ՓԱՍՏԵՐ ՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ
«Փարոս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է ծաւալուն գիրք մը, որ կը կոչուի «Ադրիանուպոլիս եւ իր հայ համայնքը»։ Փաստերու, յուշերու եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու միջոցաւ այս հատորը ոչ միայն առիթ կը հանդիսանայ պատմական քաղաքի անցեալի վերյիշման, այլ միեւնոյն ժամանակ կը վերակենդանացնէ զայն՝ հայկական իր բազմակողմանի հետքերով։
Ադրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) եւ անցեալին այնտեղ ապրած հայ համայնքին վերաբերեալ այս ճոխ գործին հեղինակն է ֆրանսահայ իրաւաբան Ռոյ Առաքելեան։ Պոլսոյ մէջ ծնած Ռոյ Առաքելեան երկար տասնամեակներէ ի վեր կը բնակի Փարիզի մէջ եւ իր արմատներուն նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան մղումով որոշած է գրի առնել այս գիրքը։ Ան ֆրանսերէնով գրի առած է այս գործը, որ ներկայիս լոյս տեսած է երկլեզու։ Ֆրանսերէն բնագրին առընթեր գիրքին կցուած է Թովմաս Թէրզեանի կողմէ կատարուած թրքերէն թարգմանութիւնը։ Գիրքը ճոխացուած է Ռոյ Առաքելեանի արխիւի լուսանկարներով եւ քարտփոստալներով, որոնց վրայ աւելցած են Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի հաւաքածոյէն Ադրիանուպոլսոյ վերաբերեալ քարտփոստալներ, աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ոսպնեակէն դրուագներ, ինչպէս նաեւ հեղինակի մօր՝ յայտնի նկարչուհի Ասիլվայի եւ լուսանկարիչ Մուսթաֆա Կիւլթեքինի նկարահանումները։
Ռոյ Առաքելեան Ադրիանուպոլիսը ներկայացուցած է՝ հռոմէական, բիւզանդական եւ օսմանեան շրջաններուն վերաբերեալ ընդարձակ համայնապատկերով մը։ Քաղաքի պատմական եւ ընկերաբանական առանձնայատկութիւնները փոխանցած է անոնց զուգորդելով քաղաքի հայ բնակչութեան վերաբերեալ բնորոշիչ տուեալները, այնտեղ բնակած ծանօթ անուններով հանդերձ։ Այդ հիմնաւորեալ տեղեկութիւնները հեղինակը ներկայացուցած է իր ընտանեկան նախնեաց կողմէ փոխանցուած յիշողութեան մարդկային հէնքով։ Օսմանեան քաղաքական կեանքէն ներս հեղինակութիւն ձեռք բերած ադրիանուպոլսեցի երկու երեսփոխաններէն՝ Ռուբէն Եազըճեանէն եւ Յակոբ Պապիկեանէն սկսեալ, մինչեւ այդ քաղաքէն հասած անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանը՝ հեղինակը յաջողած է խորհրդանշական անունները ծառայեցնել ամբողջի առաւել մատչելի ընկալման նպատակին։
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ Ռոյ Առաքելեանի գործին շնորհանդէսը։ Ծանօթացման հաւաքոյթը կազմակերպուած էր «Սիսմանոկլիօ» ապարանքին մէջ, որ ներկայիս կը գործէ որպէս մշակոյթի կեդրոն՝ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիս, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սիրան Սուրքի, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր։ Իսկապէս ընտրանիի մը ժամադրավայրը հանդիսացած էր դահլիճը, ուր ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս։ Գիրքի հեղինակի՝ Ռոյ Առաքելեանի խօսքը փոխանցուեցաւ պարքովիզիոնի ցուցադրութեան մը միջոցաւ։ Ան այս առթիւ կեդրոնացաւ Ադրիանուպոլսոյ պատմութեան վերաբերեալ տարրական տեղեկութիւններու վրայ, միշտ շեշտադրելով հայոց անցեալի ներկայութիւնը։
Յայտագրի տեւողութեան արտայայտուեցան նաեւ նկարչուհի Ասիլվա եւ պատմաբան-գրող Նեճտէտ Սաքաօղլու, որ հեղինակն է գիրքի յառաջաբանին։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները շնորհաւորեցին Մայտա Սարիսի կողմէ գլխաւորուած «Փարոս»ի ընտանիքին անդամները, որոնք այս աշխատանքով կարեւոր նպաստ մը ապահոված են մերօրեայ սերունդներու հաւաքական յիշողութեան տեսակէտէ։ Ներկաները նկարչուհի Ասիլվայի միջոցաւ իրենց համակրանքն ու գնահատանքը արտայայտեցին նաեւ Ռոյ Առաքելեանի նկատմամբ, որու նախանձախնդիր պրպտումներուն եւ բազմակողմանի աշխատանքի պտուղն է այս գիրքը։