ԿՈՄԻՏԱՍ ՀԱՌԻՃԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ - ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երէկուան թիւով ներկայացուցած էինք հայ պատմաբան, լեզուաբան, բառարանագէտ, հայագէտ Երուանդ Տէր-Մինասեանի յուշագրութիւնը՝ հայ մեծ երաժշտագէտ Կոմիտասի մէկ հիւանդութեան մասին (ճահճատենդ), որով ան վարակուած էր Գէորգեան ճեմարանի մէջ աշխատած տարիներուն, երբ Հայաստանի մէջ տարածուած էր այդ փոխանցիկ հիւանդութիւնը, որ հիմնականօրէն կը փոխանցուի ճահճային գօտիներու մէջ դեգերող մոծակներէն: Այդ հիւանդութեամբ կը տառապէր նաեւ Երուանդ Տէր-Մինասեան, որուն համար իր հայրենի Հառիճ գիւղի մաքուր, լեռնային օդը բուժիչ եղած էր:
Երբ որոշ ժամանակ անց այդ տենդը պատած էր նաեւ Կոմիտասը, անոր մտերիմ կարգ մը մարդիկ Երուանդ Տէր-Մինասեանէն խնդրած են Հառիճ այցելութեան ընթացքին իրեն հետ առնել նաեւ Կոմիտասը, որ նոյնպէս ապաքինի ճահիճներէ հեռու գիւղական հանգստաւէտ բնակավայրի մէջ: Եւ այդպէս ալ եղած է. Հառիճ գիւղ հասնելուն պէս Կոմիտասը շատ արագ ապաքինած է ճահճատենդէն, որ ժողովուրդին մէջ տարածուած էր նաեւ «վատօդութիւն» անունով: Ապաքինելէն ետք Կոմիտաս Երուանդ Տէր-Մինասեանին հետ վերջինիս հայրենի գիւղին մէջ մնացած է մօտ եօթը շաբաթ եւ յուշագրութեան այս հատուածին մէջ Տէր-Մինասեան կը նկարագրէ իրենց օրերուն շարունակութիւնը: Երուանդ Տէր-Մինասեանի՝ արեւելահայերէնով շարադրուած յուշագրութենէն այդ հատուածը նոյնպէս, արեւմտահայերէնի վերածելով, կը թուայնացնենք իր յուշագրութեան գիրքէն:
Փաստօրէն, Հառիճի մէջ անցուցած օրերը ճակատագրական եղան Կոմիտասի համար. ան հոն հաւաքած եւ գրի առած է երեսունէ աւելի երգ, եւ ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու, առաջին մեծ երգչախումբը Կոմիտաս կազմած է նոյնինք՝ Հառիճավանքին մէջ:
*
Այդ տարուան Վարդավառին էր, որ Կոմիտաս, գանած զուռնայի զիլ եւ տհաճ ձայնէն եւ ուխտաւորներու անկարգ ու խառնակ տօնախմբութենէն, ուխտաւորները ցրուելէն ետք, ցանկութիւն յայտնեց տեսնել, թէ հայ աղջիկները ինչպէ՛ս կը սկսին եւ կը զարգացնեն իրենց երգն ու պարը: Անոր խնդանքով փոքր եղբայրս՝ Աշոտը, գնաց գիւղ, վանք բերաւ փոքր քոյրս՝ Սոնիկը, իր ընկերուհիներուն հետ, որոնք սկսան ձեւակերպել իրենց երգն ու պարը:
Կոմիտասն ալ մի քանի անգամ յիշուած կտուրին նստած եւ մեզմով շրջապատուած՝ կը ձայնագրէր այդ երգին ու պարին զարգացումը: Կոմիտաս այդ մասին յօդուած գրած է, որ նախ տպուած է «Անահիտ» հանդէսին մէջ, ապա արտատպուած զանազան ժողովածոներու մէջ:
Այդ ամառուան մեր կեանքէն յիշատակութեան արժանի կը նկատեմ նաեւ ծիծաղաշարժ դէպք մը:
Ես Էջմիածին եղած ժամանակ դասաւորած էի, որ վանական կառավարութիւնը մեզի հասանելի գինիէն երկու տակառ (3 եւ 5 դոյլնոց) ղրկէ Ալեքսանդրապոլ՝ Կիւրեղ վրդ. Նաւումեանին: Անկէ ալ խնդրած էի, որ 3 դոյլնոցը վերցնէ իրեն, իսկ 5 դոյլնոցը ղրկէ մեզի՝ Հառիճ:
Ան ստացած էր այդ գինիները եւ իմ խնդրանքին ճիշդ հակառակը կարգադրած՝ 3 դոյլնոցը ղրկած էր մեզի, իսկ 5 դոյլնոցը պահած իրեն: Երբ կատակով հարցուցի անոր պատճառը՝ ան ըսաւ. «Հառիճի մաքուր օդն ու ջուրը վայելէք եւ Էջմիածնի գինի՞ն ալ դուք խմէք: Ուրախ եղէք, որ գոնէ 3 դոյլը ձեզի ղրկած եմ, թէ չէ կրնայի ոչինչ ղրկել ձեզի»:
Որովհետեւ ընթերցողներուն կրնայ հետաքրքրական թուիլ, թէ այդքան գինի մեզի ուրկէ՞, ըսեմ հետեւեալը. Սովորութիւն էր, որ այն ժամանակները վանքի գինետունէն ամէն սովորական վարդապետ ձրիաբար կը ստանար դոյլ մը գինի, իսկ սինոդի անդամ վարդապետներն ու եպիսկոպոսները՝ մէկ ու կէսական դոյլ գինի: Որովհետեւ մենք չորս-հինգ հոգի էինք եւ խմողներ մեր մէջ չկային, այդ պատճառով ամիսներու ընթացքին կը հաւաքուէր մեծ քանակութեամբ գինի, որ մենք կը ղրկէինք մեր բարեկամներուն՝ անոնց հիւրընկալութիւնը որոշ չափով փոխարինելու համար:
Այսպիսով, վերջացաւ 1905 թուականի ամառը եւ Կոմիտաս լիովին առողջացած եւ կազդուրուած, օգոստոս 10-11-ին, հեռացաւ Հառիճավանքէն եւ գնաց իր գործին՝ Ալեքսանդրապոլ, Թիֆլիզ, Էջմիածին: Իսկ ես 15 օր ալ մնացի իմ հայրենիքս եւ ապա օգոստոս 25-ին վերադարձայ Էջմիածին եւ ստանձնեցի իմ պաշտօնս՝ ուսուցչութիւն Գէորգեան ճեմարանի մէջ, որուն տեսուչ կարգուած էր Գարեգին վրդ. Յովսէփեանը՝ Կ. Կոստանեանի եռամեայ տեսչութեան ժամկէտը այդ տարի լրանալուն հետեւանքով:
Մեր ընկերական եւ մտերմական յարաբերութիւնները իրարու հետ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը սերտանային:
1905 թուականի աշունէն սկսեալ մինչեւ 1908-09 ուսումնական տարուան վերջը մենք կ՚ապրէինք հարազատներու նման, որպէս ընտանիքի մը անդամներ, որպէս եղբայրներ:
Բանն այն էր, որ 1905 թուականի յեղափոխութեան պատճառով փակուած էր Էջմիածնի վանքի միաբանական «սեղանատունը», ուր կը ճաշէին եւ կ՚ընթրէին կամ սնունդ կը ստանային Էջմիածնի միաբանները: Կաթողիկոսն ու սինոդը որոշած էին չնչին գումարով մը աւելցնել այդ միաբաններուն ամսականը (կարծեմ 20-25 ռուբլի ամսական) եւ յանձնարարել, որ անոնք իրենք հոգան իրենց սնունդը: Այդ նեղ դրութենէն դուրս գալու համար, մի քանի ճեմարանական վարդապետներ, որոշեցինք միանալ եւ միացեալ ուժերով հոգալ մեր սնունդը:
Այդ վարդապետներն էին՝ Կոմիտաս վարդապետ, Գարեգին վրդ. Յովսէփեան (յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս), Յուսիկ վրդ. Զօհրապեան (յետագային Ռումանիոյ առաջնորդ արքեպիսկոպոս), Կարապետ վրդ. Տէր-Մկրտչեան (յետագային եպիսկոպոս եւ Շամախի թեմի առաջնորդ) եւ տողերս գրող Երուանդ Տէր-Մինասեան:
Խումբին իբրեւ տնտես ընտրուեցայ ես, որպէս ամենաերիտասարդը բոլորին մէջ: Մեր ընդհանուր ճաշերն ու ընթրիքները տեղի կ՚ունենային սկիզբի մէկ-երկու ամիսը Յուսիկ վրդ. Զօհրապեանի բնակարանին մէջ, իսկ յետոյ որոշուեցաւ ատիկա կազմակերպել Կոմիտաս վարդապետի բնակարանը, որ իբրեւ առանձնացած շէնք այդ նպատակին համար աւելի յարմար էր, մանաւանդ, որ անոր տունին առջեւ կար նաեւ փոքրիկ պարտէզ մը՝ հսկայական բարձրորակ տանձենիով:
Յունիսէն սկսեալ մինչեւ հոկտեմբեր հոս մենք կը ճաշէինք եւ կ՚ընթրէինք, իսկ այդ մէկը աւելի կը մտերմացնէր մեզ, որ արդէն շատ մտերիմ էինք, մանաւանդ՝ ինծի ու Կոմիտասը, քանի որ ես իբրեւ տնտես տակաւին որոշ ժամանակ ստիպուած էի միւսներուն երթալէն ետք, մնալ Կոմիտասի մօտ՝ խոհարարին հաշիւները ընդունելու եւ յաջորդ օրը պատուէրներ տալու համար:
Այդպէս ապրեցանք մենք, ինչպէս ըսի, մինչեւ 1908-09 ուսումնական տարուան վերջը, այնուհետեւ ցրուեցաւ իւրաքանչիւրս մէկ կողմ. Կոմիտասը հեռացաւ Էջմիածինէն, անցաւ Կոստանդնուպոլիս եւ Եւրոպա՝ համերգներ կազմակերպելու նպատակով, որ ան կը կատարէր ամենամեծ յաջողութեամբ, ինչպէս կը վկայեն այն ժամանակուայ եւրոպական թերթերուն յօդուածները:
Ես ալ 1910 թուականի սկիզբը հրաժարեցայ հոգեւոր կոչումէն եւ վերջնականապէս հեռացայ Էջմիածինէն: Միւս ընկերներն ալ զանազան պաշտօններով՝ մէկը հեռացաւ Էջմիածինէն, ուրիշ մը մեկուսացաւ: Բայց մեր բոլորին յիշողութեան մէջ անմոռանալի մնացին այդ տարիները, երբ մենք միասին կ՚ապրէինք եւ բոլորիս հոգեկան մեծ հրճուանք ու բաւականութիւն կը պատճառէր Կոմիտասը իր սքանչելի երգերով:
Շաբաթ չէր ըլլար, որ մենք չհաւաքուէինք մեր բարեկամներէն մէկուն տունը, առաւելապէս յաճախ կ՚ըլլայինք բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանին տունը, որուն ընտանիքին անկեղծ հիւրասիրութիւնը Կոմիտասի երգերուն հետ մեր ամենամեծ մխիթարութիւնն էր մեր մեկուսացած եւ արտաքին աշխարհէն կտրուած կեանքին մէջ: Ես ոչ մէկ դէպք կը յիշեմ, որ Կոմիտասը հրաժարէր մէկու մը խնդրանքը կատարելէ եւ որեւէ երգ երգելէ:
Իր երգը լսել փափաքողէն ան միայն մէկ պահանջք ունէր. «Երկու կոպեկ տո՛ւր, երգեմ» եւ մինչեւ այդ «երկու կոպեկը» չառնէր, չէր երգեր: Ատոր համար ալ մենք երկու կոպեկնոցները չէինք ծախսեր ոչ մէկ պարագայի, այլ կը պահէինք, որպէսզի կարենայինք Կոմիտասի պահանջքը կատարել եւ անոր երգին «վարձատրութիւնը» տալ: Ինչո՞ւ անպատճառ երկու կոպեկնոց դրամ կը պահանջէր Կոմիտասը, մինչեւ վերջ ալ մեզի համար հանելուկ մնաց:
Այսպէս մնաց Կոմիտասի պայծառ կերպարը բոլորիս՝ անոր մտերիմ ընկերներուն յիշողութեան մէջ եւ երբեք պիտի չջնջուի:
Կոմիտասը վերջին անգամ տեսայ 1913 թուականի ամրան, երբ ընտանիքով Ղարաքիլիսա (այժմեան Կիրովական) ամայանոց գացած էի, ան եկաւ հոն մեզ վերջին անգամ տեսնելու եւ մնաք բարով ըսելու:
Կոմիտաս եկած էր այդ ամառ Էջմիածին, կ՚ըսեն՝ հոն մնալու մտադրութեամբ, եթէ նպաստաւոր ընդունելութիւն գտնէր, բայց ժամանակի կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցը ոչ միայն շատ անտարբեր ընդունած էր զայն, այլեւ վիրաւորական ձեւով հարցուցած էր. «Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկած ես, ե՞րբ պիտի երթաս», որմէ Կոմիտաս վիրաւորուած պատասխանած էր. «Այսօր եկած եմ, վաղը պիտի երթամե...»: Եւ այսպէս, Կոմիտաս վերջնականապէս հեռացաւ մեզմէ:
Վրայ հասաւ 1914 թուականի համաշխարհային մեծ պատերազմը, աքսորական մտաւորականներուն մէջ էր նաեւ Կոմիտասը: Անյայտ պատճառով աքսորէն ետ կը բերուի Կոմիտաս, բայց արդէն ուշ էր. ան կորսնցուցած էր իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ այլեւս ոչինչ օգնեց անոր, նոյնիսկ Փարիզի հռչակաւոր հոգեբուժարանը, ուր Կոմիտաս կնքեց իր մահկանացուն 1935 թուականին:
Սակայն Կոմիտաս կը պատկանէր Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:
Ներգաղթող հայերը անոր դին 1936 թուականին Փարիզէն բերին եւ ամփոփեցին մայր հողին մէջ՝ Երեւանի իր անունը կրող պուրակին մէջ, ուր թաղուած են հայ նշանաւորագոյն մտաւորականները՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեանէն սկսեալ:
Այդ տխուր արարողութեան միջոցին ամպամած երկինքէն մանրամաղ անձրեւ կը տեղար հանդիսականներուս եւ Կոմիտասի թարմ շիրիմին վրայ, իսկ Հայկանոյշ Դանիէլեանը իր քաղցրահունչ ձայնով կ՚երգէր, որպէս մեղմօրօր շարական «Անձրեւն եկաւ շաղալէն» կոմիտասեան ժողովրդական երգը:
Քանի կ՚ապրի հայ ժողովուրդը, չի մոռցուիր նաեւ անմահ երգիչ Կոմիտասի պայծառ անունը:
*
ԿՈՄԻՏԱՍ ՀԱՌԻՃԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Կոմիտասի խնդրանքով գիւղի հարսերն ու աղջիկները կը հաւաքուին վանքին բակը: Այդ պահուն մասին Կոմիտաս իր յօդուածին մէջ գրած է. «Այժմ սկսանք հայրենի սրտալի երգեր լսել եւ հարազատ ուխտ ընել: Ես արդէն թուղթն ու մատիտը պատրաստ, դուրս եկած էի շինութեան սալայատակ տանիքը եւ կը սպասէի անոնց գալուն: Այս անգամ ներկայ էի ճիշդ սկիզբէն. ուրիշ անգամներ կարելի չէր ըլլար, որովհետեւ պար բռնելը կը սկսին գիշերով, իսկ ես կը հասնէի եւ պատրաստ երգերը կը լսէի: Տեսայ եւ զգացի, թէ որքան սխալած եմ»:
Կոմիտաս վանքին բակը ականատես կ՚ըլլայ պարի սկզբնաւորման, զարգացման ու աւարտին, ապա կը մօտենայ պարողներուն եւ կը խնդրէ երգել առաջին խաղը վերջին պարագլուխին եղանակով: «Երբ ինքս արծարծեցի եւ յիշեցնել կամեցայ իւրաքանչիւր նախկին պարագլուխին երգածը, ամենեւին կարեւորութիւն չտուին սեփական ստեղծագործութեան, քանի որ գիւղին առաջին երգչուհին իր ոլորուն ձայնով ու բնատուր ձիրքով, գեղարուեստական ամփոփ արտայայտութիւն մը տուած էր բոլորին թոթովանքին: Առարկեցին, թէ «Ատոնք լաւ չեն»: Մինչեւ նոյնիսկ կը զարմանային, որ «խաղ ըսող վարդապետ» մը չնչին բաներու ետեւէն է»:
Այդ օրը Կոմիտասը գրի առած է 34 նոր երգ, որոնց մէջ է նաեւ «Աման Թէլօ, Թէլօ ճան» երգը:
(Հատուած)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024