100-ԱՄԵԱԿ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ ՊԱՊԻ

Կիրակի՝ 17 մայիսին, Յովհաննէս Պօղոս Պապի ծննդեան 100-ամեակի նախօրեակին, Լեհաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն պատրաստած նամակը:

Յովհաննէս Պօղոս Պապի ծննդավայրը՝ Լեհաստանի մէջ անոր 100-ամեակի նշումը աւելի վաղ մեկնարկած էր, բայց այս նամակը մեծ տարածում գտաւ երկրէն ներս եւ դուրս, նաեւ այն պատճառով, որ նամակին մէջ կը յիշատակուէր այն փաստը, թէ ինչպէս Յովհաննէս Պօղոս Պապը ճանչցած էր վարակիչ հիւանդութիւնը, երբ անոր բժիշկ եղբայրը կեանքը կորսնցուց 26 տարեկանին՝ վարակուելով իր խնամքին տակ գտնուող հիւանդէ մը: Ի՞նչ պիտի ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Պապը համաճարակի այս օրերուն, եթէ ողջ ըլլար: Լեհաստանի եպիսկոպոսները իրենց նամակին մէջ այդ մասին հետեւեալը գրած են. «Պիտի ըսէր՝ մի՛ վախնաք, այնպէս ինչպէս ըրած էր 22 հոկտեմբեր 1978-ին իր Քահանայապետութեան սկիզբի Սուրբ Պատարագին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ՝ «Մի՛ Վախնաք, լայն բացէք դռները Քրիստոսին»։ Եթէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը տակաւին ողջ ըլլար, պիտի աղօթէր հիւանդներուն, մեռեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար», գրած են Լեհաստանի եպիսկոպոսները:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը իր կեանքի ընթացքին միշտ գնահատած է բժիշկներն ու հիւանդապահական մարզէն ներս աշխատողները եւ իր աղօթքներուն մէջ յաճախ յիշած է զանոնք եւ աղքատները, տկարները, հիւանդները, բորոտները… «Ան եղաւ Աւետարանի հաւատարիմ վկայ, ինքզինք ամբողջութեամբ յանձնելով Սուրբ Կոյս Աստուածամօր, յատկապէս 13 մայիս 1981-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ իր դէմ գործադրուած մահափորձին առթիւ», նամակին մէջ նաեւ յիշած են Լեհաստանի եպիսկոպոսները:

Լեհաստանի մէջ, հակառակ քորոնա վարակի համաճարակին, Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի 100-ամեակի միջոցառումները չյետաձգուեցան: Շաբաթ՝ 16 մայիսին, Քրաքովի Արքեպիսկոպոսութեան մատրան մէջ կայացած Սուրբ Վարդարանի միջազգային աղօթքը հեռարձակուեցաւ ուղիղ եթերով։ Քրաքովի Արքեպիսկոպոսութեան մատուռը այն վայրն է, ուր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. ընդունեց Քահանայական ձեռնադրութիւնը: Սուրբ Վարդարանի միջազգային աղօթքին միացան Իտալիայէն Պերկամօ, Միացեալ Նահանգներէն Նիու Եորք, Պրազիլէն Պելօ Հորիզոնթէ քաղաքները, իբրեւ համաճարակը ապրող քաղաքներ, ինչպէս նաեւ իբրեւ մտադրութիւն եւ նպատակ ունենալով համաճարակին աւարտը։ Յաջորդ օրը տօնախմբութիւններ կատարուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ծննդավայր՝ Վատովիչէի մէջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի անուան Ընտանեկան տան մէջ կատարուած է «Ծնած եմ Վատովիչէ - Քարոլ Վոյթիլա» խորագրով համերգ մը:

Իսկ այս շաբթուան երկուշաբթին Վատիկանի մէջ սկսաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի 100-ամեակի Սուրբ Պատարագով, որուն նախագահեց Ֆրանսիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ գտնուող երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի դամբանին մօտ:

Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ Վատիկանի հրատարակչատունը լոյս ընծայած է «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» վերնագրով հատոր մը: Գիրքին նախաբանին հեղինակն է Ֆրանսիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Այս գիրքը կ՚ամփոփէ անոր կեանքի մանրամասները՝ ծնունդէն մինչեւ մահ:

Քարոլ Վոյթիլա աշխարհիկ անունով Քահանայապետը գահին նստած է 16 հոկտեմբեր 1978 թուականին եւ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ գլուխ եւ Վատիկանի միապետ մնացած է մինչեւ իր մահը։ Իր կառավարման վաղ շրջանին ան ակներեւ դարձած է իր արտայայտիչ հակահամայնավարական դիրքորոշմամբ։ Շատեր զայն նկատած են Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի համայնավարութեան տապալումի գործին մէջ մեծ լումայ ներդրած մարդոցմէ։ Միխայիլ Կորպաչով առիթով մը յայտարարած էր. «Երկաթեայ վարագոյրին փլուզումը անկարելի պիտի ըլլար առանց Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին»: Աւելի ուշ, Յովհաննէս Պօղոս Պապը հետեւողական կերպով հանդէս կու գար պատերազմներու, ֆաշականութեան, բռնապետութեան, անսանձ դրամատիրութեան, նիւթապաշտութեան, յղութեան վիժեցումներու, բեղմնականխումի, յարաբերապաշտութեան, նաեւ «մահուան մշակոյթի» կոչուածին դէմ։

Ան այն չորս մարդոցմէ մէկն է, որ մտած է «Թայմսի 100-ակին» մէջ թէ՛ 20-րդ եւ թէ 21-րդ դարուն։ Կաթոլիկ Եկեղեցին Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը սուրբ հռչակած է 27 ապրիլ 2014 թուականին՝ Յովհաննէս 23-րդ պապին հետ միասին:

Յովհաննէս Պողոս Բ.-ը 1520 թուականէն ետք առաջին ազգութեամբ ոչ-իտալացի պապն էր։ Վախճանած է 2 ապրիլ 2005 թուականին: Անոր յաջորդած է գերմանացի Պենետիկտոս 16-րդը:

Արդէն անցեալ շաբաթըունէ սկսեալ ծաղիկներն ու մոմերը զարդարած են անոր գերեզմանը՝ Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարի ստորգետնեայ մատրան մէջ: Առաջին սլաւոն հովուապետի յիշատակին ծաղիկներ, մոմեր բերած են ջերմեռանդ հաւատացեալները, յիշելով նաեւ, որ մայիս ամիսը, երբ ծնած է ան, Մարիամի ջերմեռանդութեան ամիսն է, իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Տիրամօր հանդէպ յատուկ վերաբերմունք ունէր, որ կազմած է անոր Քահանայապետութեան կարգախօսը՝ «Ամբողջովին քեզի»։

Պապի 100-ամեակին առթիւ լոյս տեսած գիրքին յառաջաբանին մէջ, ինչպէս կը կարդանք «Լուրեր Վատիկանէն» կայքին մէջ, Ֆրանսիսկոս Պապ կը նկարագրէ.

«Այն տառապանքը, զոր ան ապրեցաւ, ինքզինք ամբողջովին վստահելով Տիրոջ, զայն դարբնեց եւ անոր մէջ աւելի զօրեղ դարձուց քրիստոնէական հաւատքը, որով դաստիարակուած էր ընտանիքին մէջ… Ան եղաւ արտակարգ դաստիարակը բազմաթիւ երիտասարդներու, որոնք երիտասարդ քահանային միջոցաւ ծանօթացան հաւատքի գործնական ճանապարհին, որ վկայուած էր եւ ապրուած կեանքի ամէն մէկ պահի ընթացքին»։

«100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» 128 էջնոց հատորը կը պարունակէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ամենայայտնի արտայայտութիւններն ու կարեւորագոյն լուսանկարները։

Հատորը հրապարակուած է իտալերէն եւ անգլերէն լեզուներով եւ կը վայելէ Սուրբ Աթոռի մօտ Լեհաստանի դեսպանութեան հովանաւորութիւնը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանսիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նաեւ գրած է.

«Ան եղաւ հաւատքի մեծ վկայ, աղօթքի մեծ մարդ եւ մեծ յեղաշրջումներու ու փոփոխութիւններու ժամանակ Եկեղեցւոյ համար եղաւ վստահելի առաջնորդ»:

Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապը կը խօսի նաեւ Քարոլ Վոյթիլայի կեանքի տառապանքներուն մասին, անձնական տառապանքէն սկսեալ, որ սակայն անքակտելի կերպով կապուած է իր ազգին ու հայրենիքին՝ Լեհաստանի ցաւերուն։

«Վաղ հասակին մօրմէն որբ մնացած, ան կ՚ապրի նաեւ իր սիրելի եղբօր, ապա հօր մահուան ողբերգութիւնը։ Երբ Քրաքովի նորընծայարան կը մտնէր, կորսնցուցած էր իր բոլոր մտերիմ սիրելիները եւ իր կեանքը կ՚ապրի Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ ամբողջական նուիրուածութեամբ, ժամանակի մը ընթացքին, երբ անոր բարեկամներէն շատեր իրենց կեանքը կորսնցուցին պատերազմի պատճառով», կը գրէ Հռոմի Ֆրանսիսկոս Պապը նշելով նաեւ. «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը տառապեցաւ նաեւ որպէս Քահանայապետ, երբ 1981-ին թիրախ դարձաւ մահափորձի մը... իր արիւնը թափելով Եկեղեցւոյ համար ու մեզի վկայելով, որ նոյնիսկ հիւանդութեան ամենադժուար պահուն, որ բաժնեկցած է մարդեղացած ու մեր փրկութեան համար խաչուած Աստուծոյ հետ, կարելի է ըլլալ երջանիկ եւ կարող ենք մնալ մենք մեզի»։ Ֆրանսիսկոս Պապի գիրքին մէջ գրուած խօսքերը կը փոխանցէ Վատիկանեան լուրերու հայերէն բաժինը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ

Առաջին սլաւոն քահանայապետի 100-ամեակին առթիւ Հայաստանի մէջ կը յիշեն անոր այցը Հայաստան՝ 25 սեպտեմբեր 2001 թուականին՝ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք հռչակելու 1700-ամեակին առթիւ: Այդ տարին նաեւ համընկած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 10-ամեակներուն:

Օդանաւէն դուրս գալուն պէս օրհնանք յղելով առ Հայաստան եւ օդակայանին մէջ հաւաքուածներուն, Հռոմի Պապը իր սովորութեան համաձայն համբուրած է իրեն սկուտեղով մատուցուած երկրին՝ այս պարագային Հայաստանին հողը:  Քահանայապետը ողջունած է հաւաքուածները հայերէնով ըսելով. «Աստուած օրհնէ Հայաստանը»:

Հայաստան կատարած այցելութեան առաջին օրը Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը ուղերձ ուղղած է հայ ժողովրդին, որուն մէջ ըսած է.

«Իմ գնահատանքս եւ իմ բարեկամութիւնս կը յայտնեմ ոչ միայն ձեր հայրենակիցներուն, որոնք կը բնակին մայր հողին վրայ, այլեւ աշխարհացրիւ միլիոնաւոր հայերուն, որոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց ժառանգութեանն ու ինքնութեանը եւ այսօր իրենց հայրենիքին կը նային վերանորոգ պարծանքով եւ գոհունակութեամբ»:

«Զուարթնոց» օդակայանէն Հռոմի Պապը ուղեւորուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կատարուած է «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։

Հայաստանի մէջ Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, սեպտեմբեր 26-ին, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ, արարողութեան նաեւ մասնակցած է Շարլ Ազնաւուր եւ երգած՝ «Աւէ Մարիա»ն: Արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը համալիրի պուրակին մէջ օրհնած է իր անունով տնկուելիք եղեւինը՝ յաւերժական կանաչ ծառը, որուն կողքին այսօր նուիրական կերպով կը պահպանուի պապական հետեւեալ մակագրութիւնը. «Յիշէ՛, Տէ՛ր, այս ազգի որդիներուն տառապանքները եւ օրհնէ՛ Հայաստանը: Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապ»:

Սեպտեմբեր 26-ին նախագահութեամբ Ն.Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Երեւանի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարէն ներս կայացած է միջեկեղեցական արարողութիւն, որուն ընթացքին երկրպագութիւն մատուցուած է «առաջի նշխարաց Սրբոյն Գրիգոր Լուսաւորչի»: Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը իր խօսքը երբեմն համեմած է նաեւ հայերէն արտայայտութիւններով, հայ հաւատացեալ ժողովուրդին վստահեցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ երկու եկեղեցիներուն բարեկամութիւնը ամրապնդելու համար: Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ շնորհաւորանքի խօսք ըսած է նորակառոյց տաճարի բացման եւ օծման առթիւ: Ան նշած է, որ իրեն համար մանաւանդ կարեւոր է հիւրընկալուիլ սուրբ վայրի մը մէջ, ուր բնակող ժողովուրդը, Հռոմէն ալ առաջ, ճանչցած է քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք:

Հայաստանի մէջ ան պատմած է, որ հայ ժողովուրդին հետ իր առաջին ծանօթութիւնը եղած է աշակերտական նստարանէն՝ իր հայ դասընկերոջ միջոցով, իսկ Հայաստան այցելելէն առաջ ըսած է, որ ներկայանալի գրականութիւն ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, մանաւանդ՝ 1915 թուականի Եղեռնին մասին: Ընդհանուր առմամբ, բոլորը կը յիշեն, որ Յովհաննէս Պօղոս Պապը հայասէր պապ մըն էր:

Գիրքը, որ լոյս տեսած է Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի 100-ամեակին առթիւ, նաեւ անոր արտասահմանեան այցերէն կարեւորագոյն դրուագներ կը պարունակէ:

Այս գիրքէն զատ, Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի մասին բազմաթիւ գիրքեր լոյս տեսած են: Աղմուկ հանած է այդ գիրքերէն Լեհաստանի մէջ տարիներ առաջ լոյս տեսած գիրք մը, ուր ամփոփուած են անձնական գրառումները` անոր կեանքի վերջին քառասուն տարուան ընթացքին: Հակառակ որ ան իր կտակին մէջ խնդրած է այրել զանոնք, սակայն գրառումները ոչ միայն չեն այրուած, այլ լոյս տեսած եւ տարածուած են ամբողջական գիրքի մը տեսքով: Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի օգնական Ստանիսլաւ Ձիւիշ զանոնք նկատած է քահանայապետին հոգեւորութեան բանալին: Գիրքը չէ ընդունուած մանաւանդ Պապի ծննդավայր Լեհաստանի մէջ, զայն նկատուած է հակակտակային արարք, որ կատարուած է հանգուցեալի կամքին հակառակ:

Քահանահայապետին մասին գրուած գիրքերէն մէկն ալ անոր դէմ 1981 թուականին մահափորձ կատարած Մեհմէտ Ալի Աղճային կը պատկանի, որուն, ինչպէս յայտնի է, Իտալիոյ մէջ պատիժը կրելու ժամանակ այցելած եւ ներած էր Պապը, իսկ աւելի ուշ, Պապին խնդրանքով Իտալիոյ նախագահ Քարլօ Չամպի ներում շնորհած էր յանցագործին եւ արտօնած, որ պատիժին մնացած մասը Թուրքիա անցընէ:

Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի 100-ամեակին նուիրուած պատարագին Ֆրանսիկոս Սրբազան Պապը հայցած է, որ «Ան շարունակէ Երկինքէն բարեխօսել Աստուծոյ Ժողովուրդին ու աշխարհի խաղաղութեան համար»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020