90 ՏԱՐԵԿԱՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ

Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» խորագրով հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բացառիկ համայնագիտարանները մեր մշակոյթի գանձերէն են, բացառիկ երեւոյթ՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Այս տարեցոյցերը, զորս Թէոդիկ 1907 թուականէն Պոլսոյ մէջ սկսած է տպել, բացի պատմաբանասիրական արժէք ունենալէ, նաեւ լայն ժողովրդականութիւն վայելած են: Հանգամանքներու բերումով տեղի ունեցած են տպագրութեան ընդհատումներ, եղած են միացեալ թիւեր, անոնցմէ մաս մըն ալ տպուած է Պոլիսէն դուրս՝ Փարիզ եւ Վենետիկ:

Տասնինն լայնածաւալ հատորներէն վերջինը, 1929 թուականի տարեգիրքը, արդէն 90 տարեկան է: Անիկա տպուեցաւ Թէոդիկի մահէն տարի մը ետք եւ անոր նուիրուեցաւ: Այսօր՝ իննսուն տարի ետք, նոյնքան մեծ հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուի թէ՛ այդ թիւը, թէ՛ ալ «Ամէնուն տարեցոյց»ի բոլոր թիւերը, որոնց մէջ տպագրուած նիւթերուն հիմնական մասը արդիական են:

Հայ պարբերական մամուլին համար Թէոդիկի մահը մեծ կորուստ էր. այդ մասին կը գրուի նաեւ իր յիշատակին հրատարակուած տարեցոյցին մէջ, ուր նաեւ տեղ կը գտնեն Թէոդիկի գրութիւնները, զորս ան հերթաբար կը պատրաստէր, բայց հրատարակուած չտեսաւ: Ի դէպ, 1929 թուականի տարեցոյցին գլխաւոր աշխատակիցը Նշան Պէշիկթաշլեանն էր, իսկ գեղանկարիչը՝ Մելքոն Քեպապճեանը:

Տարեցոյցերը, սովորաբար, տարին կ՚ամփոփէին եւ գրական, գեղարուեստական, հրապարակախօսական եւ այլ նիւթերու կողքին մեծ տեղ կը տրուէր տոմարին, օրացոյցերուն, աստղագիտական նիւթերուն, ինչպէս նաեւ Կաղանդին եւ այլ տօներու:

Ահաւասիկ, տօնական այս օրերուն 1929 թուականի «Ամէնուն տարեցոյց»էն տօնական նիւթեր եւ զուարճախօսութիւններ կը ներկայացնենք.

ՕՐԱՑՈՒՑԱՅԻՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻՔ

1. Հոկտեմբեր ամիսը կը սկսի միշտ շաբթուան այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր յունուար ամիսը:

2. Յուլիսը կը սկսի միշտ շաբթուան այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր ապրիլը:

3. Դեկտեմբերը կը սկսի միշտ շաբթուան այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր սեպտեմբերը:

4. Փետրուարը, մարտն ու նոյեմբերը կը սկսին միշտ շաբթուան միեւնոյն օրով:

5. 12 ամիսներէն մայիսը, յունիսն ու օգոստոսն են միայն, որ կը սկսին տարբեր օրերով:

6. Տարին կը վերջանայ միշտ այն միեւնոյն օրով, որով սկսած էր:

7. Վերի օրէնքներուն չեն հպատակիր միայն ամիսները Նահանջ տարիի մը, ինչպէս էր հերու:

8. Դար մը երբեք չի կրնար սկսիլ չորեքշաբթի, ուրբաթ կամ կիրակի օրով մը:

9. Միեւնոյն օրացոյցը կրնայ գործածուիլ 28 տարին անգամ մը:

ԿԱՂԱՆԴ, ԵՓՈՑ...

Կաղանդ (ռմկ. Կաղընտ), հոմանիշը՝ Կաղանդիկոն, Նորամուտ տարի, Տարեգլուխ, Տարեմուտ եւ Ամանոր: Վերջնոյս կազմութիւնն է ամ (տարի) եւ նոր (պարսկ.՝ նէվ), Ամանորաբերն ալ յարաբարդ բառ մըն է՝ ամանորով եւ բերով (պարսկ.՝ պար կամ պէր՝ պտուղ, խայրիք) ու կը նշանակէ «նոր տարիի բերք», չէ՛ թէ «նոր տարի բերող»:

Գալով Կաղանդին, հայ լեզուն որդեգրած է այս օտար բառը՝ ոչ շատ հին ժամանակներու մէջ: Խոյեցիք եւ իգդիրցիք ունին «Խլվլիկ» բառը, որ կը նշանակէ «Կաղանդի իրիկուն»: Պոլսահայ ռամիկն ալ «Օխտը ռախիի օր» կ՚անուանէ Կաղանդը, «շնորհաւոր»ի պտտողներու հրամցուելիք օղիի գաւաթիկներուն թիւը շատցնելով, որպէսզի բարեմաղթութիւններ շատ յեղյեղուին տան մէջ: Դարձեալ ան «Ամանլուայ» կը կոչէ դեկտեմբերի 30-ը, զի այդ օրը սահմանուած է լուալ-հորդելու խոհանոցի աղտոտ սպասներ՝ վաղորդայնի կերակուրներու պատրաստութեան յատկացուելու համար: Իսկ ԵՓՈՒՆԻ օրը կամ ԵՓՈՑԸ՝ դեկտեմբերի 31-ն է. եփուելով Կաղանդի պայմանադրական անուշապուրը, դոնդողը, քրքմապուրն ու պահքի կերակուրները, որոնցմով ու չոր պտուղներով զարդարուած սեղանն է Խոնջա (խնջոյք, պարսկ.՝ խանին նուազականը՝ խանջէ). մեր գրոց լեզուն որդեգրած է արդէն «խան»ը՝ մեծ ափսէ, եւ ինչ ինչ գաւառներու մէջ «խանիկ» բառով կ՚իմացուի ծխամորճի մոխրաման: Այդ խոնջային պերճանքն է շուշմայոտ բոկեղը (սիմիթ) որուն գաւառականն է «կաթայ», օղակի, թռչնիկի եւ սկուտեղի ձեւերով շինուած: Թռչնաձեւութենէն՝ կարելի է նշմարել աղերս մը արեւելեան քրիստոնէից հնամի մէկ պաշտամունքին հետ. Իսկ Պոլսոյ փռապաններու «Գուշլա՛ր գումրուլար, եէնի պուղտայ քէպապը» բացագանչութիւնը ներբողն է երկրպագելի ցորեանին, տարւոյն նո՛ր հունձքին՝ Ամանորի սեմէն տարփողուած: Մեր մամիկները սովոր են պատէն կախ տալու սկուտեղի ձեւով բոկեղը՝ մինչեւ Տէրընտաս, նոյն օրը միայն կոտրել-ուտելով, որպէսզի զերծ մնան… ակռայի ցաւէ:

ՁՄՐԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ

Ձմրան՝ ամէն տեղ անձրեւ, ամրան՝ հո՛ն, ուր Տէրը կամենայ:

Ր գիրն ունեցող ամիսներուն՝ ոտքդ եւ մարմինդ տաք պահէ, չունեցողներուն՝ ուզածիդ պէս վարուէ:

Ձիւնը՝ լեռան գագաթին, ցուրտն ալ անոր վարի դին:

Յունուարին երբ անձրեւ գայ, գիւղացին հարուստ կը դառնայ:

Աստուած հեռու պահէ բաց օդով յունուարէ:

Մառանին լեցուիլը կամ պարպուիլը յունուարէն ու փետրուարէն կախեալ է:

ԳԱՐՆԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ

Այգեպա՛ն. պարպէ՛ գինին, երբ անձրեւէ մարտին:

Հովոտ մարտ, անձրեւոտ ապրիլ, խորոտ մայիս:

Ապրիլին քուրջ մի՛ պակսեցներ վրայէդ:

Ապրիլը սուգի ամիս է մաքիին ու մեղուին համար:

Եթէ մայիսը անձրեւոտ է, հարս տուր մշակին:

ԱՄՐԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ

Ծիածան՝ ամրան իրիկնամուտին կ՚ըլլայ, հով-անձրեւ գիշերուայ մութին:

Ս. Յովհաննէս Մկրտչին երբ անձրեւ գայ, գինին քիչ կ՚ըլլայ, ցորեն՝ բնաւ:

Աքլորը երբ խմէ շատ ջուր յուլիսին, երկինքէն պիտի հեղեղներ հոսին:

Մեղր է ու քաղցո՜ւ՝ անձրեւն օգոստոս ամսու:

ԱՇՆԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ

Հոկտեմբեր ամսուն ով որ չ՚աղբեր հող, բան չսպասէ թող:

Հոկտեմբեր ամսու վերջին՝ խաղողն հնծանի միջին:

ՍՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԶՈՒԱՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ՓՈՔՐԻԿ ՏԱՐԵՑԸ

Շատ փափկակեր մը օր օրին մէկը ճաշի գացած էր լորտի մը տունը: Վերջինս, ճաշն աւարտելու մօտ՝ բերել տուաւ գինիի յոյժ փոքրիկ սրուակ մը, որուն արժէքն եւ տարիքը գովելէ չէր դադրեր: «Ինչպէ՞ս կը գտնէք զայն», հարցուց: «Շիտակն ըսելու համար, իր տարիքին նայելով՝ շատ փոքր կը գտնեմ զայն», պատասխանեց միւսը, բերնին համէն չկշտանալով:

ՀԱՑ, ԾԱՂԻԿ, ՄԵՌԵԼ

Անգլիացին՝ չինացիին. «Դուք շատ տարօրինակ մարդիկ էք. ձեր մեռելներուն գերեզմանին վրայ ճաշ կը դնէք. ինչպէ՛ս կ՚ուզէք որ զայն ուտէ անհոգի մարմինը»: Չինացին. «Դուք նոյնքա՛ն շատ տարօրինակ մարդիկ էք. ձեր մեռելներուն գերեզմանին վրայ ծաղիկ կը դնէք. ինչպէ՛ս կ՚ուզէք որ զայն հոտոտէ անհոգի մարմինը»:

ԵՐԿՈՒ ԱՆԳԱՄ ԱՒԵԼԻ

Բարեկամը՝ խման ընկերոջը.

«Կ՚ըսեն, թէ խմելը մարդուս կեանքը կը կարճեցնէ»: Խմանը. «Ճիշդ է, բայց երկու անգամ աւելի կը տեսնէ իր ապրած ժամանակամիջոցին»:

ԿԱՆԽԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Պառաւ մը, որ ինքնաշարժ մը վարձելով նստելու վրայ է, կ՚ըսէ շարժավարին. «Արդեօք մեքենան լաւ վիճակի մէ՞ջ է եւ հաստատո՞ւն՝ կառքն ալ»:

«Այդ մասին տիկինը կրնայ հանգիստ ըլլալ. տակաւին երէկ կանոնական քննութեան ենթարկուեցաւ այս կառքը»:

«Ձեզի պիտի յանձնարարէի դանդաղ քշել, սպասել քառուղիներուն առջեւ, որպէսզի ոստիկանը յառաջանալու նշաններ տայ. խուսափիլ նոր ջրուած փողոցներէն եւ չերթալ…»:

«Եւ արկածի պարագային՝ տիկինը կ՚ուզէ կանխաւ ինձ ըսել, թէ ո՞ր… հիւանդանոցը կը փափաքի փոխադրուիլ»:

ԴԱՏԱՒՈՐԸ

«Ինչո՞ւ համար պարապ շիշ մը կոտրեր ես խեղճ մարդուն գլխուն վրայ»: Ամբաստանեալը՝ համբաւեալ խման. «Հապա կ՚ուզէիք որ լեցուն շի՞շ մը զարնէի անոր գլխուն»:

ՃԱՇԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Սպասեակ օրիորդը բերանացի կը ներկայացնէ ճաշացուցակը. «Խաշած լեզու, տապկած սիրտ, խորոված փայծաղ, շերտ-շերտ ուղեղ…»:

Բժիշկ յաճախորդը. «Ներողութիւն, աղջիկս, ես հոս զքեզ քննելու չեկայ, այլ՝ ճաշելու»:

ԶՐԿՈՒՄ

Մսավաճառը՝ շնիկով անցորդի մը. «Հո՛ս նայեցէք, բարեկամ, ձեր շունը հորթու կողիկ մը գողցաւ հիմա խանութէս»: Անցորդը. «Աղէկ որ յիշեցուցիք, իբր պատիժ այսօր պիտի զրկեմ զինք ուտելիքէ…»:

ԳԻՐՔ ԾՆՆԴՈՑ

Պարոն մը կը ներկայանայ ամերիկեան թերթի մը խմբագրութեան, պահանջումի մը համար: Կ՚առաջնորդուի տնօրէնութեան սենեակը. «Պարո՛ն տնօրէն, ձեր պատուարժան լրագիրէն կ՚իմանամ, որ մեռե՛ր եմ»:

Տնօրէնը. «Եթէ իմ թերթս է գրեր ատանկ բան մը… իրողութիւնը ճիշդ է»:

«Բայց կը հաւաստե՛մ ձեզ թէ սխալ է։ Ահաւասի՛կ եմ, ողջ-առողջ: Հետեւաբար կը սպասեմ, որ ձեր թերթը ետ առնէ իր գրածը»:

«Անկարելի՛ է, պարոն, սովորութիւն չունինք մեր թերթին մէջ երեւցած որեւէ տող սրբագրելու:

Եւ սակայն…

Խնդիրը կարգադրելու եւ մեր բարի կամեցողութիւնը ցոյց տալու համար. վաղուան թիւով կ՚անցընեմ զձեզ…ծնունդներու ցանկին մէջ»:

ՈՐՔԱՆ ԴՐԱՄ ԿԱՅ…

Սկովտիացի հողագործ մը ակռան քաշել տալու կ՚երթայ ատամնաբոյժին: Վերջինս. «Հիմա քնանալու դեղ մը պիտի տամ, երբ մէկ վայրկեանէն արթննաք՝ ձեր ակռան քաշուած պիտի տեսնէք»: Քիչ մը խորհելէ ետք՝ հողագործը դրամապանակը հանելու կ՚ըլլայ: Ատամնաբոյժը. «Քաշեմ, վե՛րջը վճարեցէք»: «Ես ատիկա չէր, որ կը մտածէի, կ՚ուզէի գիտնալ, թէ որքա՛ն դրամ կայ քսակիս մէջ…»:

ԱՆԴԻՄԱԿ ԾՊՏՈՒՄ

Կինը. «Տիկնանց պարահանդէսին համար ինչպէ՞ս ծպտուելու եմ, որ մէ՛կ հատիկ ըլլամ ու չճանչցուիմ»: Ամուսինը. «Հանէ՛ ոսկի ատամնաշարքդ եւ կեղծամդ, կարմիր մի՛ քսեր շրթունքիդ, սեւ՝ կոպերուդ, փոշի՝ այտերուդ, գրաւ կը դնեմ, որ ոչ ոք պիտի ճանչնայ զքեզ»:

ԵՐՋԱՆԿԱԲԵՐ

Ձեռքի վրայ ծաղիկ ծախող մը. «Ահա՛ ձեզի խնդածաղիկ, ազնիւ պարոնս: Գնեցէ՛ք փնջիկ մը, երջանկաբեր է»: Խեղճ մարդ. «Եթէ ճիշդ է ըսածդ, լա՛ւ կ՚ընես՝ սակառիդ մէջ բոլոր ունեցածդ քեզի պահելով…»:

ՅԵՏԻՆ ՃԱՆՃԸ

Յաճախորդը. «Հո՛ս եկուր, նայէ սա բերած գարեջուրիդ: Կը տեսնե՞ս մէջի ճանճը»: Սպասեակը. «Ներողութի՛ւն, պարոն, կը կարծէի որ բոլորն ալ ժողվեր հաներ եմ մէջէն…»:

ԱՌՈՂՋ ՈՒ ԹԱՐՄ

Կանանց հոգեբանութիւնը վերլուծող բանախօսը. «Կնոջ միտքն աւելի առողջ եւ աւելի թարմ է»: Ունկնդիր մը, ընդմիջելով. «Անշո՛ւշտ, քանի որ շուտ շուտ կը փոխէ զայն»:

ԹԱՐՄ ՁՈՒԿ

Ճաշարանին մէջ՝ յաճախորդը. «Պիտի ուզէի շաբաթ մը աւելի առաջ եկած ըլլալ հոս»: Ճաշարանատէրը. «Մեծ պատիւ կ՚ընէք պարո՛ն, մեր հաստատութեան: Ըսել կ՚ուզէի որ նախամեծար կը սեպէի այսօր կերած ձուկս այն ատե՛ն կերած ըլլալ. աւելի թարմ պիտի ըլլար…»:

ԿԱ՛Մ… ԿԱՄ…

Ամայի փողոց: Անցորդ մը անցորդի մը: «Ներողութի՛ւն. Գիտէ՞ք, թէ հոս ո՞ւր է պահականոցը»: «Պահականոց չկայ հոս»:

«Ոստիկա՛ն մը գոնէ»:

«Ան ալ չկայ»:

«Ուրեմն կա՛մ քսակնիդ կա՛մ կեանքերնիդ…»:

ՄԻՒՍ ՀԱՍՑԷՆ

Ֆրանսուա մօտեցաւ իր մտերմին. «Շուարած վիճակ մը ունիմ հիմա: Կրնամ ամուսնանալ հարուստ կնոջ մը հետ, զոր բնաւ չեմ սիրեր։ Կրնամ ամուսնանալ աղքատ կնոջ մը հետ, զոր շատ կը սիրեմ: Ի՞նչ խորհուրդ կու տաս, որ ընեմ»:

«Ես քեզի խորհուրդ կու տամ, որ ամուսնանաս քու շատ սիրած կնոջդ հետ»:

«Իրաւունք ունիս, ես ալ հիմա աղքատին կայանք տուի»:

«Այն ատեն ինծի՛ տայիր… միւսի հասցէն»:

ԿՈՅՐԻ ԱՊՐԱՆՔ

Վաճառական մը, կասկածելով թէ միգուցէ իր նոր գնած տակառ մը գինին խարդախուած ըլլայ, անկէ մաս մը իբր նմոյշ կը տանի քիմիագէտի մը՝ տարրալուծելու համար: Քննութենէն վերջ՝ պատասխան կը տրուի. «Այս գինին խարդախ է եւ զայն խմողը կրնայ կուրնալ»: Նմոյշ գինիին շիշը թեւին տակ՝ վաճառականը կը մենախոհէ ճամբան. «Մեղք գործած պիտի ըլլամ, եթէ ասոր անոր ծախեմ ապրանքս: Աղէ՛կ միտքս ինկաւ. կոյր յաճախորդ մը ունիմ, երթամ անոր ծախեմ ու խղճահարութիւն չունենամ»:

ՄՐՑԱՆԱԿ

Գաւառացի մը Փարիզէն անցնելուն՝ կ՚երթայ գտնել իր հայրենակիցներէն մին, ուզելով այն 20 ֆրանգը զոր փոխ էր տուեր անոր՝ շատ տարիներ առաջ: Հայրենակիցն ի պատասխան՝ ծառան կանչելով. «Ժոզէ՛ֆ, սա դարակին մէջը նայէի՛ր մէյ մը. գիրք մը ըլլալու է հոն»: Ծառան կը հնազանդի ու իր տիրոջ կ՚երկարէ փոշիով ծածկուած եւ ցեցակեր հատոր մը: Պարտատէրը քաղաքավարութեամբ կը ներկայացնէ զայն իր պարտապահանջին, որ իր աչքերը խոշոր բացած՝ կը նայի, բան մը չհասկնալով. «Առէ՛ք, բարեկամ, յիշողութեան մրցանակ մըն է ան՝ զոր պզտիկութեանս ստացած եմ, դուք ինձմէ աւելի արժանի էք այդ մրցանակին»:

ՍԷԼՑ

Երկու ընկեր կ՚երթան բազմիլ ծովեզերքի զբօսարանը: Սպասեակը կը մօտենայ. «Ի՞նչ կ՚առնէք»:

«Սէլցի ջուր»:

«Բայց ատիկա չի՛ խմուիր առանձին»:

«Այո՛, բայց մենք երկու հոգի ենք, առանձին չենք…»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020