ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Ծաղ­կա­զար­դը գար­նան սկիզ­բը ա­ւե­տող ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան տօն է: Ա­նի­կա կը նշուի Զա­տի­կէն մէկ շա­բաթ ա­ռաջ՝ Մեծ պահ­քի նա­խա­վեր­ջին Կի­րա­կին:

Ծաղ­կա­զար­դը կը խորհր­դան­շէ Քրիս­տո­սի մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ, ուր զայն դի­մա­ւո­րե­ցին ձի­թե­նիի ոս­տե­րով: Բայց տօ­նը ու­նի նաեւ նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան ծա­գում եւ նուի­րուած էր գար­նան զար­թօն­քէն, յա­րու­թիւն առ­նող բնու­թեան:

Ծաղ­կա­զար­դը նաեւ կո­չուած է Ծառ­զար­դար, որ դար­ձեալ նուի­րուած էր գար­նա­նա­մու­տին: Մար­դիկ այդ ա­ռի­թով ի­րենց տու­ներն ու բա­կե­րը կը զար­դա­րէին ու­ռե­նիի կամ ձի­թե­նիի օրհ­նուած ճիւ­ղե­րով՝ պահ­պա­նե­լու հա­մար փո­թո­րիկ­նե­րէն եւ բու­քէն, յե­տոյ զա­նոնք կ՚այ­րէին եւ մո­խի­րը կու տա­յին հո­վին՝ փոր­ձանք­նե­րէ հե­ռու մնա­լու հա­ւատ­քով: Ժո­ղո­վուր­դը այդ օրհ­նուած ճիւ­ղե­րուն մէջ կը տես­նէր խորհր­դա­ւոր ուժ, ո­րուն օգ­նու­թեամբ պի­տի կա­րե­նար դի­մա­կա­յել բնու­թեան ա­ղէտ­նե­րը:

Ան­ցեա­լին ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մօ­տա­կայ ծա­ռե­րը կը զար­դա­րէին գու­նա­ւոր ժա­պա­ւէն­նե­րով եւ պտուղ­նե­րով այս սո­վո­րու­թիւնն ալ պտղա­բե­րու­թեան գա­ղա­փա­րին հետ կա­պուած էր:

Մին­չեւ օրս ալ Ծաղ­կա­զար­դը մա­նուկ­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու տօն է: Այդ օ­րը բո­լո­րը կը հագ­նին ի­րենց տօ­նա­կան հա­գուստ­նե­րը, փոք­րե­րը զար­դա­րուն մո­մե­րով կ՚ուղ­ղուին ե­կե­ղե­ցի եւ կը մաս­նակ­ցին թա­փօ­րին։

Ծաղ­կա­զար­դի յետ­մի­ջօ­րէին կը կա­տա­րուի Դռնբա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, կը բա­ցուին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խո­րան­նե­րուն վա­րա­գոյր­նե­րը՝ խորհր­դան­շե­լով Տի­րոջ երկ­րորդ գա­լուս­տը, աշ­խար­հի վախ­ճա­նը եւ Վեր­ջին դա­տաս­տա­նը:

Դռնբա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը խօ­սակ­ցու­թեան, հարց ու պա­տաս­խա­նի ձեւ ու­նի. դռնբա­ցէք կը կո­չուի, քա­նի որ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կապ ու­նի դրան հետ: Դու­ռը կամ վա­րա­գոյ­րը կը խորհր­դան­շեն եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան դռնե­րը, ո­րոնց­մէ դուրս գտնուող ժո­ղո­վուր­դը Աս­տուծ­մէ  կը խնդրէ, որ ար­քա­յու­թիւն մտնել ար­տօ­նէ:

Ծաղ­կա­զար­դին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ Զա­տիկ տե­ւող շրջա­նը կը կո­չուի Ա­ւագ կամ Մեծ շա­բաթ: Այդ օ­րե­րուն ե­կե­ղե­ցին կը յի­շէ՝ Յի­սու­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի վեր­ջին ընթ­րի­քը, մատ­նու­թիւ­նը, չար­չա­րան­քը, խա­չե­լու­թիւնն ու թա­ղու­մը: Իսկ յա­ջորդ Կի­րա­կի ար­դէն Զա­տիկ է՝ Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան տօ­նը:

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016