ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ ՆԵՐԵԼ…
-Այո։
-Բարի օր Աշխէն։
-Բարի օր, որո՞ւ հետ կը խօսիմ։
-Ես եմ, ժամանակին դուն իմ ձայնը անմիջապէս կը ճանչնայիր։
-Արմա՞ն,- դողդոջուն ձայնով մը հարցուց ան։
-Այո՛, ես եմ՝ Արմանը, ուրախ եմ, որ յիշեցիր զիս։
Երկվայրկեաններու ընթացքին պաղ քրիտնք մը պատեց Աշխէնին ճակատը։ Բոլոր մարմինը թուլցաւ։ Ոտքերը կարծես իրեն չենթարկուէին. կը դողային։ Ակնթարթի մը ընթացքին ժամացոյցի սլաքները ետ վազեցին իրենց մէջ ներառելով տասնհինգ երկար ու ձիգ տարիներ։ Կեցան այնտեղ, ուրկէ սկսաւ ամէն ինչ… Անմոռանալի, մեծ սիրոյ պատմութիւն մը, աւա՜ղ միակողմանի։
-Աշխէն, կ՚իմանա՞ս զիս։
Աշխէնի լեզուն կարկամած էր, աչքերը տամկացած։ Այս զանգին ան տարիներ առաջ, երբ տակաւին չէր ամուսնացած, չէր մայրացած՝ երկար կը սպասէր։ Տամուկ աչքերով, գլուխին մէջ հարիւրաւոր անպատասխանի հարցեր… այսպէս ան այգաբացը տեսած էր բազում անքուն գիշերներու։ Իսկ այսօր, երբ վաղուց մոռացութեան էր մատնած այս անունը, երբ այլեւս կը սպասէր ոչ մէկ զանգի՝ յանկարծ ան կը յայտնուի ու տակնուվրայ կ՚ընէ երիտասարդ կնոջ ներաշխարհը։
-Ալօ, Աշխէ՞ն, ձայն մը հանէ։
-Այո, այստեղ եմ։
-Ինչպէ՞ս ես։
-Ուրկէ՞ կրցար գտնել իմ հեռաձայնի թիւը եւ ինչո՞ւ կը հեռաձայնես ինծի,- ինքզինքին գալով, կտրուկ ու սառնասրտօրէն հարցուց ան։
-Քեզ տեսնալ կ՚ուզեմ, ըսելիքներ ունիմ։
-Իսկ ես ոչ, կը խնդրեմ անգամ մըն ալ զիս չփնտռես…
-Վայրկեան մը Աշխէն, մի շտապեր խօսափողը տեղը դնելու։ Կ՚աղաչեմ, խնդրանքս մի մերժեր։ Վերջին անգամ ընդառաջէ ինծի։
-Շատ բարի, ըսելիքներդ հեռաձայնով ըսէ։
Հեռաձայնով յարմար չէ։ Դուն ըսէ, թէ քեզ երբ եւ ուր յարմար է, ես կը մօտենամ։
Պայմանաւորուեցան հանդիպիլ կէսօրուայ դադարին՝ մօտակայ սրճարանի մը մէջ։
Աշխէնի մտքերը խճողուեցան։ «Ինչո՞ւ տարիներ անց որոշեց զիս փնտռել…», «Ինծի ի՞նչ պիտի ըսէ…» եւ այլն։ Միւս կողմէ ալ գլուխ բարձրացուց ներքին զայրոյթը։
Աշխէնի համար ժամանակը կեցաւ, չէր յառաջանար։ Ան աճապարանքի ու խուճապի մէջ էր. կը շտապէր վայրկեան մը առաջ ստանալ իր բոլոր հարցումներուն պատասխանները։
Ահաւասիկ եկաւ սպասուած ժամը։ Երեք զաւակներու մայր Աշխէնը կը կենայ սրճարանի շեմին։ Ոտքերը կրկին կը հրաժարէին ենթարկելու, չէին յառաջանար։ Մարմինը կրկին թեթեւ դող մը պատեց։ Խոցուած սրտի տակաւին չսպիացած վէրքերը կը պահանջէին հատել սրճարանի շեմը։
Ի վերջոյ, վայրկենական վերիվայրումներէ ետք, ան կրցաւ ինքզինքը հաւաքել եւ համարձակ ու ինքնավստահ կենալ Արմանի դիմաց։
-Բարեւ Աշխէն,- նստած տեղէն ելլալով ըսաւ Արման։ Ան մօտեցաւ, դիմացի աթոռը քաշեց, որպէսզի Աշխէնը կարենայ տեղաւորուիլ։
-Բարեւ Արման, շնորհակալ եմ։
Մէկական գաւաթ սուրճ պատուիրելէ վերջ, անցան խօսակցութեան։
-Աշխէն, կարծես տարիները քովէդ անցած ըլլան, բնաւ չես փոխուած։ Ինչպէս միշտ, խնամուած ու կոկիկ տեսք ունիս։
Աշխէնը նրբանկատ ժպտաց ու ըսաւ.
-Իմ ժամանակը սուղ է, այդ իսկ պատճառաւ ուշադիր մտիկ կ՚ընեմ քեզ։
-Գիտեմ, ուշ մնացի, սակայն լաւ է ուշ քան երբեք։ Քեզմէ ներողութիւն խնդրել կ՚ուզեմ։ Ներէ ինծի այն բոլոր տառապանքներու, արցունքներու, յուսահատութիւններու, անքուն գիշերներու համար, զորս պատճառեցի քեզի։ Այն ատեն երիտասարդ էի, տաքարիւն, երկար-բարակ չէի խորհեր։ Ներէ, որ այդպէս ալ քու սիրոյն չհաւատացի, սրիկայաբար վարուեցայ քեզի ու քու զգացումներուն հետ։
-Ինչո՞ւ ընտրեցիր ան, այլ ոչ զիս։ Ինչո՞ւ ինծի հետ չամուսնացար։ Ինչո՞ւ երկար ժամանակ ինձմէ կը թաքցնէիր քու ամուսնութիւնը։ Ինչո՞ւ ես ուրիշներէ իմացայ, ինչո՞ւ…
-Չեմ գիտեր, թէ ինչ պատահեցաւ։ Ամուսնութեան մասին բնաւ չէի խորհեր։ Ինքնաբերաբար եղաւ, պարզապէս չհամարձակեցայ քեզի այդ մասին ըսելու։ Կը փորձէի վանել քեզ ես ինձմէ։
-Ինչո՞ւ ինծի հետ չամուսնացար։
-Չեմ գիտեր, սակայն այսօր քեզմէ կ՚ուզեմ ներողութիւն խնդրել։ Գիտեմ, որ իմ պատճառաւ շատ տառապեցար…
-Ներելը դժուար է… ինչո՞ւ, քանզի դուն ինձմէ խլեցիր իմ սիրտը։ Ժամանակին ես իմ անաղարտ սէրը՝ յանձին քեզի՝ անարժանի մը նուիրեցի։ Իսկ երբ հանդիպեցայ այն միակին՝ բաւարարեցի յարգանքով ու ազնուագոյն զգացումի փշրանքներով։ Անոր՝ իմ ամուսնոյն հանդէպ չկրցայ զգալ այն, ինչ որ դուն ինձմէ գողցար։ Այդ իսկ պատճառաւ քեզի ներելը դժուար է, աւելի ճիշդ՝ չեմ կրնար քեզի ներել։
Ըսեմ, շատ երջանիկ ու բախտաւոր եմ, որ քեզի հետ չամուսնացայ։ Դուն չէիր կրնար ինծի նուիրել այն կեանքը, հնարաւորութիւնները, հաւատարմութիւնը, սէրն ու քնքշանքը՝ զորս ինծի պարգեւած է իմ ամուսինը։ Շնորհակալ եմ Տիրոջը, որ ժամանակին զատեց մեր ուղիները։
Եթէ ուրիշ ըսելիք մը չունիս, ապա ես երթամ։ Ամուսինս ու զաւակներս ինծի կը սպասեն, միասին խրախճանքի մը պիտի երթանք։
Արմանը մեղաւորի պէս գլուխը կախ մտիկ ըրաւ իրեն հասցէագրուած այս դաժան խօսքերը։ Չհամարձակեցաւ նայիլ Աշխէնի աչքերուն մէջ, ափսոսանքով գլուխը թափահարեց։
-Մնաս բարով,- ըսաւ Աշխէն ու հեռացաւ։
Տարիներ անց, առաջին անգամ ան իր կուրծքէն ծանրութիւն մը նետելով կրցաւ լիաթոք շնչել։ Ինքզինքը կը զգար յաղթանակած, չէ՞ որ այս պահուն սպասած էր բաւական երկար…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան