ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԵԴՈՒԱՐԴ ՉՈՓՈՒՐԵԱՆԻ ԿԱԶՄԱԾ ՅՈՒՇ-ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԳՐՔԻ ԹՐՔԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
«Էվրէնսէլ» հրատարակչութիւնը անցեալ ամիս լոյս ընծայած էր Հնչակեան քսան կախաղաններուն վերաբերեալ յուշ-կենսագրութեան գիրք մը։ Սա 1921 թուականին Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսած եւ իր տեսակին մէջ դասականացած «Քսան կախաղանները» անուն գործին թրքերէն թարգմանութիւնն էր։ Այդ թուականին Եդուարդ Չոփուրեանի աշխատասիրութեան հիման վրայ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքը վերջերս թրքերէնի թարգմանեց լրագրող-հրապարակագիր Արիս Նալճը։ «Փարամազներ. Պէյազըտի մէջ քսան կախաղաններ» խորագրով լոյս տեսած է գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կանոնագրութիւնը, այլ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ մահապատիժի դատապարտուածներու զանազան գրութիւնները։
Երէկ երեկոյեան Բանկալթիի «Կալերի պիրզամանլար»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որ արժանացաւ կոկիկ թիւով գրասէրներու ուշադրութեան։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Նոստալժի» գրախանութի եւ «Էվրէնսէլ» հրատարակչութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Ատենախօսներն էին գիրքին թարգմանիչը՝ Արիս Նալճը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Ներկայ էին նաեւ «Կալերի պիրզամանլար»ի եւ համանուն հրատարակչութեան ղեկավար Օսման Քէօքէր եւ «Նոստալժի» գրախանութի տնօրէն Սիւհա Համամճը։
Շնորհանդէսի մասնակիցները հետաքրքրական բացատրութիւններ լսեցին ատենախօսներուն կողմէ։ Արիս Նալճը ընդհանրապէս կանգ առաւ գիրքին, անոր բովանդակութեան վերաբերեալ զանազան հանգամանքներուն եւ պարունակութեան մէջ տեղ գտած կենսագրութիւններու մանրամասնութիւններուն վրայ։ Իր կարգին, Բագրատ Էսդուգեանն ալ Հնչակեան քսան կախաղանները մեկնաբանեց թէ՛ որպէս փաստ եւ թէ որպէս երեւոյթ։ Ան խօսեցաւ մերօրեայ իրականութեան վրայ անոնց ունեցած անդրադարձին շուրջ։ Փարամազի եւ տասնինն ճակատագրակից ընկերներուն ապրածը Բագրատ Էսդուգեան ներկայացուց նաեւ Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական մշակոյթի ձեւաւորման տեսանկիւնէն։
Երեկոյթի ընթացքին ատենախօսները պատասխանեցին նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, Հնչակեան քսան կախաղաններու երեւոյթը վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ՝ հայկական հարցի թապու մը ըլլալու դադրելու հանգամանքի ծիրէն ներս։ Զուգահեռաբար, վերջին տարիներուն տեղի կ՚ունենան Հնչակեան քսան կախաղաններու ոգեկոչումներ, որոնց վերջինը տեղի ունեցած էր Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ, ուր այդ շրջանին ամփոփուած էին Փարամազի եւ իր ընկերներուն մարմինները, սակայն գերեզմանատան տարածքէն ներս ցարդ անյայտ կը մնայ անոնց թաղուած ստոյգ վայրը։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024