ՃԷՔ ԼԱՆՏԸՆԻ ԱՉՔԵՐՈՎ…

Շատեր չեն գիտեր, թէ ամերիկացի յայտնի գրող Ճէք Լանտըն նաեւ տաղանդաւոր վաւերագրող լուսանկարիչ եւ լրագրող եղած է։

Ճէք Լանտըն, որ իր վէպերուն եւ յօդուածներուն մէջ կը նկարագրէր բանուորական դասակարգը, այնպիսի արկածախնդրական կեանք մը ապրած էր, թէ ի զուր չէ ըսուած՝ «եթէ մէկը ինկող օդանաւի մը մէջ գիրք մը կը կարդայ, այդ գիրքի հեղինակը անպայման Ճէք Լանտընն է»։

Լանտըն հեղինակ մըն է, որու կեանքը իր գիրքերուն նման հետաքրքրական է։ Ան նոր շունչ մը բերաւ ամերիկեան գրականութեան եւ որդեգրեց արուեստի սահուն ու պարզ ըմբռնումը 18-րդ դարու արուեստի չափազանցուած, զարդարուն ոճի փոխարէն: Լանտըն, որ նպատակ ունէր զարգացնել եւ ընդլայնել զանգուածներու եւ յատկապէս բանուորական դասակարգի մարդոց հորիզոնները իր գրած գիրքերով, դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին գրողը, որու գիրքերը ընթերցուեցան լայն զանգուածներու կողմէ։

Հեղինակը, որ ծնած է 1876 թուականին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, փոքր տարիքէն պայքարած է նիւթական խնդիրներով եւ կեանքի պայմաններու բերումով երիտասարդ տարիքին ստիպուած է աշխատանքի լծուիլ։ Այդ ժամանակներուն ան բացայայտեց իր սէրը կարդալու նկատմամբ եւ Օքլընտի գրադարանը ազդեց անոր ամբողջ կեանքին վրայ։ Աւելի վերջ ան անընդհատ կ՚այցելէր գրադարաններ, գիշեր-ցերեկ կը շարունակէր գիրքեր կարդալ։ Անոր կարդացած արկածախնդրական նիւթերով գիրքերը մեծ ազդեցութիւն թողած են անոր վրայ եւ ան ուզեց ապրիլ արկածներով լի կեանք մը եւ ազատիլ թշուառութենէն։

Անոր կեանքը լի էր նաեւ հակասութիւններով, բայց, հակառակ ամէն ինչի, ան միշտ իր դիրքորոշումը արտայայտած է ճնշուածներու, գործազուրկներու, բանուորներու եւ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու մասին, որովհետեւ Ճէք Լանտըն նոյնպէս զգաց անոնց ցաւը եւ նկարագրեց զանոնք իր գիրքերուն մէջ: Ան իր հատորներու ընդմէջէն միշտ փորձած է ճշմարտութիւնը ըսել։

Տարիներու ընթացքին ան հազարաւոր լուսանկարներ քաշած է՝ Լոնտոնի աղքատ թաղամասերէն մինչեւ Խաղաղական ովկիանոսի հարաւային կղզիներուն մէջ: Ան լուսանկարած է մարդիկ եւ անոնց առօրեան։ Հեղինակը այս մասին գրած է իր «Անդունդի մարդիկ» գիրքին մէջ՝ քանի մը ամիս ապրելով Ուայթշափել շրջանին մէջ, երբեմն մնալով զանազան տուներէ ներս եւ քնանալով փողոցներու վրայ: Ան ո՛չ միայն կը գրէր, այլեւ կ՚ապրէր նոյն պայմաններով՝ ինչպէս Լոնտոնի հինգ հարիւր հազար մարդիկը։

Ճէք Լանտըն կը ճանապարհորդէր զանազան քաղաքներու զանազան թաղամասերը: Ան որպէս բանուոր դասակարգի աղքատներէն մէկը ձեւանալով փորձեց հասկնալ անոնց առօրեայ կեանքի պայմանները եւ թէ՛ իր նոթերով եւ թէ լուսանկարներով վաւերացուց զանոնք։ 1909-1913 թուականներին «Fabian Society»ի պատրաստած տուեալներուն համաձայն՝ պարզուած է, որ Արեւելեան Լոնտոնի 900 հազար բնակչութեան մէկ երրորդը կ՚ապրէր ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ։

Ճէք Լանտըն կը տենչար կարճ, բայց լիարժէք կեանք մը ունենալ։ Այս կարճ ժամանակի մէջ ան կը փափաքէր ազդել իր դարու մարդոց վրայ՝ իր վառ անհատականութեամբ եւ ուղղորդել անոնց միտքերը։ Անոր փափաքն էր ապրիլ մեծ կիրքով մինչեւ իր մահուան օրը, լոյս սփռել շարքային հասարակութեան վիճակին եւ իրաւունքներուն, բանուորներու մատնուած պայմաններուն եւ իր փորձառութիւններուն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023