ԱՄՓՈՓԵԼՈՎ ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐԻՆ
Տուն ու տեղ, երկիր ու քաղաք կառուցելէ առաջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է զբաղի ինքնաքանդակմամբ, ինքնակատարելագործմամբ: 2021 թուականին ես սկսայ ինքնաքանդակմամբ: Ինչպէ՞ս: Բռնելով ճշմարիտ հաւատքի ուղին, Արցախի վերջին սարսափազդու պատերազմէն վերջ, դառնալով դէպի Աստուած՝ ջանալով ճանչնալ, սիրել, փառաբանել, երկիւղիլ ու հնազանդիլ Բարձրեալին, ես իմ ձեռքը վերցուցի պզտիկ մուրճ մը եւ առաւել փոքր չափերու գամ մը:
Եւ այդ փոքր մուրճով ու գամով սկսայ քանդակել, կատարելագործել իմ կարծրացած ու մեղսագործ ներաշխարհը՝ հոգին: Այնտեղ կը տիրէ չարիքի, մեղքի թագաւորութիւնը: Խորհեցէք, թէ այդ պզտիկ մուրճով ու գամով կը քանդակեմ սար մը. Արարատը չէ, սակայն Արագածին կը հասնի: Երջանիկ եմ, որ աւելի քան տարի մը առաջ առ Աստուած հնչեցուցած իմ թախանձագին աղօթքները տեղ հասան: Տիրոջ ողորմածութեամբ ես կրցայ նայիլ իմ հոգիի խորքը եւ ինչ-որ չափով տեսնել այնտեղ կուտակուած իմ մեղքերը: Բնաւ գոհացուցիչ չէ: Քանզի անոնց թիւը անթիւ ու անհամար է եւ հակում ունի աճելու: Իսկ որոշ մեղքերէ ալ չեմ կրնար, ի զօրու չեմ ձերբազատուելու: Անոնք բաւական կարծրացած են եւ ամէն անգամ երբ գամն ու մուրճը կը մօտեցնեմ անոնց, երկուքը մէկէն կը կոտրին: Աւա՜ղ:
Սակայն ես չեմ յանձնուած. կը շարունակեմ իմ պայքարը, իմ մէջ կը խօսի արցախցիի յամառ ոգին: Այժմ շատեր պիտի հետաքրքրուին, թէ ինչ կամ որչափ մեղք գործած եմ, որոնց ծանրութիւնը սկսած է անհանգստութիւն պատճառել ինծի: Հաւատացէք, մեզմէ իւրաքանչիւրին մեղքերը հաւասար են, քանի մը քիլօ աւելի կամ պակաս: Դուք ալ փորձեցէք նայիլ ձեր հոգիի խորքը, այն ժամանակ լիովին պիտի հասկնաք զիս:
Այո՛, ես երջանիկ ու յաջողակ եմ: Անցեալ տարի յաջողեցայ մէկընդմիշտ ձերբազատուիլ քանի մը ծանրագոյն մեղքերէ, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ սնահաւատութիւնն է: Պէտք է խոստովանիմ, որ բաւական սնահաւատ էի: Կը հաւատայի զգալի թիւով՝ սին, դատարկ ու փուճ բաներու ազդեցութեան. զոր օրինակ՝ կապոյտ աչքի ուլունքի չար աչքերէ պաշտպանելու զօրութեան, սեւ կատուի անյաջողութեան, ձախ ձեռքի ափի քերուելու դէպքին նիւթական յաջողութեան եւ այսպէս շարունակ:
Իմ երկրորդ մեծագոյն ձեռքբերումը շուրթերս, բերանս մաքրելն է տգեղ խօսքերէ ու արտայայտութիւններէ, անէծքներէ ու հայհոյանքներէ: Թէպէտ տակաւին չեմ սորված իմ խօսքը զէնքի պէս զգոյշ գործածել: Երբեմն իմ սուր խօսքով կամ կարծիքով դիմացինս կը վիրաւորեմ մինչեւ հոգիի խորքը:
Այլեւս անծանօթներու սխալները կամ թերութիւնները նշմարելու պարագային չեմ շտապեր մեղադրել զանոնք: Այլ կ՚աղօթեմ, որ Աստուած ներէ անոնց մեղքերը եւ լուսաւորէ վերջիններուս միտքը: Փոքրիկ քայլերով կը յառաջանամ այս հարցին մէջ: Մեծ ձեռքբերում է նաեւ ծանր, դժուար ու ցաւոտ պահերուն Քրիստոսին ապաւինիլը, յաջողութեան ու ողորմածութեան պահերուն շնորհապարտ ըլլալը: Գրեթէ ամէն օր աղօթելը, Սուրբ Գիրք կարդալը, պատարագներուն սկիզբէն մինչեւ վերջ մասնակցիլը:
Ահաւասիկ, 2021 թուականին արձանագրած իմ բոլոր յաջողութիւնները: Կը նշմարեմ, թէ ես ու իմ մերձաւորները ինձմէ կը սպասեն աւելին՝ մոռնալով, որ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին անկարելի է պզտիկ մուրճով մը ու գամով քանդակել սար մը: Բաւականաչափ աշխատեցայ իմ համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան, յիշաչարութեան, գթասրտութեան, ողորմածութեան, մարդոց կողմէ փառք եւ ուշադրութիւն չփնտռելու ուղղութեամբ: Աւա՜ղ, ոչ մէկ յաջողութեան կրցայ հասնիլ: Այո, ես յիշաչար եմ: Մանկութենէս ի վեր դժուարութեամբ կը մոռնամ կամ կը ներեմ զիս ցաւեցնողները: Այսօր ես կը գիտակցիմ իմ այդ մեծ սխալը եւ կ՚ուզեմ ձերբազատիլ ատկէ: Նոր տարիին, բանալով նոր էջ մը, Աստուծմէ խնդրեցի, որ 2022 թուականին Տէրը օգնէ ինծի բնաջնջել իմ մէջ բոյն հիւսած, բաւականաչափ կարծրացած յիշաչարութիւնը: Այս է իմ մեծագոյն փափաքը՝ այս տարուայ իմ ինքնակատարելագործման, ինքնակերտման ու քանդակման ճանապարհին: Եւ եթէ Աստուծոյ կամօք այս հարցին մէջ հասնիմ շուտափոյթ յաջողութեան, կ՚անցնիմ իմ մէկ ուրիշ թերութեան սրբագրութեան: Կամաց-կամաց, քայլ առ քայլ կը փորձեմ մօտենալ Աստուծոյ:
Ստորեւ կ՚ուզեմ բաժնել Սուրբ Աբբա Զոսիմոսի միտքերը՝ կապուած յիշաչարութեան հետ.
Երբ մէկը իր միտքը կը բերէ զինք վիրաւորողը, կամ վնաս հասցնողը, կամ իրեն վատաբանողը եւ իր մասին յերիւրանքներ տարածողը, կամ իրեն հանդէպ այլ չարիքներ գործողը: Եւ կը սկսի հիւսել չար մտածումներ, ապա ան ինքն իր վրայ կը բերէ ամբաստանութիւններ դեւերու փոխարէն:
Եւ այդ ժամանակ զինք ամբաստանելու համար բաւարար է միայն իր իսկ սեփական անձը:
Եւ ի՞նչ կ՚ըսեմ՝ երբ չար մտածումներ կը հիւսէ, երբ չյիշէ զայն որպէս բարեգործ կամ բժիշկ, ապա արդէն իսկ չափազանց անարդար վերաբերած կ՚ըլլայ անոր նկատմամբ: Քանզի այս, այդ կերպով ջուրի երես կը հանէ այն կիրքը, որով դուն հիւանդացած ես, որպէսզի բժշկէ զայն եւ դուն այդ պատճառաւ հարկ է, որ յիշես անոր մասին, ինչպէս բժիշկի մասին, որ ուղարկուած է քու մօտ Քրիստոսի կողմէ: Յանուն Քրիստոսի, հարկ է քեզ կրել այդ բոլորը՝ գոհանալով իրմէ այդպիսի բարերարութեան համար:
Եւ եթէ դուն չօգտագործես այս բանը, ինչպէս հարկն է, եւ չձերբազատիս քու այսչափ կիրքէն, ապա գիտցիր, որ Տէր Աստուածը չէ այս բանին մէջ յանցաւորը: Այն բանը, որմէ դուն կը կրես տառապանք, նշան է, որ քու հոգին հիւանդ է: Եթէ դուն հիւանդ չըլլայիր, այդ ժամանակ ալ չէիր զգար ցաւ:
Այսպիսով, դուն պէտք է գոհութիւն տաս եղբօրդ, որու միջոցաւ իմացար քու հիւանդ ըլլալու մասին եւ այն, ինչ որ դուն քաշեցիր անոր կողմէ, ընդունէ սիրով, որպէս բժշկարար դեղամիջոց՝ ուղարկուած Իրմէ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
Եթէ դուն ո՛չ միայն չես գնահատեր, այլեւ կը սրդողիս ու կ՚ընդդիմանաս անոր եւ կը հիւսես չար մտածումներ անոր դէմ, ապա դուն նոյն ձեւով, կարծես կ՚ըսես Տէր Յիսուսին. «Չեմ ուզեր բժշկուիլ Քու կողմէ: Չեմ ցանկանար ընդունիլ Քու տուած դեղամիջոցները, այլ կ՚ուզեմ նեխիլ իմ վէրքերու մէջ: Կը ցանկանամ հնազանդ ըլլալ դեւերուն»:
«Չե՛մ ճանչնար Տէրը, եւ ո՞վ է Ան, որ ես մտիկ ընեմ Անոր ձայնը» (Ելից. 5:2):
Եւ վերջ ի վերջոյ, ի՞նչ պիտի ընէ Տէրը: Իսկ Տէրը ըլլալով գթասիրտ ու երկայնամիտ մեր չարութիւններու հանդէպ, մեզի տուած է պատուիրան, որպէսզի բժշկը-ւինք ախտերէ, ինչպէս որ բժիշկները կը բուժեն այրելու ու մաքրման միջոցաւ:
Եւ այս պատճառաւ, ով կը փափաքի ու կը փնտռէ բժշկութիւն, այդպիսին հարկ է լռութեամբ դիմանայ այն դարմանումին, ինչ որ կը դնէ բժիշկը անոր վէրքերուն, թէպէտ այն կրնայ ըլլայ շատ ցաւոտ: Չէ՞ որ մարմնաւոր հիւանդութիւններ կրողները որպէս քաղցր բան չեն դիմանար անդամահատումին ու այրումին, կամ մաքրողական դեղամիջոցներու ընդունումին: Սակայն համոզուած ըլլալով, որ առանց ասոնց անկարելի է ազատիլ հիւանդութիւններէ, կը յանձնեն զիրենք բժիշկներու ձեռքը՝ վստահ ըլլալով, որ այս իրենց սպասող փոքր ցաւի միջոցաւ, կը ձերբազատուին ներքին ուժեղ բորբոքումներէ ու երկարաժամկէտ հիւանդութիւններէ:
Յիսուս Քրիստոսի բժշկարար այրման գործիքը այն է, որ մեզի կը հասցնէ վիրաւորանքներ ու վնասներ: Ան այս մասին ըսաւ աւելին. «Ոչնչացուր փորձութիւններն ու մտային խորհուրդները»:
Փրկարար փորձութիւններէ փախչողը կը փախչի յաւիտենական կեանքէ: Սուրբերէն մէկը ըսած է. «Ո՞վ շնորհեց Սուրբ Ստեփանոսին զինք շրջապատող այդ փառքը, եթէ ո՛չ անոնք, որոնք քարկոծեցին զինք»:
Ասոր աւելցնենք նաեւ մէկ այլ սուրբի խօսքը, զոր կ՚ըսէ. «Ես չեմ մեղադրեր զիս վատաբանողները, այլ հակառակը, կը մեծարեմ ու կը համարեմ անոնք որպէս իմ բարերարներ եւ չեմ հեռացներ ինձմէ հոգիներու Բժիշկը, զոր կու տայ իմ փառամոլ հոգիին վիրաւորանքի դեղամիջոցը: Վախնալով, որպէսզի չըլլայ թէ Ան իմ հոգիին ալ ըսէ այնպէս, ինչպէս որ երբեմն ըսաւ. Բաբելոնին դեղ տուինք, սակայն ան չգտաւ բժշկութիւն» (Երեմ. 51:9):
Եւ նորէն. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէմ, որ կը սպաննէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր քեզի մօտ ուղարկուածները, քանի՜-քանի անգամ կամեցայ ժողվել քու որդիները, ինչպէս հաւը իր ճուտիկները թեւերու տակ, սակայն դուն չկամեցար: Ահաւասիկ ձեր տունը ձեզ պիտի թողուի աւերակ» (Ղուկ. 13:34-35):
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան