ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵՆԴԱՆԻ ՏԱՊԱՆԱԿԸ

«Կենդանի տապանակ կտակարանաց նորոյ ուխտիս,
որով ելք յերկիր աւետեաց հորդեալ Հոգւով ի քեզ
տպաւորեալ Բանին. վասն որոյ ամենեքեան զքեզ միշտ մեծացուցանեմք»:
«Նոր Ուխտի գիրքերուն ո՜վ կենդանի տապանակ.
Հոգիին կողմէ քու մէջդ մարմնացած
Բանը քեզմո՛վ էր որ ճամբայ պատրաստեց դէպի խոստացուած երկիրը.
ուստի բոլորս անդադար կը փառաբանենք քեզ»:
Շարական

Այսօրուան մեր սիւնակով սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոսի մէկ քարոզը, խօսուած Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով:

Գեղեցիկ շարականի մը իմաստալից այս բառերն ու տողերը այսօր, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, անգամ մը եւս մեր առջեւ կը բանան այն մեծ խորհուրդը, որ կ՚ընդգրկէ Աստուծոյ ծրագիրը ամբողջ՝ իր անցեալ պատկերով, իր ներկայ եւ շարունակական խորհուրդով, եւ մանաւանդ՝ իր գալիք, ապագայի պատկերացումով: Աստուածամայրը այնտեղ՝ այս բառերուն մէջ կը ներկայացուի այնքա՜ն գեղեցիկ կերպով, իբրեւ Տապանակը, Տապանակը Ուխտին: Ո՛չ այն հին Ուխտին, որ Աստուած կնքեց իր ժողովուրդին հետ, եւ ժամանակաւոր բնոյթ մը տուաւ անոր, այն Տապանակին՝ որ պիտի հաստատուէր Վկայութեան Խորանին մէջ, կամ յետոյ՝ արդէն քարակերտ Տաճարին, որպէսզի իր մէջ բովանդակէ աստուածային հաւատքի կապուածութեան ամենէն կարեւոր երեք խորհրդանիշները. այլ՝ պիտի դառնար Տապանակը Նո՛ր Ուխտին, այն Ուխտին՝ որուն խոստումը բազմիցս տուաւ Աստուած Հին Կտակարանի էջերուն, եւ որ պիտի կատարուէր, որուն սպասումովը ապրեցաւ Աստուծոյ կանչուած այդ ժողովուրդը, եւ որ օր մը դարձաւ իրականութիւն՝ երբ Երեմիա մարգարէին բառերով՝ «Աստուած երկրի վրայ երեւցաւ եւ մեր միջեւ ապրեցաւ»:

Նոր Ուխտին Տապանակը:

1.- Աստուածամայրը՝ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ կենդանի Տապանակը:

Եւ այդ Տապանակը առաջին հերթին Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցիին պատկերացումն է: Որովհետեւ, Տապանակը անցեալին, դրուած հին Տաճարի Սրբութիւն Սրբութեանց բաժինին մէջ, միայն փայտ եւ կառոյց չէր: Անոր մէջ կային երեք կարեւոր խորհրդանիշներ.-

ա.- Առաջին հերթին Մովսէս Աստուծոյ իսկ հրամանով անոր մէջ դրաւ Տասնաբանեայ Պատուիրաններու զոյգ քարէ տախտակները, որոնք Աստուծոյ իսկ մատով փորագրուած էին, եւ ամբողջ Օրէնքին խտացումը կու տային իր ժողովուրդին, իբրեւ հիմնական ուղեցոյց աստուածպաշտութեան եւ բարոյական վարքագիծի:

բ.- Երկրորդ, Մովսէս ինք իր ձեռքով դարձեալ անոր մէջ դրաւ այն մանանան, որմէ ճաշակեց Եբրայեցի ժողովուրդը անապատի դառն օրերու իր փորձառութեան մէջ, երբ անօթութիւնը սկսաւ զինք տանջել, երբ սկսաւ փնտռել այն հանգստութիւնները որ ունէր անցեալին՝ Եգիպտոսի մէջ, երբ ստրկութեան դառն լուծին տակ կ՚ապրէր, բայց միաժամանակ այդ ստրկութեան մէջ իրենց կաթսաները լեցուն էին ուտելիքով: Եւ հիմա որ Աստուած ազատութիւն պարգեւած էր իրենց, ազատութեան մէջ՝ չէին ուզեր այդ ազատութեան բերած նեղութիւնները կրել: Աստուած երկնայի՛ն Հաց պարգեւեց իրենց. երկինքէն մանանան տեղացուց, «Հրեշտակներուն Հացը», ինչպէս պիտի ըսէր Սաղմոսագիրը (Սղ 78.24), եւ այդ հացով ուզեց կշտացնել զանոնք ժամանակաւորապէս, բայց իբրեւ խորհրդանիշ ա՛յն Մանանային՝ որ ապագային պիտի տար անոնց:

գ.- Իսկ երրորդ խորհրդանիշը, որ պիտի դրուէր այդ Ուխտի Տապանակին մէջ, Ահարոն քահանայապետին ծաղկած գաւազանն էր: Աստուծոյ կողմէ բացառապէս ծաղկած՝ իբրեւ վկայութիւն այն հեղինակութեան, այն իշխանութեան, այն իրաւասութեան, որ մարդոցմէ տրուած չէր, որ Ահարոնի կողմէ իր սեփական իշխանութեամբը յափշտակուած չէր, այլ՝ պարգեւուած Աստուծոյ կողմէ՝ իբրեւ բացառիկ պարգեւ, եւ դարձեալ իբրեւ աստուածային ապագայ քահանայութեան խորհրդանիշ:

Տիրամայր Սուրբ Աստուածածինը Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցւոյ համար եղաւ կենդանի՛ Տապանակ: Որովհետեւ՝ բոլոր այն խորհրդանիշները, որոնք անցեալին տրուեր էին, իրականութիւն դարձան Քրիստոսով: Քրիստոսի փրկագործական ամբողջ կեանքը դարձաւ պատկերացումը եւ կատարումը աստուածային խոստումներուն, եւ Մարիամի ընդմէջէն Աստուած աշխարհին պարգեւեց նախ՝ նո՛ր Օրէնքը, որ պիտի գար փոխարինելու Մովսիսական հին Օրէնքը, տալով այդ Օրէնքին մէջ հիմնակա՛ն երեսները, գաղտնի՛քը Օրէնքին, նոյնինքն ներքին ըմբռնումը եւ ճանաչումը այդ Օրէնքին: Երկրորդ, պարգեւելով իսկակա՛ն Մանանան. այն Մանանան՝ որ ուտողը այլեւս մահ պիտի չճանչնար՝ յաւիտենական մահուամբ: Այս աշխարհի օրերուն անոնք, որոնք ճաշակեցին այն անապատի մանանայէն՝ դարձեալ մեռան, որովհետեւ հողեղէն կեանքի մը մէջ՝ աստուածային պարգեւներուն միայն խորհրդանիշը տեսան եւ ճանչցան՝ հեռուէն. բայց Քրիստոս Ինք իբրեւ Աստուծմէ իջած կենդանի Հացը՝ աշխարհին պարգեւուեցաւ Մարիամի կողմէ, Մարիամի ծննդաբերութեամբ, եւ այդ Հացը, Երկնային Հացը, անմահութեան Մանանան, պարգեւուեցաւ աշխարհին եւ կը պարգեւուի շարունակաբար մեզի, որպէսզի անկէ ճաշակողներս երբեք մահ չճանչնանք Աստուծոյ համար: Եւ, ի վերջոյ, անո՛վ էր որ Աստուած աշխարհին պարգեւեց նո՛ր Քահանայութիւնը: Ո՛չ այն հին քահանայութիւնը, որ տրուած էր քահանայական սերունդի մը իբրեւ ժառանգութիւն, բայց որ մնայուն եւ յաւիտենական քահանայութեան հետ կապ չունէր, միայն անոր աղօտ պատկերն էր, ստուե՛րը, շո՛ւքը այն գալիք իրականութեան, որ Աստուած պիտի պարգեւէր աշխարհին՝ դարձեալ Մարիամ Աստուածածնին ընդմէջէն:

2.- Աստուածամայրը՝ սկիզբ փրկութեան եւ Կեանքի:

Եւ Մարիամ ասով եղաւ՝ սկիզբը մեր փրկութեան, սկիզբը յաւիտենական կեանքին՝ մեզի պարգեւուած: Ճիշդ է, որ ինք չպարգեւե՛ց մեզի. Աստուած ի՛նք պարգեւեց: Բայց Աստուած եկաւ իրմէ մարմին առնելու, այդ մարմնով երեւելու մեզի, ապրելու մեզի հետ, եւ մահը յաղթահարելով՝ կենդանացնելո՛ւ մեզ, անմահութեա՛ն սահմանելու բոլորս, եւ պարգեւելու տակաւին այն՝ որուն ծարաւը ունէր աշխարհը, եւ մանաւանդ հաւատացեալ աշխարհը:

Որովհետեւ՝

ա.- Մարիամ ինք մեզի ընծայեց Աստուծոյ իսկական ներկայութիւնը եւ բնակութիւնը. այն ներկայութիւնը եւ բնակութիւնը, որ Աստուած խոստացեր էր տալ իր ժողովուրդին, գալու եւ մնալո՛ւ անոնց մէջ, գալու եւ տեւականօրէն ըլլալու անբաժա՛ն անոնցմէ: Եւ առաջին հերթին Մարիամ ի՛նք եղաւ այդ տաղաւարը, այդ Տապանակը, որուն մէջ Աստուած եկաւ ընդմիշտ հանգչելու, բնակելու, եւ այդ բնակութեան մնայուն խոստումը պարգեւելու մեզի:

բ.- Մարիամ եղաւ այն Տապանակը, որուն մէջէն Աստուած իր թանձրական խօսքը ընծայեց: Ինչպէս Հին Կտակարանի Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն քարէ այդ տախտակները, նոյնպէս ալ Աստուծոյ Բա՛նը, Աստուծոյ Խօսքը, Մարիամ Աստուածամօրմէն մարմին առաւ, գալու եւ մեր մէջ խօսելու համար Աստուծոյ բերնով, տալու համար մեզի Աստուծոյ շունչը, եւ մեզ շնչաւորելու անով, այդ խօսքին ճշմարտականութիւնը, այդ խօսքին վկայութիւնը դրոշմելու համար՝ ո՛չ թէ այլեւս քարէ տախտակներու վրայ, եւ ո՛չ ալ միայն թուղթի ու մագաղաթի վրայ, այլ՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալ պիտի ըսէր՝ մեր սրտի՛ տախտակներուն վրայ, որպէսզի մեր սրտերէն, մեր մտքերէն այլեւս անջնջելի´ մնայ անիկա: Եւ Մարիամ ինքը եղաւ այդ կենդանի Տապանակը եւ կենդանի տախտակը, որուն վրայ առաջին հերթին գրուեցաւ կեանքի այդ պատգամը եւ կեանքի խոստումը:

գ.- Ի վերջոյ, Մարիամի ընդմէջէն, որ Տապանակ եղաւ, Աստուած միջնորդութիւն մը շնորհեց աշխարհին: Այնպէս ինչպէս Հին Կտակարանի Ուխտի Տապանակը միաժամանակ այն վայրն էր, որուն առջեւ տարին անգամ մը Քահանահայապետը կու գար ընծայելու քաւութեան զոհերը, անոնցմով իր ժողովուրդի ամբողջութեան մեղքերուն քաւութիւնը յայտարարելու, Մարիամ իրմով ընծայեց ա՛յն Քաւութիւնը, որ Աստուած մեզի տուաւ ե՛ւ իբրեւ զոհ, ե՛ւ իբրեւ պատարագ, ե՛ւ իբրեւ ընծայում Աստուծոյ, եւ անով՝ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն քաւութիւն շնորհեց:

Եւ այսօր, երբ մենք Աստուածամօր վերափոխման տօնը կը կատարենք, տօնին ընդմէջէն այս տաղաւարը՝ կենդանի Տապանակը ինք մեզի կու գայ յիշեցնելու երկու կարեւոր ճշմարտութիւններ.-

3.- Աստուածամօր վերափոխումը՝ դէպի Աւետեաց Երկիր մեր ելքին կամ ճանապարհորդութեան օրինակը:

Ինչպէս Հին Ուխտի Տապանակը առաջնո՛րդը եղաւ իր ժողովուրդին, որ ստրկութեան երկրէն՝ Եգիպտոսէն ելած՝ դէպի ազատութիւն եւ դէպի խոստացուած երկիր կը քալէր, այնպէս նաեւ Մարիամ ինքը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եղաւ առաջինը, այն Տապանակը՝ որ ամբողջ Եկեղեցիին առջեւէն քալեց, զայն առաջնորդելու համար դէպի Աստուծոյ կողմէ մեզի խոստացուած իսկական, յաւիտենական կեանքը:

Ինք՝ որ երեք տարեկանէն սկսեալ ինքզինք նուիրած էր Աստուծոյ Տաճարին, յետոյ եղաւ բնակարա՛նը նոյն այդ Տաճարին, իր ննջումէն ետք կարծէք դարձեա՛լ դարձաւ նոյն այդ Տապանակին օրինակը: Արդարեւ, երբ մահուամբ այս աշխարհին փակեց իր կեանքը, առաքեալները իրենք իրենց ուսերուն առած՝ զայն տարին մինչեւ իրեն համար սահմանուած հանգստարանը. բայց միայն երեք օրերու համար, ինչպէս իր կենսագրութեան ծանօթ բոլորդ գիտէք. երեք օրեր հրեշտակներ անդադար փառաբանութիւն երգեցին, եւ երեք օրեր ետք՝ Աստուածորդին ինք անոր մարմինը առաւ եւ հրեշտակներու ձեռքով տարաւ հանգչեցնելու այս անգամ երկնային օթեւաններուն մէջ. ա՛յն խոստացուած երկրին, դէպի ուր կ՚ընթանայ ամէն մէկ հաւատացեալ Քրիստոսի: Եւ ատով առաջին հերթին Մարիամ Աստուածամայր եղաւ եւ է ամէն մէկուս համար՝ նոյն կենդանի Տապանակը, որ մեր ուղեցոյցն է եւ մեր օրինակը: Այնպէս ինչպէս ինք այս աշխարհի վրայ դրուեցաւ իր հանգստավայրը, բայց իր հոգիով նախ իր Որդիին ձեռամբ գնաց անմիջապէս միանալու երկնայինին, այնպէս ալ մենք՝ մեր մահուընէն անմիջապէս ետք կը միանանք Աստուծոյ, մեր հոգիով, մեր հոգեւոր գոյութեամբը կ՚երթանք միանալու Աստուծոյ, եւ այն ժամանակ՝ երբ մեռելներու յարութեան փառաւոր եւ երջանիկ օրը պիտի հասնի, այն օրը մարմնապէս եւ մարմնաւորապէս մե՛նք ալ պիտի դառնանք մէկական տաղաւար եւ տապանակ, որ յարութիւն առած՝ պիտի երթայ հանգչելու Աստուծոյ յաւիտեանին մէջ:

4.- Աստուածամօր վերափոխումը՝ Աւետեաց Երկիր մեր մուտքին նախապատկերացումը:

Եւ, ի վերջոյ, այդ աւետեաց երկիր մուտքի նախապատկերացումը Մարիամ Աստուածամօր կողմէ այսպէս, մեզի կու տայ մեզի սպասող փառաւոր ապագային այն պատկերացումը, որուն խոստումովն է որ մեր սիրտերը յոյսով լեցուած կը սպասեն եւ ամէն օր իրենք զիրենք կը լարեն:

Մեզի տրուած այս աշխարհի ժամանակը, մեզի համար կը դառնայ այն անապատէն անցքը, որուն փորձառութիւնը ունեցաւ անցեալին Եբրայեցի ժողովուրդը: Բոլորս ալ կը ճաշակենք այդ անապատին դառնութիւնները եւ առանձնութիւնը, այդ անապատին զրկանքներն ու փուշերը, տաղտուկն ու նեղութիւնը, տօթն ու տապը. եւ սակայն այդ բոլոր նեղութիւններէն ու չարչարանքներէն կ՚անցնինք՝ մեզի տրուած աստուածային պարգեւներովը, որոնց գիտակցումը մեր կեանքին մէջ՝ օրհնութեան նոր էջեր, օրհնութեան աղբիւրներ կրնայ բանալ: Որովհետեւ նոյն այդ անապատին մէջ Աստուած մնայուն կերպով մեզ կը կերակրէ Ի՛ր Հացով եւ Մանանայով, Աստուած տեւականօրէն մեր ծարաւած շրթները կ՚արբուցանէ Ի՛ր կողմէ պարգեւուած ջուրով, ապականութեան եւ նեխութեան կեղտով ու գարշահոտութեամբ լեցուած մեր ռունգերը տեւականօրէն անմահութեան բոյրով լեցնելու համար՝ նոյնինքն ա՛յս կեանքի մեր օրերուն:

Անոր համար, մենք տարուէ տարի, շարականագրին բառերով՝ կը փառաբանե՛նք Աստուածամայրը, որ եղաւ Նոր Ուխտին կենդանի Տապանակը, եւ այդ Տապանակին առջեւ քաւութեան իբրեւ զոհ՝ մեր սի՛րտն է որ կը բերենք այսօր, այս երեկոյ, ընծայելու համար իրեն, եւ մեր սիրտերը եւ մեր շրթները աղօթքով բանալու համար, դիմելու Աստուծոյ Մօրը՝ Տիրամայր Ս. Կոյսին, եւ խնդրելու իրմէ, որ մեր կեանքի այս օրերը թեթեւցնէ, մեզ բոլորս արժանի ընէ այն կոչման եւ առաքելութեան, որ դէպի խոստացուած երկիրը քալելու մեր կոչումը եւ առաքելութիւնն է, որ մեզ զօրացնէ իր Տիրոջ եւ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեամբը, այս կեանքի մէջ մեր օրերը լեցնելու համար Աստուծոյ ողորմութեամբը եւ շնորհքովը եւ պարգեւներովը, որպէսզի կարենանք իբրեւ աստուածային ուղեւորներ՝ անցնիլ այս աշխարհէն եւ այս աշխարհին մեզի ընծայած բոլոր անապատներէն, եւ մեր սրտերը բարձրացնել իրեն՝ մեր սրտի, մտքի հոգիի տախտակներուն վրայ ամրօրէն դրոշմած իր պատգամները եւ իր պատուիրանները, թանձրացնելով Աստուծոյ խօսքը, խոստումները եւ պատգամները մեր կեանքին մէջ, եւ այդ խոստումներուն լոյսով եւ յոյսով առաջնորդուած՝ քալելու տեւականօրէն Աստուածամօր ետեւէն, Նոր Ուխտի այդ Տապանակին հետեւողութեամբ, օր մը հասնելու համար Աւետեաց Երկիրը, Աստուծոյ կողմէ մեզի ընծայելի ժառանգութեան տիրանալու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023