ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Փեքինի մէջ, Չինաստան, վերջերս տեղի ունեցաւ Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան նուիրուած «Ամբողջ աշխարհի երախաներու բարեկամութիւնը» խորագեալ մանուկներու նկարներու միջազգային ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին աւելի քան հինգ հարիւր մանկական աշխատանքներ, որոնք կ՚արծարծէին բարեկամութիւն եւ խաղաղութիւն, պայծառ ապագան ու բոլոր մանուկներու երջանիկ ու անհոգ մանկութիւնը:
Ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ Երեւանէն փոքրիկն Մարինէն, որուն աշխատանքը նկատուեցաւ լաւագոյնը՝ դառնալով ցուցահանդէսի խորհրդանիշը: Ան ներկայացուցած էր աշխարհի ազգային դրօշները՝ որպէս հաստաբուն ծառի տերեւներ, որուն շուրջ կը պարէին տարբեր ազգերու պատկանող երախաներ:
Միւս կողմէ, նախաձեռնութեամբ Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Փեքինի «Ճինթայ» արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանցի գեղանկարիչ Ալեքսանտր Դերոյեանի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Ս. Մանասարեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան տարիներու անցած ճանապարհը՝ կարեւոր նկատելով երկու երկրներուն միջեւ մշակութային փոխհամագործակցութիւնը: Դեսպանը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկները առիթ են չին արուեստասէր հասարակութեան ներկայացնելու հայկական գեղարուեստը