«ՍՈՒՐԲ ԵՂԻՑԻ ԱՆՈՒՆ ՔՈ» ՆՈՐ ԱՐՁԱՆ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Տպաւորիչ արձան մը օրերս զետեղուեցաւ Երեւանի Զաքեան փողոցի վրայ գտնուող «Մանկական զբօսայգի»ի մէջ՝ «Սուրբ եղիցի անուն քո» նոյնքան տպաւորիչ անուանումով:
Հակառակ որ զբօսայգին «Մանկական» կը կոչուի, այս արձանը իր նշանակութեամբ, տեսքով ամենեւին կապ չունի մանուկներուն հետ: Զինուորական վերարկուով, ձեռքին զինուորական գլխարկ բռնած տղայի մը այս արձանը կերտած է մեծանուն հայ քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեան: Ան մեր մայրաղաքաղաքի մէջ բազում արձաններու հեղինակ է. օրինակ՝ Մատենադարանին դիմաց դրուած Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի արձանները, նոյն վայրին մէջ դրուած Մխիթար Գօշի յուշարձանը եւ այլ արձաններ, որոնք կը զարդարեն Երեւանը: Սակայն, անուանի քանդակագործը, ինչպէս յայտնի դարձաւ օրերս տեղադրուած արձանի բացման օրը, իր լաւագոյն գործը նկատած է այս մէկը՝ սպասկոտ աչքերով հեռուն նայող զինուորականի այս քանդակը: Այն, որ Չուբարեան մասնաւոր վերաբերունք ունէր իր այս մէկ գործին հանդէպ եւ իր ամենալաւ գործը կը նկատէր՝ այդ մասին յայտարարեց քանդակագործին դուստրը՝ Անուշ Չուբարեան: Ղուկաս Չուբարեան մահացած է 2009 թուականին. ան մեծ ցանկութիւն ունէր, որ այս արձանը դրուէր Սեն Փեթերսպուրկ քաղաքի եղբայրական գերեզմանոցին մէջ, սակայն անոր փափաքը այդպէս ալ չէ իրականացուած: Այս ստեղծագործութիւնը Չուբարեան նուիրուած է Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ՝ 1942 թուականին անհետ կորսուած իր եղբօր յիշատակին, որուն աճիւնը գտնուած է շատ տարիներ յետոյ՝ 2007 թուականին, Սեն Փեթերսպուրկ, որ պատերազմի թէժ կէտերէն մին էր: Անուշ Չուբարեան կ՚ըսէ, որ այդ լուրը առած օրը ինք իր հայրը առաջին անգամ տեսած է լալու ժամանակ: Մեծ արուեստագէտը մանուկի պէս հեկեկացած է, երբ լսած է, որ մասունք մը գտնուած է շատ երիտասարդ տարիքին պատերազմ գացած եւ կորսուած իր հարազատ եղբօր՝ Լուսեղէն Չուբարեանէն, որուն ամբողջ կեանքի ընթացքին սպասած են ծնողքն ու հարազատները:
Սակայն, այս արձանը, ինչպէս կը հաստատէ Անուշ Չուբարեան, ամենեւին ցաւի մասին չէ, այլ՝ սիրոյ, մարդասիրութեան գաղափարներ ունի իր մէջ: Այն չէ դրուած քանդակագործին փափաքած վայրին մէջ, սակայն արձանի տարբերակնէրէն մէկը գնած է Մոսկուայի Թրեթեակովեան աշխարհահռչակ պատկերասրահը: Բնօրինակը դրուելով մայրաքաղաք Երեւանին մէջ՝ մեր քաղաքի դիմագիծին վրայ գոյն մը աւելցուց չուբարեանական այս ստեղծագործութիւնը: Քանդակագործը պրոնզեայ այս արձանը կերտած է 1985 թուականին եւ իր եղբօր յիշատակով նուիրուած պատերազմի ժամանակ բոլոր անհետ կորսուածներուն: Խաղաղութեան ժամանակ քանդակելով արձանը՝ հեղինակը, անշուշտ, չէր ենթադրեր, որ Հայրենական մեծ պատերազմը վերջին պատերազմը պիտի չըլլար, որու ընթացքին զոհուած, անհետ կորսուած եւ վիրաւորուած են նաեւ բազմահազար հայորդիներ: Այսօր ալ պատերազմի անհետ կորսուածներ կան, եւ արձանը ձեւով մը նաեւ անո՛նց յիշատակը կը յաւերժացնէ: Յուշարձան մըն է, ուր կարող են այցելել եւ ծաղիկներ դնել այն մայրերը, որոնք տակաւին կը սպասեն իրենց կորսուած որդիներուն: Յանուն խաղաղութեան պայքարի արդիական է նաեւ այսօր, եւ յոյսը, որ օր մը տուն պիտի դառնան բոլոր կորսուածները, երբեք չի մարիր ոչ մէկ ծնողի սիրտին մէջ… Անզէն պատանին հայեացքը ուղղած է դէպի հեռուն, գուցէ նաեւ՝ դէպի երկինք եւ ապրելու, չմեռնելու, տուն դառնալու խնդրանքներ կը հայցէ…
Յատկանշական է, որ արձանի բացումով տրուեցաւ մեկնարկը Ղուկաս Չուբարեանի 100-ամեակին։ Պետական, կրթական, քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ բացումին ներկայ էին նաեւ Չուբարեան ընտանիքին անդամները: Անուշ Չուբարեան կ՚ըսէ, որ իր հայրը՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Ղուկաս Չուբարեանը, կենսուրախ եւ լաւատես մարդ էր՝ հակառակ կեանքի բարդ պայմաններուն: Ան ապրած է ո՛չ միայն կորսուած եղբօր վիշտը, այլեւ՝ ընտանիքին հետ երկար տարիներ սպասած է աքսորուած հօրը, տեսած է շատ դառնութիւններ, կրած զրկանքներ… Ահա ինչու, Հայաստանի անկախութիւնը յոյս եւ վաղուայ օրուայ հանդէպ տարբեր հաւատ մը ներարկած է հայրենիքի սէրը իր բոլոր գործերուն մէջ ներդրած արուեստագէտին. «Անոր ամենասիրելի օրը Հայաստանի անկախութեան օրն էր։ Միշտ կ՚ըսէր, որ չի հաւատար, թէ ինք տեսած է այդ օրը: Իմ հայրս վստահ էր, որ Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը մեծ պատիւ է, եւ մեզ՝ իր զաւակներն ալ այդպէս կրթած է», կ՚ըսէ Անուշ Չուբարեան, որ նոյնպէս նկարիչ է, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ:
Այս արձանը կը պահուէր ընտանեկան արխիւին մէջ, իսկ ընտանիքը Չուբարեանի 100-ամեակին առթիւ զայն նուիրուած է մայրաքաղաք Երեւանին, ուր 1923 թուականին ծնած է Ղուկաս Չուբարեան: Արձանի բացումէն ետք այց կատարուած է Ղուկաս Չուբարեանի գերեզմանին, Մատենադարանին մէջ ալ տեղի ունեցած է «ՀայՓոսթ»ի կողմէ Չուբարեանի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական դրոշմաթուղթի կնքումը եւ «Հովեր» երգչախումբին համերգը:
Ղուկաս Չուբարեանի ծննդեան 100-ամեակը պատշաճ նշանաւորելու նպատակով Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի հրամանով ստեղծուած է յոբելենական յանձնախումբ՝ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանի նախագահութեամբ: Կը նախատեսուին կարգ մը միջոցառումներ, որոնք միտուած են մեծանուն արուեստագէտի հարուստ ժառանգութեան վերարժեւորման եւ ծանօթացման: Ղուկաս Չուբարեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները շարունակական կ՚ըլլան ողջ տարուան ընթացքին. արուեստագէտը երկար տարիներ դասաւանդած է նաեւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ, ուր նոյնպէս կը կազմակերպուին միջոցառումներ:
Երեւանի քաղաքային միջավայրը անհնար է պատկերացնել առանց Ղուկաս Չուբարեանի ստեղծած արձաններու, քանդակներու, յուշարձաններու, որոնք դրուած են զանազան վայրերու մէջ: Ան է հեղինակը նաեւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնի շէնքի ճակատի թատերական դիմակներուն, նոյն բակին մէջ դրուած Սպենդիարեանի արձանին: Չուբարեան կերտած է իր ժամանակակիցներու ու նաեւ՝ պատմական դէմքերու քանդակներ՝ «Անահիտ», «Ասպետը», «Մարտիրոս Սարեան», «Կոմիտաս», «Յովհաննէս Յովհաննիսեան», «Չարենց» «Մովսէս Խորենացի», «Անանիա Շիրակացի», «Ֆրիկ», «Թորոս Ռոսլին» յուշարձանները, որոնք կը զանազանուին ժամանակակից ու աւանդական տարրերու համադրումով: Հայաստանի անկախութենէն ետք Չուբարեան նոյնպէս քանդակներ շինած է. 1994 թուականին ստեղծած է մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին համար նախատեսուած քանդակային յօրինուածքը եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան մուտքը խորհրդանշող նախաքանդակը: Իր հիմնական գործերը, սակայն, Չուբարեան ստեղծած է խորհրդային տարիներուն, երկրի մը մէջ, որ բաւականին խիստ կերպով կը հսկուէին արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները: Սակայն ան յաջողած է ստեղծել ազգային ոգիով քանդակներ, ոգեկոչել անցեալի մեր մեծերը եւ ատոնց մէջ ներդնել գաղափարներ, որոնք կ՚ոգեշնչեն նոր սերունդը: Ինք նոյնպէս անցած է ազգայինով ոգեշնչուելու, անկախ, ազատ Հայաստանի երազով ապրելու ճանապարհը եւ այդ մէկը կու գայ ընտանիքէն, ուր ծնած եւ դաստիարակուած է ապագայ մեծ արձանագործը: Չուբարեաններու ընտանիքը բարձրակիրթ մտաւորականներու ընտանիք մըն էր: Անոր հայրը Գրիգոր Չուբարեանն էր՝ անուանի իրաւաբան, յարգուած գիտնական, Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս: Գրիգոր Չուբարեան ծնած է Ռուսաստան եւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք՝ 1919 թուականին տեղափոխուած է Երեւան, բոլոր այն մտաւորականներուն պէս, որոնք դուրսէն գալով Հայաստան, երազներ ունէին հայրենիքի շէնացման գործին մէջ իրենց ներդրումը ունենալու առումով: Հակառակ որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը չունեցաւ իր Սահմանադրութիւնը, սակայն անոր վրայ աշխատած է Գրիգոր Չուբարեան: Եւ շատ տարիներ յետոյ, երբ իր որդին Մատենադարանի բակին մէջ զետեղեց հայ գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Մխիթար Գօշի արձանը, ան իր հօր դէմքով քանդակեց միջնադարեան հայ օրէնսդիրը: 1920 թուականին Գրիգոր Չուբարեան հրաւիրուած է Երեւանի Պետական համալսարան, եղած հիմնադիր դասախօսներէն եւ դասախօսած է մինչեւ 1937 թուականը:
Դժբախտաբար, Չուբարեաններու խաղաղ կեանքը Հայաստանի մէջ ընդհատուած է 1937 թուականին. Գրիգոր Չուբարեան բռնադատուած է, ենթարկուած հալածանքներու եւ աքսորուած, իսկ անոր բոլոր աշխատութիւնները ոչնչացուցած են: Ընտանիքին հոգատարութիւնը մնացած է անոր կնոջ՝ Մարթա Չուբարեանի ուսերուն, որ նոյնպէս մտաւորական էր: Ան կը նկատուէր ուժեղ, յամառ կին մը, որ Մոսկուայի մէջ ստացած իր կրթութեամբ կը փորձէր հոգալ զաւակներուն կարիքները: Սակայն, իբրեւ բռնադատուածի կին, ան զրկած են աշխատելու իրաւունքէն: Մարթա Չուբարեան արժանապատիւ կերպով դիմացած է բոլոր դժուարութիւններուն: Յետագային իր որդին քանդակած է մօր դիմաքանդակը, որուն վրայ կ՚երեւին տառապանքի նշոյլներ, սակայն նաեւ՝ այն ուժը, որ կը կրէր աքսորականի մը կինը: Մարթա Չուբարեան ամէն գինով զաւակները հեռու պահած է ժամանակի խեղդող եւ թունաւոր միջավայրէն, երբ ժողովուրդի թշնամի կը նկատէին աքսորուած մտաւորականները, իսկ անոնց զաւակները կ՚ենթարկուէին խտրականութեան: Այդ տարիներուն էր, որ ան իր Ղուկաս որդին ղրկած է կերպարուեստի դասերու եւ այդ ժամանակուընէ արդէն անոր մէջ դրուած են ստեղծագործելու ծիլերը: Դժուար էր ապրիլ այդ պայմաններու մէջ եւ մարդասիրութեան մեծ ոգիով մեծնալ: Սակայն, շնորհիւ իր մօր, Ղուկաս Չուբարեան կրցած է յաղթահարել միջավայրը եւ սիրել մարդը, կեանքը, հայրենիքը, պատմութիւնը եւ յետոյ այդ ամէն ինչը ներդնել իր արուեստին մէջ: 1956 թուականին Գրիգոր Չուբարեան կ՚արդարացուի եւ կը շարունակէ իր աշխատանքը Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Իրաւաբան Չուբարեան մեծ աւանդ ունի հայ իրաւաբանական գիտական եզրաբանութեան ստեղծման մէջ: Ան քաջածանօթ էր փիլիսոփայական եւ հասարակական քաղաքական միտքին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, գրականութեան, արուեստին:
Ղուկաս Չուբարեան կերպարուեստի մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք, սկսած է ցուցահանդէսներ ունենալ: Անոր գործերը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Մոսկուայի Թրեթեակովեան պատկերասրահին, Սեն Փեթերսպուրկի ռուսական թանգարանին եւ մասնաւոր զանազան հաւաքածոներու մէջ։ Երկար տարիներ մայրաքաղաքին մէջ չէր զետեղուած անոր որեւէ գործը, իսկ «Սուրբ եղիցի անուն քո» յուշարձանին տեղադրումը իրապէս իրադարձութիւն դարձաւ Չուբարեանի արուեստը գնահատողներուն համար:
ՉՈՒԲԱՐԵԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ՝ ՈՒՂԵՐՁ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան արձանի բացումին ըսաւ.
«Վստահաբար կրնամ ըսել, որ Ղուկաս Չուբարեանի ամենաարժէքաւոր ներդրումը անոր մարդկային կերպարն է, եւ շատ ուրախ եմ, որ այսօր ունինք հնարաւորութիւն՝ մեր քաղաքի ամենասիրուած վայրերէն մէկուն մէջ ունենալու անոր քանդակը: Այստեղէն քիչ մը հեռու Չարենցի կիսանդրին է՝ դպրոցի բակին մէջ. շատ խորհրդանշական է՝ Չարենցը, դպրոցը եւ Չուբարեանի գործը: Ասոնք կը միաւորեն միաժամանակ կրթական եւ մշակութային արժէքները… Մեզի անհրաժեշտ են թռիչքէն չվախցող արուեստագէտներ եւ ստեղծագործողներ, ինչպիսին Չուբարեանն էր, որովհետեւ այդ է ճշմարիտ արուեստի գրաւականը: Չուբարեանի ժառանգութիւնը ուղերձ է, որ պարտաւորութիւն ունինք փոխանցելու նաեւ մեր երեխաներուն, անոնց համար կրթութեան մաս դարձնելու եւ ատով իսկ շարունակելու եւ զարգացնելու զանոնք»:
Թռիչք ըսելով նախարարը նկատի ունէր ոչ միայն արուեստի մէջ չուբարեանական թռիչքները, այլ մանկական պատմութիւն մը, որ արձանի բացումին օրը պատմեց քանդակագործին դուստրը, ըսելով նաեւ, որ այգին, ուր տեղադրուեցաւ արձանը, պատահական վայր մը չէ:
Անուշ Չուբարեան ըսաւ. «Արձանի տեղադրման վայրը նախապատմութիւն ունի: Կեանքի վերջին տարիներուն իմ հայրս պատմութիւն մը պատմած է: Երբ ինքը 13-14 տարեկան էր, իր հայրը՝ մեծ հայրս, բռնադատուած էր եւ աքսորի մէջ էր։ Ամառուան շոգ օր մը ան իր մեծախօս համադասարանցիի մը հետ, որուն հայրը ուժային կառոյցի աշխատող էր, կու գան այս այգին: Այգիի մէջ այն ժամանակ աշտարակ մը շինուած էր, ուրկէ օդապարիկով կը թռչէին: Տոմսին համար կարգ կը սպասեն, այդ ժամանակ հայրս կը նկատէ, որ ընկերը վախցած եւ գացած է: Կ՚երթայ, կը գտնէ եւ կը հարցնէ՝ ինչու՞ գացիր, ան ալ կ՚ըսէ՝ թէ տոմսի գումար չունի: Հայրս կ՚ըսէ՝ ես քեզի կ՚առնեմ տոմս, եկո՛ւր, բայց միեւնոյնն է՝ ընկերը կը փախչի եւ կ՚երթայ: Իմ հա՛յրս ալ կը վախնար բարձրութենէն, բայց վախը կոտրած եւ թռչած է։ Տուն գացած եւ այդ յաղթանակէն ոգեւորուած նկարած է նկար մը, որ յետոյ Նկարիչներու միութեան մէջ արժանացած է առաջին մրցանակի։ Մրցանակին հետ նաեւ դրամ պէտք է տային, բայց չեն տուած, որովհետեւ աքսորուածի որդի եղած է: Ատիկա իմ հօրս առաջին մրցանակն էր: Այս տեղը, այս այգին խորհրդանշական էր իրեն համար»:
ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ ԵՒ ՄԱՇՏՈՑԻ ԱՐՁԱՆԸ
Ղուկաս Չուբարեանի 100-ամեակին «ՀայՓոսթ»ի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած դրոշմաթուղթը թողարկուած է «Մեծանուն հայեր» շարքին մէջ: 320 հայկական դրամ անուանական արժէքով դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է Ղուկաս Չուբարեանը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը ստեղծելու ժամանակ: Յատկանշական է, որ Մատենադարանին առջեւ դրուած այդ արձանը ժամանակին քննադատութեան արժանացած է. ընդունուած կաղապարներէ դուրս քանդակած է Չուբարեան Մեսրոպ Մաշտոցը եւ ժողովուրդը չէ ընդունած այդ կերպարը, նոյնիսկ կոտրած են արձանը, իսկ Ղուկաս Չուբարեան ստիպուած եղած է քիչ մը այլ մօտեցում ցուցաբերել եւ արձանը քանդակել այն տեսքով, ինչպիսին որ այն կայ այսօր եւ որ դարձած է Երեւանի մշակութային խորհրդանիշներէն մէկը: Արձանը կը պատկերէ հայոց գիրերու գիւտին հեղինակ Մեսրոպ Մաշտոցը, որուն աջ ձեռքի ետեւին հայոց գիրերը կան։ Մաշտոցի կողքին ծնրադրած է անոր աշակերտը՝ Կորիւնը։ Հայոց գիրերէն ձախ՝ պատին, փորագրուած է հայոց այբուբենով գրուած առաջին նախադասութիւնը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Կորիւնէն աջ՝ պատին, պատկերուած է սուրով եւ վահանով արծիւ։ Մեսրոպ Մաշտոցի արձանի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 1962 թուականի մայիսին՝ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակի տօնակատարութիւններու օրերուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան