ԱՄԱՆՈՐ ԿԱՄ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԵԱՆՔԻՆ
Այս տրամասութիւնը պոլսահայ փիլիսոփայ, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող Շահան Պէրպէրեան գրած է 1937 թուականին՝ մանկավարժական, կրթական, իմաստասիրական կարգ մը խոհեր ներդնելով ստեղծագործութեան մէջ: Ժամանակին զայն տպագրուած է մամուլի մէջ, սակայն յստակ չէ, թէ աշակերտներուն համար գրուած այս բեմագրութիւնը բեմադրուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Շահան Պէրպէրեանի կենսագիրներ կը նշեն, որ իր առաջին թատրերգութիւնը ան գրած է տակաւին տասնմէկ տարեկանին: Ըլլալով բազմաթիւ գրական, փիլիսոփայական, կրթական, երաժշտական գործերու հեղինակ, թատրերգութիւնը զատ սէր եղած է գրագէտին համար: Այս մէկը նուիրուած է Ամանորին: Շահան Պէրպէրեան ալ ծնած է Ամանորին՝ յունուարի 1-ին, թէեւ իբրեւ իր ծննդեան ամիս կը նշուի օգոստոսը: Սակայն իր կենսագիրները ծննդեան օրը հաստատելու համար կը հիմնուին «Կեանքիս բաշխումը» վերնագրով ինքնակենսագրական գործին վրայ, որ Շահան Պէրպէրեան 1914 թուականին գրած էր, երբ զինուոր երթալու կամ աքսորուելու վախէն փախստական՝ ապաստանած էր Պոլսոյ տուներէն մէկը:
Ամանորի տրամադրութեամբ կը ներկայացնենք Պէրպէրեանի այս գործը: Ան կեանքին իմաստը կը ջանայ ներկայացնել խոհերու, երաժշտական խորհրդանիշներու միջոցով:
*
ՏՐԱՄԱՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆՁԵՐ.- ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ, ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Կաղանդի գիշերը Ընծայարանին վերնանրբանցքին մէջ էին, նոճիներու բակին վրայ տուող կամարակապ բացուածքին առջեւ, խաղաղափայլ լիալուսնի մը շողքին: Ներսը, հանդիսասրահին մէջ, պզտիկները կ՚աշխատէին եռանդով՝ աւարտելու Ամանորի սեղանին պատրաստութիւնները:
Ա. Աշակերտը.- Նորէն Կաղանդի գիշեր... Ինծի միշտ տխրութիւն տուած են Կաղանդի գիշերները: Կեանքիս, կեանքին անցնելուն վրայ մանաւանդ կը խորհիմ այդ իրիկունները: Մանկութեանս, մեր տան մէջ, Կաղանդի մեծ սեղանին շուրջը բոլորուած՝ երբ կը վառէինք իւրաքանչիւրս մեր մոմը, մեծ մայրս կը յիշատակէր մեր տան մեռելները... Ուրախութեան սեղանին մոմերը կը տժգունէին այն ատեն աչքերուս առջեւ... Անկէ ի վեր միշտ, Կաղանդի գիշերը, ինծի համար, անցնող, մեռնող բաներու գիշերն է եղած մանաւանդ:
Բ. Աշակերտը.- Ինծի համար, ընդհակառակը, Կաղանդի գիշերը լաւագոյն գալիքին, նոր օրերու յոյսին գիշերն է: Մենք ալ այդպէս մոմեր կը վառէինք մեր տան մէջ, Կաղանդի սեղանին վրայ: Այն ատեն քոյրերս կ՚ըսէին, որ յաջորդ առտու շատ կանուխ պիտի ելլան, կուժերով աղբիւր երթան, որպէսզի հասնին այն վայրկեանին, ուր աղբիւրէն ոսկի կը վազէ...
Ուրիշ աշակերտ մը.- Այո՛, Սիամանթոյի մէկ բանաստեղծութեան մէջ ալ կարդացած եմ այդ. «Նոր տարիին, աղբիւրներէն, ակնթարթ մը՝ ոսկի է որ կը վազէ»:
Գ. Աշակերտը.- Իսկ ես, Կաղանդի իրիկունը, ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ ապագային կը խորհիմ: Կաղանդի իրիկունը՝ Կաղանդի իրիկունն է ինծի համար: Ինքնիրենը բան մը: Այդ իրիկունը մանաւանդ՝ կ՚անդրադառնամ հին յոյն, չեմ գիտեր, որ իմաստասէրի խօսքին... «Անցածը անցած է, գալիքը չիկայ դեռ, ամէն պարագայի անորոշ, ներկան միայն իրական է»: Ու Կաղանդի իրիկունը անցեալին ու ապագային մէջտեղը զատ կեցած, ինքնիրենը շեշտուած՝ ներկան ունի իր մէջ իմ աչքիս: Սեղանին վրայ եղածները ուտե՛լս կը նայիմ այդ իրիկունը... (Կը խնդան ամէնքը):
Վարդապետը.- Երեքդ ալ իրաւունք ունիք ու չունիք միանգամայն: Ճիշդ է, որ մասնաւորաբար Կաղանդին՝ կը բերուինք խորհելու մեր ու մերիններուն կեանքին անցնելուն, գացող տարիով ժամանակին սահելուն, մեր մեռելներուն, որոնց տեղը բաց կը մնայ սեղանին շուրջը... Կաղանդի իրիկունը, ճիշդ է, այս աշխարհի բաներուն անցաւորութեան անդրադառնալու առիթ կու տայ: Բայց մեր այդ անցած օրերը, մեր այդ մեկնած մօտաւորները անցա՞ծ են իրապէս բոլորովին: Կրնա՞նք ըսել, թէ գոյութեան որեւէ մէկ տեսակովը չիկան անոնք: Ընդհակառակը, այդ յուշումը իսկ, որուն մէջ, մեր անցեալ օրերը եւ գացած սիրելիները կը վերապրին մեզի համար այդ իրիկուն, չե՞նք կրնար նկատել, թէ տեսակ մը վերստին գոյութիւն կու տայ իրենց. մեր գիտակցութեան մէջ գէթ՝ որով սակայն մեր կեանքին: Ու երբ մանաւանդ անցած օրերու, անհետացած դէմքերու այդ յուշումէն բան մը, լոյս մը, երբեմն այժմ կը հանենք մեր կեանքի մէջ նոր բերելիքին համար, ատով իսկ ապացուցուած չըլլա՞ր, թէ սխալ է որ անոնք անէացած ըլլան իրապէս եւ ամբողջովին: Վասնզի ինչ որ չկայ, ինչ որ իրապէս ոչինչ է այլեւս՝ ինչպէ՞ս դեռ ուժ կրնայ ունենալ գործելու ներկային մէջ, ազդելու: Եթէ հետեւաբար Կաղանդի իրիկունը անցած կեանքին խորհելու իրիկուն է մասամբ, այդ անդրադարձումով պէտք չէ այնքան տխրինք, որքան մխիթարուինք. համոզուելով անով մեր անցեալին անանցութեան, մեր ներկային ետեւ, «մեր յաւերժին» մէջ անոր գոյութեան: Միւս կողմէ, իրաւունք ունէր նաեւ ձեզմէ ան, որ Կաղանդի իրիկունով ապագային մանաւանդ կը խորհէր յոյսով: Վասնզի Կաղանդին միւս անունը Ամանոր է ու այդ գիշերը առաւելապէս գալիքին նախատօնն է, որ կը կատարենք: Եւ որովհետեւ գալիքին շրջանակը միայն կայ դեռ այդ իրիկուն՝ պարապ՝ մեր յոյսերուն ամէն թելադրածներովը ազատ ենք անշուշտ զայն լեցնելու մեր իղձերովը սնանող մեր երեւակայութեան բոլոր աղուոր պատկերներովը՝ ուրկէ՝ ուրախութիւնը, իրաւացի ուրախութիւնը Կաղանդի գիշերին.... Բայց որքա՞ն սխալ պիտի ըլլար խորհիլ, թէ այդ ապագան իրապէս բոլորովին պարապ տախտակ մըն է, ուր մեր ուզածը պիտի կրնանք գրել. նախ՝ ինչո՞վ պիտի գրենք անոր վրայ եթէ ոչ մեր արդէն գիտցածը, մեր անցեալէն ստացածը գործածելով մանաւանդ: Ու դժբախտաբար մեր անցեալէն միայն աղէկ բաներ չէ որ պիտի անցնին տախտակին վրայ՝ ու նաեւ ինչ որ հոն պիտի անցնի ու գրուի, միայն մեր ձեռքէն չպիտի գայ: Եւ այն ուրիշ ձեռքերէն որոնցմէ ալ՝ պիտի տայ այն ամէնքը՝ կրնան բարի ձեռքեր չըլլալ… Իմաստութիւն է, հետեւաբար խորհիլ ապագային մեր անցեալը ամբողջ գործածելով եւ անոր պատկերին լոյսին մէջ չմոռնալով նաեւ մութին բաժինը նախատեսելու… Ու վերջապէս, մեր սիրելի Արիստիպպեանը (Արիստիպպուս Կիւրենացի-յոյն փիլիսոփայ) իր կարգին իրաւունք ունէր, երբ Կաղանդի իրիկունին մէջ կը տեսնէր անոր ներկան, անոր սեղանը, Կկեանքին հասունցուցած միրգերուն սեղանը: Բայց չէ՞ր սխալեր, երբ միա՛յն այդ սեղանը կը տեսնէր հոն. պէտք էր խորհեր, թէ այդ սեղանը ինքնին ոչինչ կ՚արժէ առանց անոր մօտեցողին, ու մօտեցողը այդ իրիկուն մասնաւորաբար՝ անցեալ մը կը բերէ հետը, ու սեղանին վրայէն, անոր ուրախութեան լոյսերուն մէջէն ապագայի մը կը նայի ու պէտք է նայի մանաւանդ…
Ա. Աշակերտը.- Բայց, վարդապետ, ձեր այդ ըսածները կեանքի ամէն օրերու համար ալ կրնանք ըսել ու ճիշդ են: Ի՞նչ հարկ այն ատեն Կաղանդը, Ամանորը մասնաւորաբար տօնելու, հանդիսաւորելու անցեալին մեր յուշումը, որ, կը կրկնեմ, միշտ տխրագին բան մը ունի իր մէջ ինծի համար:
Վարդապետը.- Անշուշտ որ ըսածներս ճիշդ են կեանքի բոլոր օրերուն համար ալ: Բայց իմ կողմէ շեշտուած այդ ճշմարտութիւններուն չենք կրնար անդրադառնալ ամէն օր, անոնց վրայ խորհիլ միշտ, էական ճշմարտութիւններու խորհուրդին պահանջած լրջութեամբը եւ ամէն կենսահրաւէր խորհուրդի համար իրաւացի՝ ուրախութեամբը: Կաղանդի իրիկունը տարւոյն այն իրիկունն է, ուր հանդիսաւորապէս պիտի անդրադառնանք այդ ճշմարտութիւններուն: Ու կը կրկնեմ՝ յոյսի իրիկուն մը պէտք է ընենք զայն, ու այդպէս ալ կ՚ըլլայ, եթէ գիտնանք զայն ընել քաջութեան ծնուցիչ՝ հաւատքի իրիկուն մը:
Ա. Աշակերտը.- Կեանքին եղածին անդրադառնալ... Իմ յաճախած նախորդ դպրոցիս մէջ փիլիսոփայութեան ուսուցիչ մը ունէինք, որուն սովորութիւնն էր - դիտած էինք այդ - երաժշտութիւնը օգնութեան բերել ամէն անգամ, որ խնդիր ըլլար կեանքի եղածը բացատրելու: Կեանքին էութեան տեսակը կը ջանար հասկցնել ան մեզի՝ զայն նմանցնելով մեղեդիին:
Բ. Աշակերտը.- Ես ալ ճանչցած եմ այդ նոյն ուսուցիչը, որ մեզի ալ այս անգամ՝ երաժշտութեան եղածը բացատրելու համար կեանքին կը նմանցնէր զայն:
Վարդապետը.- (Ժպտելով) Երկուքնուդ ըսածն ալ կրնայ ճիշդ ըլլալ: Ի՞նչ կ՚ըսէր:
Ա. Աշակերտը.- Ինչպէս որ մեղեդին չի գոյանար, կ՚ըսէր, եթէ իւրաքանչիւր նօթը չանցնի ու իր տեղը չտայ նորին, այնպէս կեանքը չ՚իրագործուիր, եթէ իր իւրաքանչիւր եղելութիւնը, օրը, տարին չերթայ, չմեռնի իր տեղը տալու՝ նոր եղելութեան, նոր օրին, Նոր տարիին: Ըստ իրեն, այս ձեւով ե՛ւս պէտք էր մեկնել Հերակլեսի խօսքը՝ «Կեանքը մահով կայ»: Բայց նոյն ատեն, կ՚ըսէր ան, ինչպէս որ մեղեդին երբեք իր իւրաքանչիւր ակնթարթի ներկային, իւրաքանչիւր նոր նօթին մէջ չէ միայն, այլ անոր նախորդներովը մտածուած այդ նորովը կայ իբրեւ մեղեդի, այնպէս ալ կեանքը ու զայն ապրող անձը իր նոր օրին մէջ հիները ունենալով, նախապէս եղածը իր մէջ գործածելով կեանք է ու անձ:
Վարդապետը.- Այդպէս է. որքան որ ճիշդ է խորհիլ, թէ օրերուն, տարիներուն անցնելովը, մեռնելովը մեր կեանքը կարելի է, նոյնքան եւ առաւել եւս ճիշդ է խորհիլ, թէ անոնց մեր անձին մէջ, անոր ներկային ետին մնալովը, չանցնելովը եւ աւելին՝ այդ ներկային մէջ գործելովը մեր կեանքը իբրեւ իրաւցնէ կեանք կայ: Եւ ցորչափ կ՚ապրինք, մեր անցեալէն ոչինչ կորսուած է, հետերնիս, մէջերնիս է մեր անցեալը՝ ամբողջովին եւ նոյնիսկ ի՛նքն է, որ մեր ներկային ոգեկան պարունակութեան մեծագոյն բաժինը եւ անոր իբրեւ «մերինը» մեկնութիւնը յառաջ կը բերէ:
Ա. Աշակերտը.- Մեր ուսուցիչը կ՚ըսէր այդպէս, թէ մեղեդիին նոր նօթերը իրենց նախորդներո՛վը իրենց երաժշտական նշանակութիւնը կ՚ունենան. ու մեր կեանքն ալ իր իւրաքանչիւր նոր պահուն մէջ իր անցեալովը հարուստ ըլլաւլո՛վը, իրապէս կեանքի ներկայ մըն է. այլապէս լոկ ֆիզիքական, նիւթական ներկայ մը պիտի ըլլար:
Ուրիշ աշակերտ մը.- Դուն որ գիտես այդպէս ըլլալը, ինչո՞ւ կը տրտմիս հապա Կաղանդի գիշերը...
Բ. Աշակերտը.- Մեր ուսուցիչը կ՚րսէր սակայն տակաւին՝ թէ ինչպէս որ մեղեդիին մէջ ոչ միայն նոր նօթերը կը հասկցուին հիներով այլ իրենց կարգին իրենք ալ անոնց վրայ դէպի ետ ցոլանալով հետզհետէ զանոնք կը հասկցնեն աւելի, նոր նշանակութիւններով կ՚օժտեն, այնպէս ալ կեանքի մը մէջ իր նոր եղածովը եւս անգամ մը կը հասկցուի իր հին եղածը: Եթէ այսպէս, մէկու մը հասունութեան տարիները կը բացատրուին մասամբ իր մանկութեամբը, մանկութիւնը՝ իր կարգին իր պարունակած առեղծուածներուն լուծումը կ՚ընդունի երբ անոր՝ իրեն լրացումը բերող հասուն տարիքին մէջէն նայինք, մեծ մարդոց կենսագիրները շատ լաւ գիտեն այս բանը, կ՚աւելցնէր մեր ուսուցիչը:
Վարդապետը.- Իրաւ. ոչ միայն մեր անցեալը չէ անցած, հետերնիս կը մնայ, այլ նոյնիսկ մեր հետ կրնանք միշտ ապրեցնել զայն, նոր օրերուն մեր նոր իրագործումներովը դարձեալ ու դարձեալ իմաստաւորելով, վերարժեւորելով զայն
Գ. Աշակերտը.- Ճիշդն ըսելով առեղծուածային բան. անցածը անցած է, որով չկայ այլեւս: Սակայն ինչպէ՞ս չեղած բանը կը շարունակէ փոխուիլ դեռ:
Վարդապետը.- Իբրեւ արտաքին, առարկայական իրողութիւն է միայն, որ անցածը անցած է ու չկայ այլեւս. բայց իբրեւ ենթակայական, հոգեկան իրողութիւն կայ միշտ. եւ կրնայ վերստին ու վերստին մտածուիլ ու այդպէս նոր իմաստներ առնել: Որքան անգամներ կը պատահի, որ մեր կեանքի նոր փորձառութիւններով իբր նո՛ր բաներ կը հասկնանք մեր կեանքին շատոնց անցած եղելութիւնները, անոնց կապուած անձերը, այսպէսով անոնք վերանորոգուած կեանքով մը կը սկսին ապրիլ մեր մէջ նորէն ու ազդել մեր վրայ: Այսպէսով է որ կրնանք հետզհետէ նոր, լոյսեր, նոր խանդեր հանել մեր անցեալէն՝ մեր ներկան ու ապագան անոնցմով բեղմնաւորելու համար:
Ա. Աշակերտը.- Ու մեր ուսուցիչը կ՚ըսէր տակաւին, ինչպէս որ մեղեդիին իւրաքանչիւր նոր նօթը մինչ մէկ կողմէ այդպէս իր նախորդներուն կապուած է անոնցմով իմաստաւորուելու եւ զանոնք իմաստաւորելու զոյգ յարաբերութիւններով ու միւս կողմէ սակայն դէպի իր յաջորդները հակած է, դէպի գալիքը ձգտուած՝ այնպէս ալ կեանքի ներկայ պահը արժէք ունի միայն այն ատեն, երբ իր ետեւ եղածները խտացուցած իրմէ հանելիքին վրայ հակած կ՚ըլլայ դէպի իրմէ գալիքը պրկուած՝ անոր ստեղծման տքնելով:
Բ. Աշակերտը.- Կը հարցնէինք այն ատեն մեր ուսուցչին, թէ ո՞ւր էր գաղտնիքը մեղեդիին այդ բոլոր տարօրինակ յատկութիւններուն: Իր պատասխանը միշտ նոյնը կ՚ըլլար. Հոն որ՝ անոր նօթերը արտաքին ձայնեղէն մարմինն են միայն այդ նօթերուն խորը ու այդ մարմնին միջոցաւ աճող ու յայտնուող երաժիշտին կողմէ անոր մէջ դրուած միակ իսկութեան մը՝ զոր կը կոչէր մեղեղիին «երաժշտական իմաստը»:
Ա. Աշակերտը.- Ու կը յարէր՝ նոյնպէս ալ ինչ որ կեանք մը արժէքաւոր կ՚ընէ անոր իսկութեան թափանցուիլն է ստեղծագործական իմաստով մը, զոր կը սիրէր Պղատոնի հետ ու այդ բառին անոր տուած նշանակութեամբը՝ այդ կեանքին իտէն կոչել կամ բարին:
Վարդապետը.- Ու հոտ կը հասկնայիք, անշուշտ, թէ ձեր ուսուցիչը այդ բաղդատութեամբ երաժշտական գործը տեսակէտով մը օրինակ, տիպար կ՚ուզէր առաջարկել կեանքին: Վասնզի երաժշտական գործին մէջ ամէն տարր այդ իմաստէն կամեցուած է ու անոր համար ու անոր մէջ իրապէս իբր «երաժշտական» կայ: Մինչ շատերու կեանքին մէջ, «բնականօրէն», որով աստիճան մը անգիտակցօրէն ապրուած կեանքին մէջ շատ քիչ անգամ այդպէս է: Բայց այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ, որպէսզի կեանքը արժէքաւոր դառնայ, ըլլայ ճշմարիտ կեանք, ու գէթ որոշ աստիճանի մեծութեան մը հասնի:
Գ. Աշակերտը.- Բայց նոյնիսկ արժէքաւոր, նոյնիսկ մեծ կեանքի մը մէջ կարեւոր բաժին մը կայ, որ զայն ապրողէն կախում չէ ունեցած եւ չէր կրնար ունենալ: Ճիշդ է որ մեր արարքները մեզմէ կախում ունին. բայց կեանքը մեր արարքներէն չի բաղկանար միայն, կարեւոր մասով մըն ալ մեր ձեռքը չեղող եղելութիւննելէն շինուած է ան, պարագաներէ՝ որոնք արտաքին պայմաններէն, յաճախ բախտէն կախում ունին: Ինչպէ՞ս պահանջել այն ատեն որ ապրողը իր կեանքին տարրերուն մէջ դնէ այն միութիւնը, զոր երաժիշտը իրմէ ստեղծուած գործին բոլոր տարրերուն մէջ կը դնէ:
Վարդապետը.- Բայց ճիշդ հոտ է խնդիրը, կեանքին, գիտակից կեանքին մէջ կարեւորը այն չէ, թէ գայն կազմող եղելութիւնները ի՞նչ են իբր առարկայական իրողութիւն, այլ թէ ի՞նչ է այն իմաստը, զոր մենք կու տանք անոնց: Էականը այն կերպն է, որով կ՚ընդունինք ու կը գործածենք մեր կեանքի պատահարները: Ու նշանակութեան այդ տուչութիւնը եւ պարագաներու այդ օգտագործումը մեզմէ՛ է որ կախում ունին:
Ա. Աշակերտը.- Մեր ուսուցիչը նմանութիւն մը եւս կ՚ընէր: Երաժշտական գործը, կ՚ըսէր, իր իմաստը երաժշտին անոր համար ստեղծած վերջաւորութեան մէջ կը լրացնէ. անով գործը կը ստանայ իր վերջնական եւ գերագոյն կնիքը: Այսպէս ալ մեծ կեանք մը յաճախ իր գերագոյն իմաստը կը յայտնաբերէ տեսակովը այն մահուան որով կը կնքուի: Այսպէս, կ՚ըսէր, Սոկրատի մահը անոր կեանքին տուաւ վերջաւորութիւն մը, որ միեւնոյն ատեն վսեմացուց այդ կեանքին ամբողջութեան իմաստը: Այսպէս եղած է շատ մը հերոսներու եւ շատ մը սուրբերու մահը: Բայց հոս եւս գերագոյն օրինակը Քրիստոսի տուածը չէ՞:
Վարդապետը.- Այդպիսի մահով մը կեանքը անմահութեան կը հասնի, ինչպէս գրուած է «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»:
Գ. Աշակերտը.- Որքա՜ն քիչերու տրուած է ունենալ այսպիսի մահ մը. նոյնիսկ խորհիլ այդպիսի մահուան մը:
Վարդապետը.- Բայց գէթ պէտք է ընդունիլ, որ արժանաւոր մահուան մը միշտ պատրաստ գտնուիլը, արժանաւոր կեանք մը ապրելու միջոցներէն մէկն է:
Ա. Աշակերտը.- «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» ըսիք՝ մեր ուսուցիչը այդ խօսքին քով նոյն ձեւով ուրիշ մը կը դնէր, երբ կը բաղդատէր կեանքը մեղեդիին հետ եւ կը յանձնարարէր մեղեդիի մը պէս ընել կեանքը զայն իմաստի մը մէջ հանելով ու իմաստի մը մէջ պայծառակերպելով, կ՚աւելցնէր թէ այդպէսո՞վ է որ միայն կեանքը կը դադրի կրուած բնութիւն մը ու յաճախ տառապագին բեռ մը ըլլալէ ու կը դառնայ իրապէս ներգործականօրէն ապրուած, իբրեւ արուեստի մը՝ կեանքի արուեստին գործ ստեղծուած բան մը: Որովհետեւ կ՚ըսէր «Իմացեալ կեանքը միայն ճշմարիտ կեանքն է ու կը դառնայ արժանի անմահութեան»:
Վարդապետը.- Կաղանդի գիշեր... մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ տարին անգամ մը նորանոր դէմքերով վերադարձող գիշեր. ուր պիտի դատենք, թէ ո՞ր աստիճան «իմացեալ» ընել յաջողած ենք մեր կեանքը՝ թէ ան մեր իրեն ընտրած իմաստին ի՞նչ աստիճանով հաւատարիմ կը գտնուի. թէ ո՞ւր հասցուցած ենք անոր «մեղեդին»... ու դատել մանաւանդ որ եթէ յանկարծ ընդհատուէր ան, դարձեալ արժէք մը իրագործած պիտի գտնուէ՞ր. թէ մեր հոտ կտրուած լինելութիւնը ի՞նչ դէմքով պիտի կենար յաւերժութեան դիմացը:
Ա. Աշակերտը.- Փիլիսոփայութեան մեր այն ուսուցիչը օրինակը կու տար երաժշտական գործի մը, զոր չէր կրցած աւարտել իր հեղինակը, եւ որ ատով հանդերձ, իր այդ ընդհատուած վիճակին մէջ իսկ, բաւական գեղեցկութիւն իրագործել յաջողեր էր արուեստի յաւերժութեան մէջ մտնել կարենալու համար. Շուպէռթի «Անաւարտ նուագն» էր յիշատակուածը...
Այդ պահուն պզտիկ մը վազեց եկաւ. «Կաղանդի սեղանը պատրաստ է»: Երբ վարդապետը ու աշակերտները ներս մտան հանդիսասրահէն՝ Կադանդի սեղանին մոմերու լոյսին հետ կ՚երեւի հաւատքով լեցուն ու քաջ կը գտնուէին այդ պահուն իրենց բոլորին սրտերը: Յոյսի շողեր եւս թափանցեցին իրենց աչքերէն՝ մինչեւ իրենց հոգիները:
Շ. Ռ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Երուսաղէմ, Դեկտեմբեր, 1937
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ