ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՍՔԵՐ՝ ՀԱՅ ՎԻՊԱՇԽԱՐՀԷՆ

Հայագէտ, ազգագրագէտ եւ մեծ գիտնական, հայ բանագիտութեան նահապետ Սարգիս Յարութիւնեան (1928-2019թթ.) ծնած է Աշոցքի շրջանի Ղազանչի գիւղը՝ ծագումով ալաշկերտցի եւ մշեցի արմատներ ունեցող ընտանիքի մը մէջ: Ժողովրդական բառ ու բանը ապագայ մեծ գիտնականին հարազատ եղած է տակաւին մանուկ հասակէն, երբ հաղորդակից կ՚ըլլար գիւղացիներու հարուստ պատմութիւններուն:

Սակայն իր նշանաւոր «Հայ հին վիպաշխարհը» գիրքը կազմելու ժամանակ հիմնականը օգտուած է մեր միջնադարեան գրականութենէն եւ աւելի ուշ շրջանի պատմագրութենէն: Սարգիս Յարութիւնեան նաեւ ծանօթ եղած է դրացի ազգերու մշակոյթին եւ ազգագրութեան եւ այդ ազգերու հետ մեր ժողովուրդի առընչութիւններուն: Բնութեան անբաժան մասերն ու երեւոյթները՝ արեւը, լուսինը, աստղերը, կայծակը, ամպրոպը եւ այլն, ան նկարագրած է ըստ մեր հին պատմական աղբիւրներու մէջ եղած տեղեկութիւններու եւ ժողովրդական պատմութիւններէ քաղուած ասքերու… Նկատելի է, որ մանաւանդ արեւի, լուսնի մասին կան բազմազան բանահիւսական եւ վիպական ասքեր:

Աղջիկն ու արեւը

Աղջիկ մը երեկոյեան՝ արեւը մայր մտնելէն յետոյ, տունը կ՚աւլէ եւ աղբը դուրս կը թափէ։ Այդ մեղքը գործելուն համար ան կը պատժուի, ցերեկը արեւի մօտ սեւերես կ՚ըլլայ, կը մնայ մեռած, իսկ գիշերը կեանք կ՚առնէ:

Աղջկան հայրը կը հագուի երկաթեայ ոտնաման, կը վերցնէ երկաթեայ գաւազան, ճանապարհ կ՚իյնայ արեւին մօտ։ Ան կ՚երթայ արեւէն խնդրելու անոր երեսին լուացած ջուրէն, որ բերէ, ցանէ աղջկան վրայ եւ ան բուժուի: Բայց մինչեւ օրս ալ աղջկան հայրը կը թափառի աշխարհով մէկ եւ չի յաջողիր գտնել արեւին բնակարանը։

Բացատրութիւն- Հայ ժողովրդական հաւատալիքներով՝ երեկոյեան տունը աւլելը ու աղբը թափելը մեղք կը նկատուի, ուստի յաճախ կը խուսափին ատկէ:

Տղան եւ արեւը

Կին մը իր մանչուն համար գուլպայ կը հիւսէր: Քիչ մնացած էր, որ գուլպան վերջացնէր, երբ արեւը կը պատրաստուէր մայր մտնել։ Տղան կը դիմէ արեւուն, կը խնդրէ.

-Արեգա՜կ, քիչ մըն ալ սպասէ, մայրս վերջացնէ իմ նախշուն գուլպաս, հագնիմ, յետոյ միայն քու մօրդ մօտ երթամ։

Արեւը կը լսէ տղային, կը սպասէ եւ միայն ուշ երեկոյեան կը վերադառնայ իր մօրը մօտ։ Արեւամայրը կը հարցնէ որդիին, թէ ինչո՞ւ ուշացած է։

Արեւը մօրը կը պատմէ փոքրիկ տղային եւ անոր գուլպային մասին։ Արեւամայրը կը զայրանայ, կ՚անիծէ իր որդին ուշացնող փոքրիկ տղան, որ ան ցերեկը մահանայ, գիշերը կեանք առնէ, իսկ անոր մայրն ալ երբեք չաւարտէ տղային գուլպան։

Տղան ցերեկները կը մեռնի, գիշերները՝ կը վերապրի, կու գայ մօրը քով, կը խնդրէ իր գուլպան։ Խեղճ մայրը չի յաջողիր վերջացնել գուլպան, որովհետեւ գործածը անմիջապէս կը քանդուի:

Իսկ տղան, ստիպուած, կը թափառի ոտաբոբիկ։

Արեւն ու հարսանքաւորները

Հարսանքաւորները հարս ու փեսայի հետ Վարանդայի Քափաս սարով անցնելու կ՚ելլեն, արեւը կը սկսի մայր մտնել։ Փեսան կը խնդրէ արեւին՝ քիչ մը սպասել, մինչեւ իրենք անցնին այդ վտանգաւոր տեղէն։ Արեւը կը կատարէ փեսային խնդրանքը, բայց երբ կը վերադառնայ իր մօր մօտ, արեւամայրը խիստ կը բարկանայ որդւոյն վրայ՝ ուշանալուն համար։ Արեւը մօրը կը յայտնէ ուշացման պատճառը։ Մայրը աւելի կը բարկանայ եւ կ՚անիծէ հարսանքաւորները, որպէսզի անոնք քար դառնան։ Հարսանքաւորները իսկոյն քար կը դառնան։

Պատումներ արեւի եւ լուսինի մասին

Արեւի եւ լուսնի մասին եղած են զանազան պատկերացումներ, մէկ պարագային արեւը տղայ է, լուսինը՝ աղջիկ, որոնք կամ թագաւոր ու թագուհի են, կամ ալ սիրահար զոյգ։ Իսկ մեծ մասամբ անոնք քոյր ու եղբայր են, երբեմն արեւը քոյրն է, լուսինը՝ եղբայրը, հազուադէպ ալ՝ լուսինը քոյրը, արեւը՝ եղբայրը:

*

Արեւն ու լուսինը Աստծոյ զաւակներն են. արեւը աղջիկ է, լուսինը՝ տղայ։ Հօր հրամանով անոնք կը պարտաւորուին գիշեր-ցերեկ կարգով հսկել աշխարհին։ Քոյր ու եղբայր վիճակահանութիւն կ՚ընեն, թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի հսկէ գիշերը։ Վիճակը կ՚իյնայ քրոջը՝ արեւին: Քոյր ու եղբայր կը սկսին կրակոտ վիճիլ։ Աղմուկին վրայ կու գայ հայրը։ Երբ կը գիտնայ պատճառը, կը նախատէ լուսինը եւ կը հրամայէ, որ ան գիշերները հսկէ։ Լուսինը յանձն կ՚առնէ կատարել հօր կամքը։ Ապա Աստուած կը դիմէ աղջկան՝ արեւին, առաջարկելով ցերեկները հսկել։ Արեւը կ՚առարկէ, ըսելով՝ որ ինք, աղջիկ ըլլալով, կ՚ամչնայ ցերեկով մարդոց աչքին երեւնալ։

-Այդ պարագային,- կ՚ըսէ հայրը,- ձեռքերուդ ամէն մէկուն մէջ խուրձ մը ասեղ բռնէ, ով որ կը համարձակի քեզ նայիլ, ասեղներով ծակէ աչքերը։

Արեւը կ՚ընդունի այդ առաջարկութիւնը եւ այդ օրուընէ սկսած իր հօրը կամքը կը կատարէ:

*

Արեւն ու լուսինը քոյր-եղբայր են. արեւը եղբայրն է, լուսինը՝ քոյրը։ Քոյր, եղբայր միշտ իրարու հետ կը քալէին, բայց որովհետեւ Լուսինը շատ գեղեցիկ եղած է, չար աչք դպած է անոր, եւ ան հիւանդացած է ծաղիկ հիւանդութեամբ։ Այդ դէպքէն յետոյ լուսինը խնդրած է եղբօրմէն՝ աչքերը ծակել այն մարդուն, որ իրեն կը նայի, որպէսզի իրեն այլեւս չար աչք չդպնայ եւ իր հիւանդութեան վրէժը լուծուի։

*

Արեւի եւ լուսնի մայրը կը բնակի երկինքը՝ աստղատան մէջ։ Անգամ մը գիշերը, երբ մայրը խմոր կը շաղէ, արեւն ու լուսինը կը կռուին։ Արեւ քոյրը կ՚ըսէ.

-Ես գիշերով դուրս չեմ ելլեր։ Լուսին եղբայրն ալ կ՚ըսէ.

-Ես ցերեկը դուրս կու գամ։

Երբ շատ կը կռուին, մայրը կ՚ելլէ տեղէն, խմորոտ ձեռքով ուժեղ ապտակ կը հասցնէ լուսնի երեսին, գիշերով զայն տունէն կը հանէ, կը նետէ դուրս։ Այդ օրուընէ մինչեւ հիմա լուսինը գիշերը դուրս կու գայ, արեւը՝ ցերեկը։

*

Անգամ մը մայրը արեւին ու լուսնին կ՚ըսէ.

-Գացեք աղբիւրէն ջուր բերէք, ծարաւ եմ, ով շուտ բերէ, անոր կ՚օրհնեմ։

Քոյր ու եղբայր կ՚երթան ջուրի: Լուսինը քրոջմէն առաջ կ՚անցնի եւ կուժը կը դնէ աղբիւրին տակ, որպէսզի ջուր լեցուի։ Արեւը եղբօրմէն գաղտնի կը ծակէ անոր կուժին տակը: Վերադարձին լուսինին կուժէն ջուրը կը հոսի, կը թափի, կուժը կը մնայ պարապ: Իսկ արեւը կուժը կը լեցնէ ջուրով, կը տանի մօրը կու տայ, կը ստանայ անոր օրհնութիւնը։

*

Անգամ մը արեւն ու լուսինը կ՚երթան գետը եւ կը լողան: Լուսին եղբայրը քիչ մը լողալէ ետք կանուխ դուրս կ՚ելլէ ջուրէն, կը սպասէ, որ երբ քոյրն ալ ելլէ ջուրէն, տեսնէ անոր մերկութիւնը։ Արեւը կռահելով եղբօր դիտաւորութիւնը, ամօթէն երկինք կը բարձրանայ: Լուսինն ալ անմիջապէս անոր ետեւէն կը բարձրանայ երկինք, կը հետապնդէ քրոյրը, մինչեւ օրս ալ կը հետապնդէ զայն, բայց չի յաջողիր հասնիլ։ Ատոր համար ալ արեւը իր սուր ասեղներով կը ծակծկէ թէ՛ լուսինին եւ թէ՛ բոլոր անոնց աչքերը, որոնք կը փորձեն նայիլ իրեն։

*

Արեւը թագաւոր է, լուսինը՝ թագուհի։ Լուսինը շրջագայութեան կ՚ելլէ այն ժամանակ, երբ արար աշխարհ քնացած է, որպէսզի ոչ ոք տեսնէ զինք։ Ան զբօսանքի դուրս կ՚ելլէ՝ շրջապատուած աստղերով, որոնք իր կոյս ընկերուհիներն ու նաժիշտներն են։ Լուսին թագուհին ծով բարիքներ կը սփռէ աշխարհի բոլոր արարածներուն, երբեմն ալ ամօթխածութենէն իր դէմքը կը ծածկէ ամպի քօղով։

*

Արեւն ու լուսինը ջահել սիրահարներ են. արեւը աղջիկ է, լուսինը՝ տղայ։ Երբ անոնք կը հանդիպին իրարու, լուսինը սէրէն իր խելքը կը թռցնէ, կը խաւարի։

*

Լուսինի վիզէն անասունի մորթէ արիւնոտ պարկ կայ կախուած՝ ան երբեմն այդ պարկը կը նետէ արեւին վիզը, ինչէն արեւը կը խաւարի։

Լուսին

Լուսինը անհամբեր երեխայ մը եղած է: Օր մը, երբ մայրը խմոր կը շաղախէր, լալով կու գայ, մօրմէն հաց կ՚ուզէ: Մայրը զայրացած՝ խմորոտ ձեռքով կ՚ապտակէ անոր, կ՚անիծէ, որպէսզի ան երբեք չկշտանայ։ Ապտակէն լուսինը կը թռչի երկինք, դէմքին՝ խմորի կտորներ։ Երբ լուսինը կուշտ կ՚ըլլայ, պայծառ կը փայլի երկինքին մէջ, երբ անօթի է՝ կը խաւարի:

Աստղեր

Աստղերը երկինքին կանթեղներն են, որոնք իբրեւ ջահեր առանց պարանի կախուած են բարձր ու լայն, անսիւն ու անգերան կառուցուած երկնային տաճարին մէջ եւ առանց ձէթի լոյս կու տան: Աստղերը կ՚ըլլան չար եւ բարի։ Ամէն մարդ կը ծնի, աշխարհ կու գայ աստղի մը տակ. որուն տակ որ կը ծնի մարդը՝ իր բախտն է: Եթէ անոր աստղը բարի է, ան բախտաւոր է, եթէ չար է՝ դժբախտ։

Ասքեր Ծիր կաթինի մասին

Ծիր կաթին աստղաբոյլը կը կոչուի նաեւ Յարդագողի ճանապարհ։ Խիստ ձմեռ մը հայերու նախնիներէն Վահագնը ասորեստանցիներու նախնի Պարշամէն յարդ կը գողնայ, եւ Ծիր կաթինը այդ գողցուած յարդին հետքն է։

*

Շատ ժամանակ առաջ ուրիշ ցեղի մը աստուած իր մշակներուն ղրկած է մեր երկրի աստուծուն պատկանող կալատեղէն յարդ գողնալու։ Մեր աստուծոյ հրեշտակները նետ-աղեղով զարկած, սպաննած են գողերը, որոնց քովէն յարդը թափած է երկինքի երեսին եւ այդպէս ալ մինչեւ այժմ մնացած։

*

Գարնան շեմին խեդճ կնոջ մը յարդը կը պակսի, անասունները կը մնան քաղցած։ Շատ ասդին-անդին կ՚երթայ, բայց ոչ մէկը անոր դարման կու տայ: Ճարը կը հատնի, կ՚ելլէ, կ՚երթայ իր քաւորին մարագը, փեշը դարմանով կը լեցնէ: Վերադարձին քամին կը զարնէ, փէշին մէջ եղած դարմանը կը թափի գետին։

Այս անամօթ արարքը կը տեսնէ աստուած, երկինքի երեսին կը ցուցադրէ այդ գողութեան նշանը, որպէսզի աշխարհը տեսնէ սանամօր գողութիւնը։

*

Սանամայր մը շատ աղքատ է ու ամէն անգամ ստիպուած կ՚ըլլայ իր քաւորին յարդանոցէն գոգնոցով յարդ կը գողնայ։ Անգամ մըն ալ, երբ քաւորը կը նկատէ այդ, սանամայրը ամօթէն երկինք կը բարձրանայ, ետեւէն թափելով յարդը։ Մինչեւ այժմ ալ երկինքին վրայ կ՚երեւի թափած յարդին հետքը, որ կոչուի նաեւ Սանամօր երթ։

*

Ուղտապան մը 45 ուղտ կ՚ունենայ: Երբ անոր յարդը կը վերջանայ, դրացիներէն 15 ուղտի համար յարդ կը գնէ, իսկ 30-ի համար՝ յարդը փոխ կը վերցնէ։ Յաջորդ անգամ, երբ դարձեալ յարդը կը վերջանայ, անյարմար կը զգայ կրկին պարտք ուզելու, ստիպուած կը գողնայ։ Այդ պահուն սաստիկ քամի կը բարձրանայ եւ ամբողջ յարդը կը ցրէ երկինքով մէկ, եւ մինչեւ հիմա ալ կ՚երեւի։

*

Տան հարսը մարդագայլ կ՚ըլլլայ: Մարդագայլը հին վիպաշխարհի մէջ առասպելական հաւատալիքներով՝ ժամանակաւորապէս գայլի փոխարկուած կին էր, օժտուած գայլի գիշատիչ յատկութիւններով։

Անգամ մը անոնց տունը հիւր կու գայ: Հարսը հիւրին ոտքերը լուալու ժամանակ կը տեսնէ, որ ատոնք շատ փափլիկ են։ Հարսին ախորժակը կը գրգռուի։ Երբ բոլորը կը քնանան, հարսը կ՚երթայ, որպէսզի հիւրը ուտէ։ Հիւրը իսկոյն կը գիտնայ, կը քաշէ դաշոյնը եւ կը հարուածէ հարսի կուրծքին։ Կաթը անմիջապէս հարսի կուրծքէն կը ցայտի երկինք եւ իր հետքը մշտապէս կը ձգէ երկինքին վրայ։ Ատոր համար ալ Յարդագողի ճանապարհը կը կոչուի նաեւ Ծիր կաթին (կաթին հետք)։

Ծիր կաթինը երկինքին այն տեղն է, որ պատռուած է ժամանակին, եւ հեղեղը թափած երկրին վրայ։

*

Կշիռ համաստեղութեան աստղերը Հայկ նահապետի զաւակներն են՝ երեքը տղայ, երեքը աղջիկ, որոնք կը կոչուին նաեւ հայկեր (խեքեր)։

Մեծ արջի համաստեղութիւնը կը կոչուի նաեւ Եօթ սանամօր աստղեր։ Ժամանակին եօթ սանամայր եղած են, ունեցած են քաւոր մը: Սանամայրերէն իւրաքանչիւրը մտածած է, թէ միւսը կը հոգայ քաւորին հոգսերը։ Այդպէս քաւորը մնացած է առանց խնամքի եւ անօթութենէն մահացած: Աստուած բարկանալով սանամայրերուն վրայ, զանոնք դարձուցած է եօթ աստղ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022