարիքին, բարիի Աղբիւրին: Բայց որովհետեւ մենք մեր մէջ այդ կատարեալ բարին չենք գտներ, անսահման Բարութեան, գերագոյն Բարիին պատկերին դիմաց նոյն երկիւղն է, հիացումն է, յարգանքը եւ պատկառանքն է, որ կը զգանք: Ո՛ր կողմ որ դարձնէք բառը եւ բացատրութիւնը, այդ երկիւղէն չէք կրնար խուսափիլ: Ատիկա մեզ վախցնող վիճակ չի՛ կրնար ըլլալ, ընդհակառակը, այն բնական զգացողութիւնն է, որ ամէն մարդ արարած արդարօրէն պիտի ունենայ Աստուծոյ պատկերին դիմաց»:

Մարդ երբ զԱստուած ճանչնայ այդ ճանաչումին հետ նաեւ կատարեալ դատողութիւն ձեռք կը բերէ, որով կը կարենայ լաւը ընտրել ու լաւը ընտրելով ինքզինք պատրաստել Տէր Յիսուսը դիմաւորելու մաքուր եւ ամբասիր կերպով: Կարեւորը, մարդ ցանկութիւնը, կամեցողութիւնը ունենայ աստուածգիտութեան, այլ խօսքով զԱստուած ճանչնալուն, ապա Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ մարդուն՝ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Կարեւորը մարդուն կամեցողութիւնն է:

բ. Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստանալ. Վերը նշեցինք, որ մարդկութիւնը այսօր ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ, որով աւելի ինքնակեդրոն դարձած է, ձեւով մը մեկուսացած է միւսներէն եւ իր առօրեայ հոգերով ու մտահոգութիւններով կը զբաղի: Որոշ առումով հասկնալի է այս մօտեցումը եւ պահուածքը երբ հարցին կը նայինք մարդկային դիտանկիւնէ, սակայն երբ հոգեւոր ակնոցով կը դիտենք այս հարցը, ապա ամբողջութեամբ տարբեր ընկալում կը ստանայ, որովհետեւ երբ մարդկային ակնոցով կը մօտենանք ապա մտահոգութիւնը, ծանր մտածումները, դժուարութիւններու մեծութիւնն ու աղքատանալու կամ սոված մնալու սարսափը կը փակեն մեր աչքերը հարցին այլ կերպով մօտենալէ, սակայն երբ հոգեւոր ակնոցով նայինք, ապա անպայմանօրէն կը յիշենք Տէր Յիսուսի թելադրութիւնը աշխարհիկ մտահոգութիւններուն նայելու կերպի մասին: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

«24Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին։ 25Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։

26Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ 27Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ 28Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ 29Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ 30Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։ 31Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ 32Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են, որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ 33Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։

34Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (Մտ 6.24-34):

Մեր միակ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ Քրիստոսի միոցաւ՝ արդար գործերով հարստնալ: Ինչպէ՞ս կրնանք արդար գործերով հարստնալ. երկինքին մէջ գանձեր դիզելով: Լսե՛նք Տէր Յիսուսին. «19Ձեր հա-րըստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ 20Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ 21Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»։

Արդարեւ, ի՞նչ են այդ արդար գործերը. ողորմութիւն, իրերօգնութիւն, սրտակցութիւն, մխիթարելու պատրաստակամութիւն, աստուածսիրութիւն, մարդասիրութիւն, աղքատասիրութիւն, եւ այլն: Իսկ այդ արդար գործերուն կը հասնինք երբ մեր վրայ ընդունինք Սուրբ Հոգիին արդիւնքները: Ի՞նչ են այդ արդիւնքները.

«22Իսկ Սուրբ Հոգիին արդիւնքներն են՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, 23հեզութիւն, ժուժկալութիւն։ Այսպիսի բաներու դէմ որեւէ օրէնք չկայ։ 24Եւ անոնք որոնք Քրիստոսի կը պատկանին՝ իրենց մարդկային կիրքերն ու ցանկութիւնները խաչին վրայ մահացուցին։

25Արդ, քանի Սուրբ Հոգիով այս նոր կեանքը կ՚ապրինք, նաեւ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուինք։ 26Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու» (Գղ 5.22-26)։  

գ. Պատճառ ըլլալ որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի. երանելի՜ է ան մարդը, որուն պատճառով Աստուած կը փառաւորուի եւ կը գովուի: Հարցնենք. Աստուած ե՞րբ կամ ինչպէ՞ս մեր պատճառով կը փառաւորուի ու կը գովուի. երբ մենք մեր կեանքերով թարգման դառնանք Անոր Աստուածութեան, Անոր կամքին, այլ խօսքով՝ լիիրաւ կերպով մեր մէջ արտացոլացնենք Անոր պատկերը, որ մեզ ստեղծած ժամանակ շնորհեց մեզի:

Աստուած մեր պատճառով կը փառաւորուի ու կը գովուի նաեւ այն ատեն, երբ մարդիկ տեսենեն մեր գոհունակ վիճակը եւ ամէն բանի համար շնորհակալութիւն յայտնելու պատրաստակամ մեր սիրտը:

Արաբերէնէ թարգմանուած հետեւեալ պատմութիւնը ներկայացնեմ մեր սիրելի ընթերցողներուն, որով եւ աւարտենք այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը:

* Փիլիսոփայ մարդ մը կար, որ ութ տարի շարունակ Աստուծմէ կը խնդրէր, որ իրեն մարդ մը ցոյց տար, ով կրնար իրեն սորվեցնել ուրախ ապրիլ: Օր մը կարիքը շատ զգաց, որպէսզի Աստուած իր այդ փափաքը իրականացնէ:

Ու Աստուծմէ ձայնը եկաւ.

-Եկեղեցի գնա՛ եւ այնտեղ պիտի գտնես մէկը, որ քեզի պիտի օգնէ:

Անմիջապէս եկեղեցի գնաց: Այնտեղ, աղքատ մարդ մը տեսաւ, ոտաբոպիկ՝ ցեխոտ ու կեղտոտ ոտքերով: Իսկ հագուստները ընդամէնը մի քանի ղրուշ արժէին: Բարեւեց անոր, ըսելով.

-Աստուած բարի օր տայ քեզի:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբեւէ գէշ օր չեմ ունեցած:

Փիլիսոփան ըսաւ անոր.

-Աստուած քեզի յաջողութիւն տայ:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբեւէ ձախողութիւն չեմ ունեցած:

Փիլիսոփան ըսաւ.

-Ուրա՛խ եղիր:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբեւէ տխուր չեմ եղած:

Փիլիսոփան զարմանալով, հարցուց անոր.

-Ինչո՞ւ համար այսպէս կը պատասխանես ինծի: Բացատրէ՛ ինծի, որովհետեւ չեմ հասկնար:

Աղքատը պատասխանեց.

-Մեծ սիրով: Ինծի համար բարի օր փափաքեցար, սակայն ես ո՛չ մէկ գէշ օր ունեցած եմ. որովհետեւ, եթէ անօթի եմ՝ զԱստուած կը փառաւորեմ, իսկ եթէ կայծակ իյնայ, կարկուտ կամ անձրեւ իջնայ, ձիւն տեղայ, մէկ խօսքով՝ եղանակը տաք կամ պաղ ըլլայ,  կը շարունակեմ զԱստուած փառաւորել: Տակաւին, եթէ անարգեն ու անպատուեն զիս, դարձեալ զԱստուած կը փառաւորեմ: Այս պատճառով ալ վատ օր երբեւէ չեմ ունեցած:

Ինծի համար յաջողութիւն ցանկացիր, սակայն երբեւէ ձախողութիւն չեմ ունեցած, որովհետեւ գիտեմ Աստուծոյ հետ ապրիլ: Գիտեմ նաեւ թէ ինչ որ կ՚ընէ, ինչ որ ինծի կու տայ կամ ինծի համար կը ծրագրէ, լաւագոյնն է, որով ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ ամէն բան, որ Աստուծմէ է: Այս պատճառով ալ ձախողութիւն չեմ ունեցած:

Ապա ցանկացիր, որ Աստուած զիս ուրախացնէ: Իսկ ես երբեւէ տխուր չեմ եղած, որովհետեւ իմ միակ փափաքս Աստուծոյ կամքին մէջ ապրիլ է: Այսպիսով իմ կամքս ամբողջութեամբ Անոր յանձնած եմ, այնքան որ ինչ որ Աստուած կը կամենայ՝ ես ալ նոյնը կը կամենամ: Այսպիսով երբեւէ յուսախաբ չեմ ըլլար, որովհետեւ ոչինչ կը կատարուի ինծի հետ առանց Աստուծոյ արտօնութեան ու կամքին:

Փիլիսոփան մտիկ ընելէ ետք այս բոլորը, հարցուց.

-Ուրկէ՞ եկար:

Պատասխանեց.

-Աստուծմէ:

Փիլիսոփան հարցուց.

-ԶԱստուած ե՞րբ գտար:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբ արարածները ձգեցի:

Փիլիսոփան հարցուց.

-Իսկ զԱստուած ո՞ւր կը գտնես:

Աղքատը պատասխանեց.

-Մաքուր սիրտերուն մէջ:

Փիլիսոփան հարցուց.

-Ի՞նչ տեսակի մարդ ես դուն:

Աղքատը պատասխանեց.

-Թագաւոր եմ:

Փիլիսոփան հարցուց.

-Ո՞ւր է թագաւորութիւնդ:

Աղքատը պատասխանեց.

-Թագաւորութիւնս իմ անձս է, որովհետեւ այսպիսով կրնամ թագաւորել իմ անձիս վրայ ներսը եւ դուրսը, այնքան որ, բոլոր փափաքներս ու անձիս զօրութիւնը ինծի ենթարկուած են: Իսկ այս թագաւորութիւնը, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններէն աւելի փառաւոր է:

Փիլիսոփան աղքատէն բաժնուեցաւ բաւարարուած զգացումով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 նոյեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2023