ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԵՐԸ ՀԱՄԱՏԵՂ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Անգ­լիոյ զի­նուո­րա­կան նուա­գա­խում­բի Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Նուա­գա­խում­բին ծրա­գի­րը պսա­կուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ նա­խա­տե­սուած բո­լոր հա­մերգ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ջերմ հե­տաքրք­րու­թեան եւ ա­ռիթ դար­ձան խան­դա­վա­ռու­թեան։

Այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ հա­մա­տեղ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Անգ­լիոյ զի­նուո­րա­կան նուա­գա­խում­բե­րը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­ներ, Ե­րե­ւա­նի մօտ Անգ­լիոյ հա­ւա­տար­մա­տա­րը, դի­ւա­նա­գէտ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։ Ըստ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին, եր­կու նուա­գա­խում­բե­րը հան­դի­սա­ւոր կեր­պով մուտք գոր­ծե­ցին հրա­պա­րակ, մինչ ի­րենց կը հե­տե­ւէին թէ՛ բա­զում զի­նուո­րա­կան­ներ եւ թէ ե­րաժշ­տա­սէր ժո­ղո­վուր­դը։ Բե­մա­հար­թա­կին մօտ հաս­նե­լէ վերջ եր­կու նուա­գա­խում­բե­րը գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց ծրա­գի­րը ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Ժո­ղո­վուր­դը ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուաւ հիւր նուա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ո­մանք նաեւ նկա­րա­հա­նուե­ցան հիւ­րե­րուն հետ։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին Սէյ­րան Օ­հա­նեան պար­գե­ւատ­րեց Անգ­լիոյ զի­նուո­րա­կան նուա­գա­խում­բին խմբա­վա­րը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015