ԱՌՕՐԵԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԱՄԻՍԸ

Քաղուած «Յիսուսի սէրը կը բուժէ վիրաւոր ամէն սիրտ» գիրքէն. Հեղինակ՝ Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեան, Միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

Յունուար 1
Եղիր մութին մէջ փայլող աստղի նման

Երբ շուրջդ մութ է, մի՛ դժգոհիր անոր համար: Յիշէ որ աստղերը մութին մէջ աւելի՛ լաւ կը փայլին: Եղի՛ր աստղի նման: Որքան շուրջդ եղող մութը զօրեղ է, լոյսդ այնքան աւելի զօրեղ թող ճառագայթէ:

Յունուար 2
Մանուկ մի՛ ըլլար հաւատքիդ մէջ

Ամբոխներու մէջ մանուկներ միշտ կը կորսուին: Ուստի, մանուկ մի՛ ըլլար հաւատքիդ մէջ, որպէսզի չկորսուիս մեղքի հետեւող ամբոխներուն մէջ: Չաճող ծառը աճող ծառերուն շուքին տակ կը մնայ միշտ: Դուն աճո՛ղ ծառ եղիր, որպէսզի մեղքով աճած «ծառեր» քեզ չկրնան իրենց շուքին տակ առնել:

Յունուար 3
Չվիրաւորուելու մասին

Մի՛ խնդրեր Աստուծմէ որ հեռացնէ քեզմէ քու վէրքերդ կամ քեզ վիրաւորողները, այլ խնդրէ որ օգնէ քեզի հասնելու այն հոգեւոր մակարդակին՝ որ այլեւս չվիրաւորուիս քեզի ըսուածէն կամ եղածէն:

Յունուար 4
Մարդոց կեցուածքը Սատանային հանդէպ

Կան մարդիկ, որոնք կ՚անտեսեն Սատանային ներկայութիւնը, մարդիկ ալ կան, որոնք ամէն բանի մէջ Սատանային ներկայութիւնը կը տեսնեն եւ ժխտական ամէն բան անոր կը վերագրեն: Դուն ո՛չ անտեսէ Սատանան եւ ո՛չ ալ ամէն բանի մէջ անոր ներկայութիւնը տես, որովհետեւ եթէ զայն անտեսես՝ իրեն համար դիւրին կը դառնայ քեզ մեղքի առաջնորդել, իսկ եթէ զայն ամէն բանի մէջ տեսնես՝ իրեն համար դիւրին կը դառնայ տիրել զգացումներուդ ու մտքիդ վրայ:

Յունուար 5
Հաւատք եւ ապաշխարութիւն

Հաւատք եւ ապաշխարութիւն միեւնոյն ճշմարտութեան երկու տարբեր երեսներն են, բայց անոնք տարբեր են իրարմէ: Ապաշխարութիւնը մեզ կը հեռացնէ մեղքէն, իսկ հաւատքը՝ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ (John MacArthur):

Յունուար 6
Աստուծոյ հետ եղիր լաւ օրերուդ

Կեանքիդ մութ պահերուն Աստուած կողքիդ կը կանգնի, եթէ դուն Իր կողքին եղած ես կեանքիդ լուսաւոր պահերուն: Դժուարին պահերուդ Տէրը կը բռնէ ձեռքէդ, եթէ դուն բռնած ես Իր Ձեռքէն հանգիստ պահերուդ: Փորձութեանց ալիքներուն դիմաց Ան քեզ կը պաշտպանէ, եթէ երբեք Զինք դուրս չես դրած նաւէդ խաղաղ օրերուն:

Յունուար 7
Չանտեսենք Սուրբ Հոգին

Մեր ամբողջ ուշադրութիւնը Յիսուսի վրայ կեդրոնացնելը լաւ է, բայց ատիկա պէտք չէ պատճառ դառնայ որ անտեսենք Սուրբ Հոգին, որովհետեւ, ճիշդ է որ մեր մեղքերը սրբողը Յիսուսն է, բայց մեզ սուրբ դարձնողը՝ Սուրբ Հոգին է: Մեր սիրտը մաքրողը՝ Յիսուսն է, բայց մեր սիրտը այլակերպողը՝ Սուրբ Հոգին է: Մեզ ոտքի հանողը Յիսուսն է, բայց մեզի քալել սորվեցնողը Սուրբ Հոգին է:

Յունուար 8
Օգտուիլ ուրիշին փորձառութենէն

Կրնաս խրատել ուրիշին, որպէսզի օգտուի փորձառութենէդ, բայց չես կրնար փոխանցել անոր փորձառութիւնդ: Եթէ ինք իմաստուն է՝ ձգէ որ օգտուի փորձառութենէդ: Կեանքը կարճ է: Ժամանակ չունինք ամէն ինչ փորձառաբար սորվելու. պէտք է իմաստութիւնը ունենանք ուրիշին փորձառութենէն սորվելու եւ օգտուելու:

Յունուար 9
Փառասիրութեան վտանգը

Եթէ զԱստուած փառաբանող մէկն ես՝ չես կրնար փառասէր ըլլալ. ո՛չ ալ բարձր դիրքերու հասնիլը քեզ փառասէր կրնան դարձնել: Փառասիրութիւնը քեզ բոլոր մեծերուն, բայց մանաւանդ քու մեծ Աստուծոյդ թշնամի կը դարձնէ:

Յունուար 10
Բարկութիւնը միայն բարկացողին կը վնասէ

Մի՛ կարծեր, որ բարկութիւնը ձեռքիդ մէջ զէնք մըն է թշնամիներուդ դէմ: Բարկութիւնը զէնք մըն է այո՛, բայց զէնք մըն է, որ միայն քեզի՛ դէմ կը գործածուի: Կրնաս բարկանալ թշնամիներուդ համար, բայց բարկութեամբդ դուն քեզ կը վնասես եւ ոչ թէ թշնամիներուդ:

Յունուար 11
Հալածուիլ ակնկալելու վտանգը

Երբ յարատեւօրէն ակնկալես որ պիտի հալածուիս, հալածուելու ակնկալութիւնդ քեզ աւելի՛ պիտի տանջէ, քան նոյնինքն հալածանքը կամ հալածիչները: Ըսէ՛ ինծի, երբ հիւանդ ըլլալու յոյսով ապրիս՝ ի վերջոյ չե՞ս հիւանդանար:

Յունուար 12
Որեւէ դուռ մի՛ փակեր

Ոեւէ մէկուն առջեւ դուռը մի՛ փակեր. կրնաս յետոյ ստիպուած ըլլալ դարձեալ այդ դուռին գալու: Սուրբ Հոգին քեզ աճեցնելու համար, յաճախ քեզմէ պիտի պահանջէ բանալ այն դռները, զորս փակած ես, եւ բուժել այն սիրտերը, զորս վիրաւորած ես:

Յունուար 13
Գործը աւելի կարեւոր է քան խօսքը

Խրատ մի՛ տար, այլ օրինակ եղիր: Գործդ աւելի՛ կը խօսի քան խօսքդ: Երբ կը գործես լուռ կերպով՝ աւելի՛ մարդիկ կը ներշնչես, քան երբ կը խօսիս առանց գործի: Խօսքը ժամանակաւորապէս կը ներշնչէ, իսկ գործը՝ մնայուն ներշնչման աղբիւր է:

Յունուար 14
Ժպիտին զօրութիւնը

Գիտե՞ս ինչն է այն բանը, որ ձրի է, բայց շատ թանկագին է, կամ այն բանը՝ որ մէկ երկվայրկեանի մէջ կու տաս ուրիշին, բայց կրնայ յաւիտեան մնալ մարդուն յիշողութեան մէջ եւ կրնայ նոյնիսկ անոր կեանքը փոխել: Ատիկա խաղաղութիւն առթող ժպիտդ է: Տո՛ւր զայն առատօրէն շուրջիններուդ, որովհետեւ ատոր պակասէն է, որ այսօր աշխարհ կը տառապի:

Յունուար 15
Գործել Սուրբ Հոգիին հետ

Տքնաջան աշխատիլը կարեւոր է, բայց աւելի կարեւոր է չմոռնալ որ մեծ իրագործումներն ու արդիւնքները մեր տարած տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին հետ մեր համագործակցութեան արդիւնքը:

Յունուար 16
Խաղաղ ըլլալու մասին

Հոգեւորը այն մարդը չէ, որ խաղաղ նաւարկութիւն կ՚ունենայ, այլ այն մարդը՝ որ խաղաղ սիրտ կ՚ունենայ խռովութեան պահերուն: Մեր կոչումը ծովը խաղաղեցնելը չէ, այլ՝ խռոված ծովուն վրայ մեր խաղաղութիւնը պահելը: Նմանինք Տիրոջ, որ իր խաղաղութիւնը չկորսնցուց, երբ Իր նաւը կը ծփար փոթորկալից ալիքներուն վրայ:

Յունուար 17
Յիսուսը ունենալ

Եթէ ունիս Յիսուս սրտիդ մէջ՝ կը նշանակէ սի՛րտ ունիս: Եթէ չունիս Յիսուս՝ չունիս սիրտ: Եթէ ունիս Յիսուս՝ ամէն բան ունիս, եթէ ամէն բան ունիս բայց չունիս Յիսուս՝ բան մը չունիս: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Յիսուս ամէն բան է. Զայն ունեցողը՝ ամէն բան ունի:

Յունուար 18
Երկինք երթալէ առաջ՝ երկի՛նքը հոս բեր

Յիսուսը երկինքի մէջ վայելելէ առաջ նախ զԱյն երկրի վրայ պէտք է վայելես: Երկինք չփոխադրուած, նախ երկինքը պէտք է քովդ փոխադրես ու զայն զետեղես սրտիդ մէջ: Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ երկինքի մէջ չի սկսիր, այլ կը սկսի երկրի վրայ եւ կը շարունակուի երկինքի մէջ:

Յունուար 19
Գոցուած դռներուն մի՛ նայիր

Մեր դիմաց միշտ ալ դռներ ու պատուհաններ կրնան գոցուիլ: Եթէ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մեր դիմաց գոցուած դռներուն վրայ՝ անկարող պիտի ըլլանք տեսնելու մեր դիմաց բացուած նոր դռները: Բոլոր դռները մէկ անգամէն չեն գոցուիր, ահա թէ ինչու պէտք է արթուն ըլլալ, որպէսզի կարենանք միակ բաց դուռը տեսնել:

Յունուար 20
Ո՞վ է կարող մարդը

Կարող մարդը այն մարդը չէ, որ ամէն բան կ՚ընէ կամ կ՚ուզէ ընել, այլ այն՝ որ կ՚ընէ միայն ինչ որ ի՛ր գործն է: Ինչ որ ուրիշը կարող է ընել՝ թոյլ տուր որ ընէ: Երբ ուրիշին կարողութիւնը կը տեսնես՝ կարո՛ղ մէկն ես:

Յունուար 21
Աստուծոյ զաւակը արժէք է

Եթէ Աստուծոյ զաւակն ես՝ արժէ՛ք ես: Արժէքդ չի կորսուիր որքան ալ մարդիկ վարկաբեկեն անունդ, ճիշդ ինչպէս ոսկին իր արժէքը չի կորսնցներ, նոյնիսկ եթէ ցեխի մէջ նետուի, կամ ոտքի կոխան ըլլայ: Եթէ մարդիկ քեզ ստորագնահատեն՝ մի՛ ազդուիր ու մի՛ հաւատար անոնց խօսքին, քանի դուն Յիսուսի արեան գինն ես, եւ ուստի, կ՚արժես աւելի քան ամբողջ հրեշտակները երկինքի:

Յունուար 22
Վստահինք Տիրոջ

Ո՛վ Տէր, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ կը վստահիս մեզի, թէպէտ մենք մեր շունչին տէրն անգամ չենք, իսկ մենք շատ յաճախ չենք վստահիր Քեզի, թէպէտ Դուն տէրն ես մեր շունչին եւ ամէն բանի: Դուն Տէ՛ր ես, իսկ մենք՝ ծառայ: Կ՚ըլլա՞յ Տէրը ծառային վստահի իսկ ծառան Տիրոջ չվստահի:

Յունուար 23
Բոլոր մարդիկ արժանիքներ ունին

Անպայման որ արժանիքներ ունիս: Գտի՛ր զանոնք. բայց երբ գտնես, մի՛ խօսիր անոնց մասին այնքան՝ որ անկարող դառնաս տեսնել ու գնահատել ուրիշներուն արժանիքները: Ամէն մարդ արժանիք մը ունի. ուրիշին արժանիքը տեսնելն ալ արժանիք մըն է:

Յունուար 24
Հաւատալ առանց տեսնելու

«Մի՛ փորձեր հասկնալ որպէսզի հաւատաս, այլ հաւատայ որպէսզի հասկնասե (Ս. Օգոստինոս): Շատ բան Աստուծոյ Խօսքին կամ գործին մէջ մեզի համար կրնայ անհասկնալի ըլլալ: Աստուած չի սպասեր որ ամէն բան հասկնանք, բայց կը սպասէ որ գէթ հաւատանք, այո՛, հաւատանք, նոյնիսկ եթէ չենք հասկնար:

Յունուար 25
Ծառայ ըլլալ Տիրոջ

Ծառայութեամբ չտարուինք այնքան՝ որ ժամանակ չունենանք անցընելու Տիրոջ հետ, որուն կը ծառայենք: Տիրոջ համար, Իրեն հետը անցուած տաքուկ պահ մը աւելի՛ արժէք ունի, քան Իր անունով կատարուած ծառայութիւն մը: Մեր առաջնահերթ կոչումը Տիրոջ ծառաները ըլլալն է եւ ոչ թէ Տիրոջ անունով եւ Տիրոջ ծառայութիւն մատուցանելը:

Յունուար 26
Դանդաղի՛նք ու վայելե՛նք

Որքա՜ն հաւատացեալներ կան, որոնք նշան մը կը խնդրեն Տիրոջմէն՝ որպէսզի հաւատան: Սիրելի՛ հաւատակիցներ, պէտք չէ մոռնանք որ առանց տեսնելու հաւատալը՝ մեծ վարձատրութեան արժանի կը դարձնէ մեզ (Յհ 20.29): Եթէ նշաններ ու հրաշքներ, կամ երազներ ու տեսիլքներ տեսնելէ ետք պիտի հաւատանք՝ վստահ եղէք, թէ պիտի կորսնցնենք այն վարձատրութիւնը, որ Աստուած կը խոստանայ տալ անոնց՝ որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան:

Յունուար 27
Տիրոջ ճամբան լաւագոյնն է

Մենք չենք հասկնար Տիրոջ ճամբաները եւ Տէրը չ՚ի սպասեր որ հասկնանք: Այո՛, Տէրը չի սպասեր որ իր ճամբաները հասկնանք, բայց կ՚ուզէ որ մէկ բան լաւ հասկնանք՝ որ Իր ճամբաները լաւագոյնն են:

Յունուար 28
Չվախնալու մասին

Պայծառ երկինքին չես հասնիր՝ եթէ սեւ ամպէն կը վախնաս: Դրախտի վարդին չես հասնիր՝ եթէ կեանքի փուշէն կը վախնաս: Փրկութեան խաղաղ նաւահանգիստ չես հասնիր՝ եթէ ալեկոծ ծովէն կը վախնաս: Երկինքի բարձունքները չես հասնիր՝ եթէ մագլցելէ կը վախնաս:

Յունուար 29
Փոխուող աշխարհին հետ մենք ալ չփոխուինք

Կեանքը իրեն հետ միշտ փոփոխութիւններ պիտի բերէ: Մի՛ ընդդիմանար այդ փոփոխութիւններուն, որպէսզի չդժբախտանաս: Ընդդիմութիւնը միշտ ծնունդ կու տայ բռնութեան: Քու կոչումդ, Տիրոջ կապուած մնալն է, եւ փոփոխութեանց հետ չփոխուիլն է:

Յունուար 30
Ճշմարիտ ազատութիւնը

Ի՞նչ է ճշմարիտ ազատութիւնը: Ճշմարիտ ազատութիւնը՝ մեղքի յարձակումներէն զերծ մնալը չէ, այլ մեղքի տիրապետութեան չենթարկուիլն է: Չես կրնար մեղքէն հեռանալ, բայց կրնաս մեղքի ազդեցութիւնը կոտրել: Ճշմարիտ ազատութիւնը դժոխքի կրակէն ազատիլն ալ չէ, այլ՝ Յիսուսի հետ՝ Իր արքայութեան մէջ ըլլալն է:

Յունուար 31
Պայքա՛ր արքայութեան համար

Արքայութիւնը երազողներուն համար չէ, այլ անոնց համար՝ որոնք կը պայքարին արքայութեան երազը իրականութեան վերածելու համար: Աշխարհ չի՛ գթար արքայութիւն երազողներուն, բայց ան օր մը արքայութեան համար պայքարողներուն գթութիւնը պիտի հայցէ, ինչպէս հարուստը հայցեց Աբրահամին գթութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023