ՍԻՊԻԼ ՏԻԹՐՈՅԻԹ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երգիչ Սիպիլ յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Համազգային» կրթական միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին եւ անոր Տիթրոյիթի մասնաճիւղի հաստատման 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկի մը հրաւիրուած է Սիպիլ, որու հետ հանդէս պիտի գայ նաեւ «Արաքս» պարախումբը։ Այս վերջինը կը գործէ նոյնպէս «Համազգային»ի հովանոցին տակ։ Սիպիլ կրկնակ յոբելեաններու շարժառիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին պիտի մասնակցի որպէս յատուկ հիւր։ Իր ելոյթը նախատեսուած է 13 հոկտեմբերին, «Michael A. Guido» թատերասրահին մէջ։

Գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը պիտի գործադրուի յոբելենական ձեռնարկին ժամանակ, որուն պիտի մասնակցին նաեւ այլ երգիչներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018