ԱՐՓԵՆԻԿ-ԻԶԱՊԵԼԼԱ. «ՅԵՏՄԱՀՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ»
Այս օրերուն Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանէն ներս բացուած ցուցահանդէսը կը կրէ Արփենիկ-Իզապելլա խորագիրը: 20-րդ դարու հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի երկու կիներն են Արփենիկն ու Իզապելլան, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին երբեք չեն հանդիպած եւ ահաւասիկ, երկուքին մահէն երկար տարիներ ետք, այսպիսի յուզիչ «հանդիպում» մը կազմակերպուած է իրերու, լուսանկարներու, յուշերու տեսքով: Աւարտող 2019 թուականը երկուքին համար յոբելենական էր. այս տարի լրացան Արփենիկ Տէր-Աստուածատրեանի 120 եւ Իզապելլա Կոտապաշեանի 110-ամեակները:
Բանաստեղծը երկուքին հետ շատ կարճ ժամանակ ապրած է. Արփենիկը մահացած է ամուսնութենէն վեց տարի ետք, իսկ Իզապելլայէն բաժանումին պատճառ եղած է Չարենցի աքսորը, ապա մահը: Իզապելլային հետ նոյնպէս վեց տարի ապրած է:
Հակառակ բազմաթիւ կիներու հանդէպ ունեցած իր հրապոյրներուն եւ յայտնի սիրավէպերուն, Եղիշէ Չարենց սիրած եւ յարգած է իր կիները: Մանաւանդ առաջին կինը՝ Արփենիկը, պաշտամունքի հասնող սիրով սիրած է: Երբ մահացած է Արփենիկը (ուշացած վիրահատութեան պատճառով), Չարենց հոգեկան անասելի խռովք մը ապրած եւ այդ անկայուն պահուն այրած է կնոջ հագուստները, իրերը, որպէսզի ոեւէ մէկը չգործածէ իր սիրելի կինը յիշեցնող որեւէ բան: Ահա թէ ինչու Արփենիկէն շատ քիչ բան պահպանուած եւ հասած է մեզի, իսկ եղածը մասունքի պէս կը պահպանուի Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ: Արփենիկէն հասած սակաւաթիւ իրերը պահպանուած են Չարենցի երկրորդ կնոջ՝ Իզապելլայի շնորհիւ: Իզապելլան կրցած է խորհրդային կարգադիրներէն թաքցնել թէ՛ Եղիշէ Չարենցի ձեռագրերը, թէ՛ Արփենիկէն մնացած եզակի իրերը:
Իր առաջին կնոջ՝ Արփենիկ Աստուածատուրեանին հետ Եղիշէ Չարենց ամուսնացած է 1921 թուականին՝ Երեւանի մէջ: Արփենիկ Տէր-Աստուածատուրեան ծնած էր 1899 թուականին, Գողթն գաւառի Վերին Ազա գիւղին մէջ: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Գայանեան ուսումնարանին մէջ, իսկ 1920 թուականին Երեւան փոխադրուած եւ աշխատանքի անցած է յատուկ խնդիրներ ունեցող երեխաներու՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի որբանոցին կից դպրոցին մէջ: Այստեղ ալ հանդիպած են Արփենիկն ու Չարենցը: Բանաստեղծը որպէս ուսուցիչ կ՚աշխատէր նոյն վայրին մէջ եւ անմիջապէս սիրած է Արփենիկը, որ մեղմ էր, հմայիչ, զուսպ եւ կանացի այդ արժանիքներէն զատ նաեւ հայկական ու ռուսական քերթողական արուեստի գիտակ էր, ասմունքող, որ նոյնպէս գրաւած է Չարենցին ուշադրութիւնը: Մէկ տարի ետք անոնք կ՚ամուսնանան եւ կը մեկնին Մոսկուա՝ Արեւելքի աշխատաւորներու համալսարանին մէջ ուսանելու:
Չարենց այդ ժամանակ քսանչորս տարեկան էր, իսկ Արփենիկը՝ 22, տարիքային տարբերութիւնը աննշան էր եւ անոնք շատ լաւ կը հասկնային զիրար. իբրեւ երիտասարդներ նոյն հետաքրքրութիւնը ունէին, միասին կը ճամբորդէին եւ շատ երջանիկ էին: Արփենիկը Չարենցին իսկական կեանքի ընկերն էր, հասկցած էր անոր բոլոր մոլորութիւնները, նեցուկ եղած դժուար պահերուն, ներած սխալներուն եւ ընդունած բանաստեղծը այնպէս, ինչպէս որ է: Անոնք զաւակ չեն ունեցած եւ Արփենիկ մահացած է յղութեան ժամանակ, յղութեան բարդութիւններէն եւ ուշացած բժշկական միջամտութենէ:
Չարենց կնոջ մահէն ետք հանել տուած է անոր գաճաքարէ դիմակն ու ձեռքին կրկնօրինակը, որոնք այսօր կը պահուին թանգարանին մէջ եւ նոյնպէս ցուցադրուած էին Արփենիկ-Իզապելլա ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսի՝ Արփենիկի բաժնին մէջ ցուցադրուած էին նաեւ Արփենիկի դիմայարդարման տուփը, որ Չարենց նուէր գնած է Գերմանիայէն, նաեւ Չարենցի այլ նուէրները ցուցադրուած էին. հայելին, գինդերը, ծխախոտի տուփը, կօշիկի խոզանակը, եղունգներու յարդարման տուփը, օծանելիքի սրուակները…
Արփենիկը իր ժամանակի մտաւորական կիներէն մէկն էր, գեղեցիկ եւ խելացի. այդ մէկը նոյնպէս գրաւած է Չարենցը, ան միշտ ճաշակաւոր իրեր նուիրած է կնոջ:
1930 թուականին լոյս տեսած «Էպիքական լուսաբաց» ժողովածոն Չարենցը նուիրած է Արփենիկի յիշատակին՝ «Կը նուիրեմ գիրքս յիշատակին կնոջս, ընկերոջս, հերոսական բարեկամիս՝ Արփենիկ Չարենցին» գրութեամբ:
«Իմ բարեկա՛մ, իմ սէ՛ր,
հերոսակա՛ն ընկեր,
Դու ապրեցիր, անցար եւ էլ չկաս հիմա,
Սակայն դեռ կեանքը կայ եւ չի՛ դարձել ամայ
Եւ ո՛չ մի աստղ վերից դեռ ներքեւ չի՛ ընկել», Արփենիկին ձօնած է Չարենց:
Ցուցադրութեան մաս կը կազմէին նաեւ բանաստեղծին գրութիւնները, բանաստեղծութիւնները, գիրքերը երկու կիներուն նուիրուած…
Արփենիկի մահէն չորս տարի ետք՝ 1931 թուականին, Չարենց երեկոյթի մը ժամանակ կը հանդիպի 21-ամեայ Իզապելլա Կոտապաշեանին: Վերջինս, ի տարբերութիւն Արփենիկին, հայերէն լաւ չէր գիտեր եւ ծանօթ չէր հայ գրականութեան, գրողներուն: Անոնց առաջին խօսակցութիւնը կ՚ըլլայ.
-Դուք գրո՞ղ էք: Շատ հաճելի է: Ես գրականութիւն շատ կը սիրեմ, միայն թէ հայ գրականութիւն չեմ գիտեր:
-Հոգ չէ: Ես Ձեզի կը սորվեցնեմ հայ գրականութիւնը, կ՚ըսէ Չարենց:
Նոյն օրը Չարենց Իզապելլային կ՚ուղեկցի դէպի տուն, յաջորդ օրը կը հրաւիրէ օփերա, իսկ քանի մը օր ետք կ՚ըսէ.
«Դուք համեստ, լաւ աղջիկ էք: Իմ կինը վախճանած է չորս տարի առաջ, ատկէ ետք ես ընտանիք չունիմ: Ես այնքան կը փափաքիմ ընտանիք ունենալ եւ ունենալ այնպիսի կին մը, որպիսին Դուք էք: Միայն Դուք ինձ պէտք է պատասխան տաք` այո կամ ոչ: Ես ուսանող չեմ, որ Ձեզի հետ տարիներով պտըտիմ եւ պարապ ժամանակ վատնեմ»:
Իզապելլան Չարենցէն երեք օր կը խնդրէ, այդ ընթացքին կը մտածէ, որ մտաւորական մը չի կրնար վատ ըլլալ եւ կը համաձայնի ամուսնանալ Չարենցին հետ: Գրողը գոհունակ ժպիտով կ՚ըսէ.
«Վաղը ժամը 12-ին Պետհրատ եկուր (Չարենցի աշխատավայրն էր պետական հրատարակչութիւնը), միասին երթանք եւ արձանագրենք մեր ամուսնութիւնը»: Անոնք երկու դուստր կ՚ունենան, առաջին դուստրը Չարենց կը կոչէ իր առաջին կնոջ անունով՝ Արփենիկ, իսկ երկրորդ դուստրը Անահիտն է, որ այժմ կը բնակի Եւրոպա:
Անահիտին դուստրը՝ Գոհարը այսօր Չարենցի տուն-թանգարանի աշխատակիցներէն է եւ սիրով կը պատմէ իր մեծ հօր կիներուն նուիրուած ցուցահանդէսին մասին: Չարենց Իզապելլային նոյնպէս իր գրութիւնները կը ձօնէ, բայց ամէն մարդ կը նկատէ, որ մինչեւ կեանքին վերջը Չարենց կը սիրէր Արփենիկը, իսկ Իզապելլային կը վերաբերէր որպէս իր երեխաներու մայրը:
Բանտէն ղրկուած վերջին նամակին մէջ Չարենց Իզապելլային կը յորդորէ ամուր մնալ եւ տէր կանգնիլ երեխաներուն: Սակայն, ժամանակի իշխանութիւնները անողոք կը գտնուին նաեւ Իզապելլային հանդէպ, կ՚աքսորեն նաեւ Չարենցին կինը, բոլորովին ուրիշ ուղղութեամբ, իսկ անոնց երեխաները կը մեծնան մանկատան եւ ուրիշ մարդոց տուներուն մէջ. փոքրին խնամքը կը ստանձնէ մեծ մայրը: Այդ յիշողութիւնները Արփենիկի եւ Անահիտի ամենածանր յիշողութիւններն են, իսկ յետագային անոնք շատ դժուարութեամբ կրցան յաղթահարել աքսորուածի դուստր ըլլալու բարդոյթը:
Ցուցադրութեան մաս կը կազմեն նաեւ Իզապելլայի արդուզարդի պարագաները, մետաքսեայ վզարկուն, ականջօղերը, որոնք նուիրած է Չարենցը:
Ըստ չարենցագէտ Դաւիթ Գասպարեանին, Իզապելլան աքսորի ժամանակ Ղազախիստանի մէջ յետագային ամուսնացած է բուժակի մը հետ, ունեցած է հինգ երեխայ:
Ցուցադրուած է նաեւ Մարտիրոս Սարեանի մէկ նկարը, որուն մէջ պատկերուած են Չարենցի կիները: Նկարին մէջ ակնյայտ է նաեւ Չարենցի սէրը Արեւելքի հանդէպ՝ արեւելեան գլխարկի տեսքով, Պուտտայի արձանիկը, որովհետեւ Չարենցը պուտտիզմ կ՚ուսումնասիրէր:
Ցուցադրութիւնը մեծ չէ. ակնյայտ է, որ կիներէն քիչ իրեր պահպանուած են, սակայն իւրաքանչիւր իր մանրամասնօրէն արժեւորուած եւ ցուցադրուած է եւ ամէն մէկ իրին կապուած հետաքրքրական պատմութիւն մը կայ: Իսկ ամենաարժէքաւորը, անշուշտ, այն բանաստեղծութիւններն են, որոնք Չարենց նուիրած է Արփենիկին եւ Իզապելլային: Իր երկու կիներուն Չարենց տարբեր կերպով սիրած է եւ անոնց նուիրած գրութիւններն ալ տարբեր բնոյթ ունին: Չարենցի երկու կիներուն անձնական իրերը կը պատմեն թէ՛ կիներուն, թէ՛ ալ Չարենցին մասին: Արփենիկին իրերը շատ աւելի եւրոպական են, Իզապելլայինը՝ արեւելեան։
Չարենցի տուն-թանգարանը նոյնպէս կահաւորուած է արեւելեան ու եւրոպական իրերու համադրումով:
Այս տարին յոբելենական էր նաեւ տուն-թանգարանին համար: Լրացաւ թանգարանի հիմնադրման 55-ամեակը: Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը՝ Երեւանի Մաշտոցի պողոտային վրայ, հիմնադրուած է 1964 թուականին՝ Խորհրդային Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին որոշմամբ: Թանգարանը բացուած է 1975 թուականին: 1987 թուականին, Չարենցի ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ, շէնքը ենթարկուած է մասնակի փոփոխութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ թանգարանի տարածքը ընդլայնուած է: Այսօր թանգարանը կ՚ընդգրկէ բաւական մեծ տարածք, վերականգնուած է յուշատունը, իսկ միւս երեք յարկաբաժինները կը զբաղեցնեն հիմնական ցուցադրութիւնը: Այս տան մէջ Չարենց բնակած է 1935-1937 թուականներուն, եւ այսօր ալ, անոր շունչը ներկայ է ամէն մէկ անկիւնին մէջ: Թանգարանի այցելուներու քանակէն դատելով՝ Չարենցի շուրջ հետաքրքրութիւնը անհամեմատ մեծցած է եւ ատոր մէջ նշանակութիւն ունեցած են նաեւ վերջին քսան-երեսուն տարուան ընթացքին տպուած անտիպները, Չարենց ընթերցասէրներուն ներկայացած է իր կենսագրութեան փակ ու նոր բացայայտուած էջերով: Կան նաեւ անտիպներ, որոնք ժառանգներուն մօտ են եւ կը ներկայացնեն Չարենցի կեանքին մանաւանդ վերջին ժամանակաշրջանը:
Վերջին տարիներուն չարենցագէտներուն եւ Չարենցի ժառանգներուն միջեւ ծագած լարուածութեան պատճառով այդ նիւթերը տակաւին անտիպ են…
*
Իմ մահուան օրը կ՚իջնի լռութիւն,
Ծանր կը նստի քաղաքի վրայ,
Ինչպէս ամպ մթին կամ հին տրտմութիւն,
Կամ լուր աղէտի՝ թերթերում գրած:
Ծանօթ կնոջ պէս այրի կամ դժբախտ,
Բարեկամուհու նման տխրատեսք,
Լուրը կը շրջի փողոցները նախ,
Ապա կը մտնի դուռ-դարպասից ներս...
Իբրեւ ծերունի մի թերթավաճառ՝
Յուշիկ քայլերով եւ համարեայ կոյր,
Կը շրջի բոլոր տներն անպատճառ
Ու կը յայտնուի ամէն մի բակում:
***
Մահուան մէջ - սէր, սիրոյ մէջ - մահ...
Դու - հողմային մշուշ ու մահ,
Դու - կրակի դուստր բարի,-
Քե՜զ է կանչում սիրտս հիմա,
Քեզ է կանչում սիրտս` արի՜:
Հասե՜լ է փառքդ արդէն վառ
Մինչեւ Հաբաշ ու Հնդուչին.
Քե՜զ եմ նետում եղբայրաբար
Իմ արիւնի ճիչը վերջին:
Բո՜րբ աչքերիդ նայուածքը թող
Արիւնոտէ սիրտս հիմա -
Եւ թո՛ղ տեսնի սիրտս վառուող
Մահուան մէջ - սէր, սիրոյ մէջ - մահ...
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024