30 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՑԹՈՂՈՒՄՆԵՐ
Անզէն աչքով անգամ տեսանելի է՝ ոչ միայն Արցախը կը գտնուի շրջափակումի մէջ, այլեւ Հայաստանը: Հայաստանի կացութիւնը առաւել քան լուրջ է: Ազգակործան իշխանութիւնը երկիրը անդադար կը պահէ ցնցումներու մէջ: Օրհասական պահու մը հասած ենք: Ամէն օրը՝ երէկ լաւ էր, քան այսօրը... Հայկական երկու յենասիւներն ալ խարխլած են: Արցախը այլեւս աւելի քան 30 օր, Հայաստանը՝ երեք տարի:
Ներքին թշնամին, ազգակործան իշխանութիւնը անդամահատած է հայոց աշխարհը, հայը: Եւ այս բոլորի վերջը աւա՜ղ մշուշի մէջ է: Յայտնի չէ, թէ հայը ե՛րբ պիտի զարթնէ նիրհէն, ոտքը զարնէ գետնին եւ ըլլայ պահանջատէր: Ներկայիս ազգադաւ իշխանաւորները կը յաջողին պահել ժողովուրդը թմբիրի մէջ, շահարկելով՝ երեսուն տարիներու սին թալանն ու անգործութիւնը: Իւրաքանչիւրը տեսակով գող ու մոլորեալ կը վստահեցնէ, թէ նախկինները՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան տարիներուն է, որ ցնցուած է Հայաստանի հիմերը, Փաշինեանը պարզապէս զոհ մըն է: Անոնք վստահաբար կը պնդեն, թէ երեսուն տարի միայն երկիրը թալանած են:
Յիրաւի, ինչպէս աղը կը ցանեն կերակուրի մէջ, այնպէս ալ երեսուն տարի շարունակ՝ զգուշօրէն, մեղմիկ, անտեսանելի կերպով՝ ատելութիւն, մոլորութիւն, պառակտում ցանած են հասարակութեան զանազան շրջանակներուն մէջ: Շինծու, ուռճեցուած տեղեկութիւններ այս կամ այն նախագահի, իրենց շրջանակներու, մտերիմներու հասցէին: Նպատակը արդարացուած է եւ տեսանելի այսօր: Այլեւս գրեթէ բոլոր խաղաքարտերը բացուած են: Մոլորեալ ժողովուրդի աչքի դիմաց կը խաղան բաց խաղաքարտերով, սակայն հասկցող ու առարկող մը չկայ: Բոլորը լուռ են, երկիրը կը կործանի:
Երեսուն տարիի բացը, անգործութիւնը, թերացումները եկած են բացայայտելու Արցախ աշխարհի 38-օրեայ շրջափակումը: 120 հազար հայրենասէր ու ազնուազարմ, տեսակով ազնիւ հայ, որոնցմէ 30 հազարը երեխայ, կը գտնուի շրջափակումի, անորոշութեան մէջ: Ոչ մէկը ի զօրու է գուշակելու վաղուան արեւածագը: Պատմութիւնը վկայ՝ արիւնոտ լուսաբացին քաղաքակիրթ աշխարհը պիտի շարունակէ մնալ լուռ ու համր, անտարբեր՝ ամենայն հաւանականութեամբ: Իրականութեան մէջ աշխարհը անտարբեր չէ, թիզ մը Արցախի ու Հայաստանի համար պայքարողը աշխարհն է: Պարզապէս իր ձեռքերը չի թաթախեր արեան ծովերու մէջ, զայն կը խառնէ գործիքով մը: Կազը այլեւս հասած է Եւրոպա: Քաղաքակիրթ աշխարհը այլեւս կախում չունի ռուսական կազէն: Իսկ կազի դիմաց փոքրիկ շնորհակալութիւն մը չէր խանգարեր: Շնորհակալութեան գինը՝ ամենաթողութիւն հայոց աշխարհին մէջ:
Ինչեւէ... Շրջափակումը բացայայտած է երեսուն տարիի բացը՝ ուտելիքի պակաս, խանութներու դատարկ ցուցափեղկեր: Ինչո՞ւ Արցախը այս դժուար ժամանակաշրջանին կեցած է սովամահութեան վտանգի դիմաց: Ինչո՞ւ Արցախի մէջ այսօր հողկիթը, հաւկիթը, կաթնամթերքը, բանջարեղէնն ու պտուղները, դդմաճը համարժէք են ոսկիի: Ինչո՞ւ խանութները դատարկ են: Ահաւասիկ 30 տարիներու բացը: Այդ տասնամեակներուն կարելի էր, հնարաւոր էր զարգացնել գիւղատնտեսութիւնը, քաջ գիտակցելով, որ պատերազմը սարերու ետեւը չէ, օր մը պիտի կենանք փաստի առջեւ: Այդ բացի լրացումը ինքնըստինքեան կը լուծէր նաեւ անգործութեան հարցը: Ինչո՞ւ մենք չունինք գործարաններ, սեփական արտադրութիւն: 120-150 հազար բնակչութեան մասին հոգ տանիլը բարդ չէ: Պարզապէս մեծ աշխատասիրութիւն, ջանք ու ճիգ կը պահանջէ:
Օրերս հեռաձայնեցինք Ստեփանակերտի մէջ գտնուող մօրեղբօրս: Հետաքրքրուեցանք անոնց որպիսութեամբ: Մեր այն հարցին, թէ այսօր մօրեղբայրս ի՞նչ կերաւ, ան պատասխանեց.
-Առաւօտեան գաւաթ մը քաքաօ խմեցի:
-Ուրիշ բան մը չի կերա՞ր: Անօթի չե՞ս:
-Ուրիշ ուտելիք չունիմ: Խանութներն ալ դատարկ են, մինակ չոր հաց կը վաճառեն: Ծխախոտը կ՚օգնէ անօթութիւնը քօղարկելու: Քիչ-Քիչ կը ծխեմ՝ սպաննելով անօթութիւնս: Ժամը այլեւս ուշ է, պիտի պառկիմ: Այսօր ալ ապրեցանք, վաղը նայինք ինչպէս պիտի անցնի: Երբեմն աղջիկս՝ Լիլիթը ճաշ կը բերէ: Կարծեմ անոնք ալ բաւական ուտելիք չունին:
44-օրեայ պատերազմին ամուսինը կորսնցուցած Լիլիթը՝ զարմուհիս, չորս երեխաներու մայր է: Ամենափոքրը՝ Տաւինան, լոյս աշխարհ եկաւ հօր զոհուելէն ետք: Փետրուարին փոքրիկը կը դառնայ երկու տարեկան։
Տառապանքը, հոգը բախած է ամէն արցախցիի դուռ: Արցախի մէջ անկարելի է գտնել ընտանիք մը, որ վերջին սահմռկեցուցիչ պատերազմի ժամանակ զոհ չունենայ: Բոլորս մեր հոգիներու խորքին մէջ անհամբեր եւ մեծ հաւատքով կը սպասենք խաղաղութեան: Խաղաղութիւնն է, որ իր հետ պիտի բերէ հայու ժպիտը, անհոգ կեանքը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան