ԱՆԳԼԻԱՅԷՆ ԴԷՊԻ ԻՏԱԼԻԱ…

Հայկական եւ միջազգային մամուլը, կայքէջերը եւ թապլոիտները ողողուած են հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղին, անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի կիսապաշտպան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեանի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Խոսէ Մորինիոյի՝ վերջին շրջանին խիստ արտայայտուած յարաբերութիւններուն նիւթերով եւ մեկնաբանութիւններով: Մինչ ոմանք դիտարկումներ կ՚ընեն, թէ լարուած յարաբերութիւնները բնական աշխատանքային վիճակի մը արդիւնքն են, եւ անհանգստանալու կարիք չկայ, ուրիշներ վերլուծութիւններ կ՚ընեն այն մասին, թէ Մխիթարեան կը հեռանայ Անգլիայէն: Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստը անգլիական խումբի վերջին ութ հանդիպումներէն եօթնին չէ մասնակցած… Ակումբին գլխաւոր մարզիչը՝ Խոսէ Մորինիոն, այդ խաղերուն ժամանակ, Մխիթարեանը չէ ընդգրկած նոյնիսկ խումբի յայտացուցակին մէջ… Մխիթարեանը վերջին անգամ խաղադաշտ իջած է Նոյեմբերի 25-ին՝ Անգլիոյ Փրէօմիէր Լիկի 13-րդ թուրի՝ «Պրայթոն էնտ Հուվ Ալպիոն»ի հետ խաղին ընթացքին, եւ մարզիչ Մորինիոն դժգոհ եղած է 28-ամեայ հայ մարզիկին խաղէն. ան իր դժգոհութիւնը յայտնած է խաղէն ետք, հանդերձարանին մէջ, բոլորին ներկայութեամբ: Մխիթարեան համաձայն չէ եղած քննադատութեան եւ արդարացի չէ նկատած իրեն ուղղուած մարզիչին նկատողութիւնը… Ատկէ ետք Մխիթարեան եւ Մորինիօ շարունակած են բուռն քննարկումները՝ մենչըսթըրեան ակումբին վերլուծական սենեակին մէջ… Մինչ այդ Մորինիոն, մամուլին հրապարակաւ յայտնած էր արդէն, որ գոհ չէ Մխիթարեանի վերջին խաղերէն, հայազգի մարզիկը ան մեղադրած է, թէ մարզադաշտին մէջ կը կորսուի։ «Ան մրցաշըր-ջանին լաւ սկսաւ, բայց ատկէ ետք քայլ առ քայլ կ՚անհետանայ խաղադաշտին մէջ», Նոյեմբեր ամսուն, ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է Մորինիոն, իսկ ասկէ քանի մը օր առաջ յայտարարած է, թէ Մխիթարեանին համար նոյնիսկ պահեստայիններուն նստարանին վրայ տեղ չկայ: Իր կարգին, Մխիթարեան իր մարզավիճակի նահանջին համար մեղադրած է մարզիչը…

Հետզհետէ աւելի շատցած են տարաձայնութիւնները այն մասին, թէ Մխիթարեանն ու անգլիական նշանաւոր ակումբը իրենց ներկայ յարաբերութիւնները խզելու վրայ են:

Շատեր Մխիթարեանը մտովի Իտալիա կը ղրկեն՝ իտալական ամենատիտղոսակիր ֆութպոլի ակումբներէն մին՝ «Ինթէր», փորձագէտներուն մէկ մասը համոզուած է, որ Մխիթարեանը տակաւին ըսելիք ունի անգլիական արհեստավարժ ֆութպոլին մէջ եւ ան կը մնայ Անգլիա… Ինչպէս ծանօթ է՝ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» 30 միլիոն փունտով Մխիթարեանը Տորտմունտի «Պորուսիա»էն ձեռք ձգած էր 2016 թուականի ամրան. այդպէսով այդ ժամանակ 27-ամեայ Մխիթարեան դարձած է յետխորհրդային տարածքաշրջանի երկիրներու ամենէն սուղ ֆութպոլիստը եւ միակ հայը, որ խաղացած է Անգլիոյ Փրէօմիէր Լիկին մէջ:

Մէկուկէս մրցաշրջանի մէջ հայ մարզիկը «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կազմին մէջ ունեցած է 58 հանդիպում եւ դարձած՝ 13 կոլի հեղինակ: Ան «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կազմին մէջ կը կրէ 22 թիւը:

Ստեղծուած իրավիճակը բուռն արձագանգներ գտած է ընկերային ցանցերուն վրայ. Մխիթարեանի երկրպագուները գրոհի տակ առած են Մորինիոյի ընկերային էջերը, միեւնոյն ատեն աջակցութեան արշաւ ծաւալելով ի պաշտպանութիւն Մխիթարեանին: Մամուլը, մանաւանդ Մխիթարեանի աշխարհի մէջ սփռուած երկրպագուները, Մորինոյին իւրաքանչիւր ակնարկը կը ձեւակերպեն իբրեւ հրաժեշտի խօսք՝ Մխիթարեանին, իրենց սիրելի Միքիին. այսպէս կ՚անուանեն Հենրիխը՝ միլիոնաւոր երկրպագուներ: Հայկական ընկերային դաշտին վրայ նոյնպէս արշաւ սկսած է. հայ երկրպագուները հայերէնով եւ վանդականիշով (հեշտէկ) գրութիւն ստեղծած են, կը տարածեն, ինչ որ ոգի կու տայ հայրենիքէն հեռու գտնուող հայ ֆութպոլիստին:

Կարգ մը անուանի փորձագէտներ եւ մարզական մեկնաբաններ այն կարծիքին են, թէ անգլիական ակումբին կողմէ Մխիթարեանին հրաժեշտը սկսած է այն բանէն ետք, երբ գլխաւոր մարզիչը Հենրիխ Մխիթարեանը առաջին անգամ չէ ընդգրկած մենչըսթըրեան ակումբի յայտացուցակին մէջ: Անոնք մասամբ նաեւ կը մեղադրեն Մխիթարեանի երկրպագուները, որոնք առաջին անգամ սիրելի ֆութպոլէօրին դուրս մնալը բնական նկատեցին, եւ այդ ժամանակէն ի վեր ձայն չհանեցին ի պաշտպանութիւն Հենրիխին:

Այսօր արդէն բրիտանական թերթերը վստահօրէն կը գրեն, թէ կիսապաշտպան Մխիթարեան կը հեռանայ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»էն, նոյն խօսակցութիւնները նաեւ իտալական մամուլին մէջ են, քանի որ հաւանականութիւն կայ, թէ Մխիթարեան ձեռք ձգել կ՚ուզէ նաեւ իտալական «Ինթէր»ը: Կը խօսուի նաեւ, որ Մխիթարեանի երթալու հաւանական ակումբներէն մէկը Տորտմունտի «Պորուսիա»ն է, ուրկէ ան Անգլիա փոխադրուած է: Սակայն անգլիական մամուլը այս մէկը անհաւանական նկատած է, յիշելով, թէ ինչ դժուարութեամբ տորտմունտեան ակումբը ձգեց Մխիթարեանը, եւ, թէ ինչեր ըսաւ Մխիթարեանի ետեւէն վիրաւորուած Վատցկէն՝ տորտմունտցիներու մարզական տնօրէնը: «Պորուսիա» վերադառնալը ոմանք նաեւ անհաւանական կը նկատեն այն առումով, որ Մխիթարեանին գինը աճած է, իսկ տորտմունտեան ակումբին նիւթական հարցերը աւելցած են: Ճիշդ է՝ միլանեան «Ինթէր»ին համար ալ դժուար է գնել Մխիթարեանը, քանի որ եթէ «Պորուսիա»ն դժուարութիւն ունի ետ առնելու հայ մարզիկը, ապա միլանեան ակումբին համար այդ խնդիրը աւելի բարդ է, քանի որ «Ինթէր»ն ալ ունի նիւթական հարցեր:

«Ինթէր»ի ոչ պաշտօնական տեսակէտը յստակ է՝ ակումբը Մխիթարեանը սիրով կ՚ընդունի, սակայն չունի զայն ո՛չ գնելու, ո՛չ ալ վարձակալելու հնարաւորութիւն: Բայց այս մէկը ոչ պաշտօնական տեսակէտ է, եւ միլիոնաւոր ֆութպոլասէրներ կը սպասեն իտալական նշանաւոր ակումբի յայտարարութեան: «Ինթէր»ի գլխաւոր մարզիչին հարց ուղղուած է, թէ ակումբը ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ փոխանցումային (թրանսֆէր) պատուհանի փոխադրման ժամանակ: Գլխաւոր մարզիչը չէ բացած խաղաքարտերը: Փոխանցումային պատուհանը ժամանակաշրջան մըն է, որու ընթացքին ֆութպոլի ակումբները գործարքներ կը կատարեն, պայմանագիրներ կը կնքեն ֆութպոլէօրներու հետ, կը վաճառեն իրենց ֆութպոլիստները եւ այլն։ Ամէն տարի կը բացուի երկու փոխանցման պատուհան։ Առաջինը՝ առաջնութեան աւարտին (Յունիսի կիսուն կամ վերջաւորութեան), երկրորդը՝ առաջնութեան ընդմիջման ժամանակ (սովորաբար՝ 1-էն 31 Յունուար), ուստի մօտ է երկրորդ փոխանցման պատուհանը, եւ միլիոնաւոր մարզասէրներ կը սպասեն, թէ ո՞ր նշանաւոր ակումբը ո՞ր նշանաւոր ակումբին փոխանցումներուն մասին հարցումներ կ՚ուղղէ:

Մխիթարեանի՝ անգլիական ակումբէն հեռանալուն մասին խօսակցութիւնները աւելցան, երբ Մխիթարեանը առաջարկեց հանդիպիլ Մորինիոյի հետ եւ այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ շուրջ շաբաթ մը առաջ: Այս մէկը մեկնաբանուեցաւ այնպէս, որ Մխիթարեան ինքն ալ չի հասկնար իր մարզիչին քայլերը եւ կը փորձէ յստակացնել իր ապագան: Հանդիպման մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, սակայն այդ հանդիպումը որակուած է իբրեւ արտահերթ հանդիպում, որմէ ետք Մխիթարեան կրկին չխաղաց: Հարկ է նշել, որ աշխարհի լաւագոյն մարզիչներէն մին նկատուող Մորինիոն յայտնի է «Առանձնայատուկ» կեղծանունով մը: Այս անունը գաղտնի կերպով կը գործածեն անոր մասին խօսողները եւ անոր քայլերը քննարկողները:

Այնուհետեւ մամուլին խօսելու հերթական հնարաւորութիւն ընձեռեց նոյնինքն՝ Մորինիոն, ըսելով, թէ ինք չի կեցներ ոեւէ ֆութպոլէօր, եթէ ան փափաքի հեռանալ: Մարզիչը նշած է, որ բոլոր ֆութպոլէօրները իրենց արժէքը ունին, եւ կրնան հեռանալ, եթէ ստանան լաւ առաջարկ: «Ասիկա իմ մարզչական մօտեցումս է»,- ըսած է ան: Բացի այդ, Մորինիոն շեշտած է, թէ արհեստավարժ ֆութպոլին մէջ կիրարկուող ձմեռնային փոխանցումային պատուհաններու սիրահար չէ, նպատակներ չի կազմեր եւ վերջնական որոշումները միշտ կը ձգէ ակումբի ղեկավարութեան, սակայն աւելցուցած է, որ լաւագոյն հնարաւորութիւնը երբեք չի թողուր։ «Ես չեմ սիրեր ձմեռնային փոխանցման պատուհանը: Բայց եթէ այդ ժամանակահատուածին դուն հնարաւորութիւն ունիս գնելու խաղացող մը, զոր կ՚ուզէիր ձեռք ձգել Յունիսին, ու եթէ կարող ես զայն ստանալ քանի մը ամիս առաջ, ապա այդ մէկը հրաշալի է», ըսած է ան:

Այս առումով քննարկուող նիւթերէն մէկը այն է, որ անոնք մտադիր են վաճառելու Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեանը, որպէսզի ստացուած գումարներով հնարաւորութիւն ունենան ձեռք բերել անգլիական Փրէօմիէր Լիկի մէջ հանդէս եկող ուրիշ ակումբի՝ «Արսենալ»ի կիսապաշտպան, գերմանական ծագումով թուրք խաղացող Մեսուտ Էօզիլը, որ 2018 թուականի ամրան ազատ գործակալ դառնալու հնարաւորութիւն ունի: Էօզիլ ինքն ալ չի թաքցներ, որ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» երթալու եւ աւելի շատ շահելու գերակայ նպատակ ունի:

Յայտնի է նաեւ, որ մենչըսթըրեան ակումբը տակաւին Մխիթարեանին համար լաւ եւ շահաւէտ առաջարկ մը չէ ստացած, եւ ոմանք այն կարծիքին են, թէ թերեւս ան չի վաճառեր ֆութպոլէօրը՝ նկատի առնելով այն ներդրումները, որոնք կատարուած են Մխիթարեանին համար:

Միջազգային մամուլի բարդ ու խճճուած վերլուծականները, ենթադրութիւնները, տեսակէտները տեսնելով, դժուար է ըսել, թէ յառաջիկայ շաբաթները ինչ պատուհաններ կը բացուին ֆութպոլի աշխարհին մէջ, կը մնա՞յ Մխիթարեանը, թէ՞ կը լքէ աշխարհի հնագոյն ու նշանաւոր ակումբներէն մին՝ նաեւ կարմիր սատանաներու ակումբ անունով յայտնի «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ը, ուր խաղալը հաւանաբար իւրաքանչիւր արհեստավարժ ֆութպոլէօրի երազանքներէն է:

Բան մը յստակ է՝ ուր ալ ըլլայ Մխիթարեան, ան կը ջանայ լաւագոյն ձեւով ներկայացնել հայկական ֆութպոլն ու Հայաստանը: Տոնեցքի «Շախտիոր»ին մէջ խաղալու շրջանին անոր իւրաքանչիւր կոլէն ետք «Տոնպաս Արենա» մարզասրահին մէջ կը հնչէր Արամ Խաչատուրեանի «Սուսերով պարը»: Հենրիխ Մխիթարեան հպարտութեամբ կը յայտարարէր, որ իրեն համար շատ հաճելի էր լսել 50 հազարնոց մարզադաշտին մէջ հնչող այդ երաժշտութիւնը: Մխիթարեան կը հաւատայ Հայաստանի ազգային հաւաքականի ապագային, հայ երիտասարդ ֆութպոլէօրներու մեծ ներուժին եւ իր ամենամեծ նպատակներէն մին կը համարէ ազգային հաւաքականի կազմին մէջ յաղթանակներ արձանագրելը: Անոր շնորհիւ է նաեւ, որ միլիոնաւոր մարդիկ կը ճանչնան Հայաստանը եւ մեծագոյն հաճոյքով կ՚արտասանեն անոր ոչ այնքան դիւրին մականունը, երբեմն ալ Մխիթարեանը միտումնաւոր փոխելով MagicTaryan-ի:

Հակառակ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»էն ներս եղած վերջին հարցերուն, ակումբի առցանց վճարովի հեռուստատեսութիւնը՝ MUTV-ը, վերջերս վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած է Հենրիխ Մխիթարեանի մասին:

MUTV-ի ներկայացուցիչները քանի մը ամիս շարունակ Հայաստանի եւ Անգլիոյ մէջ նկարահանած են Մխիթարեանի մասին ժապաւէնը՝ «Միքին՝ հայ հերոսը» խորագրով: Հայաստանի ազգային հաւաքականի յառաջատարին մասին պատմող շարժանկարին մէջ Մխիթարեանին անցած ուղիին՝ բակէն մինչեւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» հասնելու պատմութիւնն է: Մխիթարեան կը խօսի նաեւ իր հօր եւ իր կրած դժուարութիւններուն ու նպատակին հասնելուն մասին: «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, Հայաստանի մէջ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի դեսպան Հենրիխ Մխիթարեան որդին է խոր-հըրդային շրջանին գործած «Արարատ» հայկական ակումբի խաղացողներէն տաղանդաւոր եւ վաղամեռիկ ֆութպոլէօր Համլէթ Մխիթարեանին, որ մահացած է Գերմանիոյ մէջ, 1996 թուականին:

Շարժանկարին մէջ Հենրիխ Մխիթարեան կ՚երեւի շատ շահեկան լոյսի մը տակ, իբրեւ կազմակերպուած, շատ աշխատասէր, համեստ եւ բարի մարզիկ մը, որ անվերջ կը մարզուի՝ ա՛լ աւելի բարձունքներ նուաճելու համար:

Իր կոլերէն անմիջապէս ետք ան չի շտապեր բուռն կերպով արտայայտել իր ուրախութիւնը, քանի որ վստահ է, թէ մէկ կոլը բաւարար խումբին յաղթանակ բերելու համար: «Իսկ պարտութեան մէջ յանցաւորներ չեմ փնտռեր, միայն ինքզինքս կը մեղադրեմ, իմ մէջս սխալներ կը փնտռեմ եւ կ՚ուղղեմ զանոնք, հակառակ որ կ՚ըլլան նաեւ պարագաներ, երբ հակառակորդին կամ խմբակցին սխալներէն կը սորվիմ: Իմ նպատակս խաղէ խաղ զարգանալն է», կը նշէ Մխիթարեան:

Տոնեցկի «Շախտիոր»ին մէջ իր ելոյթներու տարիներուն ան առանձին բնակարանի մը մէջ չէր բնակած, այլ նախընտրած էր բնակիլ ակումբի մարզական պանդոկին մէջ՝ ամբողջ օրը կեդրոնանալով մարզումներուն վրայ եւ աշխատելով լաւ մարզական դիրքի մէջ մնալ: «Տորտմունտ» տեղափոխուելէն ետք, ան համաձայնած էր ապրիլ սեփական բնակարանի մէջ, իսկ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» տեղափոխուելէ ետք Մենչըսթըրի մէջ իր առանձատունը գացած էր:

«Եթէ գործին կը նուիրուիս ոչ թէ 100, այլ հարիւր առ 200-ով, ուրեմն բան մը անպայման կը յաջողի: Երբ մարդ չի սիրեր իր գործը, չի կրնար յաջողութեան հասնիլ: Ես միշտ երազած եմ խաղալ ֆութպոլ եւ մեծ քայլերով յառաջ երթալ: Կ՚ըլլան դէպքեր, երբ ֆութպոլէօրին մօտ աճ կը նկատուի, բայց կ՚ըլլան նաեւ պահեր, երբ չես կրնար յառաջանալ եւ ատկէ երկրպագուները կարող են եզրակացնել, թէ ֆութպոլէօրը ճիշդ ընթացքի մէջ չէ: Բայց տեղւոյն վրայ դոփելէ յետոյ ֆութպոլէօրը կրնայ քանի մը աստիճանով աճիլ: Այսպիսի պարագաներու պէտք է համբերութիւն, ինչ որ ես սորված եմ սեփական մաշկիս վրայ ձախողութիւններ կրելով: Եղած են ժամանակներ, երբ ես ալ մնացած եմ տեղս, չեմ յառաջացած, բայց համբերատարութիւնը օգնած է յաղթահարելու այդ մէկը:

«Պէտք է քիչով սկսիլ, հաւատալ սեփական ուժերուն, ընտրել այն ճանապարհը, որով կը կարողանաս յաջողութեան հասնիլ, ոչ թէ ժամանակը վատնել ոչինչ ընելով: Իսկ ատոր համար պէտք է ոչ թէ տունը նստիլ, այլ ջանալ ու իրականացնել քու նպատակդ», ըսած է Հենրիխ Մխիթարեան:

Մէկ ամիսէն կը լրանայ անոր 29-ամեակը։ Արդեօք աշխարհի ո՞ր մէկ յայտնի ակումբին մէջ կը դիմաւորէ իր տարեդարձը՝ աշխարհի ամենէն յայտնի հայ ֆութպոլէօրը:

ԴԷՊԻ ՄԻԼԱՆՕ՞…

Football Italia-ն երէկ արագ հաղորդած լուրով մը նոր յստակեցում բերած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ, նշելով, որ Հենրիխ Մխիթարեան մեծ հաւանականութեամբ կը դառնայ «Ինթէր»ի խաղացող: Լրատուամիջոցը նաեւ հաղորդած է, թէ իտալական ակումբը քննարկումներու մէջ է գործակալ Մինօ Ռայոլայի հետ: Կը նշուի նաեւ, որ Մխիթարեան արդէն տուած է համաձայնութիւնը՝ տեղափոխուիլ «Ինթէր», սակայն լրատուամիջոցը պաշտօնական աղբիւր չէ նշած: Ֆութպոլի աշխարհը անհամբեր կը սպասէ երկու կողմերէն ստացուելիք պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, որոնց մէջ ամենայն հաւանականութեամբ կը նշուի նաեւ գործարքի ձեւը, վարձավճարը եւ այլն:

«ՊԷՇԻԿԹԱՇ» ԿԸ ԴԻՏԱՐԿԷ

Թուրքիոյ մէջ բաւականին մեծ հեղինակութիւն վայելող մարզական «Ֆանաթիկ» կայքը մեկնաբանութիւն տարածած է այն մասին, որ «Պէշիկթաշ» հետաքրքրուած է «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի կիսապաշտպան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեանի ծառայութիւններով: Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ մրցաշրջանի աւարտէն ետք խումբի կիսապաշտպան Անտերսըն Թալիսքայի պայմանագիրը կ՚աւարտի եւ պրազիլցին փափաք ունի տեղափոխուելու Անգլիոյ Փրէօմիէր Լիկը: Այդ հանգամանքը նկատի առնելով՝ «Պէշիթաշ»ի ղեկավարութիւնը սկսած է Անտերսըն Թալիսքայի համար փոխարինող փնտռել եւ այժմ անոնք կը դիտարկեն «Եունայթըտ» ակումբի ֆութպոլէօր Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման տարբերակը: Ըստ «Ֆանաթիկ» կայքէջի, կան տեղեկութիւններ, թէ Խոսէ Մորինիոն Մխիթարեանին պարզօրէն ըսած է, որպէսզի ան նոր ակումբ մը փնտռէ:

Յիշեցնենք, որ «Պէշիկթաշ»ի մէջ հանդէս կու գայ հայազգի այլ նշանաւոր ֆութպոլիստ մը՝ Արազ Էօզպիլիս:

ՎԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԷՕՐ, ՈՐՈՆՔ ՁՄՐԱՆ ԿՐՆԱՆ ԼՔԵԼ «ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ»Ը

Բրիտանական «Միրըր» լրատուամիջոցը կը շարունակէ ուշադրութեան ներքեւ պահել «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ Խոսէ Մորինիոյի մեկնաբանութիւնները՝ հետեւութիւններ ընելով փորթուգալցի մարզիչի խօսքերէն:

Օրերս լրատուամիջոցը հրապարակած է ցանկը այն վեց ֆութպոլէօրներուն, որոնցմէ մարզիչը կրնայ հրաժարիլ ընթացիկ ձմրան օրերուն: Կայքը այդ վեց ֆութպոլէօրներուն մէջ, բնականաբար, Հենրիխ Մխիթարեանի անունն ալ դրած է՝ նկատի առնելով անոր շուրջ ծաւալուած վերջին իրադարձութիւնները:

Ըստ «Միրըր»ի, առաջին ֆութպոլէօրը, որ կրնայ լքել անգլիական ամենանշանաւոր ակումբը, 22-ամեայ յարձակող Ճէյմզ Ուիլսընն է: Ան, իբրեւ ակումբի անդամ, երկու տարիէ ի վեր չէ խաղացած «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կազմին մէջ, սակայն մրցաշրջանի մեկնարկէն առաջ Մորինիոն զայն տարօրինակ կերպով ընդգրկեց Ախոյեաններու լիկի յայտացուցակին մէջ: Ամէն պարագայի, Ճէյմզ Ուիլսընի ապագան մշուշոտ է, եւ ան հաւանաբար կը լքէ «Եունայթըտ»ը եւ թերեւս վարձավճարով խաղայ Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկի մէկ այլ ակումբին մէջ:

Կայքը դիտարկած է նաեւ Աքսէլ Թուանզեպէի անունը, իբրեւ ակումբը լքող հաւանական ֆութպոլէօրներէն մին, որուն Խոսէ Մորինիոն կրկին հնարաւորութիւններ չ՚ընձեռեր՝ լիարժէք դրսեւորուելու: Ան այս մրցաշրջանի ժամանակ ընդամէնը 108 րոպէ խաղացած է միայն:

27-ամեայ եզրային պաշտպան Տէյլի Պլինտի անունը նոյնպէս ներառուած է կայքի կողմէ պատրաստուած այն ցուցակին մէջ, որու անդամները հաւանաբար կը լքեն «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ը: Ան այդպէս ալ փորթուգալցի մարզիչի կողմէ հիմնական կատարող չէ դարձած ակումբին մէջ:

Մէկ այլ խաղացող՝ 28-ամեայ եզրային պաշտպան Մաթէօ Թարմիան արդէն բաւական տարիքով կը նկատուի Անգլիոյ մէջ իր տեղը ամրապնդելու համար, ուստի «Միրըր» խորհուրդ տուած է անոր՝ վերադառնալ հարազատ Իտալիա, ուր ան պահանջուած կ՚ըլլայ նոյնիսկ յառաջատար խումբերու մէջ:

Եզրային պաշտպան Լիւք Շոուին խաղի ժամանակ ստացած վնասուածքները երկար ժամանակ չձգեցին իր անհրաժեշտութիւնը ապացուցել ակումբին ու մարզչին: Անոր պայմանագիրը կը լրանայ յառաջիկայ ամառ, բայց մէկ տարիով երկարաձգելու հնարաւորութիւն եւս ունի: Ամէն պարագայի, քիչ չեն նաեւ այն խումբերը, որոնք հետաքրքրուած են Լիւք Շոուով եւ ան կրնայ նոր էջի մը սկսիլ Փրէօմիէր Լիկին մէջ:

Իսկ Հենրիխ Մխիթարեանի պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին։ Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Մորինիոյի վերջին յայտարարարութիւնները անոր եւ Լիւք Շոուին ուղղուած են:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017