Կենսունակութիւնը Բարձրացնելու Կանոններ

Ձմրան ըն­թաց­քին շա­տե­րը մշտա­կան թու­լու­թիւն կը զգան, ու­ժաս­պա­ռու­թիւն: Այդ պա­հե­րուն ո­չինչ կա­րե­լի է ը­նել: Սա­կայն պէտք չէ յու­սա­հա­տիլ, կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­դարձ­նե­լը այն­քան ալ դժուար չէ:

Կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու եւ դրա­կա­նօ­րէն տրա­մադ­րուե­լու քա­նի մը կա­նոն.

- Օ­րուան կա­նո­նա­կարգ. Որ­պէս­զի կրկին դուք ձեզ թարմ զգաք, ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է կար­գա­ւո­րէք ձեր օ­րը: Արթն­ցէք եւ քնա­ցէք միշտ նոյն ժա­մե­րուն, ինչ­պէս աշ­խա­տան­քա­յին, այն­պէս ալ հանգս­տեան օ­րե­րուն: Վերջ տուէք արթն­նա­լէն ետք ան­կո­ղին մնա­լու սո­վո­րու­թեան: Ե­թէ կը փա­փա­քիք ու­նե­նալ ար­դիւ­նա­ւէտ օր մը, պէտք է ձգուիլ եւ ել­լել ան­կո­ղի­նէն:

- Լուա­ցուե­ցէք պաղ ջու­րով. Ա­նի­կա կ՚օգ­նէ ա­ւե­լի շուտ դուրս գալ քու­նի վի­ճա­կէն:

- Մար­զանք. Կա­տա­րե­ցէք ա­ռա­ւօ­տեան մար­զանք: Յայտ­նի է, որ իւ­րա­քան­չիւր ֆի­զի­քա­կան աշ­խու­ժու­թիւն կը նպաս­տէ մարմ­նի մէջ ու­րա­խու­թեան հար­մո­նի ա­ճին: Այդ պատ­ճա­ռով ֆի­զի­քա­կան աշ­խու­ժու­թե­նէն ետք կու գայ հան­գիս­տի եւ բա­ւա­րար­ման զգա­ցո­ղու­թիւն:

- Սի­րած ե­րաժշ­տու­թիւն. Տրա­մադ­րու­թեան բարձ­րաց­ման հա­մար միա­ցու­ցէք ձեր սի­րած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ե­թէ դուր­սը ա­րեւ է, բա­ցէք վա­րա­գոյր­նե­րը: Ցե­րե­կուան լոյ­սը ուժ եւ դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն կու տայ:

- Ճիշդ նա­խա­ճաշ. Այ­նու­հե­տեւ պատ­րաս­տե­ցէք ճիշդ նա­խա­ճաշ: Ընտ­րե­ցէք հա­մեղ եւ օգ­տա­կար մթերք­ներ՝ վար­սակ, ըն­կոյզ: Սուր­ճը ա­ւե­լի լաւ է փո­խա­րի­նել կա­նաչ թէ­յով, կրնաք ա­ւելց­նել քիչ մը լե­մոն: Հիմ­նա­կան սննուն­դի ըն­դուն­ման մի­ջոց­նե­րուն կրնաք պտուղ ու­տել:

- Խո­տա­բոյ­սե­րով թուր­մեր. Բա­ցի կեն­սա­նիւ­թե­րէն, ու­ժե­րը կա­րե­լի է վե­րա­կանգ­նել խո­տա­բոյ­սե­րով:

- Դրա­կան տրա­մադ­րուա­ծու­թիւն. Ե­թէ դի­տար­կենք կեն­սու­նա­կու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան խնդի­րը հո­գե­բա­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն, պի­տի նկա­տենք հա­սա­րակ կա­նոն մը՝ կա­րե­լի չէ յու­սա­հա­տիլ, ե­թէ նոյ­նիսկ ձեր մօտ ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու շրջան է: Գե­ղե­ցիկ հա­գուս­տը եւ շրջա­կայ­քի վառ պա­րա­գա­նե­րը կ՚օգ­նեն դրա­կան տրա­մադ­րուե­լու հա­մար:

- Զբօ­սանք­ներ մա­քուր օ­դին. Խոր­հուրդ կը տրուի յա­ճախ մա­քուր օ­դի հա­մար դուրս գալ եւ օ­րա­կան գո­նէ 30 վայր­կեան քա­լել, նոյ­նիսկ ե­թէ ցուրտ է, կամ՝ տաք: Լաւ պի­տի ըլ­լայ քա­լե­լը սո­վո­րու­թիւն դարձ­նել:

- Ե­թե­րա­յին իւ­ղե­րով լո­գանք ըն­դու­նիլ. Լից­քա­թա­փուե­լու հա­մար կա­րե­լի է այ­ցե­լել բաղ­նիք կամ սաու­նա: Կամ շա­բա­թը մէկ ան­գամ ե­թե­րա­յին իւ­ղե­րով լո­գանք ըն­դու­նիլ:

- Ժա­մանց. Ոչ պա­կաս կա­րե­ւոր է այ­ցե­լել այն­պի­սի տե­ղեր, ուր դրա­կան մար­դիկ ըլ­լան, ինչ­պէս հա­մերգ, ցու­ցա­հան­դէս, թատ­րոն: Ա­մէն պա­րա­գա­յի, շրջա­պա­տի դրա­կան ու­ժը ան­պայ­ման կը փո­խան­ցուի նաեւ ձե­զի:

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016