«ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐԸ (1923-1939)»

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի գրքին շնոր­հան­դէ­սը։ Մար­դա­շատ էր կա­ճա­ռի դահ­լի­ճը, ուր հա­ւա­քուած էին Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի գի­տաշ­խա­տող­ներ, այլ գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ա­րեւմ­տա­հա­յոց կեան­քով հե­տաքրքրուող եւ զբա­ղուող գի­տաշ­խա­տող­ներ: Ա­ռի­թը պոլ­սա­հայ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ ու գիտ­նա­կան Տքթ. Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի՝ նոյն կա­ճա­ռէն ներս եր­կար տա­րի­նե­րու ար­դիւն­քին պատ­րաս­տած եւ վեր­ջերս Տ. Մես­րոպ Արք. Աշ­ճեան մա­տե­նա­շա­րով լոյս տե­սած «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)»  գիր­քի շնոր­հան­դէսն էր:

Ձեռ­նար­կի բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Տքթ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը, ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ձեռք­բե­րու­մէն ետք շատ սերտ կա­պեր հաս­տա­տուած են դուր­սի հայ­կա­կան բո­լոր հա­մայնք­նե­րու հետ, այդ կար­գին նաեւ Պոլ­սոյ հետ, որ փակ գօ­տի մըն էր Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Ա­շոտ Մել­քո­նեան նշեց, որ բա­ցի պարզ կա­պե­րէն, Պոլ­սէն նաեւ յետ­հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձր ու­սու­մի եւ գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մար դի­մած են Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա, ո­րոնց­մէ մէկն ալ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն է։ Ան քննու­թեան տակ ա­ռած է Պոլ­սոյ հա­յու­թեան՝ Ե­ղեռ­նէն յե­տոյ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, որ, ըստ Ա­շոտ Մել­քո­նեա­նի, հա­յաս­տա­նեան գի­տա­կան աշ­խար­հին մէջ ու­սում­նա­սի­րուած չէր եւ ան լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յա­ցուած է Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի գիր­քին մէջ:

Ան կա­րե­ւո­րեց մա­նա­ւանդ գիր­քի ա­ռան­ձին բա­ժին­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս «Լքեալ գոյք»ի բա­ժի­նը, ուր հե­ղի­նա­կը ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած է յե­տե­ղեռ­նեան լքեալ գոյ­քի խնդի­րը:

Ա­շոտ Մել­քո­նեան «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)» գիր­քը մեծ ձեռք­բե­րում նկա­տեց մա­նա­ւանդ գի­տա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով, յոյս յայտ­նե­լով, որ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի եւ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նայ:

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ թղթա­կից ան­դամ, Հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լի պատ­մու­թեան բաժ­նի վա­րիչ Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան, որ նաեւ խմբա­գիրն է Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի գիր­քին, ը­սաւ, որ պոլ­սա­հա­յե­րու մա­սին շատ գրուած է, բայց ա­տոնք ո­րո­շա­կի շրջա­նի մը վրայ կանգ կ՚առ­նէին, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին կը հաս­նէին մին­չեւ զի­նա­դա­դա­րի եւ ա­տոր հե­տե­ւած 1918 թուա­կա­նը, իսկ ատ­կէ ետք թէ պոլ­սա­հայ հա­մայն­քը ինչ­պի­սի՛ կա­ցու­թեան մէջ ե­ղած է, ինչ­պի­սի՛ մշա­կու­թա­յին, տնտե­սա­կան, հա­սա­րա­կա­կան հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցած է, այդ ա­մէ­նը կ՚ե­րե­ւի գիր­քին մէջ՝ գի­տա­կան կա­րե­ւոր լրջու­թեամբ: Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան նշեց նաեւ, որ գիր­քը գրուած է մեծ հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ:

«Գիր­քին մէջ կ՚ե­րե­ւի, որ հա­կա­ռակ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ կնճռոտ հար­ցե­րուն, պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը պահ­պա­նած է իր ազ­գա­յին դէմ­քը, եւ յու­սադ­րիչ է այն ա­ռու­մով, որ այ­սօր ալ պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր հայ­կա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րը, կեան­քը», ը­սաւ Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան, նշե­լով, որ գիր­քը խթան կը հան­դի­սա­նայ հե­տա­գա­յին՝ բո­լոր ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար, կրկին անդ­րա­դառ­նա­լու պոլ­սա­հա­յու­թեան կեան­քին: «Իսկ այդ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, կը կար­ծեմ, որ ա­ռա­ջի­նը Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի ու­սե­րուն դրուած է, ո­րով­հե­տեւ ինք ու­նի ա­ռա­քե­լու­թիւն մը, զոր ար­դէն պա­տուով կա­տա­րած է», ը­սաւ Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան: Ան յա­տուկ անդ­րա­դար­ձաւ գիր­քի լե­զուին, նշե-­լով, որ գիր­քը գրուած է գե­ղե­ցիկ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նով, եւ միայն գի­տա­կան ըն­թեր­ցա­նու­թեան նիւթ չէ, այլ ուղ­ղուած է հայ ըն­թեր­ցո­ղին առ­հա­սա­րակ:

Այ­նու­հե­տեւ ե­լոյթ ու­նե­ցան Սար­գիս Հաց­պա­նեան, Յաս­միկ Ստե­փա­նեան, պատ­մա­բան Է­տուարտ Մել­քո­նեան, հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող մը, լի­բա­նա­նա­հայ մտա­ւո­րա­կան, հրա­պա­րա­կա­խօս Ժի­րայր Դա­նիէ­լեան, որ կա­րե­ւո­րեց մա­նա­ւանդ հա­րուստ աղ­բիւր­նե­րու գոր­ծա­ծու­մը՝ գիր­քը պատ­րաս­տե­լու ըն­թաց­քին:

Պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թոր Յաս­միկ Ստե­փա­նեան խօս­քին մէջ նշեց, որ պոլ­սա­հա­յու­թեան խնդիր­նե­րով զբա­ղող գիտ­նա­կան­նե­րը տագ­նա­պի մէջ էին, քա­նի որ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կար, թէ պոլ­սա­հա­յու­թեան պատ­մագ­րու­թիւ­նը հո­գե­վարք կ՚ապ­րի: «Ի հար­կէ, կա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, բայց մեծ մա­սը ա­ւե­լի լաւ է հրա­տա­րա­կուած չըլ­լա­յին, քա­նի որ խո­տա­նի կը նմա­նէին: Այս ա­ռու­մով Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը չա­փա­զանց կա­րե­ւոր էր եւ պէտք է մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նենք Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին, որ գրկա­բաց ըն­դու­նեց այս­պի­սի գիտ­նա­կան մը», ը­սաւ Յաս­միկ Ստե­փա­նեան: Ըստ ա­նոր, գիր­քը ար­ժէ­քա­ւոր է նաեւ այն ա­ռուով, որ գրուած է պոլ­սա­հա­յու մը կող­մէ, որ կը տի­րա­պե­տէ թրքե­րէ­նի եւ նաեւ ան կրցած է ոչ միայն աղ­բիւր­ներ գտնել, այլ նաեւ՝ հա­մադ­րել զա­նոնք:

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու։ Ան սկիզ­բէն ը­սաւ, որ գիր­քը յի­շա­տա­կի տուրք է իր հօր այն ապ­րում­նե­րուն, որ ան ու­նե­ցած է հայ­րե­նի­քի հան­դէպ, բայց մին­չեւ կեան­քի վերջ չէ կրցած ի­րա­կա­նաց­նել, ա­հա­ւա­սիկ ինք այս աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ ձե­ւով մը ա­նոր փա­փա­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է: «Որ­քան պի­տի հպար­տա­նար ան, երբ լսէր, թէ իմ ազ­գա­կից­նե­րը եր­բեք չզլա­ցան ի­րենց օգ­նու­թիւնն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ես կա­տա­րե­լա­պէս վեր­ջաց­նեմ, ա­ւար­տին հասց­նեմ Պոլ­սոյ Պատ­րիարք Մես­րոպ Մու­թա­ֆեա­նի՝ ին­ծի թե­լադ­րած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու:

Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնց շնոր­հիւ գիր­քը հրա­տա­րա­կուած է եւ մինչ հրա­տա­րա­կու­թիւնն ալ, բա­ւա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րուած է, ո­րուն ժա­մա­նակ ինք զգա­ցած է հայ­րե­նի մաս­նա­գէտ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը:

Ա­ւար­տին յոյս յայտ­նուե­ցաւ, որ գիր­քը թարգ­մա­նուի նաեւ թրքե­րէ­նի եւ հա­յե­րէն գիր­քի շնոր­հան­դէ­սը նաեւ Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նայ: Վեր­ջին ա­ռա­ջար­կի ա­ռու­մով Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու նշեց, որ Պոլ­սոյ մէջ ար­դէն յա­ռա­ջի­կայ ա­միս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016