Սայաթ-Նովա (1722-1795) Հայ Ժողովուրդի Անզուգական Աշուղը

22 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, 220 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի վրայ ար­շա­ւած Ա­ղա ­Մո­համ­մէտ խան ա­նու­նով աս­պա­տա­կի մը զի­նո­ւոր­նե­րուն ձե­ռամբ, սրա­խող­խող պո­կո­ւե­ցաւ կեան­քի թե­լը հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ ծնունդ­նե­րէն ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի։

Հա­սուն տա­րի­քին (1759-ին) քա­հա­նայ ձեռ­նադրուած՝ հայ մեծ Ա­շուղն ու ­Բա­նաս­տեղ­ծը իր վեր­ջին շուն­չը ա­ւան­դեց ­Հաղ­բա­տի վան­քին մէջ, իբ­րեւ կտակ ար­ձա­նագ­րե­լով, թէ «­Չըխ­մա­մամ քի­լի­սէ­տէն, տէօն­մէ­մէմ ի­սա՛­տէն (ա­զէ­րիա­կան թրքե­րէ­նով՝ դուրս չեմ գար ե­կե­ղե­ցիէն, չեմ հրա­ժա­րիր ա­ղօթ­քէն)…Այս խօս­քերն ա­սե­լէս ետք ինձ սպան­նե­ցին պար­սիկ Ա­ղա ­Մո­համ­մէտ խա­նի զի­նո­ւոր­նե­րը»։­

Ինչ­պէս իր գրա­կա­նու­թեամբ, նոյն­պէս եւ իր կեան­քով՝ խոր յոյ­զե­րու եւ բուռն սի­րոյ ա­լե­կո­ծում­նե­րու հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծն է ­Սա­յաթ-­Նո­վա, ո­րուն եր­գերն ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, ա­հա ա­ւե­լի քան եր­կու դա­րէ ի վեր, մշտա­նո­րոգ թար­մու­թեամբ կը հնչեն հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րուն, սի­րոյ հու­րով տո­չո­րո­ւող սիր­տե­րուն ու հո­գի­նե­րուն բա­բա­խուն երգ ջամ­բե­լով։

Թէեւ ամ­բողջ գրա­դա­րան մը լեց­նող գրա­կա­նու­թիւն նո­ւի­րո­ւած է ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յին, բայց հայ­-կա­կան բա­նա­սի­րու­թիւ­նը դեռ ամ­բող­ջա­կան լոյ­սի տակ ա­ռած չէ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի այս ան­զու­գա­կան ա­շուղ-բա­նաս­տեղ­ծին կեանքն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի կեան­քին ոչ միայն շատ մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ հիմ­նա­կան փու­լերն ու ծալ­քե­րը դեռ չեն լու­սա­բա­նո­ւած անհ­րա­ժեշտ ճշգրտու­թեամբ ու խո­րու­թեամբ։

Օ­րի­նակ՝ թէեւ ընդ­հան­րա­պէս օ­տար­ներ, նաեւ խորհր­դա­հայ աղ­բիւր­ներ պար­զա­պէս ­Թիֆ­լի­զը կը յի­շա­տա­կեն իբ­րեւ ծննդա­վայրն ու նա­հա­տա­կու­թեան վայ­րը «­Կով­կա­սի Եր­գի ­Թա­գա­ւո­րը» հռչա­կո­ւած մե­ծա­նուն ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի, այ­սու­հան­դերձ՝ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն կա­տա­րուած բա­ցա­յայ­տում­ներ կու գան յստա­կաց­նե­լու, որ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ա­րու­թին կամ ­Յա­րու­թիւն ­Սա­յա­թեան 14 ­Յու­նիս 1722-ին ծնած էր, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, ­Սա­նա­հի­նի մէջ, որ ծննդա­վայ­րը ե­ղած էր նաեւ մօ­րը՝ ­Սա­րա­յի, մե­ծա­նուն հայ բա­նաս­տեղծ ­Նա­ղաշ ­Յով­նա­թա­նի թոռ­նու­հիին։

Հայ­րը՝ ­Կա­րա­պե­տը, ­Պոլ­սոյ հայ-թրքա­կան ա­շու­ղա­կան դպրո­ցի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն սալ­մաստ­ցի ­Ղուլ-­Յա­րու­թիւն ա­շու­ղի որ­դին (ո­րուն ծննդա­վայ­րը հա­ւա­նա­բար ե­ղած է ­Հա­լէ­պը կամ Ա­տա­նան) ըստ ե­րե­ւոյ­թին փե­սայ ե­կած էր ­Սա­նա­հին։ ­Սա­յա­թեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը կա­նու­խէն տե­ղա­փոխո­ւած է ­Թիֆ­լի­զի մեր­ձա­կայ գիւղ մը, ուր մա­նուկ ­Յա­րու­թիւն ջուլ­հա­կու­թիւն սոր­ված է ծնող­քին կամ­քով։

Եօ­թը տա­րի ջուլ­հա­կու­թիւն սոր­վե­ցաւ եւ ջուլ­հակ աշ­խա­տե­ցաւ հե­տա­գայ մեծ բա­նաս­տեղ­ծը, որ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ միշտ օգ­տա­գոր­ծեց ջուլ­հա­կա­գոր­ծի իր հմտու­թիւ­նը՝ բա­նաս­տեղ­ծա­կան պատ­կեր­նե­րու ա­ռու­մով լայ­նօ­րէն գոր­ծա­ծե­լով մե­տաք­սեայ թե­լե­րու մա­նո­ւած­քին ու հիւսո­ւած­քին, վառ ու գրա­ւիչ գոյ­նե­րու խա­ղե­րուն, թան­կար­ժէք կեր­պաս­նե­րու բա­նո­ւած­քին նրբա­րուես­տա­կան փո­խա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Ընգ­ծու­մի ար­ժա­նի է նաեւ ըն­տա­նե­կան կազ­մա­ւոր­ման այդ են­թա­հո­ղէն ու մի­ջա­վայ­րէն ե­կող Յա­րու­թիւն ­Սա­յա­թեա­նի տի­րա­պե­տու­մը, հա­յե­րէ­նի կող­քին, վրա­ցե­րէ­նի եւ ա­զէ­րիա­կան թրքե­րէ­նի, ինչ­պէս եւ կա­րե­ւոր չա­փով պարս­կե­րէ­նի ու մա­սամբ ա­րա­բե­րէ­նի։ Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ հա­մա­կով­կա­սեան տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծա­նուն ա­շուղ-բա­նաս­տեղծ դար­ձաւ ­Սա­յաթ-­Նո­վա՝ հա­յե­րէ­նով իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հիմ­նա­կան ժա­ռան­գու­թեան կող­քին, հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի գան­ձա­րա­նին կտա­կե­լով նաեւ վրա­ցե­րէն ու թրքե­րէն մե­ծար­ժէք եր­գեր ու բա­նաս­տե­ղու­թիւն­ներ։

Բայց գե­րա­զան­ցա­պէս հայ­կա­կան ա­կունք ու­նե­ցաւ հան­ճա­րեղ գու­սա­նին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Հայ­րա­կան եւ մայ­րա­կան կող­մի տա­ղան­դա­ւոր ա­շուղ­նե­րէն, բա­նաս­տեղծ­նե­րէն եւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րէն ժա­ռան­գեց ոչ միայն ըն­տիր հա­յե­րէնն ու բա­նաս­տեղ­ծա­կան մշա­կու­մի ա­րո­ւես­տը, այ­լեւ՝ հայ ժո­ղովր­դա­կան երգ ու պա­րի ա­ւանդ­նե­րը։

Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ, ան հրա­ժա­րե­ցաւ ջուլ­հա­կա­գոր­ծու­թե­նէ եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­շու­ղա­կան կեան­քի։ ­Ճամ­բոր­դեց ­Պարս­կաս­տան եւ հա­սաւ մին­չեւ Հնդ­­կաս­տան։ Շր­­ջե­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ տար­բեր եր­կիր­ներ։ Եւ ա­մէ­նու­րեք, տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­ւանդ­նե­րուն մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լով՝ հարս­տա­ցուց թէ՛ իր գի­տե­լիք­նե­րու պա­շա­րը, թէ՛ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մշակ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ուխ­տի գնաց, մա­նա­ւա՛նդ, ­Տա­րօ­նայ աշ­խար­հի Ս. ­Կա­րա­պետ վան­քը, որ կը նկա­տո­ւէր ժա­մա­նա­կի ա­շուղ­նե­րուն հո­գե-մ­ըտա­ւոր հա­սու­նաց­ման ուխ­տա­տե­ղին։

Ար­դէն հռչա­կա­ւոր ա­շուղ էր եւ «­Սա­յաթ-­Նո­վա (պարս­կե­րէն՝ Եր­գի Որ­սորդ)» ա­նու­նով մկրտո­ւած, երբ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ վրաց ­Հե­րակլ Բ. թա­գա­ւո­րին կող­մէ ար­քա­յա­կան պա­լատ՝ պաշ­տօ­նա­պէս ար­քու­նի ա­շուղ կար­գո­ւե­լով։ Իր այդ հան­գա­ման­քով՝ ­Սա­յաթ-­Նո­վա եր­կար ծա­ռա­յեց ­Հե­րակլ Բ­.-ի, ար­ժա­նա­ցաւ ա­նոր վստա­հու­թեան. վրա­ցա­կան ա­շու­ղա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը հայ­կա­կան եւ պարս­կա­կան պա­տո­ւաս­տու­մով հարս­տա­ցու­ցած հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծին ­Հե­րակլ Բ. յանձ­նա­րա­րեց նաեւ քա­ղա­քա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ։ Կեն­սա­գիր­նե­րու վկա­յու­թեամբ, հայ մեծ գու­սա­նը վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ պարս­կա­կան ար­շա­ւանք­նե­րու դէմ հայ-վրա­ցա­կան-թա­թա­րա­կան զի­նակ­ցու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լու գոր­ծին մէջ։

Բա­նա­սէր­նե­րը տա­րա­կար­ծիք են, յատ­կա­պէս, վրաց ար­քու­նի­քէն ներս ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի ապ­րած մեծ սի­րոյ ող­բեր­գու­թեան մա­սին, որ կեն­սա­յորդ աղ­բիւ­րը ե­ղաւ ա­նոր եր­գե­րուն եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան։ Վ­­րաց թա­գա­ւո­րին մօտ ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի վա­յե­լած վստա­հու­թիւ­նը ծանր հա­րո­ւած ստա­ցաւ, երբ ար­դէն ա­մուս­նա­ցած ու զա­ւակ­նե­րու տէր բա­նաս­տեղ­ծը սի­րա­հա­րո­ւե­ցաւ թա­գա­ւո­րի դստեր կամ քրոջ՝ Ան­նա­յին։ Ան­յոյս այդ սէ­րը այն­քան մեծ էր ու խոր, որ ­Սա­յաթ-­Նո­վա մին­չեւ իր վախ­ճա­նը տա­ռա­պե­ցաւ ու եր­գեց ա­նոր ներշնչու­մով։ ­Սա­յաթ-­Նո­վա ա­մէ­նուր իր երգն ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը տա­րա­ծեց եւ, իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն, ար­ժա­նա­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին եր­գի­չի դափ­նեպ­սա­կին։ ­Հա­զա­րը անց­նող ա­շու­ղա­կան իր եր­գերն ու խա­ղե­րը, ե­րեք լե­զու­նե­րով, տա­րա­ծուե­ցան բեր­նէ բե­րան, ջեր­մա­ցու­ցին եւ ծաղ­կե­ցու­ցին ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին ու­րախ եւ տխուր պա­հե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս։

Եւ ար­ժա­նա­ցան յա­ւեր­ժու­թեան։

1759-ին ­Սա­յաթ-­Նո­վա քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ ­Տէր Ս­­տե­փա­նոս ա­նու­նով՝ ո­մանց կար­ծի­քով վրաց ­Հե­րակլ Բ. թա­գա­ւո­րի ճնշու­մին տակ, որ կ՚ու­զէր իր պա­լա­տէն հե­ռաց­նել զինք, իսկ այլ բա­նա­սէր­նե­րու կար­ծի­քով՝ սի­րա­հար բա­նաս­տեղ­ծը պար­զա­պէս ա­պաշ­խար­հե­լու նպա­տա­կով նուի­րո­ւե­ցաւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ծա­ռա­յու­թեան։

Սա­յաթ-­Նո­վա իր կեն­դա­նու­թեան եւ իր ձեռ­քով լծո­ւե­ցաւ սե­փա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը գրի առ­նե­լու, մա­նա­ւանդ վրա­ցե­րէն եւ թրքե­րէն իր եր­գե­րը հա­յաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ Գ­­րա­կա­նա­գէտ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ իր Օ­հան որ­դին կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ այդ աշ­խա­տան­քին մէջ եւ մե­ծա­պէս օգ­նեց հօ­րը։ Այ­սօր ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յէն ու­նինք, գրա­ւոր պա­հո­ւած, ա­ւե­լի քան 230 հա­յե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն։ ­Բայց կը տի­րէ ընդ­հա­նուր այն հա­մո­զու­մը, որ տա­կա­ւին ցի­րու­ցան կը մնան մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ բա­նա­ւոր պահ­պա­նո­ւած հայ հան­ճա­րեղ ա­շու­ղին բա­զում ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պէտք է հա­ւա­քո­ւին ու գրի առ­նո­ւին։

Սա­յաթ-­Նո­վա­յի ան­զու­գա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը փրկե­լու եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին մատ­չե­լի դարձ­նե­լու դժո­ւա­րին, այ­լեւ ե­րախ­տա­շատ գոր­ծին մէջ հիմ­նա­կան ե­ղաւ ներդ­րու­մը Սա­յաթ­նո­վա­գի­տու­թեան հիմ­նա­դիր՝ հա­յա­գէտ Գ. Ախ­վեր­դեա­նի։ 1848-ի ­Մա­յի­սին ձեռք բե­րե­լով ա­շու­ղի «­Դավ­թար»ը (­Տետր), հե­տա­զօ­տա­կան քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քէ ու ո­րո­նում­նե­րէ յե­տոյ, 1852-ին ան լոյս ըն­ծա­յեց ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի հա­յե­րէն խա­ղե­րու ա­ռա­ջին ժո­ղո­վա­ծուն (46 խաղ)՝ կ­ցե­լով բա­նաս­տեղ­ծի կեն­սագ­րու­թիւ­նը, ­Թիֆ­լի­զի բար­բա­ռի քննու­թիւ­նը եւ ա­ռան­ձին ո­տա­նա­ւոր­նե­րու բա­ռա­պա­շա­րին վե­րա­բե­րեալ ար­ժէ­քա­ւոր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ։

Իսկ ­Սա­յաթ-­Նո­վան իր նե­րաշ­խար­հով ու ա­րո­ւես­տով մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­նօ­թաց­նե­լու գոր­ծին մէջ մեծ ե­ղաւ ներդ­րու­մը ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի, ո­րուն ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի նո­ւի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին լսա­րան­նե­րու բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րը մէկ­տե­ղո­ւած են ա­ռան­ձին հա­տո­րի մը մէջ։ ­Հայ մեծ գրա­կա­նա­գէտն ու քննա­դա­տը, իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին եւ ­Լի­բա­նա­նի մէջ՝ ­Ճե­մա­րա­նի յար­կին տակ իր դա­սա­ւան­դու­թեանց շրջա­նին, թիֆ­լի­զեան իր տա­րի­նե­րուն կա­տա­րած բա­նա­հա­ւա­քի աշ­խա­տանք­նե­րը ի մի բե­րե­լով, յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը գրի առ­նե­լով եւ ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի լե­զո­ւա­կան եւ ո­ճա­բա­նա­կան իւ­րա­յատ­կու­թեանց ա­մենէն հա­րա­զատ ու մատ­չե­լի մեկ­նա­բա­նու­թեան ձեռ­նար­կե­լով, փաս­տօ­րէն թէ՛ եր­գեց եւ թէ աս­մուն­քեց հայ հան­ճա­րեղ ա­շուղ-բա­նաս­տեղ­ծին լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը եւ զա­նոնք մեր սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցեց իբ­րեւ ան­կորն­չե­լի ժա­ռանգ ու հարստու­թիւն։

Սա­յաթ-­Նո­վա­յի ժա­ռան­գու­թեան ճա­նաչ­ման եւ վեր­ծան­ման մէջ հսկա­յա­կան ե­ղաւ ներդ­րու­մը նաեւ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի, որ իր բա­նա­սի­րա­կան ու գրա­կա­նա­գի­տա­կան ա­ւար­տա­ճա­ռին նիւթ ընտ­րած էր ­Սա­յաթ-­Նո­վան։ ­Նոյն­պէս հիմ­նա­կան ներդրում ու­նե­ցաւ բա­նա­սէր ­Մօ­րուս ­Հաս­րա­թեան, որ ա­մենէն գի­տա­կան ժո­ղո­վա­ծուն կազ­մեց ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի ժա­ռան­գու­թեան։ Իսկ Սէրկէյ Փա­րա­ճա­նով, 1968-ին պատ­րաս­տած իր «Ն­­ռան ­Գոյ­նը» գոր­ծով, ողջ աշ­խար­հը գրա­ւող ա­րո­ւես­տի գլուխ-գոր­ծոց մը սե­րունդ­նե­րուն յանձ­նեց ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի ներշն­չու­մով։

Կեան­քի եւ սի­րոյ, տեն­չան­քի ու տա­ռա­պան­քի, վշտի եւ ու­րա­խու­թեան, ի­մաս­տու­թեան եւ յու­սա­խա­բու­թեանց՝ մարդ­կա­յին ա­մե­նէն ի­րա՛ւ ու խո­րա­խոր­հուրդ ապ­րում­նե­րուն հան­ճա­րեղ եր­գի­չը ե­ղաւ ­Սա­յաթ-­Նո­վա։

Որ­քան ալ դժո­ւար ըլ­լայ ա­նոր բար­բա­ռա­յին հա­յե­րէ­նը, նո­րա­հաս սե­րունդ­ներն ան­գամ ուղ­ղա­կի ի­րենց սրտէն բխող եր­գի եւ հո­գիի վա­ւե­րա­կան խոս­տո­վա­նու­թեան վե­րա­ծած են ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի եր­գե­րը։

Յու­շա­տետ­րի այս է­ջը կ­­՚ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի վկա­յու­թեամբ, որ 1910-ա­կան­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նեց եւ տա­րի­ներ պահ­պա­նեց տա­րին օր մը ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յին նո­ւի­րե­լո­ւ ա­ւան­դու­թիւ­նը.-

«­Նա մի նո­րօ­րի­նակ ձեւ չի, մո­դա չի, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քում ձանձ­րաց­նի ու փո­խո­ւի. նրան մին լսո­ղը երկ­րորդ ան­գամ լսե­լիս ա­ւե­լի պի­տի սի­րի, եւ մին հաս­կա­նա­լուց ու սի­րե­լուց յե­տոյ եր­բեք չպի­տի մո­ռա­նայ։ ­Գե­ղե­ցիկ ձե­ւի մէջ մի մշտա­վառ հուր հո­գի է նա, մի ազ­նիւ ու լի­քը սիրտ, մի հա­րա­զատ հզօր շունչ, որ մեր աշ­խարհ­քի հա­րա­զատ շնչի նման միշտ խա­ղա­լու է Կով­կա­սի ժո­ղո­վուրդ­նե­րի վրայ, ե՛ւ հա­յի, ե՛ւ վրա­ցու, ե՛ւ թուր­քի վրայ, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­սար ու­ժով եր­գել է ե՛ւ հա­յե­րէն, ե՛ւ վրա­ցե­րէն, ե՛ւ թուր­քե­րէն»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015