ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿՌՈՒԱՆ

Փարիզի «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութիւնը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Այս միութիւնը կը գլխաւորէ յայտնի անուն մը՝ Տքթ. Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեան։ Միութեան վարչական խորհուրդին անունով Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեան (նախագահ) եւ Հրայր Հրաչեան (քարտուղար) վերջերս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը՝ ամփոփելով «Մաշտոց»ի քառորդդարեայ գործունէութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հաղորդագրութիւնը։

Մաշտոց Միութիւնս հիմնադրուած է 1993-ին Փարիզի մէջ: Իր գործունէութիւնը ծաւալած է հետեւեալ գետիններու վրայ-

1- ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՄԵԹՈՏՈՎ, Ֆրանսայի եւ Սփիւռքի գրեթէ ամէն կողմը, Միօրեայ վարժարաններէ ներս, հայ լեզուի ուսուցումը հիմնուած է գրաւոր լեզուի վրայ: Այս ձեւը կը համապատասխանէ մայրենի լեզուի ուսուցման: Մինչդեռ Միօրեայ վարժարաններու աշակերտները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ օտարախօս են: Արդ, մանկավարժական մօտեցումով, հայերէնը այս օտարախօսներուն պէտք է ուսուցանել որպէս «երկրորդ» լեզու, որպէս օտար լեզու՝ առաջնահերթութիւնը տալով խօսակցական լեզուին: Ուստի, Մաշտոց Միութեանս ծոցին մենք կիրարեցինք լեզուներու ուսուցման լսատեսողական մեթոտը, զոր հայերէնի համար մշակած է հոգեբան եւ հայագէտ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան:

Այս մեթոտը նկարներով կը պատկերացնէ առօրեայ խօսակցական տեսարաններ, որոնց կը զուգակցուին համապատասխան փոխասացութիւնները ձայնասկաւառակի վրայ: Աշակերտները կը թատերականացնեն դասին նիւթը, կը սորվին քերականական կանոնները, բառերու գրելակերպը եւ յատուկ լեզուամարզանքներու շնորհիւ կը կարողանան ձեւափոխել տուեալ լեզուական կառոյցները՝ ըստ պահանջի: Այսպէս, ի տարբերութիւն աւանդական ուսուցման ձեւին, մեր աշակերտները 50 ժամուան դասաւանդութեամբ կը կարողանան իրենց ըսել ուզածը ըսել (խօսիլ) կամ գրել՝ 1000 քերականական բառի սահմաններուն մէջ: 50 ժամուան յաջորդող թեստ-քննութեան յաջողելու պարագային, կրնան փոխադրուիլ յաջորդական երեք մակարդակներ, իրենց հայերէնի ծանօթութիւնը խորացնելով: Այսպէս, մենք յաջողեցանք իսկական լեզուական դպրոց մը ստեղծել, ինչպէս՝ Պէրլից Սքուլը՝ անգլերէնի եւ Ալլիանս Ֆրանսէզը՝ ֆրանսերէնի համար: Աւելի քան 3000 աշակերտներ պատրաստեցինք Փարիզի մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թիկունքով:

2- ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, որոնք բացարձակ նորութիւն եղած են հայկական կեանքի մէջ: Ամէն ամառ 8-16 տարեկան օտարախօս աշակերտներ տանելով Միջին Արեւելքի հայախօս համայնքներ, ինչպէս՝ Հալէպ (1994), Կիպրոս (1995), Պուլկարիա (1996), Եգիպտոս (1997), աշակերտները տեղաւորելով հայախօս հիւրընկալ ընտանիքներու ծոցը եւ օրական հինգ ժամ դասաւանդութեամբ 21 օրուան ընթացքին զանոնք ի վիճակի դարձնելով հայերէն խօսելու, կարդալու եւ գրելու: Պուլկարիոյ պարագային, Միութիւնս կրթաթոշակ յատկացուցած է Պուլկարիոյ զանազան կողմերէն Վառնա եկող եւ մեզի միանալով հայերէն սորվիլ փափաքող աշակերտներու:

3- ՓԱՐԻԶԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄՐՑՈՅԹՆԵՐ՝ արտասանութեան, շարադրութեասն եւ յանպատրաստից ընթերցանութեան միջվարժարանային մրցումներ, իրենց պարգեւներով, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են:

4- ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆՈՒԻՈՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ինչպէս օրինակ՝ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» թատրերգութեան ներկայացումը, Գրերու Գիւտի եւ Թարգմանչաց Շարժումի 1600-ամեակի առթիւ Հայ Մշակոյթի Օրը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Տարուան առթիւ Պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի «Մեսրոպատօն» պոէմի բեմականացումը:

5- ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄՂՈՒՈՂ ՊԱՅՔԱՐԸ, որպէսզի Հայ ժողովուրդը մէ՛կ ուղղագրութեամբ ներկայանայ աշխարհի, ինչպէս որ էր՝ հինգերորդ դարէն միչեւ 4 Մարտ 1922: Միութիւնս այս պայքարը կը մղէ հրատարակելով ուղղագրութեան գետնի վրայ Հայութեան պահանջատիրութիւնը ներկայացնող գիրքեր, եւ մասնակցելով գիտաժողովներու:

6- ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ, որ 2000 թուականէն սկսեալ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ վստահուած է Մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոն»ի տնօրէն Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանին եւ Մաշտոց Միութենէն՝ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին:

7- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՄԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ, Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան հետ կնքուած համաձայնութեան համաձայն, 2002-էն սկսեալ, «Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոն»ի հետ գործակցելով վերապատրաստած ենք հայաստանցի 500 ուսուցիչներ, որոնցմէ 60-ը արդէն իսկ դասաւանդած են Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն մէջ, պատրաստելով արեւմտահայերէնի գիտակ 2500 աշակերտներ: Այս գործողութեան ձեռնարկած ենք, որպէսզի արեւմտահայերէնի ուսուցումը հետզհետէ տեղ գտնէ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ, որպէս ազգային լեզու, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրացման նպատակով: Նոյնպէս, այս ուսուցիչները կրնան դասաւանդել Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ, փարատելով ուսուցչի տագնապը Սփիւռքի մէջ:

8- ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՐԱԳԱՑՈՒԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ԾՈՑԻՆ, 2012-էն սկսեալ, օտարախօս աշակերտներու համար Սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանի ստեղծած այս դասաւանդութիւնը վստահուած է Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին:

Այստեղ կ՚ուզենք նշել, թէ Մաշտոց Միութեանս գործունէութեան ծախսերը կը հոգացուին անդամավճարներու եւ աշակերտներու մասնակցութեան սակերու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ՝ Հիլտա Գալֆայեանի սիրայօժար գործունէութեան:

Մեր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ամէն անոնց, որոնք օգնեցին, քաջալերեցին եւ թիկունք կանգնեցան մեզի, մասնաւորաբար՝ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան, Սփիւռքի նախարարութեան եւ Փարիզի Ս. Յովհ. Մկրտիչ Առաքելական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին:

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018