ՀԱՐԻՒՐ ՀԱՏ ՄՈՄ
Մութ ամպեր պատեր են երկինքը
Կապարի ծանրութիւն՝ օդին մէջ
Քաղաքին մէջ ցաւեր կը տողանցեն
Սուսերի մը շեղբը կը ծակէ կռնակս
Ցաւ չէ… վի՞շտ, մորմո՞ք, անունը չեմ գիտեր։
Շէնքերուն վրայ սառած ժպիտներ կան.
Արեւներ չեն ծագիր, սերունդներ չեն ծնիր.
Աղաղակ…
Օդը սեւ - մոխրագոյն
Կ՚իջնէ հոգիիս խորը։
Այս խորութիւնը կը փրկուի եկեղեցիին մէջ
Աղօթք, խունկ եւ շարական…
Օրը պիտի ծագի
Մոմ մը պիտի վառեմ Աստուածամօր դիմաց
Ծնկաչոք եւ գլխիկոր պիտի պաղատիմ
Ուժ պիտի աղաչեմ։
Յիսուս մանուկը կը ժպտի մօրը գիրկէն
Սեւ ամպեր կը փարատին հոգիիս խորունկէն
Եւ փա՜ռք, փա՜ռք Տիրոջ որ մոմ մը կը վառեմ
Գացածներուն, մնացածներուն, եկուորներուն…
Կը հաշուեմ աւազին վրայ
Պսպղուն աստղերու ճառագայթներով մոմեր -
քովէ քով դիզուած
Եւ… հարիւրերորդ մոմը կը զետեղեմ։
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ