«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

«Մա­րալ» միու­թեան հա­մոյ­թը, ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ, պայ­րա­մի ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն «Ա­րա Գե­ղե­ցիկ եւ Շա­մի­րամ»ը ներ­կա­յա­ցուց Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Երկ­րի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած «Իմ Հա­յաս­տան» փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ա­ռըն­թեր ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ խօսք մը ար­տա­սա­նեց բաց­ման։ Գեղա­րուես­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին «Մա­րալ» միու­թեան խում­բի ե­լոյ­թին նկատ­մամբ։ Ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով մը։ «Յա­կոբ Պա­րո­նեան» թատ­րո­նի բե­մին վրայ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին առ­թիւ Յա­կո­բեան «Մա­րալ» միու­թիւ­նը պար­գե­ւատ­րեց իր նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կէ մե­տայ­լով։

Խում­բը վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս ուղեւորութեան հովանաւորները եղած էին մեր բարերարներէն Պետ­րոս Շիրինօղլու եւ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016