Հա­յու մը փրկու­թեան պատ­մու­թիւ­նը

1886 թուա­կա­նին Մա­յի­սի 12-ին ծնած է Նշան Գրի­գո­րեա­ն: Ո՞վ է Նշան Գրի­գո­րեա­ն, ո­րուն ա­նու­նը նե­րա­ռուած է հան­րա­գի­տա­րան­նե­րու եւ այլ տե­ղե­կա­տուա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ, իբ­րեւ նշա­նա­ւոր հայ մը:

Ան աշ­խար­հի ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր նա­ւուն՝ խոր­տա­կուած «Թի­թա­նի­ք» շո­գե­նա­ւուն 711 փրկուած ու­ղե­ւոր­նե­րէն մէկն էր: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ նա­ւուն մէջ կա­յին վեց հա­յեր, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը միայն՝ Նշան Գրի­գո­րեան եւ Դա­ւիթ Վար­դա­նեան կը փրկուին, եւ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը կը մնան պատ­մու­թեան մէջ, իբ­րեւ փրկուած հա­յեր, ո­րոնք ան­ցած են ան­ցեալ դա­րու նա­ւա­յին ա­մե­նէն մեծ ար­կա­ծի բո­վե­րէն: Ա­նոնց ա­նուն­նե­րը ընդգր­կուած են նաեւ մի­ջազ­գա­յին հա­մայ­նա­գի­տա­րան­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ «Թի­թա­նի­ք­»ի հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նին մէջ (Encyclopedia Titanica): Թէ ինչ­պէ՞ս Էրզ­րու­մի մօտ գտնուող Քղի գիւ­ղին մէջ ծնած Նշան Գրի­գո­րեա­ն յայտ­նուած է «Թի­թա­նի­ք» նա­ւուն մէջ, իր ծննդեան օ­րը ա­ռիթ դար­ձաւ կրկին անդ­րա­դառ­նա­լու թէ՛ ա­նոր ան­ցած ար­կած­նե­րով լի ճամ­բուն, թէ՛ ալ «Թի­թա­նի­ք» հռչա­կա­ւոր նա­ւուն հետ կա­պուած հե­տաքրք­րա­կան հան­գա­մանք­նե­րուն:

Նշան Գրի­գո­րեան ծնած է 1886 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 12-ին՝ Քղի գիւ­ղին մէջ, ուր ալ տե­ղի ու­նե­ցած ան­հաշ­տու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռաւ իր հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րու՝ Ար­սէն Սիր­քա­նեա­նի, Յա­րու­թիւն Տէր-Զա­քա­րեա­նի, Մամբ­րէ Տէր-Զա­քա­րեա­նի եւ Դա­ւիթ Վար­դա­նեա­նի հետ կը լքէ ծննդա­վայ­րը, եւ ա­նոնք կ՚ո­րո­շեն մեկ­նիլ Գա­նա­տա։ Ան կը պատ­րաս­տուէր կանգ առ­նել Գա­նա­տա­յի Օն­թա­րիօ նա­հան­գի Հա­միլ­թըն քա­ղա­քին մէջ, տե­ղա­ցի Փոլ Մար­տի­նի տա­ն մէջ, ինչ­պէս նշուած է այն հաս­ցէին մէջ, ուր կ՚ու­ղե­ւո­րուէր (Mr Paul Martin, 108 Princess Street, Hamilton, Ontario), եւ ո­րո­շած էր հե­տա­գա­յին կան­չել նաեւ իր կրտսեր եղ­բայր­նե­րը:

Ո­րոշ աղ­բիւր­ներ կը պնդեն, թէ Գրի­գո­րեան «Թի­թա­նի­ք­»ի տոմս չու­նէր, եւ նաւ նստե­լու հա­մար Մար­սէյ­լի մէջ կա­շա­ռած է զբօ­սաշր­ջա­յին գոր­ծա­կալ մը, բայց վա­ճա­ռուած տոմ­սե­րու ցան­կին մէջ բա­ցա­յայ­տուած է նաեւ ա­նոր ա­նու­նով ամ­րագ­րուած տոմս մը, ո­րուն թիւն էր 2654 եւ կ՚ար­ժէր £7, 4s, 7d։ Հա­յազ­գի Նշան Գրի­գո­րեա­ն, որ այդ ժա­մա­նակ քսան տա­րե­կան էր, «Թի­թա­նի­ք» բարձ­րա­ցած է Շեր­պուր­կի մէջ, որ­պէս եր­րորդ դա­սա­կար­գի ու­ղե­ւոր։ Գրի­գո­րեան հե­տա­գա­յին կը դժգո­հէր, որ եր­րորդ կար­գի նա­ւա­սե­նեա­կին մէջ ան. «ճու­տի մը նման փա­կին տակ կը գտնուէ­ր»: Ա­նոր սե­նեա­կը նա­ւուն F-տախ­տա­կա­մա­ծին մէջ E-57 սե­նեա­կը ե­ղած է: «Թի­թա­նի­ք­»ի նա­ւա­խու­ցերն ու հա­սա­րա­կա­կան շի­նու­թիւն­նե­րը կը բաժ­նուէին ե­րեք դա­սա­կար­գի։ Ա­ռա­ջին դա­սա­կար­գի ու­ղե­ւոր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ էին լո­ղա­ւա­զա­նը, Squash հա­րուա­ծա­յին գնդա­կա­խա­ղի դաշ­տը, А la carte ճա­շա­րա­նը, սրճա­րա­նը, մար­զաս­րա­հը։ Բո­լոր կար­գե­րու մէջ կա­յին ճա­շաս­րահ­ներ եւ ծխե­լու սրահ­ներ, բաց եւ փակ զբօ­սա­վայ­րեր։ Ա­ռա­ւել ճոխ ու նրբա­ճա­շակ էին ա­ռա­ջին դա­սա­կար­գի շի­նու­թիւն­նե­րու զա­նա­զան գե­ղա­րուես­տա­կան ո­ճե­րով ձե­ւա­ւո­րուած եւ կար­միր փայ­տի, ոս­կեջ­ու­րի, ա­պա­կե­նախ­շե­րու, մե­տաք­սի եւ այլ թան­կար­ժէք նիւ­թե­րու կի­րառ­մամբ յար­դա­րան­քը։ Եր­րորդ դա­սա­կար­գի նա­ւախ­ցիկ­նե­րերն ու սրահ­նե­րը ձե­ւա­ւո­րուած էին հնա­րա­ւո­րինս պարզ. պող­պա­տեայ պա­տե­րը ներ­կուած էին ճեր­մա­կով կամ ե­րես­պա­տուած էին փայ­տեայ տախ­տա­կադ­րուագ­նե­րով։

1912 թուա­կա­նի Ապ­րիլն 14-ի ե­րե­կո­յեան, Գրի­գո­րեա­ն խա­ղա­թուղթ կը խա­ղար, ժա­մը 11-ի շուրջ ան հա­նած է ոտ­նա­ման­նե­րը եւ պառ­կած՝ մահ­ճա­կա­լին մէջ։ Քիչ անց ան լսած է տագ­նա­պին ձայ­նը, քա­նի որ այդ պա­հուն իր սե­նեա­կի պա­տու­հա­նը բաց էր: Քսա­նա­մեայ Նշան վեր կե­ցած է, որ­պէս­զի եր­թայ, փա­կէ պա­տու­հա­նը, սա­կայն ան սե­նեա­կի յա­տա­կին սա­ռոյ­ցի կտոր­ներ գտած է։ Նա­ւուն խոր­տա­կու­մէն ետք, երբ Գրի­գո­րեան ողջ մնա­ցած է, ը­սած է. «Չնա­յած որ այդ պա­հուն ա­ռա­ջին ան­գամ սառ­ցա­բե­կոր­ներ տե­սայ, բայց ե­ւ այն­պէս, ես շատ չէի ան­հանգս­տա­ցած, քա­նի որ կտոր­նե­րը շատ փոքր էի­ն»։

Նա­ւուն եւ սառ­ցա­բե­կո­րին հա­րուա­ծէն ետք Գրի­գո­րեան ո­րո­շած է վա­րի յար­կէն բարձ­րա­նալ դէ­պի A տախ­տա­կա­մա­ծը, քա­նի որ նկա­տած է, թէ ձախ կող­մէն կը պատ­րաս­տուին փրկա­նա­ւակ­ներ ի­ջեց­նել։ Գրի­գո­րեա­ն բարձ­րա­ցած է A տախ­տա­կա­մա­ծ եւ նստած է թիւ 10 մա­կոյ­կին մէջ։ Հե­տա­գա­յին նա­ւաս­տի Ֆրենք Է­ւան­ս ը­սած է. «Գրի­գո­րեան, ինք­զինք փրկե­լու հա­մար գի­տակ­ցա­բար փրկա­նա­ւա­կուն մէջ ցատ­կած է»։ Այդ­պէ­սով փրկուած է ան, սա­կայն թո­քե­րու բոր­բո­քում ու­նե­ցած է։ Զինք տե­ղա­փո­խած են Նիւ Եոր­քի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կը, եւ երբ վերջ­նա­կա­նա­պէս հա­սած է Գա­նա­տա­յի Օն­թա­րիօ նա­հան­գի Պրենտֆորտ քա­ղա­քը, քա­նի մը շա­բաթ նո­րէն մնա­ցած է հի­ւան­դա­նոց, ո­րով­հե­տեւ լիո­վին չէր ա­պա­քի­նած տա­կա­ւին: 1918 թուա­կա­նին Գրի­գո­րեան տե­ղա­փո­խուած է նոյն Օն­թա­րիօ նա­հան­գի Սենթ Քե­թ­­րինս քա­ղա­քը, ուր ա­մուս­նա­ցած է Փեր­սա Վար­դա­նեա­նին հետ: Ու­նե­ցած են չորս զա­ւակ­ներ, չոր­րորդ զա­ւա­կը ծնած է 1924 թուա­կա­նին:

Նշան Գրի­գո­րեան ամ­բողջ կեան­քը ան­ցու­ցած է տեղ­ւոյն «Ճե­նը­րըլ Մո­թոր­ս» ըն­կե­րու­թեան ինք­նա­շարժ­նե­րու գոր­ծա­րա­նին մէջ աշ­խա­տե­լով: «Թի­թա­նի­ք­»էն ետք Գրի­գո­րեան այ­լեւս նա­ւով չէ ճամ­բոր­դած եւ ոչ ալ ծով կամ գետ մտած է: Ա­տի­կա ե­ղած է իր ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին ջրա­յին ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, իսկ «Թի­թա­նի­ք­»ը՝ միակ նա­ւը՝ իր կեան­քին մէջ։ Բազ­մա­թիւ լրա­տուա­մի­ջոց­ներ անդ­րա­դար­ձած են այս հա­յուն կեան­քի պատ­մու­թեան: Գրի­գո­րեա­նի դուստ­րը կը պատ­մէր, որ երբ հայ­րը կը գտնուէր ջրա­ռատ վայ­րեր, չէր նա­յեր ջու­րին, ու այդ վա­խը ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ու­ղեկ­ցած է ի­րեն:

Նշան Գրի­գո­րեա­ն կը մա­հա­նայ 1978 թուա­կա­նի Մա­յիսի 21-ին, Սենթ Քե­թ­­րինս քա­ղա­քին մէջ։

«Թի­թա­նի­ք­»ի ա­ղէ­տէն փրկուած միւս հա­յուն մա­սին ա­ւե­լի տուեալ­ներ չկան, միայն յայտ­նի է, որ ան՝ Դա­ւիթ Վար­դա­նեան, նա­ւու խոր­տակ­ման պա­հուն քսա­ներ­կու տա­րե­կան էր եւ մա­հա­ցած է 1966 թուա­կա­նին: Նա­ւուն մէջ գտնուած միւս հա­յերն էին Ար­սէն Սի­րա­քա­նեան, Սար­գիս Մար­տի­րո­սեան, Յա­րու­թիւն Տէր-Զա­քա­րեան, Մամբ­րէ Տէր-Զա­քա­րեան, ո­րոնք զոհ գա­ցած են:

«ԹԻ­ԹԱ­ՆԻ­Ք­»Ի ՄԱ­ՍԻՆ

Պատ­մու­թեան ա­մե­նէն հռչա­կա­ւոր նա­ւը՝ «Թի­թա­նի­ք­»ը նա­ւա­բե­կու­թեան են­թար­կուե­ցաւ 1912 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 15-ի լոյս գի­շե­րը:

«Թի­թա­նի­ք­»ը Սաուտ­հեմփ­թըն նա­ւա­հան­գիս­տէն, Անգ­լիա, կ՚ու­ղե­ւո­րուէր դէ­պի Նիւ Եորք։

Ապ­րի­լի 11-ին, վերց­նե­լով ու­ղե­ւոր­նե­րը՝ Շեր­պուր, Ֆրան­սա, եւ Քուինս­թաուն, այժմ Քով, Իր­լան­տա, նա­ւա­հան­գիստ­նե­րէն՝ «Թի­թա­նի­ք­»ը դուրս կու գայ Ատ­լան­տեան ով­կիա­նոս՝ 1317 ու­ղե­ւոր­նե­րով եւ անձ­նա­կազ­մի 908 ան­դամ­նե­րով։

Ապ­րի­լի 14-ին, մօ­տա­ւո­րա­պէս ժա­մը 23.40-ին, «Թի­թա­նի­ք» կը բա­խի սառ­ցա­բե­կո­րի, իսկ Ապ­րի­լի 15-ի գի­շե­րը, ժա­մը 02.20-ին, «Թի­թա­նի­ք» կը խոր­տա­կուի Հիւ­սի­սա­յին Ատ­լան­տեա­նի ջու­րե­րուն մէջ, կը մա­հա­նայ շուրջ 1500 հո­գի։ 711 փրկուած­նե­րուն օգ­նու­թեան կը հաս­նի «Քար­փա­տիա» շո­գե­նա­ւը։ Այն սառ­ցա­բե­կո­րը, որ նա­ւու խոր­տակ­ման պատ­ճառ դար­ձած է, սկսած է իր «ճամ­բոր­դու­թեան» Ն. Ք. 1000 թուա­կա­նին։ «Թի­թա­նի­ք­»ը՝ բրի­տա­նա­կան թրան­սատ­լան­տեան շո­գե­նա­ւը, կա­ռու­ցուած է Պել­ֆաս­տի «Հար­լընտ էնտ Վուլ­ֆ» նա­ւա­շի­նա­րա­նի մէջ՝ 1909-1912 թուա­կան­նե­րուն «Ո­ւայթ Սթար Լայ­ն» նա­ւար­կա­յին ըն­կե­րու­թեան պա­տուէ­րով։ Շա­հա­գոր­ծման սկսե­լու պա­հուն ան կը հան­դի­սա­նար աշ­խար­հի ա­մե­նէն մեծ նա­ւը՝ եր­կա­րու­թիւ­նը 269 մեթր էր, իսկ լայ­նու­թիւ­նը՝ 28 մեթր: Նա­ւուն կմախ­քը շի­նուած էր պող­պա­տէ եւ տա­րի­ներ ետք՝ 1985 թուա­կա­նին երբ Ռա­պըրթ Պալ­լար­տի ղե­կա­վա­րած ար­շա­ւա­խում­բը յայտ­նա­բե­րեց «Թի­թա­նի­ք­»ը Ատ­լան­տեան ով­կիա­նո­սի յա­տա­կին եւ գտաւ նա­ւուն պող­պա­տէ կի­սուած կմախ­քը, բո­լոր կաս­կած­նե­րը վե­րա­ցան: «Թի­թա­նի­ք­»ը ընկղ­մե­լու ժա­մա­նակ կի­սուած էր, եւ այդ էր պատ­ճա­ռը, որ ու­ղե­ւոր­նե­րը ուժ­գին դղրդիւն լսած են:

«Թի­թա­նի­ք­»ի մա­սին խօ­սսե­լու ժա­մա­նակ «Ազ­գա­յին եւ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­ր­»ու թան­գա­րա­նի նախ­կին աշ­խա­տող Մայ­քըլ Մե­քը­ն կ՚ը­սէր, թէ այն «պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նէն հռչա­կա­ւոր նաւն է­ր»: Սա­կայն «Թի­թա­նի­ք­»ը միա­կը չէր։ Ան երկ­րորդն էր այն ե­րեք վիթ­խա­րի նա­ւե­րէն, ո­րոնք կա­ռու­ցուած էին «Հար­լընտ էնտ Վուլ­ֆ» նա­ւա­շի­նա­կան գոր­ծա­րան­նե­րու մէջ:

«Ո­ւայթ Սթա­ր» ըն­կե­րու­թիւ­նը կ՚ար­տադ­րէր հսկայ նա­ւեր, որ­պէս­զի Հիւ­սի­սատ­լան­տեան շա­հու­թա­բեր եր­թու­ղիին մէջ յա­ռա­ջա­տար ըլ­լայ։ Եւ քա­նի որ այս ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­րա­գու­թեան մէջ չէր կրնար մրցա­կից ըլ­լալ «Քու­նըրտ Լայ­ն» ըն­կե­րու­թեա­ն, ան կեդ­րո­նա­ցաւ ա­ւե­լի մեծ եւ ա­ւե­լի շքեղ նա­ւեր կա­ռու­ցե­լու վրայ՝ հա­րուստ եւ յայտ­նի մար­դի­կը գրա­ւե­լու հա­մար։

Սա­կայն «Թի­թա­նի­ք­»ը կը ծա­ռա­յե­լէր նաեւ այլ նպա­տա­կի մը։ Շուրջ 900 հա­զար ներ­գաղ­թեալ­ներ ա­մէն տա­րի 1900-1914 թուա­կան­նե­րուն կը գաղ­թէին Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Եւ­րո­պա­յէն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ա­նոնց փո­խադ­րու­մը թրան­սատ­լան­տեան նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն շատ մեծ ե­կա­մուտ կը բե­րէր։ Եւ «Թի­թա­նի­ք­»ը այդ նպա­տա­կին ալ պէտք է ծա­ռա­յէր։ «Թի­թա­նի­ք­»ի նա­ւա­պետ Է. Ճ. Սմի­թ գի­տէր, թէ ինչ վտանգ կը ներ­կա­յաց­նեն Հիւ­սի­սատ­լան­տեան ով­կիա­նո­սի սառ­ցա­բե­կոր­նե­րը, քա­նի որ յա­ճախ այդ ճա­նա­պար­հով կը նա­ւար­կէր այլ՝ «Ո­ղիմ­պի­կ» նա­ւով։ Ու­րիշ նա­ւեր ալ մի քա­նի ան­գամ նա­խազ­գու­շա­կան ազ­դան­շան­ներ ու­ղար­կած էին սառ­ցա­բե­կոր­նե­րու մա­սին, բայց ա­տոնք կա՛մ ան­տեսուած էին, կա՛մ հա­ւա­նա­բար տեղ չէին հա­սած։

Անս­պա­սե­լիօ­րէն «Թի­թա­նի­ք» նա­ւուն դէ­տե­րը նա­խազ­գու­շա­ցու­ցին, որ առ­ջե­ւը սառ­ցա­բե­կոր կայ, բայց ար­դէն շատ ուշ էր։ Հեր­թա­պահ հրա­մա­նա­տա­րը փոր­ձեց խու­սա­փիլ ճա­կա­տա­յին բա­խու­մէն, բայց չկա­րո­ղա­ցաւ կան­խել նա­ւա­քի­թի թե­թեւ բա­խու­մը սառ­ցա­բե­կո­րի ծայ­րին։ Այդ ալ վնա­սեց նա­ւը, եւ ջու­րը սկսաւ լե­ցուիլ խցիկ­նե­րուն մէջ։ Նա­ւա­պետ Սմի­թ ա­րագ հասկ­ցաւ, որ իր նա­ւը կը խոր­տա­կուի։ Ան քա­նի մը ան­գամ SOS ազ­դան­շան ու­ղար­կեց եւ պա­տուի­րեց, որ ի­ջեց­նեն փրկա­րա­րա­կան նա­ւակ­նե­րը։

«Թի­թա­նի­ք­»ի վրայ կար տասն­վեց փրկա­րա­րա­կան եւ չորս ծա­լո­վի նա­ւակ։ Ա­տոնք կրնա­յին տե­ղա­փո­խել 1170 հո­գի։ Բայց նա­ւուն վրայ կար շուրջ 2200 ու­ղե­ւոր, այդ կար­գին նաեւ՝ անձ­նա­կազ­մը։ Ա­մե­նա­սար­սա­փե­լին այն էր, որ բազ­մա­թիւ նա­ւակ­ներ հե­ռա­ցան՝ չսպա­սե­լով, որ բո­լո­րո­վին լե­ցուին։ Շա­տե­րը նոյ­նիսկ չփոր­ձե­ցին փրկել ծո­վը ին­կած­նե­րը…

«Թի­թա­նի­ք­»ի ող­բեր­գու­թե­նէն յե­տոյ գոր­ծարդ­րուե­ցան կա­նոն­ներ՝ ծո­վուն մէջ մար­դոց անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­ւե­լի ա­պա­հով դարձ­նե­լու հա­մար։ Այդ կա­նոն­նե­րէն մէ­կուն հա­մա­ձայն՝ նա­ւու վրայ պէտք է այն­քան փրկա­րա­րա­կան նա­ւակ­ներ ըլ­լա­յին, որ տե­ղա­ւո­րէին բո­լոր ու­ղե­ւոր­նե­րը։

«Թի­թա­նի­ք» նա­ւու կոր­ծա­նու­մէն ութ­սունհինգ տա­րի յե­տոյ՝ 1997 թուա­կա­նին բե­մադ­րիչ Ճէյմս Քե­մը­րը­ն ն­կա­րա­հա­նեց «Թի­թա­նի­ք» շար­ժան­կա­րը, ո­րուն մէջ կը նկա­րագ­րուի ա­ռաս­պե­լա­կան «Թի­թա­նի­ք» շո­գե­նա­ւուն կոր­ծա­նու­մը։ Շար­ժան­կա­րի գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­ներն են Քէյթ Ո­ւինս­լէթ եւ Լէո­նար­տօ տի Քափ­րիօ։

Շար­ժան­կա­րը ցու­ցա­նի­շա­յին՝ թի­ւով տասն­չորս ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուած է «Օս­քա­ր­»ի, նման յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցած է միայն 1950 թուա­կա­նին նկա­րա­հա­նուած «Ա­մէն ինչ Ե­ւա­յի մա­սի­ն» շար­ժան­կա­րը։

Ան­ցեալ դա­րը սկսաւ «Թի­թա­նի­ք» նա­ւու կոր­ծա­նու­մով եւ ա­ւար­տե­ցաւ «Թի­թա­նի­ք» շար­ժան­կա­րի յաղ­թար­շա­ւով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016