ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԱՐՔ ԱՐԵԱՆԸ…

Մարք Ա­րեան: Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ ոչ այն­քան փա­ռա­բա­նուած ա­նուն մը, որ կեն­դա­նու­թեան օ­րօք չէ ստա­ցած իր տա­ղան­դին ար­ժա­նի մե­ծա­րան­քը եւ սկսած է իր գնա­հա­տանքն ու ար­ժէ­քը ստա­նալ մեր օ­րե­րուն: Մարք Ա­րեա­նի ա­նու­նը եր­կար ժա­մա­նակ պա­րու­րուած է խորհր­դա­ւո­րու­թեան քօ­ղով: Ա­նոր ան­ձի, կեան­քի եւ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ կար խորհր­դա­ւոր քօղ մը, որ քի­չե­ր կր­ցան պատ­ռել եւ ի վեր­ջոյ հասկ­նալ, թէ ո՛վ է Մարք Ա­րեան, տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէ­տը՝ ե­րա­ժիշտ, եր­գա­հան, եր­գիչ, բա­նաս­տեղծ եւ շատ իւ­րա­յա­տուկ հայ:

Մարք Ա­րեա­ն՝ իս­կա­կան ա­նու­նով Ան­րի Մար­քա­րեան, ծնած է 1926 թուա­կա­նին, Ֆրան­սա­յի Վա­լանս քա­ղա­քը: Եր­կար ժա­մա­նակ ա­նոր ծննդեան թուա­կան կը նշէին 1935 թուա­կա­նը, սա­կայն իր գե­րեզ­մա­նա­քա­րին վրայ գրուած թուա­կա­նը՝ 1926-ը, ե­կած է սրբագ­րե­լու այդ վրի­պա­կը: Պել­ժիա, Օ­հայն թա­ղուած է ֆրան­սա­հայ տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշ­տը, իսկ ան մա­հա­ցած է 30 Նո­յեմ­բեր, 1985 թուա­կա­նին:

1960-70-ա­կան­նե­րուն Մարք Ա­րեան նշա­նա­ւոր էր ոչ միայն Եւ­րո­պա­յի մէջ, ուր ան յա­ճա­խա­կի հա­մերգ­ներ կ­­՚ու­նե­նար, այլ՝ նաեւ՝ Հա­յաս­տան, ուր իր եր­գե­րը կը հնչէին ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շուր­թե­րէն, ա­նոր ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը ձեռ­քէ ձեռք կ՚անց­նէին, մինչ այն օ­րը, երբ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը նոյն­պէս ա­ռիթ ու­նե­ցաւ մօ­տէն լսե­լու Մարք Ա­րեա­նը: 1968 թուա­կա­նին Մարք Ա­րեան հա­մերգ մը սար­քած է Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ Հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տը (որ այժմ կը կրէ Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի ա­նու­նը) լե­ցուած է հա­զա­րա­ւոր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րով: Հայ հան­րու­թիւ­նը մօ­տէն ունկնդ­րած է Շարլ Ազ­նա­ւու­րէն ետք այդ տա­րի­նե­րու ա­մե­նէն յայտ­նի հայ երգ­չին: Մարք Ա­րեա­նի փառ­քի շրջա­նը մօտ տա­սը տա­րի տե­ւած է, այ­նու­հե­տեւ եր­գի­չը լուռ հե­ռա­ցած է աս­պա­րէ­զէն: Այդ հե­ռա­ցու­մի մա­սին կան զա­նա­զան վար­կած­ներ, ո­րոնց­մէ ա­մե­նա­շատ շրջա­նա­ռուող տար­բե­րա­կը այն է, թէ եր­գի­չին ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րէ ճնշած են ա­նոր նշա­նա­ւոր «Իս­թան­պու­լ» եր­գին հա­մար: Մինչ­դեռ «Իս­թան­պու­լ» եր­գը, որ մին­չեւ հի­մա ալ սի­րուած երգ մըն է, քա­ղա­քա­կան ոչ մէկ են­թա­տեքստ ու­նի: Այն երգ մըն է սի­րոյ մա­սին:

Մէկ այլ վար­կա­ծով՝ աստ­ղի մա­րու­մը կ՚ա­ռըն­չուի այն հան­գա­ման­քին հետ, որ Մարք Ա­րեան, իր ու­նե­ցած երկր­պա­գու­նե­րու թի­ւով, հե­ռան­կա­րով եւ ի վեր­ջոյ, տա­ղան­դով, գե­րա­զան­ցած էր ֆրան­սա­կան շան­սո­նի մեծ հսկա­նե­րու, օ­րի­նակ՝ Շարլ Ազ­նա­ւու­ր, Ճո­նի Հո­լի­տէ­յ, Ժաք Պրե­լ, Սալ­վա­տո­րէ Ա­տա­մօ, Մի­րէյ Մաթ­իէօ, Ճօ Տա­սէ­ն, եւ կրկին, են­թար­կուե­լով ճնշում­նե­րու, լուռ հե­ռա­ցած է աս­պա­րէ­զէն:

1968 թուա­կա­նին Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րած­քին ե­րե­սու­նօ­րեայ հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թիւն ու­նե­ցած է Մարք Ա­րեան: Ան բազ­մա­թիւ հա­մերգ­ներ տուած էր Խորհր­դա­յին Միու­թեան բո­լոր հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, սա­կայն այն հա­մերգ­նե­րը, որ ան պէտք է ու­նե­նար Հա­յաս­տա­նի մէջ, ի­րեն հա­մար ա­մե­նա­կա­րե­ւորն ու յու­զա­կանն էին: Մարք Ա­րեան, ինչ­պէս հե­տա­գա­յին գրած է, հա­յաս­տա­նեան հա­մերգ­նե­րուն պատ­րաս­տուած էր եր­կար, ան իր հետ տա­րած էր Եւ­րո­պա­յի լա­ւա­գոյն ձայ­նա­յին մաս­նա­գէտ­նե­րը, սար­քա­ւո­րում­նե­րը: Իսկ Ե­րե­ւանն ալ իր կար­գին պատ­րաս­տուած էր ըն­դու­նե­լու այդ ժա­մա­նակ­նե­րու հայ աստ­ղը: Շա­տեր, այ­սօր ալ, կա­րօ­տով կը յի­շեն հե­ռա­ւոր 1968 թուա­կա­նի այդ հա­մերգ­նե­րը, Մարք Ա­րեա­նի՝ ար­դէն հա­մա­ցան­ցի մէջ մեծ տա­րա­ծում գտած եր­գե­րը կ՚ունկնդ­րեն՝ յի­շե­լով ի­րենց ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ ան­ցեա­լէն պա­տա­ռիկ մը կը վե­րա­դարձ­նեն՝ Մարք Ա­րեա­նի իւ­րա­յա­տուկ ու դիւ­թիչ ձայ­նի մի­ջո­ցաւ: Ան ա­ռա­ջին եր­գի­չը ե­ղած է, որ եր­գած է Հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տի մէջ՝ ե­րե­սուն հա­զար հան­դի­սա­կա­նի առ­ջեւ: Մաք Ա­րեան եր­գած է հա­յե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն եր­գեր: Ան հրա­շա­լի տի­րա­պե­տած է հա­յե­րէ­նին, գրած եւ կար­դա­ցած է մայ­րե­նի լե­զուով, բայց իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան լե­զուն, ան­շուշտ, ֆրան­սե­րէնն էր:

1969 թուա­կա­նին, ե­րե­ւա­նեան հա­մերգ­նե­րէն յե­տոյ, Մարք Ա­րեան թո­ղար­կած է հա­յե­րէն եր­գե­րով ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ «Իմ սպի­տակ սա­րե­ր» ա­նուա­նուամբ: Սկա­ւա­ռա­կի կող­քին վրայ գրուած է «Ես գի­տե­մ» եւ «Ե­րե­ւա­ն» եր­գե­րու ա­նուն­նե­րը: Բա­ռե­րը եւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ Մարք Ա­րեա­նի մա­կագ­րու­թեամբ: Այս­տեղ պէտք է նշել, որ Մարկ Ա­րեա­նը իր բո­լոր եր­գե­րու բա­ռե­րու եւ ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նակն է, բա­ցա­ռու­թեամբ, «Ե­րե­ւա­ն» եր­գին, ո­րու բա­ռե­րու հե­ղի­նա­կը Թա­մա­րա Դե­մու­րեանն է, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը Մարք Ա­րեան յօ­րի­նած է:

Մարք Ա­րեան ծնած է Գէորգ եւ Վար­դա­նոյշ Մար­գա­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին մէջ: Ա­նոնք 1915-էն ետք գաղ­թած են Սու­րիա, այ­նու­հե­տեւ՝ Լի­բա­նան, ուր­կէ Ֆրան­սա գա­ցած եւ ու­նե­ցած են ի­րենց եր­րորդ որ­դին: Ծնող­քը ո­րո­շած են ան­պայ­ման հայ­կա­կան ա­նու­նով կնքել ի­րենց զա­ւա­կը եւ կո­չած են Յա­րու­թիւն (Հեն­րի): Հե­տա­գա­յին ան իր մա­կա­նու­նը բաժ­նած է եր­կու մա­սի եւ ի­րեն հա­մար դար­ձու­ցած է ա­րուես­տի ա­նուն մը: Ան Մար­գա­րեան ըն­տա­նի­քի եօ­թ ե­րա­խա­նե­րէն եր­րորդն էր: Եր­կու­քը մա­հա­ցան են վաղ տա­րի­քին, եւ մնա­ցած են ե­րեք քոյր՝ Ա­նա­հի­տը, Ժա­նի­նը, Տո­մի­նի­քը եւ եղ­բայ­րը՝ Ժա­քը:

1936 թուա­կա­նին Մարկք Ա­րեա­նի հայ­րը, հա­ւա­քե­լով իր բո­լոր մի­ջոց­նե­րը գնած է փոք­րիկ ջրա­ղաց մը Վա­լան­սի ա­րուար­ձա­նին մէջ եւ սկսած է ար­տադ­րել ա­րե­ւե­լեան խմո­րե­ղէն՝ հա­ցա­հա­տի­կա­յին մթեր­քի տե­սակ­նե­րէ: Ան հիմ­նած է նաեւ «ՄԱՐ­ՔԱԼ» ձեռ­նար­կու­թիւ­նը, ո­ր ութ­սուն տա­րի անց տա­կա­ւին գո­յու­թիւն ու­նի: Մեծ ե­րա­ժիշ­տի հա­րա­զատ­նե­րու ժա­ռանգ­նե­րուն պատ­կա­նող ձեռ­նար­կու­թիւ­նը այ­սօր ար­դէն մեծ ըն­կե­րու­թիւն մըն է եւ մաս­նա­գի­տա­ցած է բնա­պահ­պա­նա­կան մա­քուր սնուն­դի ար­տադ­րու­թեամբ:

Վաղ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին Մարք Ա­րեա­ն ծանր հի­ւան­դա­ցած է, բարդ վի­րա­հա­տու­թե­նէ ետք ե­րեք տա­րի բու­ժուած է մաս­նա­ւոր հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ եւ քսանմէկ տա­րե­կա­նին տուն դար­ձած է ա­ռողջ՝ յստակ ո­րո­շու­մով մը, որ պէտք է զբա­ղի ե­րաժշ­տու­թեամբ: Մա­նուկ տար­քին ե­րաժշտա­կան դպրոց չէր գա­ցած, ինք­նու­րոյն կը սկսի սո­րվիլ սոլ­ֆէժ, դաշ­նա­մուր եւ այն ա­մէ­նը, ինչ որ անհ­րա­ժեշտ էր ե­րա­ժիշ­տի մը հա­մար: Ե­րեք տա­րի շա­րու­նակ կ՚աշ­խա­տէր օ­րա­կան տաս­ներ­կու ժամ, եր­բեմն՝ տասն­վեց: Ե­րեք տա­րի վերջ ան զար­մանք պատ­ճա­ռած է բո­լո­րին՝ նուա­գե­լով Պեթ­հո­վէ­նի բարդ գոր­ծե­րէն մին:

Քսան­հինգ տա­րե­կա­նին հայ­րը զինք կը նշա­նա­կէ ըն­տա­նե­կան զար­գա­ցող ձեռ­նար­կու­թեան կա­ռա­վա­րիչ: Հա­կա­ռա­կե­լով իր սրտին, սա­կայն ոչ՝ հօ­րը, ան կը ստանձ­նէ այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ շատ ա­րագ կը դրսե­ւո­րէ նաեւ գոր­ծա­րա­րու­թեան մէջ ե­ղած իր տա­ղան­դը, ըն­կե­րու­թիւ­նը յա­ռաջ կ՚ըն­թա­նայ: Այ­նու­հե­տեւ, Վա­լան­սի մէջ կը բա­նայ ե­րաժշ­տա­կան խա­նութ մը, որ նոյն­պէս հան­րա­ծա­նօթ ա­նուն կը դառ­նայ եւ կը տա­րա­ծուի Վա­լան­սի մէջ՝ նոյն ա­նու­նով քա­նի մը խա­նութ­նե­րու մի­ջո­ցաւ: Մարք Ա­րեան օր մը անս­պա­սե­լի ո­րո­շում մը կ՚առ­նէ եւ կը վա­ճա­ռէ յա­ջող ըն­թա­ցող գոր­ծը եւ կը տե­ղա­փո­խուի Փա­րիզ, ուր կը գնէ բնա­կա­րան եւ վերջ­նա­կան կ՚ո­րո­շէ զբա­ղիլ միայն ե­րաժշ­տու­թեամբ: Իբ­րեւ սկսնակ ե­րա­ժիշտ, կը բա­խէ բո­լոր դռնե­րը, սա­կայն կը մեր­ժուի: Ան չի վհա­տիր, եւ քա­նի որ ոչ ոք կը հա­մա­ձայ­նէր եր­գել ան­ծա­նօթ եր­գի­չի մը եր­գե­րը, ան կ՚ո­րո­շէ ինք եր­գել: Փա­րի­զի մէջ Մարք Ա­րեան կը հիմ­նէ սե­փա­կան ձայ­նագր­ման սթու­տիոն եւ զայն կ՚ա­նուա­նէ «Մա­լա­թիա»: Այդ սթու­տիո­յին մէջ ալ կը թո­ղար­կէ սե­փա­կան «Մար­քա­լ» ապ­րան­քա­նի­շով ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ: 1963 թուա­կա­նին Մարք Ա­րեա­նի քոյ­րե­րէն մին կ՚ա­մուս­նա­նայ պել­ժի­ա­ցիի մը հետ։ Ա­նոնք հա­մա­տեղ ձեռք կը ձգեն գի­շե­րա­յին ա­կումբ մը՝ պել­ժի­ա­կան ծո­վա­փին:

1963 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին Պել­ժի­ո­յ բո­լոր ա­կումբ­նե­րու մէջ Մարք Ա­րեա­նի սկա­ւա­ռա­կը կը պտը­տէր: Մի քա­նի ամ­սուան ըն­թաց­քին Մարք Ա­րեա­նի եր­գե­րը դար­ձած են ե­րի­տա­սար­դու­թեան սի­րե­լին: Ան հան­րա­ծա­նօթ ա­նուն դար­ձած է Պել­ժի­ոյ մէջ, ու սկսած է իր աստ­ղա­յին կեան­քը:

1963 թուա­կա­նի վեր­ջե­րուն Մարք Ա­րեան իր ապ­րան­քա­նի­շով պայ­մա­նա­գիր կնքած է խո­շոր ե­րաժշ­տա­կան «Կրա­մո­ֆո­ն» ըն­կե­րու­թեան հետ: Յա­ջորդ տա­րին թո­ղար­կած է եր­կու ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ: «Ե­թե ես ըլ­լա­յի ար­քա­յի որ­դի­ն» եր­գը Հո­լան­տա­յի մէջ դար­ձած է յա­ռա­ջա­տար եւ մէկ շաբ­թուան ըն­թաց­քին այն­տեղ վա­ճա­ռուած է ա­ւե­լի քան տաս­ներ­կու հա­զար սկա­ւա­ռակ: Մարք Ա­րեան հիմ­նած է նաեւ սե­փա­կան ե­րաժշտա­կան ար­տադ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ սկսած է զբա­ղիլ նաեւ այլ ե­րա­ժիշտ­նե­րու հա­մար աս­պա­րէզ բա­նա­լով:

1964 թուա­կա­նի ամ­րա­ն Մարք Ա­րեա­ն պայ­մա­նա­գիր կը կնքէ լի­բա­նա­նեան «ԼՍԴ» ըն­կե­րու­թեան հետ՝ Լի­բա­նա­նի մէջ թո­ղար­կե­լու հա­մար սկա­ւա­ռակ­նե­րը: Կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մինչ այդ թո­ղարկուած բո­լոր ե­րեք սկա­ւա­ռակ­նե­րը մեծ պա­հան­ջարկ կ՚ու­նե­նան Լի­բա­նա­նի մէջ: Ա­նոր «Քե­թի» եւ «Դու ես իմ սրտի­…» եր­գե­րը Ա­րե­ւել­քի մէջ վաթ­սու­նա­կան­նե­րուն լսուած են բազ­մա­թիւ մի­լիոն ան­գամ­ներ:

1966 թուա­կա­նին Մարք Ա­րեա­ն ար­դէն ու­նէր մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ: Ան հա­մերգ­նե­րով հան­դէս գա­լու պայ­մա­նա­գիր ու­նէր տասն­հինգ եր­կիր­նե­րու հետ: Թուր­քիոյ մէջ շրջա­գա­յու­թեան ժա­մա­նակ իր հա­մերգ­նե­րուն վա­ճա­ռուած է ա­ւե­լի քան ութ­սուն հա­զար տոմ­սակ: Իս­թան­պու­լի փո­ղոց­նե­րու մէջ զբօս­նե­լէ ետք ան ներշն­չուած եւ գրած է «Իս­թան­պու­լ» նշա­նա­ւոր եր­գը, ո­ր բազ­մա­թիւ քննար­կում­նե­րու նիւթ դար­ձած է հայ գոր­ծիչ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րու մէջ, եւ հա­ւա­նա­բար հե­տա­գա­յին ե­ղած է եր­գի­չի ընկ­ճուա­ծու­թեան պատ­ճա­ռը: Սա­կայն եր­գը զուտ քնա­րա­կան երգ մըն է՝ օժ­տուած բարձր ա­րուես­տի սկզբունք­նե­րով:

Իս­թան­պուլ, Իս­թան­պուլ

Մտքովս յա­ճախ կ՚անց­նին

Քու մզկիթ­ներդ ու եր­կար մի­նա­րէթ­ներդ

Ո­րոնք կը նա­յին դէ­պի եր­կինք :

Իս­թան­թուլ, յա­ճախ ե­րա­զիս քե­զ կը տես­նեմ

Վոս­փո­րի կա­պոյտ աչ­քե­րը,

Ուր կ՚ե­րե­ւի կեր­պար մը՝ շատ սի­րե­լի

Ես ձգե­ցի քու պա­տե­րուդ մէջ,

Աղ­ջիկ մը՝ ա­նա­րատ սրտով,

Աղ­ջիկ մը, ում սի­րե­ցի ես

Որ գե­ղե­ցիկ է, ինչ­պէս պոէ­մը:

Ֆրան­սե­րէ­նով գրուած այս սքան­չե­լի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը իր սքան­չե­լի ե­րաժշ­տու­թեամբ 2009 թուա­կա­նին ընդգր­կուած է «Եր­գեր Իս­թան­պու­լի հա­մա­ր» խո­րագ­րեալ ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կին մէջ, որ թո­ղար­կուած է Թուր­քիոյ մէջ եւ ամ­փո­փած է բո­լոր այն նշա­նա­ւոր եր­գե­րը, ո­րոնք գրուած են Իս­թան­պու­լի մա­սին:

Մարք Ա­րեան Թուր­քիոյ մէջ ե­ղած է ե­րեք ան­գամ, տա­սը օ­րով, զինք Թուր­քիա հրա­ւի­րած են տե­ղւոյն հայ հա­մայն­քի ազ­դե­ցիկ դէմ­քե­րը: Ան Շա­հի հրա­ւէ­րով այ­ցե­լած է նաեւ Ի­րան, սա­կայն վա­տա­ռողջ ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով հա­մեր­գը յե­տաձ­գուած է: Շա­հը ու­ղար­կած է իր անձ­նա­կան բժիշ­կը եւ շու­տով, ա­պա­քի­նե­լէ յե­տոյ ան հա­մերգ տուած է Շա­հի ներ­կա­յու­թեամբ:

1968 թուա­կա­նին թո­ղար­կուած է Մարք Ա­րեա­նի տաս­նե­րորդ ալ­պո­մը, նոյն տա­րին կը թո­ղար­կի եր­կու ալ­պոմ եւս: 1970-ա­կան­նե­րու կէ­սե­րէն մին­չեւ իր մա­հը՝ Մարք Ա­րեան ար­դէն գոր­ծօն ե­րաժշ­տա­կան կեան­քով չէ զբա­ղած, հա­կա­ռակ որ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ծաղ­կուն տա­րի­քի մէջ էր: Ա­նոր աստ­ղը մա­րած է բո­լո­րի հա­մար ան­հաս­կա­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով: Մա­հա­ցած է յի­սու­նինն տա­րե­կա­նին՝ Պել­ժի­ոյ իր տա­նը մէջ:

Այ­սօր, իր մա­հուան 30-ա­մեա­կին առ­թիւ կ՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս յի­շել հա­մաշ­խար­հա­յին փառք վա­յե­լած եւ իր ար­ժա­նի տե­ղը չգտած Մարք Ա­րեա­նը՝ հայ մեծ ա­րուես­տա­գէ­տը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015