ՈՍԿԵԾԱՄԻԿԸ

Հայաստան՝ երկիր դրախտավայրի ամենէն գողտրիկ մասերէն մէկուն Արցախ աշխարհին մէջ ժամանակին պզտիկ աղջնակ մը կ՚ապրէր։ Ինքը գեղանի. յօնքեր ունէր կամարիկ, վարսեր ունէր բազմերանգ, կեղծանունն ալ՝ Ոսկեծամ։

Փոքրիկ աղջնակի թովիչ գեղեցկութիւնը տեսնողը չէր կրնար անտարբերութեամբ անցնիլ անոր քովէն։ Երջանիկ մայրը տեւական իր դստեր հասցէագրուած հաճոյախօսութիւններու կ՚արժանանար. երբեմն, նոյնիսկ դիտողութիւններու։ Օր մը հերթական զբօսանքի ժամանակ երիտասարդ մայրիկը սաստեց բարկացած կին մը. ամօթ չէ՝ մատ մը երեխայի մազերը ներկեր էք։ Մայրը համբերատար անծանօթ տիկնոջ բացատրութիւն տուաւ, թէ աղջնակի վարսերը ի ծնէ երփներանգ են՝ ներկուած չեն։ Անծանօթուհին ներողութիւն խնդրեց ու զմայլած փոքրիկ գեղեցկուհիի վարսերուն գոյնով՝ ինչպէս ամէն մարդ, զայն կոչեց «ոսկեծամիկ»։

Հայու թախիծը աչուկներուն խորքը պահուըտած, ժպտուն աչքերով, խելացի հայեացքով ու խնդումերես Ոսկեծամիկը չորս տարեկան էր, երբ Արցախի պատերազմը լմնցաւ։ Թէպէտ պատերազմը յաղթական աւարտ ունեցաւ, սակայն անօթի, մութ ու ցուրտ, դժուար ժամանակները կը շարունակուէին հետապնդել արցախցիները։ Դաժան մարդկային արհաւիրքը՝ պատերազմը, որ սովալլուկ գազանի մը պէս անգութօրէն մարդկային կեանքեր կը խլէ, աղաւաղած էր փոքրիկ աղջնակի մանկութիւնը։ Ոսկեծամիկը չէր կրցած անհոգ ու խաղաղ մանկութիւն ունենալ։ Թէպէտ ընտանիքը կը փորձէր հնարաւորինս գունաւորել իրենց տան միակ ուրախութեան առօրեան, սակայն բան մը միշտ կը պակսէր։ Զոր օրինակ, ան՝ ինչպէս աշխարհի բոլոր մանուկները, միշտ կը փափաքէր ունենալ շատ խաղալիկներ ու մեծ պուպրիկ մը, որու հետ զանազան խաղեր պիտի խաղար։ Այս էր անոր մանկութեան միակ մեծագոյն ցանկութիւնը, որ դժբախտաբար մնաց՝ լոկ անկատար երազ։ Ոսկեծամիկն ու իր ընկերները սովորաբար ցեխով, հողով կը խաղային։ Ցեխէն ու իրենց լայնատարած պարտէզին մէջ աճող խոտաբոյսերէն՝ տոլմայ, ապուր, քէօֆթէ, կարկանդակ եւ ինչե՜ր ինչեր կը պատրաստէին։

Պատերազմը արիաբար յաղթանակելէ ետք գողտրիկ Արցախ աշխարհի պարզ ու խաղաղ երկինքէն մինչ օրս գրեթէ օդանաւ չէր թռչած։ Երբեմն, տարին քանի մը անգամ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ տեղափոխելու նպատակաւ արցախեան անծայրածիր, ջինջ ու կապտաւուն երկինքէն ուղղաթիռ մը կը թռչի։ Օդային փոխադրամիջոցի ձայնը իմանալուն պէս, դաժան պատերազմի հետեւանքով ձեւաւորուած վախի, ահուսարսափի զգացումը կը թարմանայ տեղացիներուն յիշողութեան մէջ ու կը ստիպէ պահ մը վերապրիլ ոչ վաղ անցեալի ապրումները։ Այնուհետեւ, քանի մը երկվայրկեան ետք վերադառնալով անվտանգ իրականութիւն ու համոզուելով թէ անցնողը «մերոնց» ուղղաթիռն է, արցախցիները՝ մեծ ու պզտիկ արցախեան բարբառով ինքնաբերաբար կը սկսին վանկարկել.

Սամալեոթ-վեռտալեոթ,

Պոմպը կեամայ փաւառոթ։

(Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ 70 տարի Հայաստանն ու Արցախը մասն կազմած էին Խոր-հըրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ)։ Այդ իսկ պատճառաւ, մասնաւորապէս Ղարաբաղի մէջ մեծ էր ռուսերէնի ազդեցութիւնը ժողովրդախօսակցական լեզուի՝ արցախեան բարբառին վրայ։ Այդ ազդեցութիւնը ցաւօք մինչ օրս ալ առկայ է)։ Գեղեցիկ ու համահունչ յանգաւորմամբ այս երկտողին մէջ կ՚ըսուի. «Օդանաւ ու ուղղաթիռ հրթիռը կու գայ դարձէ՛ք»։

Օգոստոս ամիսն էր։ Օր մը Արցախ աշխարհի հորիզոնին կրկին երեւցաւ ուղղաթիռ մը։ Ոսկեծամիկը ապշահար մօրը հարցուց.

-Մայրիկ, մայրիկ նայէ՛, օդին մէջ ինչ կայ։

-Տեսայ, աղջիկս։

-Այդ ի՞նչ է, որ այսքան բարձր ձայնով կը թռչի։

-Ուղղաթիռ է։

-Ուղղաթի՞ռ։ Իսկ ի՞նչ է ուղղաթիռը։

-Ուղղաթիռը շատ խոշոր երկաթէ թռչուն մըն է, որ երկրէ երկիր մարդ կը փոխադրէ։

-Հիմա օդին մէջ սաւառնող այդ երկաթէ թռչունի մէջ մարդիկ կա՞ն։

-Այո, իհարկէ հոգիս,- ժպտալով պատասխանեց մայրը։

-Իսկ ովքե՞ր են այն մարդիկ, դուն կը ճանչնա՞ս զանոնք,- խօսակցութիւնը աւելի ու աւելի հետաքրքրական դարձնելով հարցուց աղջնակը։ Պահ մը լռութիւն տիրեց։ Քանզի մայրը հարցումին յստակ պատասխանը չէր գիտեր, բաց աստի չկամենալով ընդհատել դստեր հետ հետաքրքրական երկխօսութեան ընթացքը դիմեց երեւակայութեանը.

-Շուտով սեպտեմբերի մէկ պիտի ըլլայ, ուսումնական տարեմուտի առաջին օրը։ Դպրոցները պիտի բացուին։ Այդ ուղղաթիռի մէջ կան ուսուցիչներ, որոնք ամառնային արձակուրդէն կը վերադառնան։

-Մա՛մ, իսկ ո՞վ է ուսուցիչը,- մինչ մայրը կը պատասխանէր, Ոսկեծամիկի կատակասէր մօրաքոյրը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր զրոյցի ընթացքին, կամակորաբար առաջ նետուեցաւ.

-Ուսուցիչը մեքենամարդ մըն է, որ կու գայ շա՜տ հեռու երկիրներէ։

-Իրա՞ւ,- խոշոր աչուկները լայն բացած հարցուց Ոսկեծամիկը ու շարունակեց.

-Իսկ ուսուցիչները ճաշ կ՚ուտե՞ն, գիշերները կը քնանա՞ն։

-Ո՛չ։ Անոնք ո՛չ ճաշ կրնան ուտել, ոչ ալ քնանալ։ Միշտ արթուն կ՚ըլլան,- դէմքին լուրջ արտայայտութիւն ընդունելով պատասխանեց մօրաքոյրը ու յաւելեց.

-Քիչ մնաց, շուտով դուն ալ պիտի մեծնաս, դպրոցական ըլլաս ու շատ ուսուցիչներ պիտի ունենաս։

Փոքրիկ միամիտ աղջնակը, որ կեանքի ծանր պայմաններու՝ պատերազմի պատճառաւ չէր կրցած նոյնիսկ մանկապարտէզ յաճախել, ծանօթ չէր ուսուցչի կերպարին։ Ուստի՝ ամենայն լրջութեամբ հաւատաց այս յօրինուածքին։ Ուսուցչի կերպարը իր անաղարտ մանկական երեւակայութեան մէջ հերոսականացնելով սկսաւ բիւր յարգանք տածել կրթական մշակներու նկատմամբ։ Մինչեւ դպրոցահասակ դառնալն ու իրական ուսուցիչ մը ճանչնալը, ամէն անգամ երբ երկնակամարին երկաթէ թռչուն մը կը յայտնուէր, Ոսկեծամիկը գլուխը կը բարձրացնէր ու մինչեւ հորիզոնէն ուղղաթիռի կորսուիլը ուրախ ու զուարթ խնդալով ձեռք կը շարժէր մեքենամարդ ուսուցիչներուն՝ օր մը անշուշտ հանդիպման յոյսով։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019