ԴԱՒԻԹ ՎԱՆԵԱՆ. «ԲԱՐԵՒ ՁԵԶ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱԽՊԵՐՈՒԹԻՒՆ»

Երազ իմ երկիր հայրենի,
Հոգսերդ շատ, յոյսդ մեծ,
Քարքարոտ երկիր։
Ես մի բուռն եմ քո հողի,
Ես մի ծիլն եմ քո արտի,
Ես մի թերթն եմ քո ծաղկի,
Հայրենի երկիր,
Հայաստան…

Գողտրիկ, դրախտավայր Արցախը աշխարհին ներկայացնելու, համայն հայութիւնը մէկտեղելու սրբազան գործին է լծուած արցախցի զուարճասէր՝ Դաւիթ Վանեան։ Ղարաբաղի մաքուր օդի մէջ ծնած ու սնած, արցախցիին յատուկ հիւրընկալութեամբ ու ազնուութեամբ հասակ առած պատուարժան Դաւիթի նպատակն է՝ օգնել իր երկրին։

Եւ այսպէս, Դաւիթ Վանեան ծնած է 11 յուլիս, 1982 թուականին, քաղաքամայր Ստեփանակերտին մէջ։ Մանկավարժ՝ Սուսաննա եւ զինուորական՝ Էտուարտ Վանեան ամոլի երկու զաւակներէն մին է։ Ունի եղբայր մը՝ Կարէն։ Դաւիթ Վանեան աւելի քան եօթ սերունդէ ի վեր կ՚ապրի Ստեփանակերտի մէջ։ Իսկ մինչ այդ, մօր կողմէ արմատները կը հասնին Մարտակերտի շրջան։ Հօր կողմէ արմատները կը հասնին երբեմնի Փահլուր գիւղ, որ այժմու մասը կը կազմէ Արցախի մայրաքաղաքին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ստեփանակերտի ռուսական դպրոցներէն մէկուն մէջ։ Աւարտած է Արցախի Պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը։ Լիսէէն սկսեալ Դաւիթ եռանդուն մասնակցութիւն բերած է հիւմորային ծրագիրներու։ Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ վերջ, Դաւիթ՝ հետեւելով հօր օրինակին, նախընտրեց մնալ ու աշխատիլ բանակին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան չխզեց կապը հոգեհարազատ դարձած ասպարէզին հետ. հիւմորային ծրագիրներով ու բազմաբնոյթ զուարճախօսութիւններով շարունակեց հանդէս գալ զանազան հարթակներէ։ Բազում ներկայացումներու ընթացքին միջազգային բեմերէ իր խմբակիցներու հետ բարձր պահած է Արցախի անունը։ Ամուսնացած է։ Ունի մանչ մը եւ աղջիկ մը։ Դուստրը կնքած է մեծ մօր՝ Սեդայի անունով, իսկ որդին իր հօր՝ Էտուարտ։

Այժմ անցնինք մեր զրոյցին.

-Ինչպիսի՞ մանկութիւն ունեցաք։

-Համեմատելով մանկութեան իմ զաւակներուն, որոնք շատ յաճախ կառչած են շինծու համակարգչային խաղերուն ու հեռաձայններուն, ես ունեցայ բնական, աշխոյժ ու հետաքրքական մանկութիւն մը։ Իմ մանկութիւնը լի էր բազում յիշարժան պահերով ու ակնթարթներով։ Այն ժամանակ չկար համացանց։ Ես ու իմ հասակակիցները մինչեւ ուշ գիշեր կը խաղայինք բակերուն մէջ։ Կ՚իյնայինք, կը կոտրէինք կամ կը վիրաւորէինք մեր ձեռքերն ու ոտքերը, որոնք այսօր վերածուած են քաղցր յիշողութեան։

-Կը պատմէք, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ինքզինքնիդ գտաք ծիծաղի աշխարհին մէջ։

-Իմ պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ ես կ՚ապրիմ մշակութային կեանքով։ Ժամանակի ընթացքին այդ ոլորտը ինծի այնքան հոգեհարազատ դարձաւ, որ ես ինքզինքս ուրիշ ասպարէզներու մէջ մինչեւ այսօր չկրցայ գտնել։

-Ինչպէ՞ս յառաջացաւ «Արցախեան շեշտադրում» տեսաալիքի ստեղծման գաղափարը։

-Տարիներ առաջ, համացանցի յառաջընթացի հետ, երբ սկսան ի յայտ գալ առաջին պլոկըրները, առաջին տեսաալիքները, իմ մօտ ծագեցաւ այս մտայղացումը։ Ժամանակի ու հնարաւորութիւններու սղութեան պատճառաւ երկար ժամանակ չկրցայ ի կատար ածել իմ վաղեմի երազը։

Օր մը, ընկերներուս հետ կիսեցի իմ գաղափարը։ Որոշեցինք մեր Արցախ աշխարհէն նոյնպէս բանալ տեսաալիք մը։ Եւ այսպէս սկսանք նկարահանումներ կատարելու։ Օր մըն ալ ընկերոջս՝ Վատիմի հետ նստած էինք մեր գրասենեակը։ Վատիմը առաջարկեց քաղաքի կեդրոնական փողոցներով ինքնաշարժով պտոյտ մը կատարել ու նկարահանել տեսաերիզ մը։ Այդպէս ալ ըրինք։ Մեր առաջին փորձը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ։ Աշխարհի զանազան անկիւններէ սկսանք դրական արձագանգներ ստանալ։

-Ձեր կարծիքով, ո՞րն է ձեր յաջողութեան գրաւականը։

-Մենք մեր գործը կ՚ընենք ի սրտէ, առանց որեւէ նիւթական շահ հետապնդելու կը փորձենք աշխարհին լաւագոյնս ներկայացնել մեր աշխարհը, մեր բնութիւնը, մարդիկը։

-Ինչո՞ւ տեսաալիքը հայերէնի՝ «Արցախեան շեշտադրումի»ի փոխարէն ռուսերէնով կոչեցիք՝ «Արցախսկի աքցենտ»։

-Նշեմ, որ բաւական երկար խորհեցանք անուանումի շուրջ։ Քանզի մեր դիտորդներու մեծամասնութիւնը կը կազմեն ռուսահայերը, այդ իսկ պատճառաւ որոշեցինք մեր տեսաալիքը անուանել ռուսերէնով։ Բաց աստի, ռուսերէնը աւելի հնչեղ է։

-Ո՞րն է «Արցախեան շեշտադրում» տեսաալիքի հիմնական պատգամը։

-Տեսաալիքը որպէս այդպիսին ունի շարք մը ենթանիւթեր։ Սակայն գլխաւոր ուղերձը կը կայանայ Արցախը աշխարհին հաղորդակցելու պարագան։ Թէ ինչպէ՞ս կ՚ապրի արցախցին, ինչպէ՞ս կը պահպանէ իր բնութիւնը, հին աւանդոյթներն ու սովորոյթները։ Գլխաւոր նպատակներէն մին է նաեւ դէպի Արցախ սեւեռել զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։ Հնարաւորութիւն ընձեռել աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենիքէն կարօտն առնելու։ Մենք զանազան երկիրներէ կը ստանանք մեծաթիւ հաղորդագրութիւններ, որոնց մէջ մարդիկ կ՚արտայայտեն իրենց յուզումնախառն զգացումները։

-Յայտնի է, որ դուք կը զբաղիք նաեւ բարեգործութեամբ։ Կը պատմէ՞ք այդ մասին։

-Ի սկզբանէ մենք այդպիսի նպատակ չունէինք։ Սակայն երբ տեսաալիքը բացուեցաւ ու ձեռք բերաւ որոշակի ճանաչելիութիւն, Արցախի զանազան շրջաններէ սկսան մեզի հետ կապ հաստատել ու օգնութիւն խնդրել։ Քանզի մենք չունինք գանձատրման աղբիւրներ, որոշեցինք ձեւով մը օգնել այդ ընտանիքներուն։ Նպատակի իրականացման ներգրաւելով հովանաւորներ, մեր ալիքի միջոցաւ գովազդել զանոնք ու ստացուած եկամուտով օգնել կարիքաւորներուն։ Մինչեւ այսօր ալ կը շարունակենք մեր այս փոքրիկ բարի գործը։

-Ինչի՞ մասին էր ձեր առաջին կիսաեթերը։

-Ինչպէս վերը նշեցի, ես ու ընկերս՝ Վատիմը կը նստէինք մեր գրասենեակին մէջ։ Անոր առաջարկով ինքնաշարժով շրջեցանք։ Նկարահանեցինք մեր քաղաքը։ Այդ ընթացքին արցախեան բարբառով կը պատմէի մեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու, նորութիւններու մասին։ Այնուհետեւ, գրասենեակ վերադառնալով համացանցի մէջ տեղադրեցինք տեսաերիզը։

-Ինչո՞ւ որոշեցիք խօսիլ բարբառով, այլ ոչ գրական հայերէնով։

-Տեսաալիքի անուանումը թէպէտ ռուսերէն է, սակայն այն յարմարեցուած է մեր բարբառին։ Բարբառը մեր յաջողութեան գրաւականն է։ Մեր դիտորդներու մեծամասնութիւնը կ՚անկեղծանայ, թէ բարբառով հնչած բառն է, որ զիրենք կապեց մեր տեսաալիքին։ Երկար ժամանակ օտարութեան մէջ հեռու մնալով մեր բարբառէն, անոնք մեզմէ իրենց կարօտը կ՚առնեն։

-Իսկ ինչո՞ւ հաղորդումը կը կոչուի «պոչտի լայւ», որ ռուսերենէ թարգմանաբար կը նշանակէ՝ կիսաեթեր, այլ ոչ թէ ուղիղ եթեր կամ ուղիղ միացում։

-Արցախի մէջ արագ ու բարձրորակ համացանց ունենալը բաւական սուղ հաճոյք մըն է։ Քիչեր կրնան իրենց թոյլ տալ այդպիսի շռայլութիւն։ Այդ իսկ պատճառաւ մենք չենք կրնար ուղիղ միանալ. նախապէս կը նկարահանենք, այնուհետեւ կը տեղադրենք համացանցի վրայ։ Ահաւասիկ պատճառը, թէ ինչո՛ւ մենք հաղորդումը կոչեցինք կիսաեթեր։

-Արդեօք կրնա՞նք ձեր որդեգրած դիրքորոշումը տուեալ ընկերութեան դէմ հակաքարոզչութիւն որակել։

-Աւելի ճիշդ, մենք մեր քայլով ուզեցինք, կ՚ուզենք ընկերութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել սակագիներու գնացուցակին վրայ։ Այսինքն՝ ձեւով մը կոչ կ՚ընենք անոնց սակարկելու գիները։ Նշեմ, որ տուեալ ընկերութիւնը շուտով մեզի հետ կապ հաստատեց ու առաջարկեց մեզ անվճար համացանց տրամադրել։ Սակայն մենք մերժեցինք անոնց առաջարկը, քանզի այդ մէկը խնդրի լուծում մը չէր։ Մենք միայն մեր շահը չենք հետապնդեր, այլ՝ ժողովուրդինը։

-Ո՞ր հարթակը կ՚ապահովէ ձեր ամենամեծ լսարանը։

-Մեր ամենամեծ լսարանային հարթակը կը հանդիսանայ «Դիմատետր»ը։ Մեզի ամենէն շատ կը հետեւին Ռուսաստանէն, Հայաստանէն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Հետեւորդներ ունինք նաեւ Եւրոպայէն ու զանազան երկիրներէ։

-Ո՞ր կիսաեթերը մինչեւ այսօր ամենաշատ դիտումը ապահոված է։

-Բերքի փառատօնը, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։ Սա կիսաեթերը ապահոված էր 260 հազար դիտում։

-Կը պատմէք, թէ ինչպէ՞ս կ՚ընտրէք ձեր կիսաեթերներու նիւթերը։

-Կիսաեթերներու նիւթերու ընտրութեան մէջ մեզի բաւական օգտակար կ՚ըլլան դիտորդները։ Բաց աստի, մենք կը հասկնանք, թէ տուեալ պահուն ինչ կարելի է տեսասփռել. զոր օրինակ՝ բերքի, նռան, արցախեան խոհանոցի թագը հանդիսացող՝ ժենգեալով հացի փառատօները։

-Ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք նկարահանման։

-Յիրաւի քանի մը անգամ փորձեցինք ինչպէս հարկ է նախապատրաստուիլ նկարահանումին։ Նախապէս գրեցինք նիւթը, որու մասին պէտք է խօսիմ, կամ որուն պէտք է անդրադառնամ, սակայն ապարդիւն։ Տեսակ մը շինծու ստացուեցաւ։ Այդ իսկ պատճառաւ մենք նկարահանման նախապէս չենք պատրաստուիր։ Պարզապէս կ՚որոշենք նիւթը, իսկ մնացեալը կը ստացուի ինքնաբերաբար։ Նշեմ նաեւ, որ ո՛չ ես, ոչ ալ Վատիմը արհեստավարժ ենք, չունինք համապատասխան բարձրագոյն կրթութիւն։

-«Արցախսկի ակցենտ» հեռուստատեսային ալիքը ունի՞ որեւէ նիւթական օժանդակութիւն։

-Մենք չունինք նիւթական որեւէ մշտական աղբիւր։ Մեր ալիքը աւելի շատ բարեգործական է, քանզի ան շահոյթ չի հետապնդեր։ Մեր միակ շահը գովազդներն են, որոնցմէ եկած օգուտով կը հոգանք նկարահանման ընթացքին յառաջացած ծախսերը։

-Կը պատմէ՞ք ձեր անձնակազմի մասին։

-Մինչեւ այսօր մեր անձնակազմը բաղկացած էր երկու հոգիէ՝ ես ու Վատիմ Սեւումեանը։ Միասնաբար կը խորհինք նիւթի մասին։ Ես կը վարեմ հաղորդումը, իսկ Վատիմը կը նկարահանէ ու մոնթաժը կ՚ընէ։ Սակայն այժմ կը փորձենք մեր խումբը համալրել նոր անդամներով։

-Յայտնի է, թէ դուք նախապէս արցախեան բարբառով կը վարէիք հետաքրքրական հարցազրոյցներ՝ դիտորդներու նախընտրած յայտնի, նշանաւոր արցախցիներու հետ։ Սակայն այդ հաղորդումը երկար կեանք չունեցաւ։ Ինչո՞ւ։

-Թեքնիկ խնդիրներու պատճառաւ, մեր հաղորդումը երկար կեանք չկրցաւ ունենալ։ Քանզի որակեալ հարցազրոյցի նկարահանումը կը պահանջէ քանի մը տեսախցիկ, արհեստավարժ նկարահանողներ եւ այլն։ Մեր ընկերներու «fokus studio» խմբակային աշխատանքի շնորհիւ կրցանք քանի մը հարցազրոյց նկարահանել, որու համար երախտապարտ ենք անոնց։

-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծանուն արուեստագէտը։

-Անունները շատ են, այժմ կը փորձեմ թուել քանի մը հատը՝ Պարոյր Սեւակ, Մհեր Մկրտչեան, Արամ Խաչատուրեան եւ այլք։

-Ո՞րմէ կ՚ոգեշնչուիք։

-Հայրենիքէս ու իմ ընտանիքէն։

-Դուք որպէս երկու երեխաներու հայր, զաւակներու դաստիարակութեան մէջ ի՞նչ բաներ կը կարեւորէք։

-Երեխաները յաճախ կ՚ընդօրինակեն մեծերը։ Այդ իսկ պատճառաւ մեծերը պէտք է ջանան լաւագոյնս օրինակ ծառայել փոքրերուն։ Մասնաւորապէս կարեւորելով անոնց մէջ հայրենասիրութեան, կարգապահ քաղաքացիի, մեծերու նկատմամբ յարգանքի, աւանդոյթներու պահպանման սերմանումը։

-Արդեօք կը խորհի՞ք Արցախի հեռուստատեսութեան հետ համագործակցութեան մասին։

-Իսկ ինչո՞ւ ոչ։ Նշեմ, որ Արցախի հեռուստատեսութեան պետական լեզուն գրական հայերէնն է։ Բոլոր հեռարձակումները կը կատարուին գրական հայերէնով։ Իսկ մեր նախապայմանը, սկզբունքը՝ բարբառն է։ Եթէ անոնք մեզի հնարաւորութիւն ընձեռեն բարբառով հանդէս գալու, մենք մեծագոյն սիրով կը համագործակցինք։

-Ի՞նչ բանէ կը վախնաք, վախեր ունի՞ք։

-Ըստ իս, իւրաքանչիւր գիտակից մարդ ծանօթ է այդ զգացումին։ Ես նոյնպէս բացառութիւն չեմ։ Աւելի շատ կը վախնամ կորուստէն, ան ալ հարազատի մը։

-Ո՞րն է ձեր մեծագոյն նպատակը։

-Կեանքը անիմաստ չապրիլ ու ինձմէ ետք անուն մը, գործ մը թողուլ։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, ո՞ր դարը կ՚ուզէիք այցելել։

-Վարդան Մամիկոնեանի ժամանակաշրջանը, այսինքն՝ հինգերորդ դար։ Ինչպէս նաեւ կ՚ուզէի յայտնուիլ 15, 16-րդ դարերուն մէջ։

-Հայաստանէն, Արցախէն զատ ո՞ւր ապրիլ կ՚ուզէիք։

-Միմիայն Արցախ. քանզի ես իմ կեանքն ու ապագան Արցախէն զատ ուրիշ տեղ չեմ կրնար խորհիլ։ Գիտէք երբ քանի մը օրով կը բացակայիմ հայրենիքէս, կը սկսիմ շատ կարօտնալ։ Ամենէն շատ կը կարօտնամ մեր կանաչեղէնը, պանիր-հացը։ Ինչ որ ալ ուտեմ, չեմ յագենար…

-Դուք ունի՞ք կեանքի կարգախօս։

-Չյանձնուիլ, դժբախտութեան պարտուողներուն։ Ահաւասիկ, ասոնք են իմ կեանքի կարգախօսները։

-Կա՞յ այնպիսի իր, որ միշտ ձեզի հետ է։

-Կարծեմ իմ խիղճն է, որ միշտ ինծի հետ է ու հարկ եղած ատեն ինձմէ հաշիւ կը պահանջէ։ Իսկ որպէս իր, այդպիսին չկայ։

-Կա՞յ այնպիսի իրադարձութիւն, որ փոխեց ձեր կեանքը։

-Մասնագիտական կեանքիս մէջ՝ իմ անդամագրումը ուրախներու եւ հնարամիտներու ակումբին (ՈՒՀԱ)։ Ան խաղ մը չէ, այլ կեանքի ապրելաձեւ։ Ես մինչեւ այսօր մնացի այդ ապրելաձեւին մէջ։

-Եթէ օր մը անտեսանելի ըլլայիք, ի՞նչ կ՚ընէիք։

-Պարզապէս քովէն իմ շուրջը կը դիտէի։

-Կրնա՞ք աւարտին հասցնել հետեւեալ միտքը՝ կեանքը ինծի համար անիմաստ կ՚ըլլար, եթէ…

-Եթէ գիտնայի կեանքի իմաստը։

-Թուրքիա այցելա՞ծ էք։

-Տակաւին ոչ։

-Ի՞նչ գիտէք Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու մասին։

-Գիտեմ, որ անոնք Թուրքիոյ մէջ կը պահեն մեր լեզուն ու մշակոյթը։

-Հուսկ, ի՞նչ կը մաղթէք պոլսահայութեան։

-Ըլլալ միասնական ու հաւատարիմ մնալ մեր աւանդոյթներուն։ Հնարաւորինս յաճախ այցելել Հայաստան։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019