Ո՞Վ Է ՀԱՅԸ - Ա.

Հայոց պատմութեան առաջին դասաժամէն տպաւորուած, տասնամեայ Հայկը ընթրիքէն վերջ, երբ այլեւս կը պատրաստուէր քնանալու հարցուց իր հայրիկին.

-Հայրիկ, ո՞վ է հայը:

-Հայը աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մին է: Մենք՝ հայերս, սերունդն ենք Հայկ նահապետի, զոր Քրիստոնէութիւնը ընդունած էր նախքան Տիրոջ որդիի՝ Յիսուս Քրիստոսի լոյս աշխարհ գալը:

-Այդ ինչպէ՞ս...

-Հարցումդ ու զարմանքդ տեղին է որդիս: Յիրաւի, Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը՝ որպէս պետական կրօն, ընդունուեցաւ Քրիստոսէ վերջ 301 թուականին: Իսկ մինչ այդ, հազարամեակներ առաջ Հայկ նահապետը ընդունած է միաստուածութեան գաղափարը:

-Իսկ ո՞վ է Հայկը:

-Մեր ու մեր երկրի անունները կը ծագին Հայկ նահապետէն՝ հայ ու Հայաստան: Հայկ նահապետը ծոռն էր Նոյ նահապետի, թոռը՝ Յաբեթի եւ որդին՝ Թորգոմի:

-Այսինքն, մենք ժառա՞նգն ենք Նոյ նահապետի: Այն նոյն Նոյի, երբ Աստուած պահ մը բարկանալով համայն մարդկութեան վրայ, ջրհեղեղով պատժեց վերջիններս եւ միայն փրկեց արդար Նոյ նահապետը իր գերդաստանով:

-Փաստօրէն, այո:

-Հայրիկ, իսկ ճի՞շդ է, որ Նոյեան տապանը կանգ առաւ Արարատի գագաթին:

-Անշուշտ: Նոյ նահապետը իջաւ Արարատեան լեռներէն եւ այդ տարածքը կոչեց Նախիջեւան՝ նախնական իջեւանատեղի, առաջին կանգառ, այնտեղ ան Տիրոջ համար կառուցեց Ս. Սեղան եւ կատարեց առաջին գոհաբանական զոհաբերութիւնը՝ մատաղը: Իբր այդ, Արարատեան դաշտէն սկսաւ բազմանալ մարդկութիւնը: Այնուհետեւ, բազմութեան պատճառաւ մարդկութեան մէկ մասը իջաւ դէպի Սենաարի դաշտ՝ Միջագետք (կը գտնուի այսօրուայ Իրաքի տարածքին մէջ), իսկ Նոյը, իւր որդիներու, թոռներու եւ այլ բազմութեան հետ շարունակեցին մնալ Արարատեան երկրի մէջ:

-Հայկ եւ Բել: Հայկը բարին է, իսկ Բելը չարը: Ո՞վ է Բելը, ուրկէ՞ եկաւ եւ ինչ կապակցութիւն ունի Հայկի հետ,- խորասուզուելով հետաքրքրական զրոյցի մէջ փոքրիկ Հայկը շարունակեց իր հարցերու շարանը:

-Բելը Նոյ նահապետի թոռն է, Քամին՝ որդին: Բելը (Նեմրութ), մարդկութեան մի մասի հետ իջնելով Սենաարի դաշտ, այստեղ հզօրացաւ, ստեղծեց հսկայ բանակ մը եւ ինքզինքը հռչակեց համաշխարհային տիրակալ:

Անոր տիրապետութեան տակ կը բնակէր նաեւ Տիտանեան ցեղէն հսկայ Հայկ նահապետը: Հայկը չյօժարեցաւ Բելի վարմունքին: Վերցուց իր երեք հարիւր հարազատները ու յայտարարեց, որ կը վերադառնայ հայրերու (հարանց) երկիր, ուր կը շարունակէին ապրիլ Նոյը, Սեմը, Թորգոմը, Յաբեթը եւ այլք:

Իր այս որոշումէվ Հայկ նահապետը չկամեցաւ մասնակից դառնալ Բելի հակաաստուածային չար ծրագիրներուն:

Ի դէպ որդիս, կ՚ուզէի գիտնաս, որ այդտեղ սկսան կառուցել Բաբելոնի յայտնի աշտարակը: Կը փորձեն զայն հնարաւորինս բարձր կառուցել, որպէսզի կրկին ջրհեղեղ ըլլալու պարագային կարենային անոր վրայ ապաստան գտնել: Սակայն, գիտնալով նաեւ Նոյ նահապետի հետ ծիածանի միջոցաւ Աստուծոյ կնքած ուխտի մասին, թէ Տէրը այլեւս ջրհեղեղով պիտի չպատժէ մարդկութիւնը, աշտարակը կը կառուցէին թրծած հրակայուն աղիւսներէ, միամիտ յոյս ունենալով, որ կրնան խուսափիլ Տիրոջ՝ այս անգամ հրոյ պատիժէն:

-Հայկի անհնազանդութիւնն ալ պատճառ դարձաւ Բելի հետ ընդհարմա՞ն:

-Այո: Զայրոյթով լեցուած Բելը տասն հազարնոց զօրքով սկսաւ հետապնդել Հայկ նահապետը եւ անոր հետ գտնուող երեք հարիւր հոգին, որոնց գրեթէ կէսը կիներ էին: Ճակատամարտի ժամանակ հսկայ Հայկը լայնալիճ իր աղեղէն արձակած եռաթեւ նետով խոցեց ու տապալեց Բելը, որու հետեւանքով ալ Բելի բանակը մատնուեցաւ խուճապի ու պարտուեցաւ: Այսպիսով Հայկ նահապետը չկամեցաւ մասնակից դառնալ Սենաարի երկրի բնակիչներու եւ Բելի չար ծրագրերուն, որոշեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ եւ իր փոքրաթիւ գերդաստանով քաջաբար մարտի ելաւ յանուն արդար ու սուրբ գործի, որով իսկ դարձաւ չարայաղթ: Վաստակեց Աստուծոյ քաջարի մարտիկի մը անուն՝ միշտ պատրաստ ըլլալով ընդհուպ նահատակութեան:

Փաստօրէն՝ Հայկ նահապետ տապալեց ու ջախջախեց համաշխարհային տիրակալը, առաջին համաշխարհայնացած տիրակալութիւնը, Նեռի նախատիպին:

-Հայրիկ, շնորհակալ եմ զիս ի պատիւ Հայկ նահապետի կոչելու համար: Այսուհետեւ ես իմ անունը կը սիրեմ ա՛լ աւելի շատ: Ինչպէս նաեւ կը խոստանամ ըլլալ Հայկ նահապետի պէս ուժեղ, ազնիւ ու առաքինի:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021