ԲԱՑԱՌԻԿ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ ՄԸ
Toplumsal Tarih ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) հովանիին ներքեւ, արդէն թողարկած է իր 302-րդ թիւը։ Սա բացառիկ համար մըն է, որ կը բովանդակէ «Աշխարհամարտ, զինադադար եւ բռնագրաւում» խորագրեալ թղթածրար մը։ Սինան Եըլտըրմազ եւ Էրօլ Իւլքէր միասնաբար խմբագրած են այս բացառիկ թիւը, որու մէջ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի Առաջին աշխարհամարտին յաջորդած զինադադարի շրջանը։ Այդ ժամանակահատուածի պետութիւն-հասարակութիւն յարաբերութիւններէն սկսեալ, մինչեւ հանրային քաղաքականութիւնը եւ սեռային խնդիրները՝ նիւթը կը քննարկուի բազում երեսակներով։
Այս բացառիկ թիւին մէջ Մուրատ Ճանքարա տեղ տուած է նաեւ հայոց տեսակէտէ հետաքրքրական նիւթի մը։ Օսմանեան շրջանի ոչ-մահմետական մամուլի բաժնին մէջ ան կը մատնանշէ հայատառ թրքերէն «Հիւսնինիյէթ» հանդէսին մէջ լոյս տեսած երջանկայիշատակ Մատթէոս Պատրիարք Իզմիրլեանի վերաբերեալ գրութիւն մը։ Խորքին մէջ, այս գրութեան վրայով լոյս կը սփռուի Ապտիւլհամիտի գահակալութեան տարիներու քաղաքականութեան վրայ։