Ա­ՆԱՍ­ՆԱ­ԲՈՅ­ԺԵ­ՐԸ ԵՒ Ա­ՀԱ­ԲԵ­ԿԻՉ­ՆԵ­ՐԸ

Այդ ա­ռա­ւօտ տան սի­րուն փի­սի­կը՝ Ֆըն­տը­քին առ­ջե­ւի ձախ ոտ­քը կը կա­ղար եւ շա­րու­նակ զայն պա­հե­լու կը ջա­նար, երբ լի­զե­լէ յոգ­նած, յու­սա­հատ վի­ճա­կով մը կը նա­յէր խեղճ կա­տուն տնե­ցի­նե­րուն։

Իր թա­թը տա­լու եր­բեք կողմ­նա­կից չէր սո­վո­րա­կան ա­ռողջ օ­րե­րուն, սա­կայն թոյլ տուաւ, որ թա­թի­կը քննեն խո­շո­րա­ցոյց ոսպ­նեա­կով մը։ Զար­մա­նա­լի կա­ցու­թիւն մը, ցաւ կը պատ­ճա­ռէր խեղճ փի­սի­կին, երբ ոտ­քի վրայ մնա­լու հա­մար կը կո­խէր տո­տի­կին վրայ եւ կա­րիւ­նէր զայն։

Խո­շո­րա­ցոյ­ցը պար­զեց պա­տա­հա­րը եւ ցա­ւին պատ­ճա­ռը։ Ֆըն­տը­քի ոտ­քին ե­ղունգ­նե­րէն մին, ա­ռանց իր ժա­մա­նա­կին իյ­նա­լու, ան­սո­վոր կեր­պով ա­ճեր, երկն­ցեր եւ դէ­պի ոտ­քին ներ­բա­նի մա­սը գտնուող մի­սէ բար­ձի­կին մէջ մխրճուեր էր եւ ա­սե­ղի մը նման կը ծա­կէր զայն ա­րիւ­նե­լու աս­տի­ճան։

Մեծ­մայ­րի­կը, որ ամ­բողջ ման­կա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րուն, տան մէջ կա­տու­ներ ու­նե­ցած էր, եր­բեք չէր հան­դի­պած նման դէպ­քի մը։ Ան­մի­ջա­պէս ի­րենց բո­լոր կա­րե­լին ը­րին այդ անշ­նորհ ե­ղուն­գը կտրե­լու հա­մար։ Բայց ա­մէն ջանք ա­նօ­գուտ ե­ղաւ։ Ան­պի­տա­նը այն­քան եր­կա­րեր եւ հաս­տա­ցեր էր որ տե­ղէն շար­ժել ան­կա­րե­լի ե­ղաւ. վրա­դիրք ըլ­լա­լով Ֆըն­տըք եր­բեք չէր ար­տօ­ներ որ դպչին իր տո­տի­կին։

Ան­ցան եր­կու օ­րեր, կա­տուն ջա­նաց իր կա­րե­լին ը­նել այդ փոր­ձան­քէն ա­զա­տե­լու հա­մար, սա­կայն ա­մէն ջանք ա­նօ­գուտ…։ Ի վեր­ջոյ ա­նաս­նա­բոյ­ժին դի­մե­ցին ճար մը գտնե­լու հա­մար։ Ի­րաւ ալ յա­ջորդ օրն իսկ առ­նուե­ցաւ ժա­մադ­րու­թիւ­նը եւ ի­րենք զի­րենք գտան ա­նաս­նա­բոյ­ժին դար­մա­նա­տան մէջ։

Ֆըն­տըք ար­դէն սա­կառ մտա­ծին պէս սկսաւ ա­ղե­խարշ ձայ­ներ հա­նե­լով իր վա­խը ար­տա­յայ­տել։ Շատ լաւ գի­տէր, թէ այդ սա­կա­ռը մտնե­լով պի­տի եր­թար տեղ մը, ուր սրսկում մը պի­տի ստա­նար եւ յե­տոյ իր ե­ղունգ­նե­րը պի­տի կտրուէին, ինչ որ սար­սա­փե­լի դէպ­քեր էին քիչ մը ա­ւե­լի փափ­կա­սուն փի­սի­կին հա­մար։ Սա­կայն ու­րիշ ճար չկար։ Պէտք էր քիչ մը ցաւ քա­շել այդ փոր­ձանք ե­ղուն­գէն ա­զա­տե­լու հա­մար։

Պէտք ե­ղաւ զգա­յազր­կել փի­սի­կը, որ ան­մի­ջա­պէս ան­շար­ժա­ցաւ։ Ար­դէն մէկ-եր­կու վայր­կեա­նի մէջ մաս­նա­ւոր խո­շոր մկրա­տով մը ե­ղուն­գը կտրուած եւ մի­սին մէ­ջի մասն ալ ու­նե­լիով մը հա­նուած էր։ Ա­հա այս­պէս վեր­ջա­ցաւ Ֆըն­տը­քի ո­դի­սա­կա­նը…։

Մեծ­մայ­րի­կը ա­կա­նա­տես ե­ղաւ զա­նա­զան դէպ­քե­րու այդ դար­մա­նա­տան մէջ։

Կին մը լա­լա­գին ե­կած էր ի­մաց տա­լու, թէ նա­խորդ օր ի­րենց ծե­րա­ցած եւ կու­րա­ցած շու­նը, որ պատշ­գա­մէն վար ին­կած ըլ­լա­լով կը դար­մա­նուէր, մա­հա­ցած էր։ Ա­նաս­նա­բոյ­ժը կ՚ը­սէր, թէ ու­ղե­ղի ա­րիւ­նա­հո­սու­մէ պա­տա­հած էր դէպ­քը։

Ու­րիշ մը փո­ղո­ցէն գտած սեփ­սեւ փի­սիկ մը բե­րած էր, որ­պէս­զի պէտք ե­ղած պա­տուաստ­նե­րը ը­նեն, զայն ի­րենց տան ան­դամ ը­նե­լու հա­մար։

Կին մը սա­կա­ռով մը բե­րած էր պզտիկ կա­տուի ձագ մը, որ ինք­նին ե­կած էր ի­րենց տու­նէն ներս, տէր մը, խնա­մող մը փնտռե­լու հա­մար։ Այդ քա­նի մը ամ­սու կա­տուի­կը որ­քա՜ն ճար­պիկ էր, որ մնա­լով միայ­նակ եւ լքուած՝ կրցած էր ա­պա­ւէն մը գտնել ի­րեն հա­մար։

Եւ շար­քը կա­րե­լի է եր­կա­րել…։ Շատ է պատ­մու­թիւ­նը ան­տէր եւ լքուած ա­նա­սուն­նե­րու, ո­րոնք երբ յա­ճախ կը լքուին ի­րենց տէ­րե­րուն կող­մէ, կը պաշտ­պա­նուին եւ կը կե­րակ­րուին ու­րիշ­նե­րու կող­մէ։ Այդ կեն­դա­նա­սէր ան­ձե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ւե­լա­բար կի­նե­րէ կը բաղ­կա­նան, ո՛չ միայն ամ­րան ե­ղա­նա­կին, այլ ձմրան ալ ու­տե­լիք կը բե­րեն ան­տէր  ա­նա­սուն­նե­րուն նոյն­պէս ջա­նա­լով զա­նոնք դար­մա­նել ա­նաս­նա­բոյ­ժե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ։

Կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ան­ձե­րու, ո­րոնք ժա­մա­նա­կա­ւոր փա­փա­քի մը հա­մա­ձայն կ՚առ­նեն շուն մը եւ կամ կա­տու մը ի­րենց տան մէջ։ Կ՚անց­նին քա­նի մը ա­միս­ներ եւ այդ փա­փա­քը յա­գե­նա­լէ վերջ, ա­ռանց խղճա­հա­րու­թեան, այդ տան կեան­քի վար­ժուած ա­նա­սուն­նե­րը յան­կարծ մէկ օ­րէն միւ­սը կը նե­տեն փո­ղոց. ա­ռանց խոր­հե­լու, թէ ա­նոնք ի՞նչ­պէս պի­տի սնա­նին եւ պաշտ­պա­նուին։

Երբ Ֆըն­տը­քի դար­մա­նու­մը վեր­ջա­ցած՝ մեծ­մայ­րի­կը աղջ­կա­նը հետ կը պատ­րաս­տուէր տուն տա­նիլ ու­շա­կո­րոյս փի­սի­կը, ու­զեց իր շնոր­հա­կա­լի­քը յայտ­նել ա­նաս­նա­բոյ­ժին եւ օգ­նա­կա­նին.

-Ապ­րի՛ք եւ ձեռ­քեր­նիդ դա­լար։ Դուք ձեր բո­լոր կա­րե­լին կ՚ը­նէք այս ան­լե­զու ա­րա­րած­նե­րը դար­մա­նե­լու, ապ­րեց­նե­լու եւ ի­րենց ցա­ւե­րէն ա­զա­տե­լու հա­մար, մինչ­դեռ ան­դին մար­դա­կերպ էակ­ներ ա­ռանց տա­տամ­սե­լու մա­հուան կը ղըր-կեն ե­րի­տա­սարդ եւ ա­ռողջ մար­դիկ եւ մա­նուկ­ներ…։

Այս ի՞նչ տե­սակ կարգ ու սարք մըն է, ո­րուն դի­մաց մեծ­մայ­րի­կը կար­ծես յան­ցա­ւոր կը զգար ինք­զին­քը ա­ւե­լի քան ութսունհինգ տա­րի­ներ ապ­րած ըլ­լա­լուն հա­մար։

Զ. ՍՕ­ՆԱ

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015