Հին Ու Նոր Կեն­ցաղ

Ա­մի­սը ան­գամ մը նոյն տա­րի­քի եւ ծննդա­վայ­րի բա­րե­կամ­նե­րու եւ ըն­կեր­նե­րու հետ մեզ­մէ մէ­կուն տան մէջ քա­նի մը ժա­մե­րու համ­րան­քով ե­րե­կոյ մը զոյ­գե­րով միա­սին ան­ցը­նե­լը, ի­րա­րու մօտ գա­լը թէեւ գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն, նոյ­նիսկ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձու­ցած էինք, սա­կայն տա­րիէ մը ա­ւե­լի էր, որ թե­րա­ցած էինք: Ան­կաս­կած, որ իւ­րա­քան­չիւրս իր ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճառ­նե­րը ու­նէր կամ ու­նե­նա­լու էր: Ան­հանգս­տու­թիւն, տուն, բժիշկ, թոռ­նիկ, հարս, տղայ. շա­րա­նը եր­կար է:

Այս­պէս, յա­ճախ կը հա­ւա­քո­ւէինք, ու կար­ծես այդ ե­րե­կոյ տե­սակ տե­սակ կեն­դա­նի ու հա­մո­զիչ ապ­րում­ներ կի­սո­ւե­լով՝ մենք մե­զի կը վե­րա­դառ­նա­յինք: Ա­մե­րի­կա­յի մէջ տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծե­լը դժո­ւար աշ­խա­տանք էր, սա­կայն եւ այն­պէս էա­կան ալ էր: Այս մէ­կուն լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցէինք բո­լորս ալ: Ձե­ւով մը հո­գե­պէս կը փո­խո­ւէինք:

Ու այս աշ­նա­նա­մու­տի ե­րե­կո­նե­րէն մէ­կուն, հինգ բա­րե­կամ զոյ­գե­րով, ո­րո­շե­ցինք վեր­ջա­պէս «տես­նո­ւիլ»: Մեր տան բա­կը հա­ւա­քո­ւե­ցանք, կրկին ան­գամ կեանքն ու օ­րը ե՛ւ օ­ծե­լու, ե՛ւ զրու­ցե­լու, ե՛ւ վի­ճե­լու եւ ի­րար­մով ալ ջեր­մա­նա­լու:

Հո­գիով լե­ցուն ժո­ղո­վուր­դի մը զա­ւակ­նե­րէն էինք եւ կը հա­ւա­տա­յինք, որ այս մէ­կը հա­ւա­քա­կան ապ­րում ըլ­լա­լով հան­դերձ, ազ­գա­յին ալ էր: Եւ ո­րով­հե­տեւ մեր նոր հան­դի­պու­մը եր­կար բա­ցա­կա­յու­թե­նէ մը ետք էր, որ կ՚ի­րա­կա­նա­նար, ուս­տի ծնած պա­հը մե­զի տար­բեր ան­սո­վոր եւ հե­տաքր­քիր մտեր­մու­թիւն ալ կը յու­շէր: Յոյ­սով լե­ցուն ձկնոր­սի նման նե­տած էինք մեր ուռ­կա­նը մեր մօ­տիկ եւ հե­ռու ան­ցեա­լին վրայ՝ որ­սա­լու յի­շա­տա­կե­լին, ա­նու­շը, մոռ­ցո­ւա­ծը, քաղցրն ու հա­ճե­լին:

Հա­ւա­քին յան­կարծ մէ­կը միւ­սին հարց տո­ւաւ, թէ ե՞րբ մեծմա­մա պի­տի դառ­նար: Վայր­կեա­նին կար­ծես ան­հան­գիստ «բան» մը մեր իսկ ստեղ­ծած հե­զա­սահ մթնո­լոր­տին հոս­քը պղտո­րեց, խան­գա­րեց, ու մեր զրոյ­ցը փո­խեց իր հու­նը: Հար­ցում ստա­ցող կի­նը յու­զո­ւե­ցաւ, աչ­քե­րը սրբեց իբ­րեւ յայ­տա­րար նշան իր ներ­քին լռա­կեաց տագ­նա­պին եւ ցա­ւա­լի յի­շո­ղու­թեան մը վե­րապ­րու­մին:

-Թոռ­նիկ-մոռ­նիկ չկայ, ար­դէն աղ­ջիկս տուն ե­կաւ.- ը­սաւ յու­զու­մով եւ գրե­թէ լա­լա­գին:

Յայտ­նի էր, թէ ինք այ­լեւս քիչ ա­ռա­ջո­ւան ճա­ռա­խօս կի­նը չէր ալ, ո­րուն բա­ռե­րը տա­կա­ւին փա­փուկ կար­պե­տի նման կ՚ար­տա­սա­նո­ւէին: Կսկի­ծը սկսած էր հո­սիլ սրտէն: Վայր­կեա­նին բո­լորս ալ մեղ­քի զգա­ցում մը ապ­րե­ցանք: Չխօ­սե­ցանք: Աչ­քի տա­կով ի­րա­րու նա­յե­ցանք: Ան­մի­ջա­պէս անդ­րա­դար­ձայ, որ ներ­կա­ներս՝ բո­լորս ալ, մեր տու­նե­րէն ներս ու­նե­ցած էինք այս «տուն ե­կաւ»ի բա­ժի­նը: Մէ­կուն տղան, միւ­սին աղ­ջիկ­նե­րը, միւ­սին ալ տղան եւ նաեւ իմս կամ՝ մե­րը: Եր­բեք մտքիս ծայ­րէն չէի ան­ցու­ցած, որ բո­լորս ալ «նոյն ա­կէն ջուր խմած էինք», այլ խօս­քով, մեր տու­նե­րէն ներս մեր զա­ւակ­նե­րը ու­նե­ցած էին ա­մուս­նա­լուծ­ման խնդիր­ներ: Տխուր զու­գա­դի­պու­թիւն: Հա­պա թոռ­նե­րու ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թի՞ւ­նը, ա­նոնց ու­րիշ «մա­մա» կամ ու­րիշ «պա­պա» ու­նե­նա­լը: Սիրտ մա­շեց­նող: Չես գի­տեր՝ ին­չո՞ւ այս մա­սին ի­րա­րու եր­բեք չէինք «բա­ցո­ւած»: Այ­սօր, այս ե­րե­կոյ տար­բեր էր: Ու խեղճ կի­նը պատ­մեց: Պատ­մեց եր­կար ու ցա­ւա­լի՝ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ ստեղ­ծե­լով հին ու նոր ա­լե­կո­ծում­ներ: Ինք, ի տես այս «նո­րու­թեան», թէեւ կսկի­ծը զինք ան­դունդ­ներ տա­րած էր եւ ա­մօ­թի ու՝ ա­մօթ­խա­ծու­թեան զգա­ցում­նե­րով օ­րե­րը պա­տած, միշտ լռած էր. մար­դու բան չէր պատ­մած, որ­պէս­զի կեան­քը շա­րու­նա­կուէր: Ու հի­մա յստակ էր, թէ բո­լորս ալ զո­հերն էինք ի­րա­կա­նու­թեան մը, որ մեր հին քա­ղա­քին մէջ հա­զո­ւա­դէպ էր: Բո­լորս ալ քա­նի մը տա­րի­նե­րէ ի վեր թէեւ ի­րար­մէ հե­ռու եւ սա­կայն նոյն ան­հան­գիստ ծո­վուն մէջ լո­ղա­ցած էինք: Կեան­քը մեզ ալ որ­սա­ցած էր, ու բո­լորս ալ՝  ան­ձայն հա­մա­կեր­պած: Մեր օ­րե­րը ո­րոշ չա­փով կորսն­ցու­ցած էին ի­րենց կշռոյ­թը, աշ­խու­ժու­թիւնն ու ըն­թաց­քը:

Ժա­մեր ետք հիւր բա­րե­կամ­ներս մեկ­նե­ցան՝ ի­րենց հետ տա­նե­լով նաեւ ի­րենց ցա­ւե­րը:

Սե­նեակս ան­ցայ: Օ­րո­ւան այդ ուշ ժա­մուն ա­ռանձ­նա­նալ ու­զե­ցի: Ես ին­ծի հետ: Տխուր մի­նա­կու­թիւն: Է՜հ աշ­խարհ: Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րեմ մեր կեան­քի դաշ­տան­կա­րը:

Կար ժա­մա­նակ, որ մեր տան մէջ ալ կ՚իշ­խէր ա­ւան­դու­թիւ­նը: Ան էր, որ կը կա­ռա­վա­րէր մեր կեան­քը: Կը սահ­մա­նէր մեր մտա­ծում­նե­րը: Պար­զու­թիւն կար մեր եւ մեր ապ­րած քա­ղա­քի կեան­քին մէջ: Ար­հես­տա­կան բան չկար: Մեր կեան­քը կը հե­տե­ւէր մե­ծե­րու հետ­քե­րուն, հա­ւատ­քի փնտռտու­քի նման: Կը զգա­յի, որ ը­րածս ե­րա­զի ու գե­ղեց­կու­թեան փնտռտուք մըն էր: Ու մտո­վի կը պար­զա­բա­նէի. հոն իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար ըն­տա­նի­քը սրբու­թիւն էր, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տա­յինք, որ մենք՝ իբ­րեւ հա­յեր, ըն­տա­նի­քի ազգ էինք եւ ենք: Ես ծնած ու մեծ­ցած էի հայ­րե­նա­սէր եւ ա­ւան­դա­պահ խար­բերդ­ցի ըն­տա­նի­քի մէջ, ուր ապ­րե­լա­կեր­պը ե­ղած էր հա­յե­ցի, եւ միշտ հնչած էր մայ­րե­նին: Ա­կա­մայ ձգած էինք մեր ման­կու­թիւնն ու մեր պա­տա­նե­կու­թիւ­նը եւ հե­ռա­ցած «հոն­կէ»՝ ծննդա­վայր դրախ­տա­վայ­րէն: Ու ոչ միայն ես, այլ ազ­գո­վին տա­րա­ծո­ւած էինք հա­տիկ­նե­րու նման, նոր աշ­խարհ­նե­րու մէջ: Մեծ յոյ­սե­րով վա­զած հա­րաւ, վա­զած ա­րեւ­մուտք կամ հիւ­սիս՝ ա­ղօտ փա­րոս­նե­րու մեռ­նող լոյ­սե­րուն ե­տե­ւէն, եւ սա­կայն՝ մնա­ցած մի­նակ:

Իսկ հի­մա, չեմ գի­տեր, ար­դեօք մե՞նք, թէ մեր ապ­րած աշ­խար­հը փո­խո­ւած էր: Կը հա­ւա­տա­յի, որ այդ պզտիկ սե­նեա­կէն ներս նոր եւ միեւ­նոյն ա­տեն հին խոր­հուրդ­նե­րը կրկին ան­գամ բա­ցո­ւած էին ու զիս կը տան­ջէին դի­տում­նա­ւոր: Իս­կա­պէս, որ ին­կած էի յու­սա­հա­տու­թեան եւ օ­տար քա­մի­նե­րուն գիր­կը: Ա­մէն հայ տու­նէ ներս գրե­թէ ներ­կայ էր այս տագ­նա­պը: Նոր մտայ­նու­թիւն եւ ապ­րե­լա­կերպ: Ծնած էր նոր հա­յու­թիւ­նը: Բայց չէ՞ որ ազ­գը, որ­պէս­զի գո­յա­տե­ւէր, պէտք էր  հա­ւա­տա­րիմ մնար իր էու­թեան, իր ըն­դեր­քին մէջ ե­ղած հզօր նե­րու­ժին, իր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան: Իր իսկ այս ըն­թաց­քով ին­ծի կը թո­ւէր, թէ վա­ղո­ւան մեր ինք­նու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ պի­տի մա­շէր: Այն վայր­կեա­նին, երբ մեր ոտ­քե­րը դրած էինք այս նոր աշ­խար­հի հո­ղին վրայ, այդ օ­րէն սկսեալ ար­դէն անձ­նա­տուր ե­ղած էինք ա­նոր քմա­հաճ նո­րու­թիւն­նե­րուն: Կար­ծես եր­դու­մը դրժող մար­դոց կը նմա­նէինք: Թէեւ ժա­մա­նակ­նե­րը ա­մէն տեղ փոխո­ւած էին, սա­կայն կա­մայ թէ ա­կա­մայ մեր ե­րազ­նե­րը ան­հե­տա­ցած էին: Կար­ծես նոյ­նիսկ հայ մար­դուն եւ յատ­կա­պէս նոր սե­րուն­դին մօտ կոր­սո­ւած էր ըն­տա­նիք հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը, հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, խղճմտանքն ու ա­մօթ­խա­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ պար­կեշ­տու­թիւ­նը: Հա­ւա­տա­ցէ՛ք, ամ­բողջ աշ­խար­հը իմ հար­ցը չէ: Իմ հար­ցը չեն օ­տարն ու օ­տա­րի­նը: Յայտ­նի էր, որ գրո­ւե­լիք մեր նոր պատ­մու­թեան գիր­քի է­ջե­րուն վրայ բո­լոր գի­րե­րը խառ­նո­ւած էին: Ազ­գո­վին եւ ա­մէն տեղ փո­թոր­կա­լից ամ­պե­րու տակ կ՚ապ­րէինք, ա­նոր հա­մար էր, որ մեր ճա­կա­տա­գի­րը մեր ձեռ­քե­րով իսկ բոց դար­ձու­ցած էինք: Գե­րեզ­մա­նած էինք մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը: Մեզ վե­րա­դար­ձի բե­րող յու­շը չկար այ­լեւս: Այս մէ­կը դա­ժան ի­րա­կա­նու­թիւն էր: Կա­պիկ­նե­րու նման՝ դար­ձած էինք ա­մէ­նօ­րեայ, տե­ղա­կան եւ ա­ժան սո­վո­րու­թիւն­նե­րու գե­րին: Մեր մտած­ման լի­ճե­րը ա՛լ ա­լիք չու­նէին: Հայ տու­նե­րէ ներս, հայ ու­ղեղ­նե­րու մէջ «նո­րու­թիւն­նե­րը» քան­դած էին մեր ե­րազ­նե­րը: Հաշ­տո­ւած էինք սո­վո­րա­կան ա­ռա­ւօտ­նե­րուն հետ ու կար­ծես աղմ­կա­լից ա­նէծ­քի տակ կ՚ապ­րէինք ա­նոր հա­մար՝ մեր կար­գին իբ­րեւ ար­դա­րա­ցում միշտ ա­նո­րո­շը ա­նի­ծած:

Ուս­տի կը կար­ծեմ, որ գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րու մնա­յուն ներ­կա­յու­թեան հա­մար նա­խա­պայ­ման է մեր կեն­ցա­ղը քննել, մեր ապ­րում­նե­րը ժող­վել: Մեր գի­տակ­ցու­թեան առ­ջեւ մեր­կաց­նել մարդ­կա­յին նկա­րա­գի­րը, զտել, վերց­նել յար­մարն ու յար­մա­րա­գոյ­նը, ո­րով­հե­տեւ, ե­թէ ծա­ռը կ՚ու­զէ ապ­րիլ, պէտք է, որ իր ար­մա­տը փնտռէ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015