ՆԵՐՍԷՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ. «ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳԻՐՔԸ ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋՈԹԻՒՆ ԵՆ»

Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան Հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նին կից գոր­ծող Տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու կեդ­րո­նի տնօ­րէն, Հա­յաս­տա­նի Գրա­դա­րա­նա­յին միու­թեան վար­չու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տեա­նի հետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի զրոյ­ցը ա­ռա­ւե­լա­բար կը վե­րա­բե­րի իր ղե­կա­վա­րած կեդ­րո­նի տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն: Մաս­նա­գի­տու­թեամբ գրա­դա­րա­նա­վար-մա­տե­նա­գէտ մեր զրու­ցա­կի­ցը, ո­րուն ողջ մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­պուած է գիր­քին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին խօ­սե­ցաւ նաեւ ըն­թեր­ցողգիրք այ­սօ­րուան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին՝ նշե­լով, որ գիր­քը եւ մար­դը մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը կազ­մեն եւ ան­բա­ժան ե­րե­ւոյթ մըն են ի­րենց հա­մադ­րու­թեան մէջ, ուս­տի պէտք է գտնել այն պատ­ճառ­նե­րը, թէ ին­չո՛ւ մար­դը կը հե­ռա­նայ գիր­քէն եւ վե­րաց­նե­լով այդ ար­գելք­նե­րը՝ հարկ է մար­դը մօ­տեց­նել գիր­քին: Մինչ ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տան գրա­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լը՝ Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տեան ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի փոխ-տ­­նօ­րէ­նը, իսկ մինչ այդ ալ, դա­սա­խօ­սա­կան աշ­խա­տանք ու­նե­ցած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Գրա­դա­րա­նա­վա­րու­թեան եւ մա­տե­նա­գի­տու­թեան բաժ­նին մէջ: Նաեւ ա­նոր հիմ­նած Հա­յաս­տա­նի Գրա­դա­րա­նա­յին միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­մէն տա­րի Ապ­րի­լին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նա­յին շա­բա­թը, ո­ր կր­կին գիր­քը տա­րա­ծե­լու, ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը քա­րո­զե­լու մի­ջոց մըն է: Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան գրա­դա­րա­նին մէջ սի­րով հիւ­րըն­կա­լեց մեզ եւ պա­տաս­խա­նեց մեր հար­ցում­նե­րուն:

-Պա­րոն Հայ­րա­պե­տեան, միշտ կը յի­շեմ Ձեզ՝ գիր­քե­րու, գրա­դա­րան­նե­րու աշ­խար­հի մէջ էք, գրա­տա­րած, գրա­սէր գոր­ծու­նէու­թիւն կը տա­նիք, ուր­կէ՞ կու գայ այդ ան­սահ­ման սէ­րը գիր­քի, գրա­դա­րա­նա­յին գոր­ծի հան­դէպ:

-Ման­կու­թե­նէն, կու գայ եւ ի հար­կէ՝ դպրո­ցէն: Ես դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն զգա­ցած եմ, որ գրա­դա­րա­նա­վար ծնած եմ, այդ մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը ընտ­րած եմ տա­կա­ւին դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րէն: Տաս­նե­րորդ դա­սա­րա­նի մէջ ո­րո­շած եմ, որ պէտք է դի­մեմ Ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Գրա­դա­րա­նա­գի­տու­թեան եւ մա­տե­նա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը: Ա­ւար­տե­լէ ետք նոյն վայ­րին մէջ սկսած եմ աշ­խա­տիլ, այ­նու­հե­տեւ՝ 1991-2003 թուա­կան­նե­րուն ե­ղած եմ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի փոխ-տ­­նօ­րէ­նը:

-Իսկ յե­տոյ ստանձ­նած էք այս աշ­խա­տան­քը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան մէջ: Ի՞նչ է տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու եւ պա­շար­նե­րու կեդ­րո­նի աշ­խա­տան­քի բնոյ­թը:

-Տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու եւ պա­շար­նե­րու կեդ­րո­նը գրա­դա­րան է՝ + նշա­նով: Ա­ռաջ ա­ւե­լի շատ գրա­դա­րա­նը կը գե­րակշ­ռէր, քան՝ ա­ռա­ւել նշա­նը, հի­մա ե­լեկտ­րո­նա­յին, թուա­յին եւ հե­ռա­կայ աշ­խա­տան­քի ձե­ւե­րը ա­ւե­լի տա­րա­ծում ու­նին: Ե­թէ ա­ռաջ ա­մէն օր իմ մօտ, դես­պա­նա­տան գրա­դա­րա­նի մէջ օ­րա­կան կ՚ու­նե­նա­յինք մի­ջի­նը քսան այ­ցե­լու, հի­մա ի հար­կէ, այդ­քան այ­ցե­լու չկայ, բայց ա­տոր փո­խա­րէն հի­մա ա­ւե­լի շատ կ՚օգ­տուին մեզ­մէ, քան՝ ա­ռաջ, ո­րով­հե­տեւ մենք մեր այ­ցե­լու­նե­րուն, մեզ­մէ օգ­տուող­նե­րուն կը սպա­սար­կենք առ­ցանց դրու­թեամբ: Այ­սինքն, պայ­ման չէ, որ այ­ցե­լուն գայ, հաս­նի մեզ մօտ, որ­պէս­զի օգ­տուի մեր պա­շար­նե­րէն: 2010 թուա­կա­նէն սկսեալ մենք եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող հինգ ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րը մեր այ­ցե­լու­նե­րուն անվ­ճար եւ ա­զատ մուտք կու տանք դէ­պի eLibraryUSA տե­ղե­կա­տուա­կան շտե­մա­րա­ննե­րը, ո­ր մեծ հան­գոյց մըն է եւ ո­րու մէջ մուտք գոր­ծո­ղը կրնայ ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն­հինգ տար­բեր շտե­մա­րան­նե­րէ օգ­տո­ւիլ: Մեր հիմ­նա­կան օգ­տուող­նե­րը անգ­լե­րէն լե­զուն սո­րվիլ փա­փա­քող­նե­րը, լե­զու­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ հե­տաքրքրո­ւող­նե­րը, այլ մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ ու­սում­նա­սի­րող­ներն են, ինչ­պէս՝ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­ներ, գոր­ծա­րա­րու­թիւն եւ այլն: Շտե­մա­րան­նե­րը մեծ ծրար մըն են, եւ մար­դիկ, ի­րենց տու­նին մէջ նստած, կ՚օգ­տուին այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն: Ո­րե­ւէ մէ­կը, որ կը դի­մէ մե­զի, պէտք է ըլ­լայ կամ ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տան գրա­դա­րա­նի, կամ ալ՝ ի­րեն մօ­տիկ գտնուող ա­մե­րի­կեան ան­կիւ­նի օգ­տուո­ղը: Մեր գրա­դա­րա­նը եր­կու գոր­ծա­ռոյթ ու­նի. օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սը ա­ւե­լի շատ դես­պա­նա­տան դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­տուա­ծին հա­մար կ՚աշ­խա­տինք, կը հե­տե­ւինք օ­րուան լրա­հո­սին, ու­նինք յա­տուկ շտե­մա­րան­ներ, ո­րոնց­մէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը քա­ղենք, լրա­քաղ կը հա­ւա­քենք, իսկ օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին մեր աշ­խա­տան­քին կ՚ա­ւել­նայ նաեւ այ­ցե­լու­նե­րու եւ օգ­տուող­նե­րու հետ աշ­խա­տան­քը:

-Ով­քե՞ր են հիմ­նա­կան օգ­տուող­նե­րը:

-Մեր հիմ­նա­կան օգ­տուող­նե­րը ու­սա­նող­ներն են։ Օգ­տուող­նե­րու կար­գին են նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, անգ­լե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­ներ, կամ պար­զա­պէս մար­դիկ, ո­րոնք հե­տաքրք­րուած են ա­մե­րի­կա­գի­տու­թեամբ կամ մեր գիր­քե­րով, ո­րոնք տե­սա­կա­ւոր նիւ­թեր կը պա­րու­նա­կեն: Նոյ­նիսկ ար­դէն պայ­ման ալ չէ, որ ան­ձը, որ կ՚այ­ցե­լէ մեր կեդ­րո­նը, լաւ տի­րա­պե­տէ անգ­լե­րէ­նին, կրնայ գալ, նա­յիլ մեր ամ­սագ­րե­րը, գիր­քե­րը, զորս մենք կը ստա­նանք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, օգ­տուիլ հա­մա­ցան­ցէն եւ այդ ա­մէն ին­չը մեր կեդ­րո­նը կը տրա­մադ­րէ ա­զատ ու անվ­ճար հի­մունք­նե­րով:

-Իսկ ի՞նչ են ա­մե­րի­կեան կեդ­րոն­նե­րը, ո­րոնց աշ­խա­տան­քի կա­ռա­վա­րու­մը նոյն­պէս Ձեր կեդ­րո­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քոյ է:

-Ա­մե­րի­կեան կեդ­րոն­նե­րը աշ­խար­հի մէջ սկսած են պաշ­տօ­նա­պէս գոր­ծել 2000 թուա­կա­նէն ի վեր: Այ­սօր աշ­խար­հի եօ­թա­նա­սուն եր­կիր­նե­րու մէջ կան ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­ներ, ո­րոնց թի­ւը կը հաս­նի 477-ի: Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ հինգ ա­մե­րի­կեան ան­կիւն (www.americancorners.am) մէ­կը՝ Ե­րե­ւա­նի, միւս­նե­րը՝ մար­զե­րու մէջ, ո­րոնք տե­ղա­բաշ­խուած են Հա­յաս­տա­նի գրա­դա­րան­նե­րէն ներս, գրա­դա­րա­նի մէկ ան­կիւ­նը յատ­կա­ցուած է ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեա­ն, մշա­կոյ­թին, կրթու­թեա­ն, առ­հա­սա­րակ՝ ա­մե­րի­կեան ար­ժէք­նե­րուն: Զա­նա­զան տա­րի­քի մար­դիկ կը յա­ճա­խեն այդ կեդ­րոն­ներ, անգ­լե­րէն լե­զուով գրա­կա­նու­թիւն կը կար­դան, կ՚ու­սում­նա­սի­րեն նո­րու­թիւն­ներ, զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու կը մաս­նակ­ցին: Բազ­մա­թիւ ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նակ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­կից հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի գրա­դա­րան­նե­րու մէջ դժո­ւար է գտնել, բայց ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րուն մէջ ա­նոնք կան: Ե­րե­ւա­նի մէջ թե­րեւս հնա­րա­ւոր է գիրք մը, ամ­սա­գիր մը ա­ւե­լի դիւ­րին գտնել, բայց մար­զե­րը զրկուած են այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն։ Ա­հա ին­չու մենք կը կա­րե­ւո­րենք մար­զե­րու հետ աշ­խա­տան­քը, եւ ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րէն զատ կը գոր­ծակ­ցինք նաեւ մար­զա­յին այլ գրա­դա­րան­նե­րու հետ, մար­զե­րու մէջ գոր­ծող հա­մալ­սա­րան­նե­րու գրա­դա­րան­նե­րուն հետ: Քա­նի որ ե­լեկտ­րո­նա­յին ըն­թեր­ցիչ­նե­րը ար­դէն եր­թա­լով մեծ տա­րա­ծում գտած են, եւ ու­սա­նող­նե­րը սի­րով կ՚ըն­թեր­ցեն շար­ժա­կան սար­քե­րով, մենք հա­մալ­սա­րան­նե­րու գրա­դա­րան­նե­րուն նուի­րած ենք ե­լեկտ­րա­կան ըն­թեր­ցիչ­ներ, ո­րոնց մէջ գրա­կա­նու­թիւն բեռնո­ւած է, ցան­կու­թեան պա­րա­գա­յին ի­րենք ալ կրնան բեռ­նել:

Կրկին գա­լով ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րուն, ը­սեմ, որ անց­նող տա­րուան մէջ Հա­յաս­տա­նի ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րը ու­նե­ցած են 67 հա­զա­րէ ա­ւե­լի այ­ցե­լու­թիւն, այ­սինքն ա­մէն օր ա­ւե­լի քան 250 հո­գի մտած է ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­ներ, ին­չ որ գրա­դա­րան­նե­րու՝ քիչ յա­ճա­խե­լիու­թեան այս պայ­ման­նե­րու մէջ շատ լաւ թիւ մըն է: Ան­կիւն­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պեն դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, հա­մա­ժո­ղով­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, խօ­սակ­ցա­կան ա­կումբ­ներ, ա­մե­րի­կեան ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ եւ քննար­կում­ներ: Ա­նոնք իւ­րօ­րի­նակ հա­մայն­քա­յին մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ են: Այս տա­րի Ե­րե­ւա­նի ա­մե­րի­կեան ան­կիւ­նը անգ­լե­րէն բե­մադ­րու­թիւն պատ­րաս­տած է դպրո­ցա­կան­նե­րու հա­մար, ո­րու բե­մադ­րու­թեան գծով նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ բնա­կող սու­րիա­հայ ե­րա­խա­ներ մաս­նակ­ցած են:

-Իբ­րեւ եր­կար տա­րի­ներ Հա­յաս­տա­նի գրա­դա­րա­նա­յին աս­պա­րէ­զի մէջ աշ­խա­տած մէ­կը, ինչ­պէս նաեւ այդ աս­պա­րէ­զին շատ լաւ ծա­նօթ ըլ­լա­լով, ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ կը տես­նէք Հա­յաս­տա­նի գրա­դա­րան­նե­րը:

-Կ՚ու­զեմ այս ա­ռի­թով յի­շել հե­ռա­ւոր 1994 թուա­կա­նը, երբ ես Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­ցե­լած էի՝ հե­տա­զօ­տա­կան եւ ու­սում­նա­կան ծրագ­րե­րով՝ Ի­լինոյի հա­մա-լ­ըսա­րան եւ այդ այ­ցի շրջա­նակ­նե­րու մէջ, օր մը, կանգ­նած էի Լոս Ան­ճե­լը­սի Կեդ­րո­նա­կան հան­րա­յին գրա­դա­րա­նի հին­գե­րորդ յար­կին վրայ, մեր հայ­րե­նակ­ցի՝ Սիլ­վա Նա­թա­լի Մա­նու­կեա­նին հետ, որ գրա­դա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին լե­զու­նե­րու բաժ­նի վա­րիչն էր, գրա­դա­րանն ալ շքեղ կա­ռոյ­ցի մը մէջ էր, իսկ ըն­թեր­ցող­նե­րը առ­տու կա­նուխ ար­դէն կը սպա­սէին դռնե­րու քով, երբ դռնե­րը կը բա­ցուէին, 200-300 հո­գի մէկ ան­գա­մէն ներս կը մտնէր, ին­չ որ գրա­դա­րա­նի մը հա­մար ե­րա­նե­լի բան մըն է: Տի­կին Սիլ­վան ին­ծի ը­սաւ՝ Ներ­սէս, երբ ես քե­զի կը նա­յիմ, կը տես­նեմ ինք­զինքս աս­կէ քսան տա­րի ա­ռաջ, եւ այս պա­հուն, երբ դուն ին­ծի կը նա­յիս, կը տես­նես ինք­զինքդ քսան տա­րի յե­տոյ: Քսան տա­րի յե­տոյ 2014 թուա­կանն էր, այ­սինքն՝ մեր օ­րե­րը, ան կ՚ակ­նար­կէր, որ քսան տա­րի ա­ռաջ ի­րենց գրա­դա­րա­նը նոյն պայ­ման­նե­րը չէ ու­նե­ցած, ինչ­պէս այդ օ­րը, եւ նոյն­քան ըն­թեր­ցող չէ ու­նե­ցած, ինչ­պէս այդ ժա­մա­նակ, եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ քսան տա­րի յե­տոյ մօ­տա­ւո­րա­պէս նոյ­նը պի­տի ըլ­լայ:

Չեմ կար­ծեր, թէ գրա­դա­րա­նա­յին շէն­քե­րու, շի­նու­թիւ­ննե­րու ա­ռու­մով ե­կած է այդ ժա­մա­նա­կը, ո­րով­հե­տեւ այ­սօր մենք մատ­նե­րու վրայ կրնանք հա­շուել գրա­դա­րան­ներ, ո­րոնք տե­ղա­ւո­րուած են այ­սօ­րուան պա­հանջ­նե­րը բա­ւա­րա­րող կա­ռոյց­նե­րու մէջ, բայց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­ռու­մով բե­կուած­քը, խզուած­քը՝ մեր եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ, եր­թա­լով կը փոք­րա­նայ: Այ­սինքն, մեր քովն ալ շատ ար­ժա­նա­ւոր գոր­ծեր կ՚ը­նեն՝ թուայ­նաց­ման ա­ռու­մով, նոր մի­ջոց­ներ մէջ­տեղ կը բե­րեն եւ կը վե­րափո­խուի գրա­դա­րա­նա­յին գոր­ծը, որ­պէս­զի յար­մա­րցուի այ­սօ­րուան ըն­թեր­ցո­ղի պա­հանջ­նե­րուն: Ըն­թեր­ցո­ղը, ե­թէ կը նա­յի գրա­դա­րա­նին եւ գրա­դա­րա­նը ի­րեն չ՚ա­ռա­ջար­կեր այ­սօ­րուան ար­տադ­րան­քը, ին­ք չի գար գրա­դա­րան: Գրա­դա­րան­նե­րը պէտք է վե­րա­փո­խուին, եր­թա­լով նոր գիր­քե­րու թի­ւը կ՚ա­ւել­նայ, գիր­քե­րը կը փո­խո­ւին, տպա­գիր գիր­քը կը կրճա­տուի, թուա­յին թեքս­տե­րը կ՚ա­ւել­նան եւ մար­դիկ ա­ռա­ւել կ՚ու­զեն զա­նոնք կար­դալ: Ես, ան­շուշտ, չեմ ու­զեր այդ ման­րա­մաս­նե­րու մէջ մտնել, թէ ին՛չ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, երբ ան ե­լեկտ­րո­նային կար­դայ կամ թուա­յին կար­դայ։ Այդ մէ­կը բո­լո­րո­վին այլ թե­մայ մըն է, բայց ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը այ­սօր ալ կայ, մա­տուց­ման ձե­ւե­րը կան, եւ ե­թէ գրա­դա­րան­նե­րը պատ­րաստ են ըն­թեր­ցող ըն­դու­նե­լու, ճիշդ քայ­լեր կ՚առ­նեն եւ ըն­թեր­ցող կը շա­հին:

Երբ մենք Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բին Հա­յաս­տա­նի ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րուն հա­մար տա­րե­կան ժո­ղով կ՚ը­նէինք, ար­ձա­նագ­րե­ցինք, որ ա­մե­րի­կեան ան­կիւն­նե­րու հա­մար մեր ձեռք բե­րած նոր-նոր ու­սու­ցո­ղա­կան գոր­ծիք­նե­րը (ե­ռա­չափ պատ­կեր­ներ կեր­տող գրիչ­ներ, iPad-ի հա­մար Osmo խա­ղա­յին կցոր­դիչ­ներ, Կա­նօ հա­ւա­քուող հա­մա­կարգ­չա­յին չա­փա­րան­ներ) աշ­խար­հի մէջ աս­պա­րէզ ի­ջած են 2013-2014 թուա­կան­նե­րուն, եւ այ­սօր ա­նոնք բո­լո­րը կան Հա­յաս­տա­նի գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ:

-Ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տու­նը ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թիւ­նը կը հասց­նէ Հա­յաս­տան, իսկ հա­կա­ռա­կը տե­ղի կ՚ու­նե­նա՞յ, հայ գիր­քը կը հաս­ցուի՞ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ:

-Ա­յո՛, հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ ալ աշ­խա­տանք կը տա­րուի: 2005 թուա­կա­նէն ի վեր մեր գրա­դա­րա­նը միջ­նորդ կը հան­դի­սա­նայ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի գի­տա­կան գրա­դա­րան­նե­րու մի­ջեւ: Հա­յաս­տա­նի այն գրա­դա­րան­նե­րը, ո­րոնք գրքա­փո­խա­նա­կու­թեան կապ ու­նին Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նին հետ, եւ Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նէն ալ կը պա­տուի­րեն եւ ի­րենց հա­ւա­քա­ծո­նե­րը կը հարստաց­նեն անգ­լե­րէն գրա­կա­նու­թեամբ, այդ աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րեն մեր մի­ջո­ցով: Այ­սինքն, այս­տե­ղէն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կ՚եր­թայ նոր տպագ­րուած հա­յե­րէն գիր­քեր: Ինչ­պէս ծա­նօթ է՝ Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նը կը հա­ւա­քէ աշ­խար­հի ողջ գրա­կա­նու­թիւ­նը, ան­կախ թէ ի՛նչ լե­զուով է գիր­քը, եւ Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան հա­ւա­քա­ծոն այս պա­հուն մօ­տա­ւո­րա­պէս 45 հա­զար կը կազ­մէ: Այդ հա­ւա­քա­ծո­յի հա­մալր­ման պա­տաս­խա­նա­տուն մեր հայ­րե­նա­կիցն է՝ պատ­մա­բան Լե­ւոն Աւ­տո­յեա­նը: Ին­ք յա­ճա­խա­կի կու գայ Հա­յաս­տան, եւ ա­մէն ան­գամ երբ որ գայ, մենք զա­նա­զան գրա­դա­րան­ներ կ՚այ­ցե­լենք եւ գրքա­փո­խա­նա­կու­թեան այդ ծրագ­րի շուրջ աշ­խա­տանք կը տա­նինք: Ան­ցեալ տա­րի գրքա­փո­խա­նա­կու­թեան ծրագ­րի գոր­ծօն մաս­նա­կից­նե­րէն ե­ղած են Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նը, Ա­կա­դե­միոյ գրա­դա­րա­նը, Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նը։ Ա­մէն մէ­կը իր չա­փով գրա­կա­նու­թիւն ու­ղար­կած է, եւ այս ձե­ւով մենք կրնանք հայ գիր­քը ներ­կա­յա­ցած ու­նե­նալ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նին մէջ, ին­չ որ հայ գիր­քի մի­ջազ­գա­յին շրջա­նա­ռու­թեան լա­ւա­գոյն մի­ջոցն է։ Ե­թէ քու գիրքդ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նին մէջ ներ­կա­յա­ցուած է, ու­րեմն շատ մար­դիկ կրնան օգ­տուիլ ան­կէ: Եւ կայ կա­րե­ւոր կէտ մը եւս՝ Հա­յաս­տա­նէն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ու­ղար­կուող գիր­քե­րը ա­զա­տուած են փոս­տա­յին վճա­րում­նե­րու բե­ռէն, ին­չ որ մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է գրա­դա­րան­նե­րու հա­մար, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, ա­նոնք պի­տի չկա­րե­նա­յին ու­ղար­կել, փո­խա­րէ­նը ա­նոնք կը ստա­նան ի­րենց պա­տուի­րած գիր­քե­րը, ա­ռանց ո­րե­ւէ մէկ դժուա­րու­թեան: Այս վեր­ջին շրջա­նին նաեւ ան­հատ գրող­ներ, հե­ղի­նակ­ներ կը դի­մեն ին­ծի, որ­պէս­զի ի­րենց գիր­քե­րը նոյն­պէս ա­ռա­քուին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, եւ ես այդ մէ­կը սի­րով կ՚ը­նեմ: 2005 թուա­կա­նէն սկսեալ, Հա­յաս­տա­նէն ա­ւե­լի քան չորս հա­զար տպուած գիրք ու պար­բե­րա­կան հան­դէս ու­ղար­կուած է Գոնկ­րէ­սին գրա­դա­րա­նը:

-Այ­սինքն ձե­ւե­րը կա՞ն փա­փա­քած գիր­քը ու­նե­նա­լու, ստա­նա­լու։ Գիր­քը այ­սօր ան­հա­սա­նե­լի բան մը չէ, եւ կար­ծես ա­մե­նե­ւին ալ այդ չէ պատ­ճա­ռը, որ մար­դիկ չեն ըն­թեր­ցեր:

-Ե­թէ ըն­թեր­ցող չկայ, ու­րեմն պատ­ճառ մը կայ եւ ոչ թէ պէտք է դժգո­հիլ, այլ պար­զա­պէս՝ գոր­ծել: Մար­դը իր բնոյ­թով գիր­քին կա­պուած ա­րա­րած մըն է, մարդն ու գիր­քը մէկ ամ­բող­ջու­թիւն են, մար­դը պի­տի կար­դայ, ան ա­ռանց կար­դա­լու չի կրնար ապ­րիլ, ե­թէ մար­դը չի կար­դար, ու­րեմն ո­րե­ւէ բան սխալ է, պէտք է գտնել եւ ուղ­ղել այդ սխա­լը:

-Այ­սօր կար­ծես, ժա­մա­նա­կա­կից տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու զար­գաց­մա­ն հա­մըն­թաց ա­ւե­լի հե­տաքրք­րա­կան դար­ձա՞ծ է գրա­դա­րա­նա­վա­րի մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը, քան ա­ռաջ էր, այդ­պէ՞ս է:

-Գրա­դա­րա­նա­վա­րի մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը միշտ ալ հե­տաքրք­րա­կան ե­ղած է, բայց չեմ կրնար ը­սել, թէ այ­սօր ան մրցու­նակ է, եւ չեմ կրնար ը­սել, թէ ժա­մա­նա­կա­կից տա­սը լա­ւա­գոյն մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու կար­գին ընդգր­կուած է: Գրա­դա­րա­նա­վա­րու­թիւ­նը աշ­խար­հի հնա­գոյն մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րէն ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ մար­դը, երբ սկսած է գրել, գրա­ծը մէկ կողմ դնել, մէ­կը պի­տի ըլ­լար, որ այդ կա­ւէ գի­րե­րը, յե­տոյ մա­գա­ղա­թէ գի­րե­րը, իսկ այ­սօր ար­դէն՝ թուա­յին բո­վան­դա­կու­թիւն­նե­րը կա­ռա­վա­րէր, օգ­նէր մար­դոց՝ նա­ւար­կե­լու եւ գտնե­լու ի­րենց ու­զա­ծը: Այ­սօր ե­թէ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի շատ թուա­յին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կայ, բայց միեւ­նոյնն է, մար­դը միայ­նակ չի կրնար նա­ւար­կել այդ հսկա­յա­կան աշ­խար­հին մէջ: Ե­թէ նոյ­նիսկ աշ­խար­հի ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւ­նը թուայ­նա­ցուի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին Կու­կըլ գրա­դա­րա­նի մը մէջ լե­ցուի, ինչ որ ի հար­կէ, անհ­նար է, նոյ­նիսկ այդ ժա­մա­նակ անհ­նար է, որ մար­դը փնտռէ եւ գտնէ իր ու­զա­ծը: Մար­դոց կը թուի, որ ե­թէ ին­ք հա­մա­ցանց ու­նի, ու­րեմն կրնայ հարց տալ եւ ստա­նալ իր ու­զած պա­տաս­խա­նը, այդ­պի­սի բան չկայ: Աշ­խար­հի բո­լոր գրա­ւոր նիւ­թե­րը, գիր­քե­րը հան­րա­մատ­չե­լի չեն, դուն կրնաս այդ նիւ­թին մա­սին ի­մա­նալ, բայց բուն նիւ­թին միշտ չէ, որ կրնաս հաս­նիլ, միշտ չէ, որ կրնաս մուտք ու­նե­նալ: Մե­զի պէտք է այդ գի­տե­լի­քը, այն նա­ւա­վա­րը, որ­պէս­զի մեզ ան­ցը­նէ այդ խու­թե­րու վրա­յէն, մե­զի հա­մար նախ­նա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րէ, ո­րով­հե­տեւ մէկ թե­մա­յի վրայ հար­ցում կ՚ը­նես, հա­զա­րա­ւոր գիրք կը բե­րէ, ինչ­պէս կողմ­նո­րո­շուիլ, կա­րիք կայ մաս­նա­գէտ­նե­րու, ո­րոնք այդ հա­զա­րա­ւոր­նե­րու մէջ պի­տի օգ­նեն ընտ­րել այն, ինչ որ անհ­րա­ժեշտ է: Խօս­քը թէ՛ տպա­գիր եւ թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­կա­նու­թեան մա­սին է եւ գիրք կար­դա­լու հա­մար այ­սօր որ­քան դիւ­րին է տու­նը նստած հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ կար­դա­լը, նոյն­քան կա­րե­ւոր է նաեւ մի­ջա­վայ­րը, ո­րուն մէջ դուն կ՚ըն­թեր­ցես: Հան­րա­յին գրա­դա­րա­նի մէջ նստած ըն­թեր­ցելն ալ իր դրա­կան կող­մե­րը ու­նի, մա­նա­ւանդ, երբ քու քովդ նստած է քու սե­րուն­դիդ գիտ­նա­կա­նը, գրո­ղը, ու­սում­նա­սի­րո­ղը եւ դուն կ՚ըն­թեր­ցես ա­նոնց ներ­կա­յու­թեամբ: Ժա­մա­նա­կին Հան­րա­յին գրա­դա­րա­նի մէջ կար այդ մի­ջա­վայ­րը, մենք հոն կ՚եր­թա­յինք տես­նե­լու ժա­մա­նա­կի մե­ծե­րը եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ Ար­ցա­խեան շար­ժու­մը տեղ մը, թե­ւով մը նաեւ Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նէն, ա­նոր մի­ջանցք­նե­րէն ծայր ա­ռած է: Այ­սօր ալ կայ այդ մի­ջա­վայ­րը, այ­սօր ալ գրա­դա­րա­նի մէջ կա­րե­լի է տես­նել ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­ր, ու­սում­նա­սի­րող­նե­ր, ո­րոնց ժա­մա­նա­կը յա­ւուր պատ­շա­ճի իր գնա­հա­տա­կա­նը պի­տի տայ, եւ այն­պէս չէ, որ թուա­յին գրա­կա­նու­թիւ­նը զար­գա­ցած է, տպա­գի­րը ետ մղուած է, մենք միշտ կը թե­րագ­նա­հա­տենք ներ­կան՝ ի հա­շիւ ան­ցեա­լի, սա­կայն պէտք է նշել, որ տպա­գիր գիր­քի հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցո­ղը այ­սօր ալ կայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016