ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ…
Աշխարհի՝ իրարմէ հեռու երկու վայրերու մէջ այսօր միլիոնաւոր մարդիկ հրաժեշտ կու տան երկու արուեստագէտներու, զանազան մեծութեան երկու աստղերու, որոնք կեանքէն հեռացան երկու օրուան տարբերութեամբ: Անոնք են՝ իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի՝ Ճինա Լոլոպրիճիտա եւ վրացի ականաւոր դերասան, երգիչ՝ Վախթանգ Քիքապիծէ:
ԻՏԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԷՆ ՄԻՆ
Յունուարի 16-ին մահացաւ իտալացի հանրածանօթ դերասանուհի Ճինա Լոլոպրիճիտա՝ Իտալիայի խորհրդանիշներէն մին, որ համաշխարհային փառքի հասած էր 1950-1960-ական թուականներուն եւ կեանքի յետագայ բոլոր տարիները ապրեցաւ այդ փառքի չմարող լոյսին տակ: Դերասանուհին մինչեւ վերջին շրջանը կը բնակէր Հռոմի իր ամարանոցը: Մինչ այդ՝ գործողութեան ենթարկուած էր ազդրի կոտրուածքին պատճառով եւ ապաքինման շրջանը կ՚անցընէր: Լոլոպրիճիտա մահացաւ 95 տարեկանին: Անոր բազմահազար երկրպագուները կրկին յիշեցին դերասանուհիին անմահ դերերը, բայց մանաւանդ՝ «Ֆանֆան Թիւլպան» եւ «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» շարժանկարներու մէջ կերտած միշտ յիշելի կերպարները:
Վիքթոր Հիւկոյի «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» վէպին հիման վրայ նկարահանուած նոյնանուն շարժանկարը (ֆրանս-իտալական) գլուխ գործոց դարձած է նախեւառաջ իր՝ Լոլոպրիճիտայի խաղին շնորհիւ: Բեմագրութիւնը հանրածանօթ է. շարժանկարին մէջ նկարագրուող դէպքերը տեղի կ՚ունենան միջնադարեան Փարիզի մէջ։ Գնչուհի Էսմերալտան իր գեղեցկութեամբ խելահան ըրած է բոլոր տղամարդիկը: Անոր իր հոգւոյն խորքը թաքուն սիրահարուած էր նաեւ Փարիզի Աստուածամօր տաճարի խստաբարոյ քահանայ Քլոտ Ֆրոլոն։ Վերջինիս սանը՝ կուզիկ ժամկոչ Քուազիմոտոն, նոյնպէս հրապուրուած էր սեւահեր պարուհիով։ Սակայն Էսմերալտան կը պահպանէր իր հաւատարմութիւնը ազնուական Ֆէպ տէ Շաթոպէրին: Խանդէն կուրացած քահանան կը վիրաւորէ Ֆէպը։ Այդ ոճիրին մէջ կը մեղադրեն Էսմերալտան եւ կը դատապարտեն մահապատժի, կախաղանի: Ֆէպը ոչինչ կ՚ընէ՝ իր սիրեցեալը փրկելու համար, սակայն օգնութեան կը հասնի Քուազիմոտոն: Շարժանկարին վերջաբանը կը տարբերի վէպէն. դասական վէպին մէջ Էսմերլատան կը սպաննուի տաճարի վրայ գրոհին ժամանակ՝ նետի հարուածէն: Շարժանկարին մէջ դերասանուհիի տպաւորիչ գնչուական պարը դարձած է դասական արուեստի գործ: Էսմերալտայի կերպարը ան կերտած է՝ լիովին նուիրուելով աշխատանքին, նոյնիսկ կողոսկրերը կոտրած է նկարահանումներու ընթացքին: Կոտրուածքը շատ շուտ մոռցուած է, բայց այդպիսի շարժանկարը եւ այդպիսի խաղը երբեք չի մոռցուիր…
«Իմ աշխատանքիս շնորհիւ ես զիս տակաւին երիտասարդ կը զգամ: Միայն արուեստով զբաղելու ժամանակ դուք ունակ էք բացայայտելու ձեր մէջ եղած լաւագոյնը եւ երկխօսութիւն վարելու ձեր եւ ձեր շրջակայ աշխարհին հետ: Կարեւորագոյն պայմանը մէկն է՝ չնստիլ անգործ: Այս է երիտասարդ մնալու գաղտնիքը», ըսած է յաւերժ երիտասարդ Ճինա Լոլոպրիճիտան, որ 95 տարեկանին անգամ չհրաժարեցաւ իր արդուզարդէն՝ շողշողուն գունաւոր մարգարիտներէն, ադամանդներէն, կարմիր շրթներկէն եւ իտալական նորաձեւութեան շունչը կրող հագուկապէն: Իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն Ճինա Լոլոպրիճիտա օրինակ ծառայեց՝ ապրիլ իմաստալից, սիրել ինքնամոռաց եւ ծերանալ գեղեցիկ…
Իտալական շարժանկարի անմար աստղին հրաժեշտ կու տան Քափիթոլիում բլուրին վրայ գտնուող Հռոմի քաղաքապետարանի Փրոտոմոթէք սրահին մէջ: Յուղարկաւորութեան նախորդող արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հռոմի Ժողովրդական հրապարակը գտնուող Մոնտեսանտոյի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցին ծանօթ է նաեւ «Նկարիչներու եկեղեցի» անունով: 1953 թուականէն ի վեր հոն ամէն շաբաթ տեղի ունեցող ժամերգութիւններուն կը մասնակցին հիմնականը արուեստի աշխարհի մարդիկ: Այդ պատճառով եկեղեցւոյ մէջ յաճախ կը կազմակերպուին ծանօթ արուեստագէտներու յուղարկաւորութեան արարողութիւններ: Քանիցս աշխարհի ամենագեղեցիկ կինը ճանչցուած Լոլոպրիճիտան գնաց միանալու աստղերու բոյլին:
ՊՈՒՊԱ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ
Վախթանգ Քիքապիծէն, նոյնինք՝ Պուպան (ինչպէս կը կոչէին զինք պզտիկ ժամանակ ունեցած իր քնքշական անունով) մահացաւ 15 յունուարին, Թիֆլիզի մէջ՝ երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ: Թիֆլիզի Մեծ համերգասրահին մէջ այսօր բազմաթիւ երկրպագուներ վերջին հրաժեշտը պիտի տան վրացիներու այսօրուայ ամենանշանաւոր արուեստագէտին: Մինչ այդ, Թիֆլիզի Քաշուեթի եկեղեցւոյ մէջ անցնող երկու օրերուն տեղի ունեցած էր անոր հոգեհանգիստը:
Վախթանգ Քիքապիծէ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր ողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք՝ յետխորհրդային երկիրներու մէջ կը շարունակուէր անոր փառքը: Հայաստանի մէջ նոյնպէս Պուպան սիրուած, ընդունուած եւ միշտ սպասուած արուեստագէտ էր: Եւ այդ մէկը ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Պուպա իր ամենանշանաւոր դերը խաղացած է հայ մեծանուն դերասան Մհեր Մկրտչեանին հետ, ո՛չ ալ այն պատճառով, որ ան կը խօսէր, կ՚երգէր նաեւ հայերէն, այլ Հայաստանի մէջ ան սիրուած, ընդունուած էր այն համամարդկային արժէքներուն համար, ինչ որ դերասան-երգիչը կերտած է իր ողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին:
Բազմաթիւ շարժանկարներու մէջ նկարահանուած է Վախթանգ Քիքապիծէ՝ ստանձնելով գլխաւոր դերեր: Անոր յիշարժան ձայնը կը հնչէր նաեւ երաժշտական կտորներու տեսքով, որ բեմադրիչներ կը ներմուծէին ժապաւէնին մէջ: Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը Քիքապիծէ ստացած է «Միմինօ» շարժանկարին համար, որուն մէջ ստանձնած է գաւառական օդաչուին դերը: Խորհրդային Միութեան տարիներուն անթիւ անգամ ցուցադրուած եւ սիրուած այս շարժանկարը պատմութիւն մըն է վրացի օդաչուի մը մասին, որ ուղղաթիռով վրացական լեռնային գիւղի բնակիչներուն ութ տարի շարունակ կը սպասարկէ, օր մըն ալ կ՚որոշէ վերադառնալ մեծ օդագնացութեան ասպարէզ: Օդաչուներու վերապատրաստման մասնակցելու արտօնութիւն ստանալու համար Մոսկուա ժամանելով՝ հերոսը կ՚իջեւանի պանդոկ, ուր իր դրացիին՝ Հայաստանէն Մոսկուա հասած Ռուբիկ Խաչիկեանին (դերակատար՝ Մհեր Մկրտչեան) հետ կը յայտնուի զաւեշտալի իրավիճակներու մէջ: Ի վերջոյ, անոր երազանքը կ՚իրականանայ, ան կը դառնայ միջազգային օդուղիներու օդաչու, սակայն միտքերով մշտապէս հարազատ լեռներուն մէջ կ՚ըլլայ: Գլխաւոր դերակատար Վախթանգ Քիքապիծէի խօսքով՝ «Միմինօ» շարժանկարին մէջ բեմադրիչին յաջողուած է արտայայտել մարդուն եւ հողին կապը, առանց իր արմատներու ապրելու անկարելիութիւնը:
1978 թուականին, երբ Քիքապիծէի գլխաւոր դերակատարմամբ այս շարժանկարը յայտնուեցաւ պաստառներուն վրայ, մէկ տարուայ մէջ այն դիտեց մօտաւորապէս 25 միլիոն մարդ՝ Խորհրդային Միութեան մէջ: Վրացերէն «բազէ» իմաստը ունեցող «միմինօ» բառը դարձած էր Քիքապիծէի կեղծանունը, եւ մարդիկ «միմինօ» կը կոչէին կովկասեան դիմագծերով, թաւ ձայնով վրացի արուեստագէտը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց շարժանկարին, երգարուեստին՝ անմահանալով շատ մը ժողովուրդներու համար:
1999 թուականին Մոսկուայի «Աստղերու հրապարակ»ին վրայ դրուեցաւ Քիքապիծէին աստղը, իսկ 2006 թուականին Թիֆլիզի ֆիլհարմոնիայի շէնքին առջեւի հրապարակին վրայ ալ զետեղուեցաւ անոր «Վրացական աստղը»։
Բազում շքանշաններու ասպետ Վախթանգ Քիքապիծէն 2008 թուականին վերադարձուցած է Ռուսաստանի Դաշնակցութեան կողմէ իրեն տրուած «Բարեկամութեան» շքանշանը, ցաւով նշելով, որ այլեւս Ռուսաստան պիտի չերթայ: Հակառակ որ ան սիրուած է նաեւ ռուս արուեստասէրներուն կողմէ եւ երկար տարիներ ալ Մոսկուա ապրած է, բայց 2008 թուականի ռուս-վրացական պատերազմէն յետոյ լքած է Մոսկուան եւ դառնացած վերադարձած է ծննդավայր Թիֆլիզ: Իր բազմահազար ռուս երկրպագուներուն Պուպա ըսած է, որ շատ կը յարգէ բոլորը, բայց այլեւս անկարող է ապրիլ եւ մանաւանդ երգել եւ ստեղծագործել երկրի մը մէջ, որ պատերազմական գործողութիւններ կը վարէ իր հայրենիքին դէմ: Ռուսերէնով շատ մը երգեր մեկնաբանող Քիքապիծէն նաեւ յայտարարած է, որ մեծ յարգանք ունի ռուսերէնին հանդէպ, եւ երբ փափաք ունենայ ռուսերէն երգելու, ապա Ուքրայնա պիտի մեկնի: Ու այդպէս ալ ըրած է՝ ռուսերէն երգերը ան երգած է Ուքրայնայի մէջ, ուր նոյնպէս կը սպասէին արուեստագէտին: Պուպա նաեւ Ուքրայնայի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում ունէր: 2014 թուականին, Ռուսաստանի՝ Ուքրայնա ներխուժումէն ետք նոյնպէս Քիքապիծէ չէ պահած իր հակակրանքը ռուսական ղեկավարութեան հանդէպ, եւ շատ զղջացած է, որ երիտասարդ չէ, այլապէս կը միանար ուքրանացիներուն եւ կը պատերազմէր Ռուսաստանի դէմ: 2014-ի ռուս-ուքրանական պատերազմէն մէկ տարի յետոյ Քիքապիծէ Քիեւի մէջ յիշարժան համերգ ունեցաւ, զայն նուիրեց «Երկնային հարիւրեակին»՝ Եւրոմայտանի ժամանակ զոհուած մարդոց: Արուեստագէտը նոյն կերպով կը դատապարտէր 2022 թուականի փետրուարին վերսկսուած ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը, եւ կրկին ափսոսանք կը յայտնէր, որ անկարող է զէնք վերցնել եւ կանգնիլ ուքրանացիներու շարքերուն մէջ:
Վախթանգ Քիքապիծէ համերգներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Ան մտերիմ եղած է շատ մը հայ արուեստագէտներու հետ, շարժանկարի ասպարէզէն՝ Մհեր Մկրտչեանի, երգարուեստի ասպարէզէն՝ Ալեքսէյ Հեքիմեանի, Առնօ Բաբաջանեանի հետ: Վերջին երկու երգահաններու երգերն ալ սովորաբար կ՚երգէր: Ալեքսէյ Հեքիմեանին հետ ըլլալով մտերիմ ընկերներ, անոնք համատեղ ձայնասկաւառակ ալ հանած են:
Վերջին անգամ Քիքապիծէ Հայաստան եկած էր 2018 թուականին՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեանի հրաւէրով։ Մասնակցեցաւ համերգի մը, որ նուիրուած էր իր ընկեր Ալեքսէյ Հեքիմեանին: Բոլոր համերգներու ժամանակ ան անպայման նաեւ հայերէն երգեր կը կատարէր, մանաւանդ «Ո՜վ սիրուն, սիրուն» սիրուած երգը՝ Լեւոն Միրիճանեանի բառերով եւ ժողովրդական մեղեդիով ստեղծուած:
«ՄԻՄԻՆՕ» ԱՐՁԱՆԸ՝ ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ
2011 թուականին Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէջ դրուեցաւ «Միմինօ» անունով արձանախումբը: Քանդակը կը պատկերէ նշանաւոր շարժանկարի երեք գլխաւոր հերոսները՝ Վախթանգ Քիքապիծէն, Մհեր Մկրտչեանը եւ Եւկէնի Լէոնովը: Քանդակի հեղինակը Արմենակ Վարդանեանն է: Այս յուշարձանը Դիլիջանի մէջ սիրուեցաւ առաջին իսկ օրէն, զբօսաշրջիկներու նոյնպէս ուշադրութիւնը կը գրաւէր Խորհրդային Միութեան շարժանկարին նշանաւոր երեք դերասաններուն համատեղ արձանը: Իսկ Դիլիջան քաղաքը այս արձանին համար ընտրուած է այն պատճառով, որ «Միմինօ» շարժանկարին մէջ Հայաստանէն Մոսկուա գացած հերոսը՝ ինքնաշարժի վարորդը, ըստ բեմագրութեան, Դիլիջան քաղաքէն էր: «Միմինօ»ի հերոսներուն նուիրուած յուշարձան մըն ալ Թիֆլիզի Հաւլաբար հայաշունչ թաղամասին մէջ կայ: Այս թաղամասին մէջ Քիքապիծէ շատ հայ ընկերներ ունեցած է, անոնցմէ սորված է հայերէնը, հայկական երգեր, լսած է հայերու պատմութիւններ… Թիֆլիզը գեղեցիկ քաղաք է, ժամանակին բազմաթիւ ազգերու քաղաք եղած է, ինչպէս վրացիներու, այնպէս ալ՝ հայերու, ռուսերու եւ այնտեղ ապրող ուրիշ ազգերու: Թիֆլիզ ծնած մարդիկ ունէին ոչ թէ ազգութիւն, այլ ծագում՝ թիֆլիզցիներ: Ահա այդպիսի նշանաւոր թիֆլիզցի մըն ալ Քիքապիծէն էր՝ շաղախուած բազմազգ քաղաքի տարատեսակ մշակոյթներով, որոնք արտացոլած են իր արուեստին մէջ: Իր կենդանութեան օրօք բազմահազար ծափահարութիւններ վաստկած արուեստագէտը այսօր ալ հրաժեշտի վերջին ծափահարութիւնները պիտի ստանայ իր հայրենի քաղաքին մէջ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան