ԱՇԽԱՐՀԸ՝ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ
Այլեւս հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն: Վարձկան զինուորներու նման, որոնք առաջին դասալիքները կ՚ըլլան, կան վարձկան լրագրողներ եւ քաղաքական «մեկնաբաններ», նոյնիսկ՝ գործիչներ, որոնցմէ (այս պարագային) ատրպէյճանական ձկնկիթի եւ քարիւղի հոտ կու գայ: Բարեբախտաբար միշտ պիտի ըլլան այնպիսիներ, որոնք իրենց գրիչներն ու խիղճերը աւելի արժէքաւոր պիտի նկատեն այդ գարշահոտութենէն: Ստորեւ կը ներկայացնենք բաւական պարկեշտ տեղեկատուութենէ հատուածներ:
«ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹՈՆ ՓՈՍԹ» (ՏԷՅՎԻՏ ՖԻԼԻՓՍ ԵՒ ՎԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ)
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ նոր բռնկումը բազմաթիւ մարդոց կեանքերը խլեց: Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան պէտք է աւելի գործօն դարձնեն իրենց միջնորդութիւնը: Բանակցային հոլովոյթին պէտք է ներառուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Միացեալ Նահանգներու օրէնքը կը նախատեսէ պատժամիջոցներ կիրարկել Ատրպէյճանի նկատմամբ, եթէ այդ երկիրը թշնամական գործողութիւններու դիմէ: Օպամայի վարչակազմը պէտք է կիրարկէ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածը, որով տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներ պէտք է կիրարկուին Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ զսպելու անոր յարձակումները:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը 1991 թուականին հանրաքուէ իրականացուցած է, որուն արդիւնքով քրիստոնեայ հայերը քուէարկած են իսլամական Ատրպէյճանէն անկախանալու ի նպաստ: Դեռ 1992 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ ստորագրած էր Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածը, որ կ՚արգիլէ օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին, եթէ այդ երկիրը ռազմական գործողութիւններ կ՚իրականացնէ ընդդէմ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի: Հակամարտութեան ամենէն սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու ղեկավար վարչակարգը խնդիրը խաղաղ, բանակցային ճամբով լուծելու յանձնառութիւն ստանձնած է:
«Սառած հակամարտութեան մէջ» լարուածութիւնը վերջին տարիներուն կ՚աւելնայ: Միջազգային հանրութեան կրաւորականութիւնը կը քաջալերէ Ատրպէյճանը՝ դիմելու նոր յարձակումներու: Երկիրը վերջին շրջանին 4 միլիառ տոլար ծախսած է Ռուսաստանէն զէնք գնելու, եւ նոյն այդ զէնքերը օգտագործուած են Արցախի դէմ վերջին յարձակումներուն ժամանակ:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճան իր սանձարձակութիւններուն ժամանակ առանձին չէ եղած: Թուրքիոյ Նախագահ Րէճէպ Թայիտ Էրտողան յայտարարած է, որ իրենք կ՚աջակցին Ատրպէյճանին, քանի տակաւին այդ երկիրը «չէ վերատիրացած Լեռնային Ղարաբաղին»:
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր իշխանութիւնը պահպանելու համար կը յենու քարիւղի վաճառքին, խաւիարային դիւանագիտութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ իշխանութեան ճնշումներուն վրայ: Քարիւղի սակերու վերջին անկումէն ետք Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը եւս անկում կ՚ապրի, իսկ ազգային դրամանիշը արժեզրկուած է: Երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը կը շարունակէ ընդդիմանալ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ վարչակարգի ոտնձգութիւններուն դէմ: Հայաստանի հետ, թէկուզ՝ կարճատեւ, պատերազմի հրահրումը նպատակ ունի ատրպէյճանցիներուն ուշադրութիւնը շեղել վարչակարգի խախտումներէն եւ տնտեսական անապահովութենէն: Փաստ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը զինեալ լուծում չի կրնար ունենալ: Մինսքեան խմբակը պէտք է վերականգնէ բանակցային լիակատար ձեւաչափը՝ Լեռնային Ղարաբաղը դարձնելով քաղաքական բանակցութիւններու մասնակիցը:
«ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹԷՐ ԱԼԿԵՄԱՅՆԷ»
2003-ին հօրմէն իշխանութիւնը ժառանգած Իլհամ Ալիեւ կը բացառէ թիւ մէկ ոխերիմ թշնամիին հետ հաշտուելու գաղափարը եւ միշտ ալ կը կրկնէր այդ տարածքները ետ բերելու իր մտադրութիւնը: Անոր վարչակարգի քննադատները, որոնք հաշտութեան կողմնակիցներ են, ցուցադրական դատական հոլովոյթներու մէջ մեղաւոր ճանչցուած եւ բանտարկուած են: Քարիւղի գիներու անկման պատճառով փլուզուող տնտեսութեան վրայ կանգնած Ատրպէյճանի մէջ վերջին ներքին լարումները, ընկերային բողոքները կը ճնշուէին ծանր բռունցքով: Եւ ռազմական յարձակումը այդ առումով փորձ էր ժողովուրդը համախմբելու իր վարչակարգին շուրջը: Սակայն ատոր կը հակադրուի այն փաստը, որ հակամարտութեան մէջ արագ յաղթանակը՝ այսպէս կոչուած «պլից-քրիկը», ռազմական առումով Ալիեւի համար ուղղակի անկարելի է: Բան մը, որ ան արդէն պէտք էր հասկցած ըլլար:
«ՊԼՈՒՄՊԸՐԿ»
Ատրպէյճանցիներու եւ հայերու յարաբերութիւններուն մէջ բռնութեան սրումը անմիջական վտանգ կը պարունակէ Կասպից ծովը եւրոպական շուկաներու հետ կապող առանցքային խողովակաշարերու համար՝ կը յայտնեն Լոնտոնէն եւ Ուաշինկթընէն մեկնաբաններ:
Լոնտոնեան «Սի.Էմ.Սի.» առեւտրական ընկերութեան վերլուծաբան Մայքլ Հիւսընի կարծիքով, շուկաներուն մէջ ոչ մէկ յաւելեալ վտանգ կար Կասպից ծովէն Միջերկրական մատակարարումներու կապուած, լուսարձակի տակ կը մնար մատակարարումներու համաշխարհային աւելցուկը: Մարտերը մտահոգութիւն յառաջացուցին, որ հակամարտութիւնը կը տարածուի Ռուսաստնի, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանակից շրջանին մէջ: «Պրիթիշ փեթրոլիում» ընկերութեան ղեկավարած ստորգետնեայ նաւթատարը, որուն միջոցով Պաքուէն Ճէյհան օրական 720 հազար տակառ քարիւղ կը մատակարարուէր, կ՚անցնի հակամարտութեան գօտիէն շուրջ 30 մղոն հեռաւորութեամբ: 45 միլիառ տոլար արժողութեամբ հարաւային կազային միջանցքը, որ շինարարութեան աւարտէն ետք ատրպէյճանական բնական կազը Եւրոպա պիտի հասցնէ, կը գտնուի նոյն հեռաւորութեամբ: Մարտերը կրնան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերածուիլ Կովկասեան լեռներուն վրայ, Ռուսաստանի հետ սահմանի երկայնքով անկայունութեան նոր աղեղի, որ ինկած է Լեռնային Ղարաբաղէն դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք: «Ռուսաստանի դաշնակից Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ ամուր կապեր ունեցող Ատրպէյճանի միջեւ պայքարը կը յանգեցնէ շրջանին մէջ մեծ ցնցումներու:
Խողովակաշարերն ու հաւանական խափանումները տակաւին մեծ կարեւորութիւն ունին պատերազմող կողմերուն համար: Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան յայտարարած է, որ որեւէ նոր պատերազմի պարագային առաջին թիրախներէն մէկը կը դառնայ նաւթատար խողովակաշարը: Անցեալ տարի Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ատեն ան ընդգծեց. «Ատիկա շատ կարեւոր դրամական աղբիւր է Ատրպէյճանի համար, եւ մենք պէտք է զայն զրկենք այդ միջոցներէն»:
«Պրիթիշ փեթրոլիում» ընկերութեան ներկայացուցիչը 6 Ապրիլին յայտարարեց, որ բախումները չեն ազդած խողովակաշարի աշխատանքին վրայ: Վերլուծաբան Ֆիլիփ Կլատէկ իր կարգին կարծիք յայտնած է, որ ռազմավարական նշանակութեան պատճառով խողովակաշարերը միշտ յարձակումներու թիրախ կը դառնան: «Նկատի առնելով Ճէյհանի հետ «Պրիթիշ փեթրոլիում» ընկերութեան կապը՝ որեւէ խախտում կը հարուածէ ատրպէյճանական քարիւղի արտահանումը եւ եւրոպական վերամշակողներու գործունէութիւնը, յատկապէս՝ Միջերկրական ծովու ուղղութեամբ», աւելցուցած է Կլատէկ:
«ՏԸ ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՌՆԸԼ»
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեկլարեան կը նշէ, որ կրակը երկու կողմէն ալ դադրած է՝ հակառակ զինադադարի մասին պաշտօնական համաձայնութեան բացակայութեան: «Այս պահուն ոչ մէկ գրաւոր համաձայնագիր կայ», ըսած է ան:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ կրակոցներ կը լսուին: Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին կը նշէ, որ Երեքշաբթի (5 Ապրիլ) մարտական գործողութիւնները դադրած են: Լեռնային Ղարաբաղի հարաւային հատուածին մէջ՝ Հադրութ քաղաքի մօտ ճակատային գօտիին երկայնքին տեղակայուած հայ զինուորականները յայտարարած են, որ իրենց տարածքին մէջ 5 Ապրիլի օրուան կէսէն խաղաղ եղած է:
1 Ապրիլին սկսած մարտերը տասնեակ կեանքեր խլած են: Ատրպէյճան շատոնց կը սպառնար կրկին գրաւել Ղարաբաղը, որուն վրայ իր հսկողութիւնը կորսնցուցած է Հայաստանի հետ վեց տարուան ռազմական գործողութիւններէ ետք: Գործողութիւններ, որոնք սկսան Խորհրդային Միութեան գոյութեան վերջին տարիներուն: Ռուսաստանի միջնորդութեամբ 1994-ին կնքուած զինադադարի մասին համաձայնագիրը սառեցուց հակամարտութիւնը սահմանի երկայնքով, որ յայտնի է իբրեւ երկու կողմերու միջեւ սահմանագիծ: Կողմերը այդպէս ալ խաղաղութեան համաձայնագիր չստորագրեցին:
Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի բակերէն մէկուն մէջ շուրջ 200 մարդ հաւաքուած էր՝ վերջին հրաժեշտը տալու Մասիս Թովմասեանին՝ տեղացի կամաւորական, որ զոհուած է վերջին կռիւներուն ընթացքին: Ընկերներն ու դրացիները ծաղիկներ խոնարհեցին, հոգեւորականները ընտանիքի բնակարանին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն ըրին: Տղամարդիկ դագաղը բակ տարին եւ դրին գորգով ծածկուած սեղանին վրայ: Զինուորական նուագախումբը սգոյ երաժշտութիւն կը նուագէր: «Ասիկա այնպիսի ցաւ է, այնպիսի ցաւ… Չեմ գիտեր, արդեօք ոեւէ մէկը կրնա՞յ հասկնալ այն ցաւը, որ մեր երկու զաւակները ստիպուած պիտի ըլլան կրելու իրենց ամբողջ կեանքին մէջ», ըսաւ զոհուած Մասիսի այրին՝ Եւան:
Վիրաւորները կը շարունակէին բերել Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, մինչեւ երկու կողմերը դադրեցուցին կրակը: Հրետանաւորներու երիտասարդ սպան պատմեց, որ իր ստորաբաժանումը թիկունքին էր, երբ իրենց վրայ սկսան կրակել ականանետով: Պայթումի պատճառով ան կորսնցուցած էր ձախ ոտքը: Մարտակերտէն հեռու գտնուող Ներքին Հորաթաղ գիւղի բնակիչ Ալեքսէյ Գրիգորեան պատմեց, որ իր ընտանիքը ապաստանած է մօրաքրոջ տունը: Պարոն Գրիգորեան մինչեւ հիմա, անտեսելով վտանգը, ամէն օր կ՚երթայ իր տունը, որպէսզի կերակրէ հաւերը: «Ո՛չ ամերիկացիները, ո՛չ ալ ռուսերը այս հակամարտութեան էութիւնը կը հասկնան», կը գանգատի ան:
«ՍՔԱՅ ԹԻ.ՃԻ.24» (ԻՏԱԼԻԱ)
Իտալական «Սքայ Թի.Ճի.24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած եւ սփռած է Լեռնային Ղարաբաղի մարտական դիրքերէն: Իտալացի լրագրողը հայ զինուորներու ուղեկցութեամբ բեռնատարով մեկնած է առաջին գիծ եւ ներկայացուցած, որ ճիշդ այդ տարածքին մէջ ընթացած են կռիւները: «Այստեղ ատրպէյճանական ուժերը փորձած են ճեղքել եւ թափանցել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքերը», նշած է լրագրողը, որուն ուղեկցող զինուորներէն մէկը կը բացատրէ, որ ճամբան, որով կ՚ընթանան, փորուած է մօտակայքը գտնուող ատրպէյճանցիներու հրթիռներէն եւ թնդանօթներէն պաշտպանուելու համար:
Արդէն դիրքերուն մէջ իտալացի լրագրողին յայտնած են, թէ հակառակորդը ուր կը գտնուի, եւ թէ՝ պէտք է պահպանել անվտանգութեան կանոնները, որովհետեւ դիմացը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու արձակազէններն են: Նշած են նաեւ, որ մօտակայքի դաշտերը ականապատուած են: Ըստ լրագրողին, ատրպէյճանցիները կը գտնուին 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ անհրաժեշտ է խօսիլ ցած ձայնով, իսկ դիմացը տեսնելու համար պէտք է նայիլ յատուկ դիտման համար պատրաստուած անցքի մէջէն, այն ալ՝ միայն քանի մը երկվայրկեան, որովհետեւ հնարաւոր է գլխուն կրակոց ստանալ:
Իտալացի լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ համար են պահածոյի ժանգոտ տուփերը, որոնք կան խրամատներու երկայնքին, եւ անոր բացատրած են, որ եթէ հակառակորդը յառաջանայ, այդ տուփերը ձայն կը հանեն եւ կը զգուշացնեն վտանգի մասին: Լրագրողին ուղեկցող զինուորականը պատմած է, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները օրեր առաջ յարձակած են իրենց դիրքերուն վրայ, եւ թէ իրենք ինչպէս ետ մղած են զանոնք: «Մենք կը կրակենք միայն պաշտպանուելու համար, երբեք չենք յարձակիր», ըսած է ան:
«ԼԸ ՄՈՆՏ». (ՊԵՆՈՒԱ ՎԻԹՔԻՆ)
Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան թանգարանի տնօրէնին խօսքով, մարդոց կը թուէր, թէ 1994-ի զինադադարէն ետք խաղաղութիւնը յարատեւ կ՚ըլլայ, մինչդեռ մարդիկ սխալած են: Թալիշը միշտ ալ եղած է ճակատային գիծ: 1994-ի զինադադարէն ի վեր այդ բնակավայրը կրակոցներու թիրախ էր: Հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս դարձաւ Ստալինի թեթեւ ձեռքով: Մինսքեան խմբակը այդպէս ալ չկրցաւ դիւանագիտական լուծում գտնել: Ատրպէյճանի յարձակման նպատակները տակաւին յայտնի չեն, Պաքուն կա՛մ փորձած է շօշափել Ղարաբաղի պաշտպանունակութիւնը, կա՛մ աշխարհին յիշեցնել մոռցուած հակամարտութեան մասին։ Ատրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակման առաջին ժամերէն առաջին գիծ կը մեկնէին հարիւրաւոր կամաւորներ՝ հայրեր ու որդիներ, թէեւ նման քանակութեամբ զինուորներու կարիք չէր զգացուեր: Ատրպէյճան յարձակելէ երկու օր ետք յայտարարեց, թէ երեք «բարձունք» գրաւած է:
«Լեռնային Ղարաբաղի բանակի անձնակազմի թիւը ռազմական գաղտնիք է՝ 150 հազար մարդ (այլ խօսքով՝ հանրապետութեան ամբողջ բնակչութիւնը)», կը կատակեն տեղացիները:
Լեռնային Ղարաբաղ կը ձգտի միջազգային ճանաչման: 2003 թուականին հանրապետութիւնը չեղեալ յայտարարեց մահապատիժի մասին օրէնքը: Փտածութիւնը այստեղ շատ աւելի նուազ է, քան՝ դրացի երկիրներուն մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական գործիչները հիմնականին մէջ պատերազմի մասնակիցներ են, որոնք միաժամանակ նաեւ գործարարութեամբ կը զբաղին: Տարիներու ընթացքին Ղարաբաղի մէջ չձեւաւորուեցան իրական ընդդիմադիր ուժեր: Ատրպէյճանական վերջին յարձակումներէն ետք, այդուհանդերձ, քննադատութիւններ կը լսուին: Ատրպէյճանի զինանոցի լոյսին տակ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը ետ կը մնան: Մարդիկ կասկածի տակ կը դնեն Երեւանի եւ Մոսկուայի միութիւնը, քանի որ Մոսկուան Ատրպէյճանը կը զինէ եւ մտադիր է պաշտպանել իր գործընկերը: Քննադատութիւնը կը լսուի յատկապէս ղարաբաղեան հանրութեան մէջ:
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» «ՄԵՆՔ ԿԸ ԿՌՈՒԻՆՔ ՄԵՐ ՀՈՂԻՆ ՀԱՄԱՐ». ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ
Բրիտանական հեղինակաւոր «Պի.Պի.Սի.»ն հարցազրոյց մը ունեցած է առաջին գիծի վրայ ծառայող հայ զինուորի մը՝ Վլատիմիր Արմանի Մկրտչեանին հետ: «Բանակ զօրակոչուած եմ երկու ամիս առաջ, իսկ դիրքերուն վրայ եմ արդէն մօտ շաբաթէ մը ի վեր: Այնպէս պատահեցաւ, որ իմ՝ դիրքեր բարձրանալու առաջին իսկ պահուն, մենք թնդանօթի՝ «հաուպից»ի վրայ էինք: Ես նշանառու եմ: Ինծի կու տան նշանաթիւ, անկիւնաչափ, եւ մենք կը կրակենք ճիշդ այդ տուեալներով: Ատրպէյճանական կողմէ յարձակման առաջին օրը մենք թնդանօթներու մօտն էինք, վարժանքներ կ՚ընէինք: Մեզմէ քիչ մը հեռու արկ ինկաւ. բնականաբար քանի մը վայրկեան խուճապի մէջ էինք, յետոյ հաւաքուեցանք: Մեզի հրաման տուին, որ մենք ալ կրակենք: Պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ կը զգաս քու վրադ ինկած պատասխանատուութիւնը: Օրինակ, կրնաս փոքր շեղում տալ, եւ ատիկա արդէն 10-15 քմ. շեղում կ՚ըլլայ: Այսինքն քու փոքր սխալիդ պատճառով կրնաս արկը նետել ճիշդ քու դիրքերուդ վրայ»: Զինուորը ներկայացուցած է այն վայրը, ուր կը մնան, վառարանը, որով կը տաքնան, եւ որ ատիկա իրենց փրկութիւնն է, քանի որ գիշերները շատ ցուրտ կ՚ըլլայ: Մկրտչեան կը փաստէ, որ գիշերները չեն հասնիր քնանալու, քանի որ իւրաքանչիւր երկու ժամը մէկ հերթափոխութիւն կ՚ընեն: «Անշուշտ, մեր դիմաց մեզի նման, մեզի տարեկից զինուորներ կանգնած են: Անոնք ալ մեզի պէս մարդիկ են, սակայն պատերազմի ժամանակ կան բաներ, որոնց մասին չես ուզեր մտածել, ուղղակի հրաման կը կատարես, որովհետեւ գիտես, որ այդ պահուն ատիկա է ճիշդը: Ինծի համար տարբերութիւն չկայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչցուած հանրապետութիւն չէ: Մենք կը կռուինք մեր հողին համար», եզրափակած է ան:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ» (Յապաւուած)