ՀԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՍԱԿԱՒԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մենք շատ բան պարտական ենք հին յոյներուն՝ յատկապէս ներկայ քաղաքական բառապաշարի մեծամասնութեան պարագային։ Սակայն բոլորովին տարբեր են անոնց եւ մեր ժամանակներու քաղաքականութեան մասին ընկալումները։

Հին Յունաստանի մէջ որեւէ ժողովրդավարի համար մեր ժամանակակից ժողովրդավարական համակարգերը կը թուէր որպէս սակաւապետութիւն, որ փոքրամասնութեան իշխանութիւնն է՝ ոչ-բացայայտ ու պարտադիր կերպով եւ ընդդէմ ժողովուրդի կամ մեծամասնութեան իշխանութեան։ Այս իրավիճակը նոյնիսկ երեւան կու գայ, երբ ժողովուրդը ընտրած է քիչեր՝ որպէս ղեկավար: Որովհետեւ Հին Յունաստանի մէջ ընտրութիւնները ինքնին արդէն սակաւապետական կը համարուէին, քանի ընտրութիւնները կանոնաւոր ձեւով կը նպաստէին փոքրամասնութեան, յատկապէս մեծահարուստներուն կամ «օլիկարխ»ներուն, որոնք նաեւ յայտնի են որպէս «գէր կատուներ»։

Միւս կողմէ, ուշագրաւ նմանութիւններ կան հին եւ ժամանակակից քաղաքական մտքի միջեւ։ Օրինակ՝ ինչպէս հին, այնպէս ալ ժամանակակից ժողովրդավարներու կարծիքով՝ ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը ժողովրդավարութեան հիմնական քաղաքական արժէքներու հիմքն է: Այնուամենայնիւ, հին յոյն ժողովրդավարի համար ազատութիւնը կը նշանակէ ո՛չ միայն մասնակցութիւն քաղաքականութեան, այլ փրկութիւն օրինական եւ փաստացի ստրկութենէն։

Անոնց համար քաղաքականութեան մասնակցութեան ազատութիւնը ժողովրդավարութեան հիմք չէր՝ քաղաքական առաջնորդներու եւ ընդհանուր կամ տեղական ընտրութիւններու ժամանակ: Աւելի շատ ան քաղաքական իշխանութիւնը բաժնելու ազատութիւնն էր:

Ք.Ա. 400 թուականին Աթէնքի ժողովրդավարական խորհուրդը, որ բաղկացած էր շուրջ 6 հազար արական սեռէ քաղաքացիներէն, կը հաւաքուէր առ հասարակ իւրաքանչիւր ինն օրը անգամ մը։ Այս հաւաքները համազօր էին ամէն շաբաթ կարեւոր հարցերու շուրջ հանրաքուէ իրականացնելու։

ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՒ ԱՅԺՄ

Այսօրուան իրաւունքի հաւասարութիւնը ընկերային ու տնտեսական համատեսքին մէջ մոլորութիւն է, երբ բնակչութեան 1 տոկոսը կազմող հարուստին կը պատկանի աշխարհի մնացեալ 99 տոկոսը։ Հին Յունաստանի մէջ, յատկապէս հին Աթէնքի ժողովրդավարութեան պայմաններուն ներքեւ, գործերը աւելի արդար ու համակարգուած կը կառավարուէին։

Դասական (Ք.Ա. 5-4-րդ դարեր) Յունաստանը, յատկապէս դասական Աթէնքը ունէր խիտ բնակչութիւն։ Այս խիտ բնակչութեան մեծամասնութիւնը չունէր կենսապահովման խնդիր, տեղի կ՚ունենար ունեցուածքի աւելի հաւասար բաշխում։

Կարելի է կասկածի տակ դնել, որ նման իրավիճակ արդեօք երբեք տեղի ունեցա՞ծ է Յունաստանի կամ նոյնիսկ որեւէ այլ հասարակութեան մէջ:

Այնուամենայնիւ, սա չի նշանակեր, որ Հին Յունաստանը մեզի կ՚առաջարկէ ժողովրդավարութեան օրինակ։ Այժմ մենք կը հաւատանք, որ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են որպէս չափահաս ընտրողներ՝ անկախ իրենց սեռէն կամ կրթութեան մակարդակէն։

Ներկայ ժողովրդավարական երկիրներու քաղաքացիներուն կեանքի մեծամասնութիւնը կը ղեկավարէ կուսակցութիւն մը կամ անձ մը, որոնց օգտին անոնք չեն քուէարկած: Նաեւ, կարելի է ըսել, որ ընտրութիւններէն ոչ մէկը «ազատ եւ արդար» է, քանի սովորաբար կը շահին ամենաշատ ծախսողները։ Ինչ կը վերաբերի ընտրութեան մը յաղթողին, ապա չկայ կուսակցութիւն մը, որ կրնայ իշխանութիւն ձեռք բերել (զուտ սեփական շահերէն մեկնելով) առանց փտացման «աջակցութեան»: Ամենէն վատագոյնը, թերեւս, այն է, որ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը համակարգուած կերպով դուրս կը մնայ հանրային որոշումներու կայացումէն:

Մէկ խօսքով՝ ժողովրդավարութիւնը կորսնցուց «ժողովուրդի իշխանութիւն» իմաստը եւ իր դերը՝ որպէս ժողովրդական կամքի իրականացում: Այժմ մենք կրնանք հասկանալ, թէ ինչո՛ւ Ուինսթըն Չըրչիլ յայտարարեց, որ ժողովրդավարութիւնը ամենավատ վարչակագն է որեւէ պետական ​​համակարգի մէջ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022