ԴԻՄԱՏԵՏՐԻՆ ԱՌՋԵՒ
Նախաճաշը աճապարանքով կը պատրաստէ, ամուսինն ու զաւակները կ՚արթնցնէ, իւրաքանչիւրը իր գործին կը ճամբէ, տան անհրաժեշտ պէտքերը կը հոգայ, մեծ գաւաթ մը սուրճը ձեռքը կը նստի համակարգիչին դիմաց ու անհամբեր կը բանայ դիմատետրին էջը...:
Ամէն օր այս է վիճակը Տիկին Սաթիկին: Արտաքին աշխարհին հետ իր միակ կապն է համացանցը: Ո՛չ հարազատ ունի, ոչ ալ բարեկամ: Պատերազմի պատճառով տուն-տեղ լքած ու ընտանիքով ապաստանած է հայրենիք: Շատ փորձած է աշխատանք ճարել, աջ ու ձախ դիմումներ ներկայացուցած է, բայց՝ ապարդիւն: Ամուսինն ու երիտասարդ զաւակներն ալ շատ չեն քաջալերած զինք.
Մա՛մ, դուն տան գործերով զբաղիր, մենք աշխատինք՝ կը բաւէ,- ըսած է անդրանիկ զաւակը:
Ամուսինը յաջողած է թաքսիի ընկերութեան մը մէջ վարորդի պաշտօն ձեռք ձգել, երկու երիտասարդ մանչերն ալ ճաշարաններու մէջ սպասեակ են, երկուքն ալ՝ վկայեալ համալսարանաւարտներ, չեն յաջողած սակայն իրենց մասնագիտութեամբ աշխատանք ճարել, բայց աշխատելու տրամադրութենէն աւելի գիտակցութիւնը ակնյայտ է՝ ընտանիքին կեցութեան անհրաժեշտութենէն բխած: Առաջ ուրի՛շ էր, հիմա՝ ուրիշ: Առաջ միայն հօր աշխատանքին հասոյթը բաւարար էր ընտանիքին բարւոք կեանք մը ապահովելու, մինչ հիմա՝ բնակարանի վարձքը, ջուրի, կազի և ելեկտրականութեան ամսական ծախսերը, ապրուստի սղութիւնը և այս բոլորին կողքին՝ ցած աշխատավարձքը կը ստիպեն, որ ընտանիքին մեծամասնութիւնը աշխատի: Բախտաւորութիւն է նաև, քանի կրցած են աշխատանք ճարել, անդին շատե՜ր անգործ են:
Ի՞նչ ընէ Տիկին Սաթիկ, տան անդամները առտու կ’երթան, երեկոյեան կը վերադառնան: Երբեմն նոյնիսկ Կիրակի օրերը կ’աշխատին: Ունի քանի մը բարեկամներ, սակայն անոնց բնակարանները հեռու են, հազիւ ամիսը մէյ մը տեղ մը կը հանդիպին, բայց համացանցով միշտ կապի մէջ են, այդպէս ալ կ’որոշեն հանդիպման վայրն ու ժամը:
Ծննդավայրին մէջ շատ համացանցով զբաղելու առիթ չունէր Տիկին Սաթիկ, շէնքի դրացիները կային, որոնց հետ օրական քանի մը անգամ սուրճի հանդիպումներ տեղի կ’ունենային, ի՜նչ նիւթեր կ’արծարծուէին այդ հանդիպումներուն ընթացքին, գաղութի բոլոր նորածիններուն, նորապսակներուն, նշանուածներուն մասին, դէմի ու կողքի շէնքերու բնակչութեան մասին, նոյնիսկ լուացքի թելերուն փռուած կոկիկ կամ անկանոն ըլլալուն նիւթը կ’արծարծուէր, իսկ վերջին տարիներուն վերոնշեալներուն հետ նաև կ’արծարծուէին քաղաքական նիւթեր ու մանաւանդ՝
Լսեցի՞ք վերջին հրթիռը ուր ինկաւ. փառք Տիրոջ, որ զոհուածներ չկան,- կ’ըսէր մին:
Երէկուանը անտանելի էր, շատ ցնցուեցանք,- կը շարունակէր միւսը...:
Հարազատներու ու բարեկամներու յաճախակի փոխադարձ այցելութիւններն ալ առիթ չէին տար Տիկին Սաթիկին շատ համացանցով զբաղելու: Հիմա սակայն համացանցը դարձած է անոր անբաժանելի բարեկամը: Առտուընէ կը բազմի համակարգիչին դէմ մինչև որ զինք սթափեցնէ ձեռաց հեռախօսի զարթուցիչը, տեղեկացնելով ճաշի պատրաստութեան ժամանակը:
Նախ Տիկին Սաթիկ youtube-ի վրայ աշուղական երգացանկ մը կը բանայ, ապա զայն ունկնդրելով, երբեմն ալ բառերը մռմռալով կը սուզուի լուսանկարներու որոնման աշխատանքի մը մէջ: Ամէն առաւօտ գեղեցիկ սուրճի բաժակի մը լուսանկարով .բարի լոյսե մը կը տեղադրէ էջին վրայ, բայց այս անգամուան որոնումները տօնական բնոյթ կը կրեն, հապա՜ Դեկտեմբեր է, տուներէն աւելի դիմատետրի էջերը ողողուած են ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան խորհրդանշական պատկերներով, ոտանաւորներով, երգերով ու բարեմաղթութիւններով: Ի վերջոյ կը գտնէ Կաղանդ Պապուկով սուրճի բաժակ մը, անշուշտ տօնական զարդեղէններով ու անուշեղէններով շրջապատուած ու կը տեղադրէ զայն: Վայրկեաններ անց արդէն աշխարհացրիւ բարեկամներ կը փոխադարձեն .բարի լոյսե-ին:
Տիկին Սաթիկը չեն հետաքրքրեր քաղաքական իրադարձութիւնները, սակայն հարևանցի ակնարկով կը կարդայ այսպիսի լուրերու վերնագիրները և կը կեդրոնանայ միայն Սուրիոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն վրայ, ահա կը տեսնէ նոր հրթիռակոծման լուր մը Հալէպի ծանօթ թաղամասերէն մէկուն մէջ պատահած: Լուրը ամբողջութեամբ կը կարդայ, ապա խոր շունչ մը քաշելով.
Փառք Աստուծոյ, զոհ չկայ,- կ’ըսէ ու կը շարունակէ .թերթատելե դիմատետրը:
Ծննդավայրի լուրերուն անմիջապէս կը յաջորդէ աստղագուշակութիւնը: Տիկին Սաթիկ լրջօրէն կը հաւատայ այս կանխագուշակութեանց և ըստ այնմ կը տրամադրուի օրուան իրադարձութիւններուն հանդէպ:
Ան կը սիրէ նաև զուարճալի տեսանիւթեր դիտել, իր դրացիներուն մասին տեղեկանալ, որոնք դարձեալ գաղթած են, մէկը՝ Մ. Նահանգներ, միւսը՝ Գանատա, միւսը՝ Ֆրանսա...: Ահա անոնցմէ մէկը նամակով կ’ողջունէ զինք: Գեղեցիկ ժպիտ մը կը գծագրուի անոր դէմքին: Ողջոյններուն կը միանան նաև միւս դրացիները, սուրճի հանդիպման ժամն է, երկար-երկար կը զրուցեն, կը տեղեկանան իրարու մասին և.
Ի՛նչ լաւ կ’ըլլար, եթէ դիմատետրը ունենար սուրճ հրամցնելու առաւելութիւնը,- կը գրէ Տիկին Սաթիկ ու փոխադարձ ժպիտներով հրաժեշտ կու տան իրարու:
Ուշադրութիւնը կը գրաւէ երգի արձանագրութիւն մը: Սփիւռքահայ երիտասարդ մըն է երգողը, որ յաճախ ևրոպական նոր երգեր կ’երգէ ու զանոնք արձանագրելով կը տեղադրէ դիմատետրի էջին վրայ և միշտ ալ կ’արժանանայ քաջալերական ու գնահատական գրառումներու: Զայն նկատած է Տիկին Սաթիկ, բայց ընդհանրապէս ուշադրութիւն չէ դարձուցած, բայց այս անգամ աշուղական երգ մը կ’երգէ երիտասարդը: Տիկին Սաթիկ անմիջապէս կ’ունկնդրէ երիտասարդին կատարումը, .լաւ էե, կը մտածէ, բայց քաջալերելու համար .ԱՊՐԻ՛Սե մը կը գրէ, երբ կը նկատէ ստորև տեղադրուած բացասական գրառումները ու նեղացած մենութեան մէջ բարձրաձայն կ’արտայայտուի.
Գնահատե՛նք մեր երիտասարդները, թող երգեն հայերէ՛ն, միթէ օտարներու կլկլոցները կապկելէն լաւ չէ՞: Ո՞վ կ’ըսէ, թէ ոևէ մէկը պիտի կարենայ մեր գուսաններուն, աշուղներուն կամ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները իրենց վարպետութեամբ մեկնաբանել:
Աշուղական երգարան մը կը նշմարէ Տիկին Սաթիկ ու անմիջապէս կը ներբեռնէ զայն:
Հալէպի մէջ տեղի ունեցած պսակներու, նշանախօսութեանց, մկրտութիւններու և հալէպահայ դպրոցական ձեռնարկներէ քաղուած լուսանկարներ կ’ողողեն դիմատետրը.
Շնչող գաղութ է, ի՞նչ խօսք, կեանքը կը շարունակուի,- կը մտածէ Տիկին Սաթիկ:
Եւ զարթուցիչին զանգը կը յուշէ ճաշի պատրաստութեան ժամը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024