ԿԱՂԱՆԴԻ ՕԴԸ

Կար­միր կը փսխէ տա­րին ալ այս հին,
Կամքն իր ծան­րա­գին դեռ պի­տի տա­նինք․
Հա­մա­ձայն կամ ոչ՝ քմայքն է ա­նոր,
Պի­տի հաս­նի քեզ, տա­րին է սա նոր։

Քեզ պի­տի առ­նէ՞, ձե­ւէ՞, մաք­րաջ­րէ՞,
Թէ դուն ա­նոր դէմ ու­նիս եղ­ջիւր­ներ,
Պի­տի կըր­ճը­տես միտք, ա­տամ, սէր, հեռ,
Սա­սա­նիս, ե­ռաս, եր­ջան­կա­նաս խեռ։

Ոչ ան քեզ ու­նի, ոչ կու գայ նոփ-նոր․
Հին-հին բա­նե­րը տա­կա­ւին բո­սոր
Կը կի­զեն, կը խո­ցեն ա­մէն կը­տոր
Սըր­տի, աստ­ղի, ողջ ի­րե­րու հը­զօր։

Ա­նոնց մէջ սա­կայն կը մըտ­նէ յան­կարծ
Օ­դը կեն­սա­խիտ, թարմ ու նո­րար­ծարծ,
Ճեղ­քեր ըս­տեղ­ծած, ճախ­րերն մեր կար­ծած
Ի­րեն են­թար­կող, իբ­րեւ նոր չաս­տուած

Մո­միա­նե­րուն սէգ շարժ ու գեղ տուող
Փո­խար­կիչ ներ­զօր, թար­մա­բոյր սեւ հող,
Թո­քեր ու­ռեց­նող, լայն հո­րի­զո­նով
Բազ­մա­կի նկար, ա­րա­րիչ ա­փով

Գծա­գիր ա­ւազ, համ կեն­դա­նու­թեան,
Թա­փան­ցում ա­ճած եւ ան­հուն ար­մատ,
Մա­ռա­խու­ղին մէջ ոս­կե­թել ժա­նեակ,
Ա­ռա­ջին սկիզբ եւ նոր ժա­մա­նակ։

ԿԱ­ՐՕ ՄԱՐ­ՏՈՒ­ՆԻ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017