Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔ
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը նախընթաց օր փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ՝ խմբավար Վահան Մարտիրոսեանի մականին ներքեւ։ «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս երաժշտահանդէսը, որու ընթացքին նուագեց նաեւ «Կինէս»ի մրցանշաւոր յայտնի դաշնակահար Նիքոլայ Մատոյեան։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ։
Ձեռնարկի յայտագիրը ձեւաւորուած էր իտալական ներշնչանքով։ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը եւ Նիքոլայ Մատոյեան երաժշտասէրներուն ներկայացուցին իտալացի յայտնի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։
Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019