ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՀԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Միացեալ Նահանգներու մէջ բժիշկները արգիլած էին Տքթ. Ճոն (Յովհաննէս) Օյունճեանին՝ օդանաւ բարձրանալ: Տարիքը այլեւս յառաջացած էր, ծերունական հիւանդութիւնները՝ սրած: Սակայն մեծ ցանկութիւն ունէր անձամբ ներկայ գտնը-ւելու Կիւմրիի մէջ իր բարերարութեամբ կառուցուող չորրորդ շէնքի հիմնարկէքին։ Ան անտեսեց բժիշկներուն յորդորները եւ հիւանդ վիճակի մէջ, օրեր առաջ, Միացեալ Նահանգներէն ժամանեց Հայաստան՝ Կիւմրի:

Կիւմրիի մէջ լաւ կը ճանչնան զինքը՝ շուրջ քսան տարուան բարերարը, որ կ՚այցելէ Կիւմրի, իր նպաստը բերելու քաղաքին, մանաւանդ կրթական ասպարէզի զարգացման: Այս անգամ ան հերթական ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ սայլակին նստած՝ անկարող խօսելու եւ հաղորդակցելու: Հակառակ դարմանումներուն, հիւծող հիւանդութիւնները տկարացուցած էին զինք: 98-ամեայ բարերարը, սակայն գոհ էր, որ կեանքին աւարտին մեծ բարերարութիւն մը եւս կրցաւ ընել հարազատ դարձած Կիւմրիին համար, մասնակից ըլլալ ապագայ ֆիլհարմոնիայի շէնքի հիմնարկէքին, որ տեղի ունեցաւ իր ծննդեան օրը՝ բազում հիւրերու ներկայութեամբ:

Ձեռնարկէն երկու օր ետք՝ 16 յուլիսին, Կիւմրիի բժշկական կեդրոնին մէջ Տքթ. Յովհաննէս Օյունճեան աւանդեց իր հոգին… Ողջ Կիւմրին յուզուած էր…

Տարիներէ ի վեր Կիւմրիի մէջ բարերարութիւն ըրած բժիշկը վերջին անգամ չկրցաւ խօսիլ: «Տկար եմ», ըսած էր, բայց առաւօտուն կրցած էր իր խօսքը թելադրել, որ իր անունը կրող հիմնադրամին տնօրէնը՝ Գագիկ Լաճիկեան, ընթերցեց ձեռնարկին ընթացքին.

«Այսօր իմ ծննդեանս օրն է, սակայն ոչ մէկ բան կ՚ուզեմ ձեզմէ, հակառակը՝ ես կ՚ուզեմ ձեզի նուիրել՝ կառուցել նոր շէնք մը, նոր Հայաստանի մէջ: Կ՚ուզեմ ապրիլ այնքան, որ նոր կառուցուող այս բեմին վրայ տեսնեմ մեր երեխաներուն պարը, անոնց ելոյթը»:

Ան կրցաւ ստորագրել ուղերձը ֆիլհարմոնիայի մէջ ելոյթ ունենալիք ապագայ սաներուն ուղղուած, որ օրհնուեցաւ եւ առաջին քարին հետ տեղադրուեցաւ շէնքի հիմքին մէջ: Կը նախատեսուի կառուցել ակադեմական համերգասրահ մը՝ 300 տեղ պարունակող: Համերգասրահը կը կրէ Յովհաննէս Օյունճեանի անունը, եւ կ՚ամբողջացնէ անոր միջոցներով կառուցուած միւս շէնքերուն շարքը:

Յովհաննէս Օյունճեան ունեցած է դառն ճակատագիր, սակայն մեծ կամքի տէր մարդ մը ըլլալով՝ յաղթահարած է իր կեանքին բոլոր դժուարութիւնները եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հասած մեծ յաջողութեան: Եղած է փնտռուած բժիշկ։ Ան իր եկամուտը բարերարութեան յատկացուցած է՝ միշտ յիշելով զրկանքներով լի իր ու ընտանիքի անցեալը:

Յետագային Տքթ. Օյունճեան ըսած է. «Փափաքս այն է, որ Հայաստանը աւելի հզօր ու գեղեցիկ դառնայ, մարդիկ աշխատանք ունենան ու մնան երկրին մէջ: Ես բժշկութեան մէջ ինչ որ շահած եմ՝ Հայաստան բերած եմ»:

Արտասովոր ճակատագրի տէր այս անձնաւորութիւնը ծնած է 1920 թուականին Թուրքիոյ մէջ՝ Պոլսոյ մերձակայ Չենկիլլի (կամ Չենկիլէր) գիւղին մէջ: Հայաբնակ այս գիւղը անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն ետք հայաթափուած է, եւ իրադարձութիւններէն հինգ տարի ետք նախկին գիւղացիները մտածելով, թէ վտանգը անցած է, վերադարձած են հայրենի գիւղ, ուր ծնած է ապագայ ազգային բարերարը՝ Յովհաննէս Օյունճեանը:

2004 թուականին անգլերէնով լոյս տեսած On the Road Forever («Յաւերժ ճանապարհին») գիրքին մէջ հեղինակը՝ Յակոբ Երամեան, Յովհաննէս Օյունճեանը բնորոշած է «Վերջին չենկիլէրցին»: Սակայն վտանգը առկայ էր անոր ծննդավայրին մէջ, եւ անվերջ հալածանքներուն պատճառաւ, ծննդավայրէն փախուստի ժամանակ տաս-նըհինգ օրուան Յովհաննէսը կը մոռնան օրօրոցին մէջ: Ու միայն աւագ քոյրը՝ Վարդուհին, կը յիշէ եղբայրը, ետ կը դառնան եւ կը փրկեն զինք վաղահաս մահէն: Տարագիր ընտանիքը, գիւղէն հեռանալէն յետոյ, օրեր անց կը յայտնուի Պոլսոյ մէջ, բնակութիւն կը հաստատէ Էմինէօնիւ թաղամասին մէջ, մէկ սենեականի վարձու բնակարանի մը մէջ: Երկուքուկէս տարի անց կը մահանայ հայրը՝ Արմենակը, ընտանիքին ամբողջ հոգը թողլով կնոջ՝ Եղիսաբէթին ուսերուն: Վերջինս զօրուգիշեր կը չարչարուի՝ հոգալու երեք զաւակներուն խնամքն ու կարիքները: Մէկ տարի անց, կը մահանայ նաեւ Յովհաննէսին կրտսեր քոյրը՝ Աղաւնին, չդիմանալով կեղեքիչ սովին: Աղքատութիւնը տակաւին մանուկ հասակէն մշտապէս հետապնդած է Յովհաննէս Օյունճեանը եւ ան, երբեք չյուսահատելով, միշտ վառ պահած է հաւատքը վաղուան լաւ օրերուն հանդէպ: Տարիներ անց ան կը յիշէ.

«Երբ չորս տարեկան էի, մայրս եւ քոյրս Ամերիկայէն բերուած հագուստներ կը նորոգէին՝ զիս իրենց հետ տանելով կարի արհեստանոց: Անոնք կը նորոգէին, իսկ ես գետին նստած կը հետեւէի անոնց աշխատանքին: Յետոյ, մինչեւ առտու, հոն կը քնանայի»:

Բժիշկ դառնալու երազանքը ան ունեցած է փոքր տարիքէն. «Փափաքս միշտ բժիշկ ըլլալն էր: Նախ կ՚ուզէի ճարտարապետ ըլլալ, ապա միտքս փոխեցի»:

Եղած է գիշերօթիկի սան, ապա ինն տարեկանին յաճախած է Պոլսոյ Պէզազեան վարժարանը: Վերջին տարին անցած է Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտելէ ետք՝ 1940 թուականին, ընդունուած է Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական բաժինը: Անոր ուսման տարիներուն նոյնպէս ընտանիքը աղքատ կեանքով կ՚ապրէր: Բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան վկայական ստանալէ ետք, Յովհաննէս Օյունճեան սկսած է աշխատիլ եւ դրամ հաւաքել, ինչպէս ան ըսած է՝ «Ամերիկայի տոմսակ ձեռք բերելու համար»: 1954 թուականին, ան տոմսակը առնելէ ետք, գրպանին մէջ միայն 10 տոլար ունենալով, մտած է Ամերիկա: Ուսումնատենչ երիտասարդը, մէկ տարի անց, կատարելագործուած ուսանող էր. ուսման զուհագեռ կ՚աշխատէր հիւանդանոցի մը մէջ՝ բարելաւելով նաեւ անգլերէնի իմացութիւնը: Չորս տարի աշխատելէ ետք, ան կը բանայ իր սեփական դարմանատունը, տուն կը գնէ եւ հարազատները Թուրքիայէն կը փոխադրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Շուտով հայ երիտասարդ բժիշկին համբաւը կը տարածուի ամէնուր։ Ան կը բուժէ անխտիր բոլոր հիւանդները՝ թուրք, հայ, այլազգի. բժշկական բարձրորակ ծառայութիւն կը մատուցէ թէ՛ ունեւորին, թէ՛ չունեւորին: Շուտով ինք եւ շուրջինները կը հասնկան, որ ան բժիշկ էր ոչ միայն մասնագիտութեամբ, այլ՝ կոչումով: Ոչ միայն մարմնական ցաւերը կը դարմանէր, այլ նաեւ՝ հոգեկան ցաւերը՝ հանգստացնելով իր քով եկող հիւանդներուն փոթորկած ու անհանգիստ հոգիները:

Դրամ ունենալուն պէս, բժիշկ Օյունճեան իր հայեացքը ուղղեց դէպի Հայաստան: Այդ օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած էր աւերիչ երկրաշարժը եւ բժիշկը անմիջապէս կը դիմէ Հայ օգնութեան ֆոնտի այն օրերու տնօրէն՝ Սիմոն-Եզնիկ Պալեանին, ձեւով մը օգտակար դառնալու համար կիւմրեցի մանուկներուն։ Որոշումը վերջնական տեսք կ՚ունենայ տարիներ անց, երբ 1998 թուականին բժիշկ Օյունճեան անձամբ կու գայ հայրենիք՝ մօտէն տեսնելու հայրենիքն ու հայրենակիցները, որոնց ցաւերով կ՚ապրէր հեռաւոր Ամերիկայի մէջ:

Կիւմրին, իր մարդոցով, առաջին պահուն տպաւորեց եւ յուզեց զայն, եւ ան վճռեց գործունէութիւն մը ծաւալել այդ քաղաքին մէջ: 1999 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնադրէ Յովհաննէս Օյունճեան հիմնադրամը, եւ իրարու կը յաջորդեն բարեսիրական ծրագիրները: Կիւմրիի մէջ անոր միջոցներով կը կառուցուի «Արմենակ եւ Եղիսաբէթ Օյունճեան» դպրոց-վարժարանը, ի յիշատակ բարերարին ծնողքին, այնուհետեւ, ի յիշատակ իր քրոջ ան կը հովանաւորէ «Վարդուհի» արուեստի դպրոցը, իսկ միւս քրոջ անունով կը կառուցէ «Աղաւնի» արհեստից կեդրոնը: «Իմ ընտանիքիս անդամները միշտ իմ յիշատակներուս մէջ են: Մանաւանդ՝ զիս փրկած քոյրս. եթէ ան զիս յիշած չըլլար, կա՛մ մեռած կ՚ըլլայի, կամ ալ՝ օտարացած», ըսած է ան:

Կիւմրիի մէջ ամբողջ թաղամաս մը կը զբաղեցնէ բժիշկ Օյունճեանի իրագործումներուն հասցէն՝ Մհեր Մկրտչեան-47: Այսօր այդ դպրոցին եւ արուեստից կեդրոններուն մէջ կ՚ուսանին եւ գեղարուեստական կրթութիւն կը ստանան հարիւրաւոր աշակերտներ, որոնք կը մնան քաղաքին մէջ եւ կը շարունակեն իրենց գործը: Ալեքսանդրապոլի ժամանակահատուածին, Կիւմրիի մէջ մարդոց հիմնական զբաղումը արհեստն էր: 1839 թուականին շատ ընտանիքներ Կարինէն եկած են Ալեքսանդրապոլ եւ իրենց հետ բերած են բազմաթիւ արհեստներ: 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, քաղաքը արհեստաւորներու թիւով կը գերազանցէր Երեւանը եւ ունեցած է 28 համքարութիւն ու 2600 արհեստաւոր, իսկ արհեստներուն թիւը հասած է հարիւրի:

Ալեքսանդրապոլի մէջ ամենատարած-ւած արհեստները եղած են քարտաշութիւնը, պատշարութիւնը, հիւսնութիւնը, դարբնութիւնը, պղնձագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, զինեգործութիւնը. յայտնի եղած են թիթեղագործները, գդակակարները, դերձակներն ու կօշկակարները, անիւագործները, գամ շինողները, քար կտրողները եւ այլն: Արհեստաւորներէն շատերուն մականունները յառաջացած են իրենց արհեստներէն՝ Բրուտեան (բրուտ), Տալլաքեան (տալլաք), Տուրգարեան (տուրգար), Դարբինեան (դարբին), Պըչաքճեան (պըչաքճի): Քաղաքը պահպանած է իր արհեստաւորական բնոյթը մինչեւ 1920-ականները, երբ Կիւմրին վերափոխուեցաւ արդիւնաբերականի:

Տեղեակ ըլլալով Կիւմրիի արհեստագործական անցեալին, Յովհաննէս Օյունճեան մեծ փափաք ունեցած է վերականգնելու այդ միջավայրը, միշտ յիշելով Պոլսոյ մէջ իր մանկութիւնը, երբ բազում հայեր օրուան հացը կը վաստկէին արհեստներու միջոցաւ: Ահաւասիկ, Կիւմրիի «Աղաւնի» արհեստից տան մէջ պատանիները, անվճար կերպով, կը սորվին զանազան արհեստներ: Բարեբախտաբար, Կիւմրիի մէջ պահպանուած են որակեալ արհեստաւորներ, որոնք ալ իրենց մասնագիտութիւնը կը փոխանցեն նոր սերունդին:

Ազգային բարերար Յովհաննէս Օյունճեան բազմիցս այցելած է Կիւմրի եւ տեսած է իր կառուցածին արդիւնքները: Բացի կրթական ծրագիրներէն, ան գոհունակութեամբ օգտակար դարձած է նաեւ դժուարութիւններու մէջ գտնուող ընտանիքներուն: Սիրահարուելով Կիւմրիին՝ ան տարուան կէսը կ՚անցընէր հոն, կը տեսնէր իր հովանաւորեալ սաներուն յաջողութիւնները եւ մեծ հրճուանք կ՚ապրէր: Կիւմրեցի պզտիկները զայն կը կոչէին՝ «Օյունճեան պապիկը»:

Անոր հիմնած կրթօճախներուն մէջ ուսումը անվճար է: Օյունճեան գնած էր նաեւ ժամանակակից սարքաւորումներ, համակարգիչներ եւ կեդրոններուն անհրաժեշտ գոյք:

Ի գնահատումն ազգային բարերար Յովհաննէս Օյունճեանի հայրենանուէր ջանքերուն, Հայաստանի նախագահները իրեն շնորհած են «Մխիթար Հերացի» եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» երկրորդ աստիճանի մետայլները: Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին յուշամետյալը, Հայաստանի Գիտութեան ու կրթութեան, Մշակոյթի նախարարութիւններուն Ոսկէ մեյտայլները, Սփիւռքի նախարարութեան «Նուպար փաշա» մետայլը, ինչպէս նաեւ արժանացած է Կիւմրիի եւ Շիրակի մարզի Պատուաւոր քաղաքացիի կոչումներուն: Բացի բոլոր պարգեւներէն, անոր համար պաշտելի էր կիւմրեցիներուն սէրը իրեն հանդէպ, որ վայելեց մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ շրջապատուած հոգատար մարդոցմով, սաներով, քաղաքային իշխանութիւններով:

Իր առաջին բարերարութեամբ հիմնեց դպրոց մը՝ բարերարը կեդրոնացած էր Կիւմրիի թիւ 21 միջնակարգ դպրոցի վերականգնման եւ ուսումնական հնարաւորութիւններու ընդլայնման վրայ: Երկրաշարժը հիմնովին աւերած էր դպրոցական կառոյցը, եւ դասերը կը շարունակուէին փայտեայ ժամանակաւոր տնակի մը մէջ: Ինք՝ Օյունճեան, մէկ անգամ ներկայ եղած է դասերուն այդ տնակին մէջ եւ յուզուած, թէ ինչպէ՛ս երեխաները կը դիմանան առանց ջերմութեան եւ առանց անհրաժեշտ պայմաններու, երբ դասին նստած ժամանակ իր ոտքերը պաղած էին... Բարերարին միջոցներով ոչ միայն հիմնանորոգուած է կիսաւեր շինութիւնը, այլեւ կառուցուած են այլ մասնաշէնքեր:

Հիմնական մասնաշէնքին բացումը կատարուեցաւ 2000 թուականի աշնան, որուն յաջորդած տարիներուն ամբողջացաւ ուսումնական ամբողջ համալիրը, որ կ՚ընդգրկէ չորս մասնաշէնք: Այսօր «Արմենակ եւ Եղիսաբէթ Օյունճեան» դպրոցը, իր յագեցուածութեամբ եւ ուսումնական պայմաններով Կիւմրիի եւ Հայաստանի լաւագոյն կրթօճախներէն է:

Աւելի՛ն. բարերար բժիշկը անցած տարիներուն, հարիւրաւոր պատանիներու օգնած է բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու եւ անհրաժեշտ մասնագիտութիւններ ձեռք բերելու համար՝ հոգալով անոնց ուսման ծախսերը:

«Արմենակ եւ Եղիսաբէթ Օյունճեան» դպրոց-վարժարանին մօտ, 2015 թուականին իր դռները բացած է նորակառոյց «Վարդուհի» արուեստի դպրոցը, որ դարձեալ կառուցուած է բժշկին նուիրատուութեամբ: Բացումին ներկայ գտնուած է բժիշկին քրոջ՝ Վարդուհիին զաւակը:

Այդտեղ փոքրիկ կիւմրեցիները մեծ հնարաւորութիւններ ունին զարգացնելու իրենց գեղարուեստական ունակութիւնները եւ ստանալու գեղագիտական պատշաճ դաստիարակութիւն: Կիւմրիին՝ որպէս Հայաստանի արհեստներու ու արուեստներու մայրաքաղաքի, վաղեմի աւանդոյթները վերականգնելու համար կառուցուած է «Աղաւնի» արհեստից կեդրոնը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 2017 թուականի սեպտեմբերին, բարերարին մասնակցութեամբ: Կեդրոնին կից բացուած է նաեւ հիւրատուն մը:

Բոլոր այս աշխատանքները համակարգելու նպատակով, Յովհաննէս Օյունճեանի որոշմամբ, 2012 թուականին նաեւ Կիւմրիի մէջ ստեղծուած է «Օյունճեան» բարեսիրական հիմնադրամը: Հիմնադրամը որդեգրած է Յովհաննէս Օյունճեանի խօսքերուն իրականացումը. «Հայաստանի ներկայ դժուար կացութեան մէջ եթէ կրցայ մէկ հատիկ ցորենի սերմ ցանել եւ անոր արդիւնքը քաղել, այն ատեն ինքզինքս երջանիկ կը նկատեմ»:

Ան ըսած է, որ 65 տարուան իր բժշկութեան հետեւանքով հաւաքած դրամը ամբողջութեամբ Հայաստան բերած է, վաճառած է նաեւ Իսթանպուլի տունը եւ դրամը նոյնպէս բարերարութեան ուղղած է:

Ընդհանուր առմամբ բարերարը 7 միլիոն տոլար ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ, ունէր նաեւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ, սակայն մահը ընդհատեց անոր բոլոր երազանքները: Հակառակ իր տարիքին՝ ան Հայաստանի մասին միշտ երազանքներ ունէր:

Նիւ Եորքի անոր տան պատերուն վրայ ոչ թէ ծննդավայրի, այլ Կիւմրիի նկարները կախուած են, բոլոր հիւրերուն բժիշկը մինչեւ վերջ հպարտութեամբ կը պատմէր իր հարազատ բնօրրանը դարձած Կիւմրիին եւ անոր ժողովուրդին մասին: Հոս, հայրենի խաղաղ հողին մէջ ալ յուղարկաւորուեցաւ բժիշկ Օյունճեանը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018