ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐ ԸՆԹՐԻՔԸ «Ա.»

Տղամարդը հաւաքեց չոր փայտերը, դրաւ իրարու վրայ ու վառեց կրակը: Երկինքը կը կլանէր կայծերը եւ ետ չէր տար: Երկինքը սովոր էր ամէն բան առնել-տանելու: Ուզեց լալ, սակայն զգաց, որ աչքերը չոր են: Նորէն փորձեց, նորէն չստացուեցաւ: Զայրացաւ ինքզինքին, որ չի կրնար մարդու պէս լալ: Սիրտը լեցուն էր, սակայն ներսի բոլոր դռները գոց էին: Արցունքը մնացած էր ներսը, լճացած ու մնացած էր: Երանի հնար մը ըլլար բանալու ներսի բոլոր դռները, փախչելու, ազատելու... Ներսը ո՛չ շարժուելու տեղ կար, ո՛չ քալելու, ո՛չ ապրելու: Գուցէ ինքը մահացա՞ծ է, գուցէ այս իր ուրուակա՞նն է: Շօշափեց ինքզինքը՝ տեղն էր: Աչքերը շօշափեց, տեղն էին, չոր էին: Կրակի բոցերը նուազած էին, այրող ու թէժ ածուխներ մնացած էին կրակարանի վրայ: Կանգնեցաւ, մտաւ տուն, բացաւ սառնարանը ու հանեց խորովածի համար նախատեսած ձուկերը, որոնք երէկ Թարթառ գետէն որսացած էր որդիին հետ.

-Ի՞նչ կ՚ընես,- կնոջ ձայնէն սառեցաւ թիկունքը:

-Խորոված:

-Հա՛, խորոված:

-Տղամարդը յառաջացաւ:

Կնոջ աչքերուն մէջ արտացոլուեցան կրակի հալող ածուխները, աչքերը կ՚այրէին: Տղամարդը կը տեսնէր կնոջ այրող աչքերը ու կը զգար, թէ ինչպէս կ՚այրի անոր ներսը:

-Երջանկութիւնը այնքան դիւրին բան մըն էր, իսկ ես չէի գիտեր,- ըսաւ կիսաձայն,- երջանկութեան համար կը բաւէր կարթ մը առնել ու հասնիլ գետեզր: Ականջներդ լեցնել Թարթառի վշշոցով, ընդարմանալ վշշոցէն, նետել կարթը եւ սպասել կարմրախայտերուն: Ախր, ես ինչո՞ւ չէի հասկնար մինչեւ հիմա...

-Որչա՞փ ժամանակ ունինք,- կինը փախցուց հայեացքը:

-Գիւղապետը ըսաւ՝ քսանչորս ժամ:

-Է՜հ, ինչո՞ւ կը ձգձգես, ի՞նչ խորոված, տղաքը մեղք են, աճապարէ՛:

-Դուրսը պիտի ընթրենք, որ լաւ տեսնենք տունը: Կանչէ երեխաները:

-Գուցէ՞ խնայես մեզ:

-Երանի ես ըլլայի խնայողը:

Կինը սրբեց աչքերը: Արցունքը տաք էր, այրեց դէմքը, յետոյ ձեռքերը, միտքը, ամէն բան:

Հինգ տարեկան աղջիկը եւ տասնչորս տարեկան տղան վազեցին դուրս: Վազելով երկու պտոյտ կատարեցին տունին շուրջ: Աննան չէր յիշեր տան շինարարութիւնը, սակայն այնքան պատկերաւոր միշտ կը պատմուէր, որ անոր կը թուէր՝ ինքն ալ կը յիշէր: Կարոն մէկ-մէկ գիտէր հօրը օգնող վարպետներու անունները, անոնց ընտանիքի պարագաներու անունները, ծննդեան օրերը: Օր մը հօրը վրդովեցուց վարպետներու դանդաղկոտութիւնը եւ որոշեց պահել աշխատավարձերը: Յետոյ, երբ անցաւ բարկութիւնը, այդպէս չվարուեցաւ, քանզի վարպետ Գէորգը ունէր տասն երեխայ ու տունի հոգը իր ուսերուն վրայ՝ կ՚երթար կու գար: Աշոտն ալ, որ վարպետի օգնականն էր, տակաւին պատանի մըն էր, շաբաթ-կիրակի օրերը կու գար աշխատելու, իսկ շաբթուն միւս օրերը կ՚ուսանէր քաղաքի մէջ: Կ՚աշխատէր, որպէսզի վճարէր ուսման վարձը:

Կարոն լաւ կը յիշէր, թէ ինչպէս օր մը հայրը զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Զոհուածի տղայ է, թող պահէ գլուխը»: Ինքը երբեք լաւ չէր հասկցած, թէ «զոհուածի տղան» ինչ է եւ չէր ալ համարձակած այդ մասին հարցնել հօրը: Հիմա, երբ պատերազմը նոր աւարտեցաւ, ան բոլորէն լաւ գիտէ «զոհուածի տղան» ինչ է, քանզի իր ընկերներու մէջ չորս-հոգի կան այդպիսիք: Որովհետեւ անոնք տակաւին չեն հասցուցած թաղել իրենց հայրերու կորած մարմինները, սակայն, մէկ է, զանոնք այլեւս կ՚անուանեն այդպէս: Մայրը օր մը անոր ըսած էր, որ անոնց քովը «հայրիկ» չըսէ: Իր հօր մասին չխօսի, հայրիկին չհեռաձայնէ: Տեսնես ինչո՞ւ է այդպէս՝ պատերազմները միշտ կու գան հայրիկներու ետեւէն, կը տանին եւ այլեւս ետ չեն բերեր... Ամչցաւ, որ ինքը հայր ունի, իսկ ընկերները՝ ոչ: Ախր, հայր ունենալը լաւ բան մըն է...

Տան շինարարութիւնը յատուկ արարողութիւն մըն էր: Ամէն անգամ մայրը տոլմայ կ՚եփէր, որպէսզի վարպետներու համար ճաշ տանին, արցախցիի սովորոյթ մըն է՝ վարպետի փորը պէտք է կուշտ ըլլայ, որպէսզի գործը վերջանայ: Ինքն ալ կը սիրէր ճաշել վարպետներու հետ, մտիկ ընել հօր կողմէ հնչեցուած բաժակաճառերը: Կենաց մը կար, զոր հայրը կը խմէր միշտ. «Այս ալ այս օրը մեզ պարգեւողներու կենացը»: Այդ կենացէն յետոյ բոլորը ոտքի կ՚ելլէին ու լուռ կը դատարկէին բաժակները: Ապա հասկցաւ, որ հայրը այդ կենացը միայն վարպետներու հետ ճաշած ատեն չէր խմեր, բոլոր միջոցառումներուն, բոլոր հացկերոյթներուն պարտադիր կը խմէր այդ կենացը, պարտադիր բոլորը ոտքի կ՚ելլէին:

Աւելի վերջ իմացաւ՝ այդ կենացը բոլորը կը խմեն՝ բոլոր հացկերոյթներու ժամանակ: Հիմա, երբ այս նոր պատերազմը նոր աւարտեցաւ, ան այլեւս կը հասկնայ, թէ որու մասին էին այդ կենացները: Այսուհետեւ ինքն ալ պէտք է խմէ այդ կենացը։ Կենացը նոյնը մնացած է, հասցէատէրերն են շատցած...

•շարունակելի…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2023