ԱՅՍ ՏԱՐԻՆ ՔՈՒԿԴ Է
Աստուած ստեղծեց ու բացաւ այս տարին քեզի համար.
Կեցած կամուրջիդ վրայ.
Քու նաւդ է, այո՛, քու սեփական նաւդ,
Եւ զայն վարողը դուն պիտի ըլլաս։
Ճիշդ տասներկու ամիսներու պտոյտին նման
հետդ լիովին կը մնայ ընկեր միայն։
Նաւատետրդ պահ մնաց օրեր շարունակ,
Ընկե՛րս, ան ի՞նչ ցոյց պիտի տայ.
-Ճշդուած ճամբուդ ընթացքին
Նուաճում արձանագրեցի՞ր, թէ ոչ:
Նաւատետրը պիտի պատմէ, առաջնորդող աստղի նման,
Ինչպիսի նաւապետ ըլլալդ։
Իր ճոխութեամբ ու դժուարութեամբ այս տարին քուկդ է․
Նաւդ կենաց ծովուն վրան է․
Քո՛ւ գործերդ, իբրեւ նաւապետ, պիտի որոշեն
Ինչ որ պիտ՚ ըլլայ։
Ուստի ընթացք տալով պտոյտիդ
Խնդրէ Աստուծմէ, որ օգնէ քեզի՝ նաւդ վարելու։
ԱԼՖՐԷՏ ԼՈՐՏ ԹԷՆԻՍԸՆ
անգլ․թրգմն․ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան