ԱԲՈՎԵԱՆԱԿԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ ԱՄԻՍ

Հոկտեմբեր ամիսը աբովեանական շունչ մը ունէր իր մէջ: Օրեր առաջ նշուեցաւ մեր գրականութեան սիւներէն մէկուն՝ արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիրին ծննդեան օրը, բայց մինչ այդ, տեղի ունեցան քանի մի ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Խաչատուր Աբովեան ո՛չ միայն գրողը, այլ նաեւ՝ հայ իրականութեան այլ ասպարէզներու մէջ իր ներդրումը ունեցող մտաւորականը:

ԼԵՌՆԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿԸ

Հոկտեմբեր 9-ը Հայաստանի մէջ կը նշուի հայ լեռներու եւ լեռնագնացներու օր: Ամսաթիւը պատահական չէ ընտրուած, անիկա ունի իր պատմութիւնը: 1829 թուականին Խաչատուր Աբովեան կը կարգուի Էջմիածնի սարկաւագ եւ թարգմանիչ՝ անհրաժեշտութեան պարագային ուղեկցելու համար ռուս եւ եւրոպացի ճանապարհորդներու, որոնք Հայաստան կու գային գիտական զանազան ուսումնասիրութիւններ կատարելու:

Նոյն թուականին Էջմիածին կու գայ Էսթոնիոյ Թորպատ քաղաքի համալսարանէն փրոֆ. Ֆրիտրիխ Պարրոտ՝ խումբ մը գիտնականներով Արարատի գագաթը բարձրանալու համար։ Փրոֆեսէօրին խնդրանքով կաթողիկոսը Աբովեանին, որպէս տեղական պայմաններուն ծանօթ անձ մը, կ՚արտօնէ մասնակցիլ այդ գիտական արշաւախումբին։ Արշաւախումբը ստացած էր Նիքոլայ Ա. կայսեր հաւանութիւնը, կայսրը նաեւ զինուորական ուղեկցող տրամադրած էր։ Անցնելով Արաքսը՝ անոնք գացին Ակոռի, որ տեղակայուած է Արարատի հիւսիսային լանջին՝ ծովու մակարդակէն 1200 մեթր բարձրութեան վրայ։ Արշաւախումբը հետեւելով մտաւորական ու եկեղեցական գործիչ Յարութիւն Ալամտարեանի խորհուրդին, ճամբար կը հիմնէ Սուրբ Յակոբ վանքին քով: Հիւսիսային լանջով Արարատի գագաթը մագլցելու անոնց առաջին փորձը կը ձախողի տաք հագուստի բացակայութեան պատճառով։

Վեց օր անց, հետեւելով Ակոռիի գիւղապետ Ստեփան Խոջիեանցի խորհուրդին, արշաւախումբը վերելքին կը սկսի հիւսիս-արեւմտեան լանջէն։ Հասնելով 4885 մեթր բարձրութեան՝ անոնք ստիպուած էին վերադառնալ, քանի որ մութը իջնելու վրայ էր եւ չէին հասցներ գագաթը բարձրանալ։

Արշաւախումբը Արարատի գագաթը բարձրացաւ միայն երրորդ փորձէն ետք՝ 27 սեպտեմբեր 1829 թուականին, նոր տոմարով՝ հոկտեմբերի 9-ին:

Աբովեան սառոյցի վրայ փոս ըրաւ ու տեղադրեց փայտեայ խաչ մը՝ ուղղուած դէպի հիւսիս։ Ան նաեւ սառոյցի կտոր մը զետեղած է շիշին մէջ ու իջեցուցած է որպէս սուրբ ջուր։ Յետագային, որոշ շրջան մը, Արարատի գագաթը բարձրանալը նկատուած է «սրբապղծութիւն» եւ Աբովեան իր այս արարքին համար հալածուած է հոգեւորականներու կողմէ։

Նոյն տարուայ նոյեմբեր 8-ին Աբովեանն ու Պարրոտը բարձրացան նաեւ Արարատի միւս՝ Սիս գագաթը։

Տարիներ անց՝ 1845 թուականին, Աբովեան գերմանացի բնագէտ Օթթօ Վիլհէլմ Հերման ֆոն Ապիխի հետ կրկին բարձրացած է Արարատի գագաթը։ Երրորդ եւ վերջին անգամ Աբովեան Արարատի գագաթը բարձրացած է 1846 թուականին՝ անգլիացի Հենրի Տենպի Սէյմուրի հետ։

Առաջին մագլցումին օրը՝ նոր տոմարով հոկտեմբերի 9-ը, սկիզբ դրուած է հայ լեռնագնացութեան պատմութեան, եւ օրը կը նշուի իբրեւ Հայ լեռներու եւ լեռնագնացներու օր: Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ առաձնակի կարեւորութեամբ կը նշեն այդ պատմական օրը՝ հանրութեան ներկայացնելով նաեւ հայոց լեռներն ու անոնց գագաթները, որոնք պարբերաբար կը նուաճուին զանազան լեռնագնացներու կողմէ:

ԱՌԱՋԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՊԵՏԸ

Հայաստանի մէջ հոկտեմբեր 7-ը, 2004 թուականէն ի վեր, կառավարութեան որոշմամբ կը նշուի իբրեւ Գրադարանավարի օր: Այդ օրը կը յիշատակուի նաեւ հայ առաջին գրադարանապետը՝ Խաչատուր Աբովեանը: Ան, գրող, մանկավարժ եւ լուսաւորական ըլլալով, շատ լաւ կը պատկերացնէր գրադարանի դերը հայ մարդու կրթութեան գործին մէջ եւ իր կարելին ըրած է՝ գրադարանային ոլորտէն ներս:

1832 թուականին հիմնադրուեցաւ Երեւանի գաւառական դպրոցի գրադարանը, որուն հիման վրայ յետագային հիմնուեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը: Նախախորհրդային Հայաստանի մէջ, անիկա Էջմիածնի մատենադարանէն ետք եղած է ամենամեծ եւ յատուկ հանրային գրադարանը:

1843 թուականին գրադարանը իրական զարգացում կ՚ապրի, երբ դպրոցի տեսուչ կը նշանակուի Խաչատուր Աբովեան: Ան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ գրադարանին, կը հարստացնէ զայն եւ կը ստեղծէ քարտադարան:

Աբովեան գիտէր Դորպատի, Մոսկուայի, Փեթերսպուրկի, Թիֆլիզի, Կազանի բոլոր գրախանութները, ծանօթ հրատարակիչները, գրավաճառները: Յիշեալ քաղաքներէն ան թղթատարական առաքումներու միջոցով ձեռք կը բերէր գիրքեր, ամսագրեր, հանդէսներ եւ ուսումնական ձեռնարկներ: Այսպէսով, Աբովեան իր հայրենասիրութեան, աշխատասիրութեան ու գրադարանային գործին նուիրուածութեան շնորհիւ դարձաւ առաջին գրադարանապետը, որուն ղեկավարման տարիներուն գրադարանը համալրուեցաւ բազմաթիւ ու բազմաժանր գրականութեամբ, որոնք մինչեւ այժմ խնամքով կը պահուին Հայաստանի Ազգային գրադարանի անձեռնմխելի շտեմարանին մէջ։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՌԱՆԳՆԵՐ

Խաչատուր Աբովեանի կեանքէն կարեւոր բացայայտումներուն կողքին կան նաեւ առեղծուածներ եւ քիչ ուսումնասիրուած էջեր: Առեղծուածներէն մէկը, անշուշտ, անոր անհետացումն է:

Հանրութեան քիչ յայտնի են նաեւ Խաչատուր Աբովեանի ժառանգները: Ան Թիֆլիզի նահանգական դպրոցի տեսուչ աշխատած ժամանակ՝ 1838 թուականին, կը հանդիպի 18-ամեայ Էմիլիէ Լոոզէին, որուն հայրը գերմանացի էր, մայրը՝ էսթոնուհի: Շարունակուող հանդիպումներն ու զրոյցները աստիճանաբար կը դառնան ջերմ ու անկեղծ եւ տարուայ երկրորդ կէսին կ՚աւարտին փոխադարձ սիրոյ խոստովանութեամբ:

Աբովեան քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւորական էր, իսկ Էմիլիէն՝ այլազգի, լուտերական օրիորդ…

Անհրաժեշտ էր արտօնութիւն ստանալ առաքելական եւ լուտերական եկեղեցիներու կրօնական մեծերէն, հրաժեշտ տալ հոգեւոր կոչման, որմէ ետք միայն կնքել ամուսնական դաշինք: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ:

23 յունուար 1839 թուականին Սինոդը կը լսէ Թիֆլիզի նահանգական դպրոցի տեսուչ Խաչատուր Աբովեանի դիմումը եւ դրական լուծում կու տայ:

Էմիլիէն կը համաձայնի, որ պսակադրութիւնը կատարուի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հայ քահանայի կողմէ, ան նաեւ համաձայնութիւն կու տայ, որ իրենց երեխաները նոյնպէս մկրտուին հայկական եկեղեցւոյ մէջ՝ հայկական դաւանանքին համաձայն: Խաչատուր Աբովեան իր կարգին կը պարտադրուի, որ երբեք պիտի չբռնանայ իր կնոջ դաւանանքին: Ամուսնական դաշինքը կը կազմուի եւ կը վաւերացուի Թիֆլիզ 6 օգոստոս 1939 թուականին: Պսակադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ 10 դեկտեմբեր 1839 թուականին:

Ամուսնութեան յաջորդ տարին՝ 31 մայիս 1840 թուականին, կը ծնի անոնց առջինեկը՝ Վարդանը, իսկ 1843 թուականի յունիսին՝ դուստրը՝ Զարմանդուխտը:

Վարդան ութ տարեկան էր, երբ կը զրկուի հօրմէն: Անոր յետագայ խնամքն ու դաստիարակութիւնը կը մնայ մօր՝ Էմիլիէի վրայ, որ ամուսինին առեղծուածային անհետացումէն ետք կ՚ապրի 22 տարի եւ կը մահանայ 1870 թուականին:

Ինը տարեկանէն Վարդան կը յաճախէ Թիֆլիզի ազնուական կիմնազիոնը, ապա Ներսիսեան դպրոցը: Կաթողիկոսը նախատեսած էր անոր կրթութիւն տալ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի արեւելեան լեզուներու բաժնէն ներս, սակայն հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով Վարդան կ՚ելլէ Ներսիսեան դպրոցէն, եւ միեւնոյն ատեն կը զրկուի Լազարեան ճեմարանի մէջ ուսանելու հնարաւորութենէն:

Մօր՝ Էմիլիէի մեծ ջանքերուն շնորհիւ ան 1854-էն մինչեւ 1859 թուականը կ՚ուսանի Խարքովի մասնաւոր կրթարանի մը մէջ, ապա կը փոխադրուի Թորպատ եւ 1860 թուականէն կը դառնայ համալսարանի ուսանող, այն համալսարանին, ուր հայազգի պատանիներէն առաջինը ընդունուած եւ աւարտած էր իր հայրը: Նիւթական սուղ պայմաններուն պատճառով Վարդան Աբովեան համալսարանը չ՚աւարտեր: Համալսարանի ղեկավարին արտօնութեամբ քննութիւն կը յանձնէ՝ կիմնազիոնի ուսուցիչի կոչում ստանալու համար եւ եօթ տարի կը դասաւանդէ ռուսաց լեզու, պատմութիւն, գեղագրութիւն՝ Էսթոնիոյ նախ Ֆելին գիւղաքաղաքին մէջ, ապա՝ Թալլին քաղաքի զանազան ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

1869 թուականին մօր խնդրանքով Վարդան կը վերադառնայ Անդրկովկաս եւ անմիջապէս ուսուցիչի պաշտօն կը վարէ Ախալքալաքի մէջ: Պայմանները կը ստիպեն անոր, որ 1875 թուականին փոխադրուի Էջմիածին, ուր հինգ տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ Գէորգեան ճեմարանը, այնուհետեւ տասը տարի կը բնակի եւ կ՚աշխատի Երեւանի թեմական դպրոցը:

Վարդան Աբովեան մահացած է 1896 թուականի նոյեմբերին, յուղարկաւորուած է Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ բակը: Ան ամուսնացած էր Կատարինէ Եարալեանին հետ, ունեցած են ութ զաւակ, որոնցմէ Խաչատուրը, Վահանն ու Պետրոսը մահացած են մանուկ հասակին: Վարդան Աբովեանի միւս երեք տղաքը՝ Կոնստանդինը, Լեւոնը, Աշոտը եւ երկու դուստրերը՝ Շուշանիկը, Վիքթորիան մեծցուցած ու կրթութեան տուած է մայրը՝ Կատարինէ Եարալեան-Աբովեանը, քանի որ Վարդանը կանուխ մահացած էր, երբ երեխաները տակաւին մանուկ էին:

ԶԱՐՄԱՆԴՈՒԽՏԻ ՃԻՒՂԸ

Բոլորովին այլ կերպով կը դասաւորուի Խաչատուր Աբովեանի դստեր՝ Զարմանդուխտի կեանքը: Ան հինգ տարեկան էր, երբ զրկուեցաւ հօրմէն: Աւարտելով Երեւանի իգական կիմնազիոնը՝ Զարմանդուխտը շուտով կ՚ամուսնանայ Երեւանի մէջ հարկահաւաքի պաշտօնով աշխատող Գրիգոր Եակովլեւիչ Պոժովսքիին հետ: Անոնք կ՚ունենան հինգ զաւակ՝ չորս աղջիկ՝ Եուլիանա, Օլկա, Զինաիտա (4-րդին անունը յայտնի չէ) եւ մէկ որդի՝ Վլատիմիր:

Զարմանդուխտին ամուսինը ապրած է մինչեւ 1906 թուականը: Ան հիւանդ ու հաշմանդամ էր եւ երեխաներուն խնամքն ու դաստիարակութիւնը, մեծ կարիքի ու զրկանքներու պայմաններով, ինկած էր Զարմանդուխտի ուսերուն:

Զարմանդուխտի միակ տղան՝ Վլատիմիր Պոժովսքին, ընտանիքին ամենափոքրն էր, սակայն յետագային կեանքը այնպէս դասաւորուեցաւ, որ մօր, քոյրերուն ու անոնց երեխաներուն միակ խնամատարն ու կարիքները հոգացողը եղաւ կրտսեր զաւակը:

Վլատիմիր շատ կապուած էր մօրը, բարձր կը գնահատէր անոր բացառիկ ջանքերը երեխաներու ուսուցման ու դաստիարակութեան գործին մէջ: Իր կարգին ջանք չէր խնայեր երախտահատոյց ըլլալու մօրը, որ ապրեցաւ 66 տարի եւ մահացաւ 1909 թուականին:

Հայ մեծ լուսաւորիչի տոհմածառին քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր սերունդին շուրջ 90 մարդոցմէ 28-ը կեանքէն կանուխ հեռացած են, իսկ մնացած 62 հոգիէն 20-ը չեն հասած նոյնիսկ չափահասութեան: Մնացեալը իրենց կեանքը նուիրած են գիտութեան, 5-ը եղած են տոքթոր-փրոֆեսէօրներ, 7-ը՝ գիտութեան թեկնածուներ:

Խաչատուր Աբովեանի ժառանգները ընթերցողներու սեղանին դրած են զանազան գիտութիւններու գծով աւելի քան 250 գիտական աշխատութիւն, անոնք եղած են ազնիւ, գործունեայ, հայրենասէր եւ մարդասէր անձինք:

ԱԲՈՎԵԱՆԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

1844 թուականին, Երեւանի գաւառական դպրոցի տեսուչ աշխատած տարիներուն, Խաչատուր Աբովեան կը հիմնէ դպրոցամերձ այգի մը՝ 1800 քառակուսի մեթր տարածքով: Ան նպատակ ունէր քաղաքի բնակիչներուն համար, աշակերտներուն ուժերով, ստեղծել հանրային այգի մը, ուր պէտք է աճեցուէին Հայաստանի համար ամենաբնորոշ ծառատեսակներ ու թուփեր եւ մշակուէին մերձարեւադարձային, ոչ պտղատու մշակաբոյսեր: Իր կատարած բնապահպանական արշաւներուն ընթացքին, Աբովեան աշակերտներուն կը յանձնարարէր հանդիպած բոյսերէն վերցնել եւ դպրոցին բակը տնկել: Այստեղ աշակերտներէն իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր առանձին մարգը, որ կը խնամէր սեփական ուժերով: Այս մէկը արդէն նոր երեւոյթ մըն էր այն ժամանակ, դպրոցամերձ հողամասին մէջ երեխաներու ձեռքով կը ստեղծուէր իւրայատուկ հայրենագիտական բուսաբանական այգի:

Յենլով Խաչատուր Աբովեանի այսօրինակ փորձին վրայ՝ Քանաքեռ գտնուող անոր անունը կրող թանգարանը, ամառնային դպրոցի աշխատանքներուն զուգահեռ, երեխաներուն հետ իրականացուցած է այգեգործական աշխատանքներ: Այսօր, երբ այցելուն մտնէ Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին բակը, ուղղակի կը վայելէ այդ աշխատանքին արդիւնքը: Հոկտեմբեր ամսուն մեծ գրողին տունին բակը տակաւին ամառնային շունչ կը տիրէ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021