ԲԱՐՁՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հաւաքածոյէն Այվազովսկիի «Քաոս. Աշխարհի արարում» հռչակաւոր կտաւը Հայաստան հասած է եւ մինչեւ Յունուարի 15-ը, մեծ ծովանկարիչին բազում այլ կտաւներուն հետ կը ցուցադրուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Հինգ ամիս այս կտաւը եւ մեծ ծովանկարիչին այլ գլուխ-գործոցները արուեստի հզօր ու անկրկնելի գրաւչութիւն պիտի հաղորդեն Հայաստանի բարձր արուեստի միջավայրին: Ցուցահանդէսը լիիրաւ իրադարձութիւն դարձաւ Հայաստանի մէջ:

Այս խոշոր ցուցահանդէսով Հայաստանի մէջ կ՚ամբողջանայ հայ մեծ ծովանկարիչի 200-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը: Այս մէկը Այվազովսկիի՝ Հայաստանի մէջ բացուած ամենէն մեծ ցուցահանդէսն է: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ի մասնաւորի վերակառուցուած է 850 քառակուսի մեթր տարածութիւն, ցուցադրութեան համար ընտրուած են գունային, լուսային ձեւաւորումներ:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած են 52 գեղանկար, 26 կրաֆիք, 20 վաւերագիր եւ այլ աշխատանքներ, որոնք ցուցասրահ բերուած են ոչ միայն պատկերասրահի ունեցած հաւաքածոներէն, այլ Էջմիածինէն, մասնաւոր հաւաքածոներէն:

Արուեստասէր այցելուներ կը փութան տեսնելու ցուցասրահին կեդրոնը կախուած «Քաոս. Աշխարհի արարում» կտաւը: Այս կտաւին վրայ դրուած է ցուցահանդէսին շեշտը, որով կը նկատուի նկարիչին ամենէն խորհրդաւոր գլուխ-գործոցներէն մին եւ հետաքրքրական պայմաններու ներքեւ յայտնուած է Վատիկան:

Մեծղի այս ստեղծագործութեան հիմքը կը կազմէ աշխարհի արարման մասին աստուածաշնչեան բնաբանը: Նկարիչը Աստուծոյ հոգին ներկայացուցած է լոյսի տեսքով, որ դուրս կու գայ մռայլ ամպերու ընդմէջէն: Նկարիչը բացառիկ արտայայտչական ուժով ու վարպետութեամբ հաղորդած է բարիի եւ չարի, խաւարի եւ լոյսի պայքարը, ուր արարչական լոյսը կը հալածէ նախագոյ խաւարը։ Այվազովսկին իր այս կտաւը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուցած է Իտալիոյ մէջ, 1841 թուականին՝ Հռոմի մէջ բացուած պատկերահանդէսին, ուր նաեւ Այվազովսկիի տասներեք մեծադիր կտաւ ու բազում փոքր գործեր ցուցադրուած էին։

Հռոմի Գրիգոր 16-րդ Պապը խորապէս տպաւորուած եւ փափաքած է ձեռք ձգել զայն Վատիկանի պատկերասրահի հաւաքածոն համալրելու նպատակով: Սակայն այդ առիթով քննարկում մը ընթացած է՝ հոգեւորականները նկարին մէջ նկատած են գոյներ եւ պատկերներ, որոնք նմանցուցած են չար ուժերու, եւ որոնք, անոնց կարծիքով, նկարիչը կանխամտածուած կերպով թաքցուցած է մութ ամպերուն մէջ: Որպէսզի գիտնան՝ այդպէ՞ս է այդ մէկը, թէ՞ ոչ, կարտինալները խորհուրդ հրաւիրած են, եւ նկարը մանրամասն կերպով ուսումնասիրած են, բայց որեւէ բան չեն յայտնաբերած: Այդպէսով, «Քաոս. Աշխարհի արարում»ը յայտնուած է Վատիկանի մէջ: Հռոմի Գրիգորիոս 16-րդ Պապը ցանկութիւն յայտնած է գնել նկարը՝ սակայն Այվազովսկին զայն պարզապէս նուիրած է, որուն համար Հռոմի Պապը զինք պարգեւատրած է ոսկէ մետայլով։

20-րդ դարասկիզբին Հռոմի Լեւոն 13-րդ Պապը այս ստեղծագործութիւնը նուիրած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան, ուր կը գտնուի մինչ օրս: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնութիւնը երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք կրցած է նկարը Հայաստան բերել՝ այս ժամանակաւոր ցուցադրութեան համար, յետոյ նորէն կը վերադառնայ իր մշտական վայրը:

Բացի «Քաոս. Աշխարհի արարում»ը կտաւէն, Յովհաննէս Այվազովսկի բազմիցս անդրադարձած է աստուածաշնչեան նիւթերուն: 1889 թուականին իր վրձնած «Նոյը կ՚իջնէ Արարատէն» կտաւը կը պատկերէ աստուածաշնչեան յայտնի պատումը (Գիրք Ծննդոց 6-9)։ Երբ Արարիչը տեսաւ, որ երկիրը լեցուած է անարդարութեամբ, որոշեց բնաջնջել բոլոր էակները՝ ձգելով միայն Նոյն ու իր գերդաստանը։ Տէրը անոր ապսպրեց կառուցել տապան մը, իրեն հետ վերցնել զաւակները, բոլոր կենդանիներէն՝ մէկ զոյգ եւ մտնել տապան։ Երբ քառասնօրեայ անձրեւէն բարձրացած ջրհեղեղը դադրեցաւ, Նոյեան տապանը իջաւ Արարատ լերան լանջին, եւ աղաւնիին աւետումը ստանալով՝ Նոյը իր որդիներուն եւ կենդանիներուն հետ ոտք դրաւ ցամաքի վրայ։ «Նոյը կ՚իջնէ Արարատէն» կտաւին մէջ պատկերուած այս տեսարանը ողողուած է պիպլիական լոյսով՝ խորհրդանշելով կեանքի նոր սկիզբ։

Ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ ներկայացուած է 1890 թուականին Փարիզի մէջ՝ Տիւրան-Ռիւէլի ցուցասրահը։ Հետագային Այվազովսկին զայն նուիրած է Նոր Նախիջեւանի հայկական դպրոցին։ Ռուսաստանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն նկարը փրկուած է Մարտիրոս Սարեանի ջանքերով եւ 1921 թուականին տեղափոխուած է Երեւան։ Տարիներ յետոյ ստեղծագործութիւնը հանգրուանած է Ազգային պատկերասրահին մէջ, եւ ահաւասիկ այս ցուցահանդէսի գլխաւոր ցուցանմոյշներէն մին է, որ իր հրաշալի պատկերներով եւ արուեստի խորութեամբ կը հիացնէ արուեստասէրը:

Այվազովսկիէն հետաքրքրական կտաւ մը եւս, զոր Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը 1957 թուականին, ստացած է Աբրահամ Ճինճեանի (Ֆրանսա) հաւաքածոյէն: Այդ մէկը «Քրիստափոր Քոլոմպոս» նշանաւոր կտաւն է, զոր Այվազովսկի վրձնած է 1880 թուականին եւ ուր ներդրած է մարդու եւ բնութեան ողբերգական բախման իր պատկերացումը: Կտաւին մէջ ներկայացուած է բնութեան տարերքին դէմ մաքառող սպանացի նշանաւոր ծովագնաց Քրիստափոր Քոլոմպոս: Նկարին մէջ փրկութիւն գտնելու յոյսով՝ Քոլոմպոս կառչած է նաւի կայմին, իսկ անոր ճանապարհը լուսաւորող լիալուսինը կը յուշէ, որ փոթորիկը արդէն հանդարտած է:

Կտաւը առաջին անգամ ցուցադրուած է 1881 թուականին Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած պատկերահանդէսին:

Անուանի ծովագնաց-ճանապարհորդին կերպարով ոգեշնչուած՝ Այվազովսկին 1879 թուականին կ՚այցելէ անոր հայրենի քաղաքը՝ Ճենովա: Հետագային իր ամերիկեան ուղեւորութեան ընթացքին Այվազովսկին կը ստեղծէ Քրիստափոր Քոլոմպոսին նուիրուած քանի մը աշխատանք եւս:

«ԾՈՎԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ»

Բացի ցուցահանդէսէն, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ անցնող օրերուն տեղի ունեցաւ նաեւ երկօրեայ գիտաժողով մը՝ «Ծովանկարչութեան սահմանները» խորագրով, որ նոյնպէս մաս կազմեց Այվազովսկիի 200-ամեակի Հայաստանի պաշտօնական միջոցառումներուն:

Գիտաժողովին նիւթը համաշխարհային ծովանկարչութիւնն էր, մասնաւորապէս՝ Այվազովսկիի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը՝ մեծանուն արուեստագէտին բազմակողմանի գործունէութիւնն ու հարուստ ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Գիտաժողովին նիւթերը արծարծուեցան զանազան կողմերէ, տրուեցան նկարիչի արուեստին նոր հետաքրքիր բնորոշումներ, ի յայտ եկան կենսագրութեան նորայայտ էջեր, արխիւային վաւերագրեր եւ այլն:

Գիտաժողովին մասնակցեցան արուեստաբաններ, փորձագէտներ, հաւաքածոյատէրեր, հրատարակիչներ՝ Երեւանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջնիածնի, Թէոդոսիայի, Մոսկուայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի խոշորագոյն թանգարաններէն ու մշակութային հաստատութիւններէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն: Արտասահմանեան հիւրերու կարգին էին Ռուսաստանի նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Միխայիլ Շվիտկոյ, Այվազովսկիի անուան Թէոդոսիայի պատկերասրահի տնօրէն Թաթիանա Կաիտուք, Ռուսաստանի Պետական Տրետեակովեան պատկերասրահի 19-րդ դարավերջի-20-րդ դարասկիզբի գեղանկարի բաժնի վարիչ Կալինա Չուռաք, Պետական Ռուսական թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Կուսեւ եւ այլք: Օտարերկրեայ հիւրերէն զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ արուեստի փորձագէտ, Այվազովսկիի մասին կարգ մը գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ, արուեստի գիտակ Իւան Սամարին՝ Լոնտոնէն, Այվազովսքիի խոշոր հաւաքածոյատէր, նկարիչի արուեստը ուսումնասիրող ու մասնագէտ Անտրէաս Ռուպեան՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ այլք:

Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս Այվազովսկիի արուեստը մեծ գնահատանքի արժանացած է, թանգարաններու, մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ կը պահուին Այվազովսկիի նկարները, սակայն յոբելենական այս միջոցառումը՝ թէ՛ ցուցահանդէսը, թէ՛ գիտաժողովը, կարծես շրջանցեցին այդ հանգամանքը, եւ հրաւիրեալներ չեղան Թուրքիայէն, ոչ ալ յիշատակուեցաւ այն փաստը, որ մեծ ծովանկարիչին արուեստը սփռուած է նաեւ Թուրքիոյ տարածքին՝ Իսթանպուլի Ծովային թանգարանէն մինչեւ Նախագահական պալատ, Հայոց Պատրիարքարանէն մինչեւ անձնական հաւաքածոներ:

Գիտաժողովի ելոյթները կը հրատարակուին առանձին ժողովածոյով մը:

Հարկ է նշել, որ այս յոբելեանը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայ տարուան յոբելեաններու ցուցակին մէջ։

ԲՆՕՐԻՆԱ՞Կ, ԹԷ՞ ԿԵՂԾ

Այվազովսկիի «Արարում» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը անգամ մը եւս առիթ տուաւ խօսելու ծովանկարիչի գործերուն մասին՝ որ սփռուած են աշխարհի տարածքին եւ որոնք խորհրդաւոր հմայքով իրենց վրայ կը սեւեռեն մասնագէտներու ուշադրութիւնը: Անոնք կը ջանան տարբերակել, թէ իրակա՞ն է կամ՝ կեղծ Այվազովսկիի այս կամ այն նկարը եւ սկիզբ կ՚առնէ քըն-նարկումներու ընթացք մը, որ յաճախ պատասխաններ չ՚ունենար:

Աշխարհի մէջ այսօր կը համրուի մեծ ծովանկարիչին վրձնած մօտ 6 հազար գործ: Նոյնքան շատ են նաեւ կեղծուած նկարները: Այվազովսկի կը նկատուի ամենէն շատ կեղծուած կտաւներ ունեցող նկարիչներէն մին: Կեղծ նկարները, բնօրինակներէն ոչինչով տարբերելով, վարպետօրէն կը շրջանառուին՝ արուեստահէնները խոշոր գումարներ կը վաստկին Այվազովսկիի ստորագրութեամբ, եւ ցայսօր ոչ ոք կրցած է այդ երեւոյթին դէմ դնել: Ճշմարիտ արուեստի ջատագովները մեծ ջանքեր գործադրելով կը քննադատեն այս երեւոյթը, ջանալով, որ բացայայտուին կեղծ կտաւները: Կեղծ կտաւը լաւ մասնագէտը առաջին հայեացքէն անշուշտ կրնայ զանազանել, մանաւանդ երթալով աշխարհի մէջ կը շատնան այվազովսկագէտներ, անոր արուեստը ուսումնասիրողներ եւ անոր հաւաքածոներով զբաղողներ: Կեղծ կտաւներուն մասին խօսելով մասնագէտներ հիմնականօրէն նկատի կ՚առնեն արուեստագէտի մահէն ետք կեղծուածները: Սակայն այսպիսի բան մըն ալ կայ՝ աշխարհի մէջ այսօր կան Այվազովսկիի կեղծուած նկարներ, որոնք հին աշխատանքներ են՝ կեղծուած են իր ողջ եղած ատենը: Ինք՝ Այվազովսկին, ի դէպ, դէմ չէ եղած, որ իր նկարները կեղծուին, արտատպուին… Ընդհակառակը՝ կը քաջալերէր իր աշակերտները, որպէսզի վերջիններս արտանկարեն իր նկարածը, կ՚ոգեւորէր զանոնք եւ վերջաւորութեան ալ կը պահանջէր, որ դնեն իր ստորագրութիւնը՝ Այվազովսկի: Յայտնի է, որ 1848 թուականին Մոսկուայի մէջ կայացած իր առաջին ցուցահանդէսին ժամանակ Յովհաննէս Այվազովսկի միտումնաւոր կերպով կ՚երկարէր իր ցուցահանդէսի ժամկէտը, որպէսզի Մոսկուայի արուեստի հետեւորդ-աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան արտատպելու իր նկարները, ու ինքն ալ կը քաջալրէր զանոնք:

Ի դէպ, մինչ օրս ռուսական արուեստի որոշ շրջանակներ Այվազովսկին կը նկատեն ռուսական մշակոյթի ներկայացուցիչ եւ յաճախ չեն շեշտեր անոր հայ ըլլալը: Այս պայքարը կայ նաեւ այսօր, եւ հայ արուեստաբանական միտքը հսկայական գործ կը կատարէ՝ Այվազովսկիի անունը իբրեւ հայ աշխարհի մէջ տարածելու ուղղութեամբ: Կը տպուին բազմաթիւ գիրքեր, արուեստաբանական յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, բազմակողմանի կերպով կը քննուի Այվազովսկիի ոչ միայն արուեստը, այլեւ ապրած կեանքը, հայութեան հետ անոր կապերը եւ վերջապէս լոյսին կը տրուի անոր անձնական կեանքը՝ երկրորդ ամուսնութիւնը հայուհի Աննա Պուռնազեանի հետ, որ փոխեց մեծ ծովանկարիչին կեանքը:

ՎԵՀ ՈՒ ԱՆԹԱՔՈՅՑ ՍԷՐ

Այվազովսկին պաշտած եւ փայփայած է իր երիտասարդ կինը, վեհ ու անթաքոյց զգացումներ տածած է անոր հանդէպ, որոնք ներշնչանքի լրացուցիչ աղբիւր հանդիսացած են Այվազովսկիին համար: Ան պատկերած է իր կինը, եւ յայտնի այդ կտաւը՝ «Աննա Պուռնազեան-Սարգիսովայի դիմանկարը» այսօր կը պահուի Թէոդոսիոյ պատկերասրահին մէջ: Նկարիչը իր սիրելի, երիտասարդ կինը՝ Աննան, պատկերած է նաեւ այլ գեղեցիկ ու գունեղ նկարի մը վրայ՝ «Պտուղներու բերքահաւաք Խրիմի մէջ» խորագրով:

Երբ առաջին կնոջմէն՝ անգլուհի Եուլիա Կրեւսէն, տասներկու տարուան համատեղ կեանքէն ետք բաժանուեցան (այդ ընթացքին անոնք չորս դուստր ունեցած են), Այվազովսկի հանդիպած է հայուհի Աննային, ինք 65 տարեկան էր, իսկ Աննան՝ միայն 25: Տարիքային նկատելի տարբերութիւնը երբեք խոչընդոտ չէ եղած անոնց տասնութ տարիներու երջանիկ ու համերաշխ ամուսնութեան:

Իր նամակներէն մէկուն մէջ Այվազովսկի իր սիրելի կնոջ ուղղուած այսպիսի խօսքեր ունի. «Հոգիս մշտապէս պէտք է առընչուի գեղեցկութեան հետ, որպէսզի յետոյ այդ ամէնը կրնամ փոխադրել կտաւներուն մէջ: Ես կը սիրեմ քեզ, եւ քու խորունկ աչքերուդ մէջ ինծի համար կ՚առկայծէ մեծ խորհրդաւոր աշխարհ մը, որ իրապէս կախարդական ազդեցութիւն մ՚ունի վրաս: Եւ եթէ յանկարծ արուեստանոցի լռութեան մէջ ես չեմ կրնար յիշել քու հայեացքդ, ապա կտաւս խամրած կ՚ելլէ»: Ծովանկարիչը զանազան առիթներով գրած է. «Աննան զիս աւելի մօտեցուց իմ ժողովուրդիս»: Իրենց ամուսնութեան տարիներուն Թէոդոսիոյ անոնց առանձնատունը կը դառնայ հայ մշակութային գործիչներու իւրօրինակ հաւաքատեղի մը: Գրողներ, նկարիչներ, դերասաններ, երաժիշտներ կը խմբուին անոնց յարկին տակ, որոնք շատ մը պարագաներու նիւթական աջակցութիւն կը ստանան Այվազովսկիէն: Այվազովսկին նաեւ բարեկարգումներ կատարած է Թէոդոսիոյ մէջ, ահա թէ ինչու այդ քաղաքի բնակիչները կը պաշտեն հայ ծովանկարիչը եւ անոր շիրիմը միշտ ողողած կը պահեն թարմ ծաղիկներով:

Իր հայկական նիւթերով նկարները Այվազովսկի ստեղծած է իր կեանքի վերջին տարիներուն: Անոնցմէ են «Արարատ լերան հովիտը», «Նոյը կ՚իջնէ Արարատէն», «Հայ մարտիկին երդումը Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ», «Հայ ժողովուրդի մկրտութիւնը», «Պայրոնի այցը Մխիթարեաններու Սուրբ Ղազար կղզի», «Խրիմեան Հայրիկը Էջմիածնի շրջակայքին մէջ» եւ այլն: Հայ մեծ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի մահացած է 1900 թուականին եւ համաձայն իր կտակին յուղարկաւորուած է Թէոդոսիոյ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակը, ուր ան մկրտուած ու պսակադրուած է: Երեք տարի անց անոր այրին՝ Աննա Պուռնազեան, Այվազովսկիի գերեզմանին մարմարեայ շիրմաքար տեղադրել տուած է, որուն վրայ գրաբարով փորագրուած են պատմահայր Մովսէս Խորենացիի՝ «Ծնեցաւ մահկանացու, ձգեց անմահ յիշատակ» խօսքերը:

Ամուսինին մահէն ետք Աննա Պուռնազեան ապրեցաւ մեկուսի կեանք մը, եւ մահացաւ 1944 թուականին՝ 88 տարեկանին, եւ նոյնպէս թաղուեցաւ Թէոդոսիոյ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ իր սիրելի ու հռչակաւոր ամուսինին կողքը:

ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐ

Այվազովսկիի 200-ամեակին առթիւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը հրատարակած է շքեղ պատկերագիրք մը, ինչպէս նաեւ կարելի է պատկերասրահի յուշանուէրներու կրպակէն ձեռք ձգել պայուսակներ, վզնոցներ, գլխաշորեր, գաւաթներ եւ այլ յուշանուէրներ, որոնք կը խորհրդանշեն Այվազովսկիի արուեստը: Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է արծաթեայ յուշադրամներ, որոնք կը նուիրուին Այվազովսկիի յոբելեանին առիթով Հայաստան ժամանած պատուոյ հիւրերուն: Յուշադրամներուն երեսին դրուագ մը կայ նկարիչին հռչակաւոր «Իններորդ ալիք» կտաւէն, իսկ յետնամասին՝ իր պատկերը: Պատուոյ հիւրերու համար Հայաստանի մէջ նաեւ Այվազովսկիի պատկերով շքանշան պատրաստուած է:

Ոչ միայն համաշխարհային արուեստի, այլ նոյնինք՝ հայկական մշակոյթի եւ նկարչութեան վրայ խոր հետք ձգած Յովհաննէս Այվազովսկի իր ծննդեան 200-ամեակի առթիւ լաւագոյնս մեծարուեցաւ իր հայրենիքին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2017